10.12.09

Անշուք ու արատաւոր երեւոյթներ՝ Արարատի շուքին տակ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ստորեւ կու տանք գրութիւն մը, որ լոյս տեսած էր “ֆութպոլային դիւանագիտութեան” սկզբնական օրերուն՝ Սեպտեմբեր 2008ին։ Այնուհետեւ, դէպքերը թաւալեցան չտեսնուած արագութեամբ։ Ապրիլ 2009ին հրապարակուեցաւ «ճանապարհային քարտէսը», իսկ Հոկտեմբեր 10ին տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Հայաստան վիճայարոյց արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնը Զուիցերիոյ մէջ։ Քանի մը օր ետք, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէր Թուրքիա՝ երկու երկիրներու հաւաքականներուն խաղը դիտելու համար իր պաշտօնակից Ապտւլլահ Կիւլի հետ (խաղը վերջացաւ 2-0 յաղթանակով յօգուտ Թուրքիոյ)։ Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահ Սարգսեան իբրեւ նախապայման դրած էր սահմաններու բացումը՝ խաղին ներկայ ըլլալու համար։ Ըստ երեւոյթին, անորոշ ժամանակի մը սահմաններուն բացումը խոստացող թուղթի մը ստորագրութիւնը բաւարար էր՝ նման նախապայման մոռնալու համար։ Տեսնենք, եթէ Թուրքիա նոյնքան դիւրութեամբ պիտի մոռնայ ղարաբաղեան խնդրի լուծումը որպէս նախապայման՝ սահմանները բանալու համար։
Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր, 2008, յետմիջօրէ։
Երեւանի մէջ կէս գիշեր է գրեթէ։
Հայաստան-Թուրքիա ոտնագնդակի խաղը նոր աւարտած է՝ Թուրքիոյ 2-0 յաղթանակով։ Այս անգամ հրաշք մը չպատահեցաւ՝ նման երիտասարդական հաւաքականներու հանդիպումին։ Աշխարհի մէջ 94րդ տեղը գրաւող Հայաստանի հաւաքականը, անշուշտ, կրնար անակնկալ մը մատուցանել 13րդ դասաւորուած Թուրքիոյ։ Չեղաւ։
Ինչպէ՞ս աւարտած է «դիւանագիտական» խաղը։ Չենք գիտեր։ Միայն տեսանք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն նկարը՝ խաղին նախորդող առանձնազրոյցին ժամանակ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հասաւ իր նպատակին։ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ ընդառաջեց հրաւէրին ու Երեւան այցելեց չորս ժամով։ (Քանի մը օր առաջ, ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Տիք Չէյնի նոյնպէս այցելած էր Պաքու... չորս ժամով)։ Սարգսեան կոլ մը արձանագրեց իբրեւ «հաշտարար» դիրք ունեցող։
Յետո՞յ։
Թրքական «Ռատիքալ» թերթին տրուած հարցազրոյցին Ս. Սարգսեան յայտնած է, պատասխանելով պատմաբաններու յանձնաժողով կազմելու հարցումի մը, թէ «ձեր ասած մասնագէտների եւ փորձագէտների համար բնական աշխատանքային պայմանների ստեղծումն անհրաժեշտ է: Դրա համար էլ բնականոն դիւանագիտական յարաբերութիւնների առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է»:
Իսկ Ապտիւլլահ Կիւլ պատասխանած է նոյն թերթին մէջ, յաջորդ օրը, թէ «հաւատացած եմ, որ սառեցուած հակամարտութիւնների, առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը երկխօսութեան միջոցով եւ համարձակութեամբ մեծապէս կը հանգստացնի եւ բարեկեցութիւն կը պարգեւի տարածաշրջանի մարդկանց»:
Հայաստանը «նախապայման» չունի, Թուրքիան՝ ունի։
Անհրաժե՞շտ էր Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրել։ Յանուն ինչի՞։ Որպէսզի Հոկտեմբեր 2009ին Հայաստանի նախագահը հրաւիրուի դարձի մրցումի՞ն, ըստ «Հիւրրիյէթ»ի տեղեկատուութեան։
Թէ ի՞նչ փոխուած է կամ պիտի փոխուի գաղտնի ու ոչ-գաղտնի բոլոր խօսակցութիւններուն շնորհիւ, կ՚ապրինք ու կը տեսնենք։

