30.1.10

Վենետիկի ամառնային հայագիտական դասընթացքին մասին՝ 25ամեակի սեմին

«Հայրենիք» շաբաթաթերթի Նոր Տարուան բացառիկին մէջ (Յունուար 2010) լոյս տեսած է Վենետիկի պետական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Հ. Լեւոն Զէքիեանի հետ հարցազրոյց մը, ուր ան կ՚անդրադառնայ 1986ին հիմնուած՝ Վենետիկի համալսարանի հայագիտական ամառնային դասընթացքի գործունէութեան։  Ստորեւ կու տանք զայն ամբողջութեամբ, իր շահեկանութեան համար.-

Հարցում.- Կարելի՞ է կարճ պատմականով մը եւ քիչ մըն ալ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով, տեղեկացնել այս ամառնային խտացեալ ձեռնարկին մասին:
Պատասխան.- Կեանքի մէջ շատ բաներ, մերթ նոյնիսկ կարեւոր, ծագում կ’առնեն բաւական պատահական դրուագներէ: Կրնամ ըսել թէ առաջին ներշնչումս ունեցայ 1980ին` երբ Միացեալ Նահանգներ կ՚այցելէի: Տեսայ որ այդտեղ պատանիներու համար գոյութիւն ունի ճամբարի դրութիւն, որ անոնց առիթ կ՚ընծայէ համախմբուելով հաճելի ժամանակ անցնելու, հայկական շրջանակի մէջ ընկերութիւններ հաստատելու, քիչ մը լեզու սորվելու, մինչ այս բոլորը երբեմն մինչեւ զոյգերու գոյացման կ՚առաջնորդէ: Բնականաբար, տեղեակ էի ճամբարի երեւոյթին: Հարցը այս չէ: Սակայն, անձամբ տեսած, գրեթէ աչքերովս շօշափած այդ յատուկ մթնոլորտը յատուկ աղդեցութիւն մը գործեց վրաս, գուցէ նաեւ անոր համար որ շատ տարբեր ու շատ հեռու աշխարհի մը մէջ` հայութեան մտահոգութիւն մը կը նշմարէի, բայց մանաւանդ, կը կարծեմ, անոր համար` որ հոն կար Վահէ Օշականի նման տիտանի մը ներկայութիւնը, նուիրումը, ֆիզիքական շունչը, իր բոլորովին առանձնայատուկ եւ գրեթէ յուզիչ հրապոյրով: Այս բոլորը ուժեղ աղդեցութիւն մը գործեցին վրաս: Մտածեցի, ինչո՞ւ Վենետիկի մէջ ալ նման բանի մը չձեռնարկել, բայց ոչ այլեւս ճամբարի ձեւով, այլ` ի պաշտօնէ, մեթոտիկ, համակարգային կերպով, լեզուի ուսուցման վրայ կեդրոնանալով:
Զարմանալի զուգադիպութիւն, Յուլիսի վերջաւորութեան Ամերիկայէն վերադարձիս – ուր այդ տարին (1980) երկրորդ այցելութիւնս էր կարգ մը դասախօսութիւններու համար –, ժամանակին Ս. Ղազարու տպարանապետ լուսահոգի Հ. Կոմիտաս Մանուկեանը` Հ. Լեւոն, բան մը պիտի ըսեմ, ո՛չ պիտի չըսես, ըսաւ: Պատմեց, որ Հ.Բ.Ը. Միութեան Փարիզի ճիւղը խնդրեր էր իրմէ երկու շաբթուան տեւողութեամբ դասընթացք մը կազմակերպել խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնք այս նպատակով Սեպտեմբերի սկիզբը Վենետիկ կ’ուզէին գալ: Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանի Ուսումնապետ Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանը, Տեսուչ Հ. Վարդան Քեշիշեանի հետ, հաւաներ էին արդէն տրամադրել Վարժարանին կառոյցները եւ Հ. Յարութիւնը յանձն առեր էր դասաւանդել, եթէ ունենար գործակից մը: Ուրեմն, սկսանք: Ու դասընթացքը մեծ գոհունակութիւն յառաջացուց: Յաջորդ տարին սակայն, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ կրկնել: Երբ 1982-ին Մուրատ Ռափայէլեանի տնօրէն նշանակուեցայ, առաջին մտածումներէս մէկը եղաւ ամէն ամառ համակարգօրէն Հայ լեզուի եւ մշակոյթի խտացեալ դասընթացք մը կազմակերպել, երեք-չորս շաբաթ տեւողութեամբ: 1984-ին կազմակերպեցինք առաջինը այս շարքին, որ կրկնուեցաւ յաջորդ տարին: Իմ երազս էր, այդ տարիներուն, Ս. Ղազարու Հայկական Ճեմարանին, Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանի եւ Վենետիկի Համալսարանին միջեւ, ուր հայագիտութիւն կը դասաւանդէի արդէն 1976-էն սկսեալ, օրգանական կապ եւ կառոյց մը ստեղծել: Ամառնային դասընթացքը հիանալի առիթ մըն էր այս ուղղութեամբ: Իսկ այս մտածումս կը ներշնչուէր այն հանգամանքէն` որ Վենետիկի մեր հայկական իրականութիւնը, ժամանակի ընթացքին, բաւական ներամփոփ վիճակ մը ստացեր էր, բաւականաչափ եզերային դիրքի վրայ` քաղաքին ու երկրին, ուստի եւ միջազգային գիտութեան եւ հայագիտութեան լայն շրջանառութենէն: Դժբախտաբար յիշեալ ծրագիրը սահմանուած էր երազ մնալու, չգտնելով բաւարար ընդունելութիւն պատկան հեղինակութիւններէն:
1985-ի աշնան դուրս կու գայի Միաբանութեան շարքերէն, պահելով հանդերձ հոգեւորականի հանգամանքս եւ հայագիտական գործունէութիւնս առ հասարակ, որով եւ դասընթացքը կը բեւեռէր այլեւս Համալսարանի առանցքին շուրջ: Այդ երազը դեռ կը մնայ, սակայն, ու տակաւին յոյս կը սնուցանեմ – նոյնիսկ եթէ թերեւս չհասնիմ անձամբ այդ օրը տեսնելու –, որ Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանի կառոյցը, որ անգնահատելի բախտն ունի գտնուելու միջազգային կառոյցներով աշխարհի ամենահարուստ քաղաքներէն մէկուն սրտին մէջ, դառնայ ինքն ալ միջազգային տարողութեամբ հայկական-հայագիտական եւ առ հասարակ մշակութային մեծ կեդրոն մը:
Դասընթացքի ներշնչումի մասին, այս հակիրճ ներածականէն ետք, տամ նաեւ մի քանի պատմական ու գործնական տուեալներ:
Անցեալ քսանչորս դասաշրջաններուն` դասընթացքին հետեւած են ընդամէնը շուրջ ինը հարիւր յիսուն հոգի, արձանագրելով աւելի քան հազար հարիւր ներկայութիւն` նկատի առած մէկէ աւելի անգամներ մասնակցողները, մինչեւ առաւելագոյն եօթն անգամ կամ աւելի:
Ուսուցչական կազմի ընդհանուր թիւը եղած է 36 հոգի, որոնց 15ը մէկ դասաշրջան միայն դասաւանդած են: Ուսուցչական կազմը, գլխաւորապէս Ֆրանսայէն, ընդգրկած է նաեւ հետեւեալ երկիրները` Իտալիա, Յունաստան, Լիբանան, Սուրիա, Իսրայէլ, Ամերիկա, Գանատա: Հայաստանէն ունեցած ենք գրեթէ ամէն տարի մէկ հիւր դասախօս, վերջին տարիներուն նաեւ մէկ կամ երկու հերթական դասախօս: Ուսուցիչներէն շատեր, – ինչպէս նաեւ ընթացորդներէն ոմանք -, կատարած են, բացի ընդհանուր ծրագրին մաս կազմող դասաւանդութիւններէն, նաեւ մասնակի նիւթերու շուրջ արտաքոյ դասաժամի դասախօսութիւններ: Նման դասախօսութիւններու համար, տարուէ տարի, յատկապէս հրաւիրուած են հիւր դասախօսներ ալ` բացի Հայաստանէն, նաեւ Ամերիկայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն:
Կարելի է անշուշտ նման վիճակագրական տուեալները ընդլայնել: Բայց այս տարրական տուեալներն իսկ բաւական են, կը խորհիմ, գաղափար մը տալու կատարուած աշխատանքի տարողութեան մասին: Ինչ կը վերաբերի որակին, այդ մասին աւելի լաւ է` որ վկայեն նոյնինքն մասնակցողները եւ մամուլի յօդուածները, որոնք կրնան հատոր մը լեցնել:

