31.12.09

Հայերէն գիրքն ու թերթը 21րդ դարուն

Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հրատարակութիւններու (գիրք, թերթ, պարբերական) զարգացումը՝ 21-րդ դարու գալիք տասնամեակներուն, նկատի առնելով մէկ կողմէն ելեկտրոնիկ հաղորդակցութեան ծաղկումը եւ միւս կողմէ բնապահպանական մտահոգութիւնները, թուղթի արտադրութիւնն ու սպառումը պակսեցնելու ձգտումները: Ի՞նչ տեղ կը մնայ թղթային, տպագիր հրատարակութիւններուն: Ասոր զուգահեռ կը դրուի հայերէն հրատարակութիւններու ապագայի հարցը, եւ վերեւի նկատառումներուն վրայ կ'աւելնայ լեզուի հարցը։

Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հայերէն գիրք ու թերթի հրատարակութեան զարգացման հարցը մօտիկ ապագային, նկատի առնելով ոչ միայն հրատարակութիւններու ընդհանուր համաշխարհային խնդիրը, այլեւ մեր լեզուական իրականութիւնը, յատկապէս արեւմտահայերէնի պարագան:
Այս երկու հարցերէն անդին, կայ սակայն ազգային ինքնութեան կորուստի հարցը (կամ ամրապնդման, նայած ինչպէս կը տեսնէք խնդիրը), որ ներկայ հաղորդակցութեան միջոցները կը յարուցանեն, եւ այս՝ ոչ միայն մեր պարագային, այլ շատ ուրիշ ազգերու, ինչպէս Գանատայի ֆրանսական ծագումով հաւաքականութեան։

Եթէ այս հարցումը տրուէր քսանհինգ տարի առաջ, հաւանաբար այսքան արագ զարգացում ու փոփոխութիւն գիտա-երեւակայութեան ոլորտին մէջ պիտի սահմանուէր։ 1985ին, հայ թերթերը նոր անցած էին լուսատիպ տպագրութեան, իսկ տակաւին յամեցողներ կային՝ կապարի տիրապետութեան մէջ։ Այսօր, ո՜չ միայն բոլորը անցած է համակարգչային շարուածքի (վերջին մոհիկանը՝ «Յառաջ»ը, ցաւալիօրէն Սփիւռքի պատմութեան իրեն արժանի տեղը անցաւ առանց այդ շրջափոխութենէն անցնելու, բայց ահա հինգ ամիս ետք, անոր յաջորդելու կոչուած «Նոր Յառաջ»ը կը տպուի բոլորովին արդիական ձեւով), այլեւ ուղղակի այնպիսի պայմաններու մէջ կը գտնուինք, ուր տասնեակներով սփիւռքեան ու հայաստանեան թերթեր վայրկեանին տեսնելու եւ կարդալու պատեհութիւնը ունինք։

Հայաշխարհի բոլոր ծայրերէն թերթ ստանալու պատեհութենէն զուրկ ընթերցողը (եթէ յաջորդ սերունդին մէջ տակաւին ըլլան այդպիսի ընթերցողներ մեծ թիւով, որոնք իրենց անդրազգային -transnational- գիտակցութիւնը ուզեն զարգացնել ու վառ պահել՝ իրենց ապրած վայրէն մինչեւ այդ աշխարհի հեռաւոր ծայրերը կապ հաստատելու միջոցով), ահաւասիկ այդ յարաբերութիւնը կը պահէ շնորհիւ Համացանցին։

Ասիկա բարիք պէտք է նկատել, եթէ հաշուի առնենք, որ այլեւս շաբաթներ պէտք չէ սպասենք՝ սփիւռքեան կարեւոր իրադարձութեան տեղեակ ըլլալու, կամ ամիսներ՝ հայաստանեան արձագանգներ կարդալու համար։ Չարիք է, միւս կողմէ (ու հոս աչք կ՝առնենք ժամանակավրէպ կոչուելու հնարաւոր մեղադրանքը), քանի որ, օգտուելով հանդերձ ելեկտրոնային զանազան միջոցներէ, կը կարծենք, որ հիմնականը՝ ընթերցումը, զոր պէտք է զանազանել պարզ տեղեկատուութենէն (թերթ ու պարբերականի պարագային) կարելի չէ նոյն մակարդակով զարգացնել համակարգիչի պաստառին վրայ նայելով կամ ելեկտրոնային այդ բովանդակութիւնը տպիչէն անցընելով, ուր կ՝ունենայ նոյն «արժէքը», ինչ որ... բժշկական ապահովագրութենէն եկած նամակը։