* * *
Քաղաքական հարցերու մասին բոլոր դատումներն ու վերլուծումները կը ձգենք մեկնաբաններուն։ Աւելի շահեկան կը գտնենք, սակայն, քանի մը երեւոյթներու անդրադառնալ, որոնք շեշտակիօրէն աւելի վրդովեցուցիչ են, քան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտող թիւ 1 երկրին թիւ 1 մարդը հրաւիրել՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի շուքին տակ ֆութպոլի խաղ դիտելու, երբ գիտենք, թէ այդ պաշտօնական ներկայացուցիչը իբրեւ Վիլի Պրանտ չէ գացած Երեւան՝ զոհերուն յուշարձանին առջեւ ծունկի գալու։
Բոլոր անոնք, որոնք Հայաստան այցելած են, գիտեն, որ «օտարերկրացի» հայերը եւ «օտարները» իրարմէ տարբերութիւն չունին։ Բոլորն ալ պէտք է անցագիր (վիզա) հանելու ծիսակատարութեան ենթարկուին՝ ըլլայ տուեալ դեսպանատան մօտ, համացանցային ճամբով կամ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ։ Բացառութիւններ կան՝ դիւանագիտական կամ ինչ-ինչ պարագաներու։
Սակայն, որքանո՞վ կարելի է բացառութիւն նկատել, որ Սեպտեմբեր 1-6ին վիզայի անհրաժեշտութիւնը վերցուած ըլլայ Թուրքիայէն եկող անձերուն համար։ Վասն ինչի՞։ «Ժողովուրդների բարեկամութիւնը» քաջալերելո՞ւ, կա՞մ թրքական սահմանային զբօսաշրջութիւնը խրախուսելու։
Այլ հարց, թէ քանի՞ հազար թուրք մարզասէրներ - կամ թրքահայեր - պիտի փութային տեղ գրաւելու «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ կամ... Ծիծեռնակաբերդի անմար բոցին առջեւ ծաղիկ դնելու։ Արդէն Ֆութպոլի Թրքական Դաշնակցութիւնը յայտարարած էր իրեն հասնելիք տոմսակներէն հրաժարումը, քանի որ թուրք մարզասէրները պիտի չերթային խաղին։
Բայց եթէ երթային, հրաշիւք իմն, կրնար պատահիլ, որ անոնց շարքին «գորշ գայլ»եր, ՄԻԹ-ի գործակալներ, կամ նման անցանկալի տարրեր սպրդէին՝ «անմեղ» սադրանք մը գործադրելու նպատակով։ Ատոր հնարաւորութեան մասին մտածելը հալածախտի արդի՞ւնք է միայն։
Մամուլին մէջ գրուեցաւ, թէ վիզայի ժամանակաւոր վերացումը սովորական երեւոյթ մըն է նման խաղերու պարագային։ Արդեօք համաշխարհային ֆութպոլի ինքնուրոյն մասնիկ դառնալէ ի վեր, Հայաստանը միջազգային պաշտօնական ամէն խաղի առիթով վիզայի դրութիւնը վերցուցա՞ծ է՝ Սպանիայէն մինչեւ... Ատրպէյճան (թէեւ ազերիներու հետ 2007ի խաղերը ջնջուեցան) օտար մարզասէրներուն մուտքը դիւրացնելու համար։
Մենք չենք լսած մինչեւ հիմա, որ որեւէ հայկական մեծազանգուած երեւոյթի առիթով (Համահայկական Խաղեր, Միւռոնօրհնէք, եւ այլն, եւ այլն) վիզայի պահանջը հանուած ըլլայ արտասահմանէն Հայաստան մեկնողներուն։ «Օտարերկրացի» հայերը Թուրքիոյ քաղաքացիներէն նուա՞զ կ՚արժեն։ Վերջիններուն առանձնաշնորհում ընելու ժամանա՞կն է։ Կա՞մ աշխարհին ցոյց տալու, որ մենք Պապէն աւելի պապական ենք...։
Եթէ ասիկա «առանց նախապայմաններու» յարաբերութեան մէկ նմոյշն է, լա՜ւ է։ Ինչպէս կ՚ըսէ խօսքը, «լաւը թշնամին է լաւագոյնին»։ Վախնա՞նք «լաւագոյն»էն։

* * *
Այո՛, վախնանք, երբ նոր մարզահագուստ կ՚ապսպրուի, «յատուկ դիզայն»ով, եւ յոյս կը յայտնուի, «որ նոր մարզահագուստը նոր երանգ կը հաղորդի մեր հաւաքականի խաղին եւ յաջողութիւն կը բերի ֆուտբոլիստներին»։
Այս տողերը կարդացինք «Ազգ»-ի Սեպտեմբեր 3ի թիւին մէջ, որ անդրադարձած էր Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնակցութեան (ՀՖՖ՝ Հայաստանի Ֆուտբոլի Ֆեդերացիա) մամլոյ ասուլիսին։ Նոր մարզահագուստը յաջողութիւն չբերաւ առաջին խաղին իսկ։
Որովհետեւ ով որ իր խելապատիկէն հաներ է այդ «յատուկ դիզայն»ին նոր տարբերանշանը, վերարտադրելով Վազգէն Շուշանեանի խօսքը, մարդ մըն է, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը։
Արարատի շուքին տակ՝ անշուք ու արատաւոր։
Քանի որ Արարատը ջնջուած է տարբերանշանէն։
Բացատրենք։ Նոյն թղթակցութիւնը՝ Աշոտ Հայրապետեանի ստորագրութեամբ, կը յայտնէ.-
«Ասուլիսի ժամանակ լրագրողներին ներկայացուեց նաեւ ՀՖՖ-ի նոր տարբերանշանը եւ Հայաստանի հաւաքականների նոր մարզահագուստը։ ՀՖՖ գործադիր տնօրէն Արմէն Մինասեանը տեղեկացրեց, որ տարբերանշանի փոփոխումը ժամանակի պահանջն էր։ Այն իր մէջ ներառում է մեր պետութեան խորհրդանիշը՝ զինանշանը, ինչպէս նաեւ շարժման գտնուող գնդակ։ Այս ամէնը խորհրդանշում է պետութեան կողմից ֆուտբոլի սատարման փաստը։ Ինչպէս յայտնի է, նախորդ տարբերանշանում պատկերուած էր Մասիսը։ [ՀՖՖի նախագահ] Ռուբէն Հայրապետեանը նկատեց, որ Մասիսի վերացումը բնաւ էլ պայմանաւորուած չէ թուրքերի կողմից հնարաւոր բողոքներով։ Պարզապէս անհրաժեշտ էր նոր տարբերանշան ժամանակի ոգուն համապատասխան՝ հաշուի առնելով նաեւ ֆուտբոլասէրների կարծիքը»։
«Ժամանակի ոգի», «ֆուտբոլասէրների կարծիքը»...։
Որքա՜ն դիւրին է ամէն մակարդակի, տեսակի ու գոյնի իշխանաւորներու համար, ուր որ գտնուին, խօսքեր գլորեցնել եւ կլորցնել, ու շարան-շարան անհեթեթութիւններ ստեղծել։ Արդեօք յատուկ հարցախոյզ կատարուա՞ծ է՝ «ֆուտբոլասէրների կարծիքը» իմանալու համար։ Յանկարծ Մասիսը անհետացեր է Երկիր մոլորակի երեսէ՞ն կամ մնացեր է յաւերժական մառախուղի մը տա՞կ, որ «ժամանակի ոգի»ն փոխուած ըլլայ։
(Ամէն պարագայի՝ ինչո՞ւ զարմանալ։ 2005-2006ին աշխարհասասան աղմուկ չէ՞ր ստեղծուած՝ ի խնդիր ազգային օրհներգի փոփոխութեան, վկայակոչելով ժամանակի ոգիին եւ մասնագէտներու կարծիքին պէս բաներ։ Նոյնիսկ գտնուած լուծումը առժամեայ էր՝ մէկ տարիով յետաձգել վերջնական որոշումը, բայց 2007ի վերջաւորութիւնը հասաւ եւ այդ պայմանաժամն ալ կորսուեցաւ նախընտրական թոհուբոհին մէջ)։
Սեպտեմբեր 6ին «Ազդակ»ի մէջ հրապարակուեցան նախկին ու ներկայ տարբերանշաններուն նկարները։ Անոնց կից յօդուածի մը մէջ, Աբօ Պողիկեան կը գրէր, թէ թրքական մամուլը այս քայլը կը մեկնաբանէ իբրեւ «բարի կամքի դրսեւորում»։ Նման նախաձեռնութիւն, Կիւլի այցով անհամեմատելիօրէն քաղաքականացուած խաղի մը նախօրեակին, միայն կրնար թրքական ջաղացքին ջուր լեցնել, նոյնիսկ եթէ պահ մը հաւատանք գաղափարին ու անոր հեղինակներուն անմեղութեան։
Մասիսը առաջին անկախ Հանրապետութեան (1918-1920) զինանշանէն անցաւ Անդրկովկասեան Դաշնակցութեան զինանշանը (1918-1936), ապա շարունակուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի զինանշանին մէջ (1937-1991), ու վերադարձաւ վերանկախացած Հայաստան (1992էն), ամրագրուելով 2006ի օրէնքով։ Կ՚արժէ՛ յիշել մերօրեայ իմաստակներուն, թէ երբ ատենին Թուրքիան գանգատած էր Խորհրդային Միութեան, պատճառաբանելով որ Մասիսը իր հողամասին վրայ էր, պատասխանը եղած էր, թէ մահիկին գոյութիւնը թրքական դրօշակին վրայ իրաւունք չէր տար Լուսնի պահանջատէր ըլլալ։