Ժամանակին կ՝ըսուէր, թէ թերթերը միօրեայ կեանք ունէին։ Այսօր, ամէնօրեայ կեանքին հեւքն ու սրընթաց արագացումը, որ կը գումարուի շուրջօրեայ տեղեկատուութեան հարկադրանքին (որմէ կը բխի, արուեստականօրէն, անհատին տեղեկութեան «ծարաւը» եւ այդ տեղեկութեան ճզմումը՝ տեղեկատուական յաջորդ ալիքին տակ), տպագիր կամ ելեկտրոնային մամուլը կը դարձնէ... մէկժամեայ կեանք ունեցող։ Ինչպէ՞ս մտապահել ու զարգացնել սեփական գաղափարներու աշխարհ մը, երբ դատապարտուած ենք... վայրկենական մակերեսայնութեան՝ համակարգչային պաստառի մը յարափոփոխ իրականութեան ենթակայ մնալով։

Անշուշտ, ինչպէս որ Կիւթեմպէրկը 550 տարի առաջ յեղափոխեց աշխարհը՝ տպագրական մեքենայի ներմուծումով, կարելի է մտածել, որ նորագիւտ պայմանները պիտի դառնան համարժէքը կիւթեմպէրկեան յեղափոխութեան։ Այդ համարժէքը կրնայ ստեղծուիլ, բայց պէտք է յիշել, թէ այն ժամանակ գրչագիրը դարձաւ տպագիր՝ պահպանելով հանդերձ աւանդական տեսքը։ Իսկ հիմա աւանդական տեսքն է, որ լրիւ փոխուելու հեռանկարին առջեւ կը գտնուի։

Կարելի՞ է գիրք մը կարդալ պաստառի մը վրայ։ Այդ փորձերը արդէն առեւտրական շրջագայութեան մէջ են, եւ մարդիկ կան, որ ատիկա կ՝ընեն։ Եթէ ընթերցումը ընդունինք որպէս նիւթի պարզ ամբարում, ֆիլմի նման պատկերաշար, ուրեմն կարելի է ընդունիլ ատիկա։ Բայց անոնք, որոնք կը կարծեն(ք), որ ընթերցումը սոսկ թուղթի մը (կամ այլ միջոցի մը) վրայ տեղադրուած պատկերանիշերու վերծանումէն շատ աւելի է, չենք կրնար համաձայնիլ այն գաղափարին հետ, որ գիրքը կրնայ փոխարինուիլ։ Այո՜, կրնանք մասնագիտութեան բերումով որոշ բաներ կարդալ, օրինակ, Google Booksի մէջ, բայց ըսել, թէ այդ ընթերցումը կրնայ խորհրդածութեան անհրաժեշտ մակարդակը ապահովել, թերեւս քիչ մը կանուխ է։ Կամ թերեւս պէտք է սերունդ մը անցնի, եւ աւանդական գիրքի մենատիրական կախարդանքէն «ազատած» կամ «զրկուած» նոր սերունդի գոյացումով, տեսնել թէ որքանո՞վ այդ փոխարինումը յառաջացում է կամ յետընթաց շարժում։

Հայերէն գիրքի ու թերթի ապագայ զարգացումին մասին, կը նախընտրեմ մնալ վերի արտայայտութիւններուն ծիրին մէջ, որոնք արդէն որոշ իմաստով գաղափար կու տան վաղուան մասին։ Լաւատես ըլլալու շատ պատճառներ չկան, բայց եօթանասուն-ութսուն տարի է, որ, հակառակ յոռետեսութեան, «դեռ կը շարժի»։ Հայ գիրքը տասնեակներով կը տպուի Սփիւռքի մէջ, արեւմտահայերէնը դեռ կը խօսուի ու կը գրուի՝ բոլոր հնարաւոր քննադատութիւններով հանդերձ, եւ այլն։ Մենք ենք, թերեւս, մեր գլխաւոր թշնամին. գիրքի, թերթի ու լեզուի ապագան, ի վերջոյ, մեր ապագայ վերաբերմունքէն կախուած է։ Եթէ մենք շարունակենք Սփիւռքը մերժել ու մեր ազգին կէսը զոհել այլեւայլ նկատառումներով կամ ձեռնթափութեան արտայայտութիւններով, իրաւունք չունինք ուրիշի մը վրայ մեղքը բարդելու։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Գրական Յաւելուած - Հորիզոն», 2009



No comments:

Post a Comment