Բարեբախտաբար, պարզ ժողովուրդի դժգոհ հեռաձայներու կողքին, գոնէ պաշտօնական ձայն մը բարձրացած է այս անհեթեթութեան դէմ։ Մշակոյթի նախարարուհի Յասմիկ Պօղոսեան, պատասխանելով «Ազգ»ի լրագրողներէն Մարիետա Մակարեանի հարցումին, յայտնած է.
«Ես համարում եմ, որ խորհրդանիշն անձեռնմխելի է։ Նախարարութեան իրաւաբանները այժմ մանրամասն ուսումնասիրում են խորհրդանիշների մասին օրէնքը, որպէսզի տեսնենք կա՞յ արդեօք նման բացթողում կամ թոյլ տեղ, որ հնարաւորութիւն է տալիս փոփոխութիւն մտցնելու անհատի կամ կազմակերպութեան կողմից։ Եթէ կա, ապա մենք շտապ պէտք է լրացում անենք այդ օրէնքի տուեալ կէտերում եւ յստակ ամրագրենք, որ խորհրդանիշները անձեռնմխելի են։
(...) Ես կրկնում եմ, որ կատարուածը ամբողջութեամբ անընդունելի է, կտրականապէս արգելք պէտք է դրուի ու թոյլ չտրուի, որ ազգային խորհրդանիշների մէջ միջամտութիւն կատարուի եւ ես սա սկզբունքօրէն յայտարարում եմ ու իմ զայրոյթն եմ յայտնում կատարուածի դէմ»։
Բայց գուցէ բացթողում կամ թոյլ տեղ չկայ, եւ եղածը պարզապէս մէկ կամ քանի մը անձերու կամայականութեան վերանորոգ օրինակ մըն է, կրկին խրախուսուած՝ անպատժելիութեան կամ «ես ուզածս կրնամ ընել» մթնոլորտի գոյութենէն։ Ո՞վ գիտէ։
Թերեւս պէտք է գիտնայ Հայաստանի Մարզանքի եւ Երիտասարդական Հարցերու նախարարութիւնը, որուն իրաւասութեան կամ հովանաւորութեան տակ ըլլալու է, կ՚ենթադրենք, Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնակցութիւնը։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն այդ նախարարութեան պարտականութիւնն է վերահսկել նման հարցերու եւ թոյլ չտալ, որ անխորհուրդ մարդիկ ձեռք տան ազգային խորհուրդներու։
Բայց Մշակոյթի նախարարութիւնն ալ ուղղակի հակազդելու անմիջական պարտականութեան տակ կը գտնուի, կը կարծենք, քանի որ լեզուական խնդիր մը կայ։
Նախկին տարբերանշանը բոլորակ մըն էր, որուն կարմիր մասին վրայ գրուած էր “Football Federation of Armenia”, մէջը՝ գնդակ մը (կապոյտ), տակը՝ Մասիսներու դիմաստուերը, իսկ ներքեւի մասը՝ «ՀՖՖ» (նարնջագոյն)։
Նորաթուխ տարբերանշանը գեղագիտական առումով ալ կը զիջի նախորդին։ Հանճարամիտ գծանկարիչը ազգային զինանշանէն հանած է արքայական նշաններուն բաժինը (ներառեալ՝ Մասիսն ու Նոյեան Տապանը) եւ տեղը թխմած է եռաշերտ բաժին մը՝ թեթեւ եռագոյն խորքով, որուն վրայ գրուած է “FFA”, իսկ տակը՝ գնդակ մը աւելցուցած։ Արդեօք ո՞ւր մնաց «ՀՖՖ»-ն։
Արդեօք այլեւս պէտք է ժամանակավրէ՞պ համարել Սահմանադրութեան 12րդ յօդուածը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է»։
Մէկ խօսքով. ո՛չ միայն ջնջած են Արարատը, այլ նաեւ՝ հայերէնը։
Մինչեւ ե՞րբ։ Մինչեւ ո՞ւր։ Ինչպէս ըսած է Մշակոյթի նախարարուհին, «այս պարագայում ամենամեծ դերը հասարակութեանն է եւ նրա կարծիքը պէտք է հաշուի առնել»։
Դառն խորհրդածութիւններ ընելու փոխարէն, քանի որ աւելի վերը յիշեցինք Վ. Շուշանեանը, կ՚արժէ հիմա յարմարցնել իր արտայայտութեան թիրախին՝ Շահան Շահնուրի խօսքը.
«Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն։ (...) Մեղա՛՜յ, մեղա՜յ Արարատին»։
Ու ակնկալել, որ այս հերթական զաւեշտը իր արդար աւարտը ունենայ (*)։

«Յառաջ», 2008

(*) Աւարտը, այս անգամ, արդար եղաւ։ Հաւաքականին նոր զինանշանը չեղեալ համարուեցաւ եւ Ազգային Ժողովը օրէնք վաւերացուց, ըստ որուն արգիլուած է ազգային խորհրդանիշերու այլափոխուած գործածութիւնը։

No comments:

Post a Comment