Հարցում.- Երկու տասնամեակներու ընթացքին կատարուեցան փոփոխութիւններ` գործելաձեւի արդիականացում, նոր իրադարձութիւններ, դաստիարակչութեան արդիականացում, եւայլն: Ինչպէ՞ս քայլ պահեցիք այս “ճեպընթացային” ոճով սուրացող փոփոխութիւններուն հետ:
Պատասխան.- Մենք մեր գործունէութեան առաջին տարիներէն սկսեալ մասնաւոր ուշադրութիւն բեւեռեցինք ժամանակակից ամէնէն յառաջացած մեթոտներուն: Ունեցանք նաեւ որոշ հարցերու մէջ մեր ուրոյն եւ անյողդողդ կեցուածքը: Օր.` մեր հիմնական եւ անյեղլի սկզբունքը եղած է միշտ, ամէնէն սկզբնական հանգրուանէն կամ մակարդակէն սկսեալ դասաւանդել միայն հայերէն, կիրարկելով իր ամէնէն խստապահանջ ըմբռնումով այսպէս կոչուած «բնական» մեթոտը:
Գիտամշակութային բազմաթիւ եւ բազմապիսի ձեռնարկներու կարգին, որոնք այս քսան տարիներու ընթացքին ընկերացան դասընթացքին, Հայերէն լեզուի լսատեսողական դասերիզը կարելի է նկատել անցնող տարիներու կարեւորագոյն իրագործումը, որու պատրաստութիւնը սկսած է 1988ին եւ լրացած` 1993ին, ստորագրեալիս առաջնորդութեամբ, բեմավարութեամբ` Ժիրայր Բաբազեանի եւ խորհրդակցութեամբ մեր ուսուցչական կազմին եւ Համալսարանի լեզուակրթութեան մասնագէտներուն: Միջազգային չափանիշով նուաճում մը, եթէ նկատենք որ բացի մի քանի համաշխարհային ծաւալում վայելող լեզուներէ` ուրիշ լեզուներու համար նման տարողութեամբ եւ որակով դասերիզներ չկային իսկ տակաւին այդ տարիներուն:
Կրնամ աւելցնել` որ մեր դասերիզը, շնորհիւ յատկապէս մեր բեմավարին հնարամտութիւններուն, շատ աւելի առինքնիչ բնոյթ մը ունէր քան այդ տարիներուն հրապարակի վրայ գտնուող նոյնիսկ մեծ լեզուներու համար պատրաստուած դասերիզներէն շատերը:
Ի պատիւ եւ իբր նուէր դասընթացքի տասնհինգամեայ Յոբելեանին, ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի տեղեկագիտական բաժանմունքի մասնագէտները, աշխատակցութեամբ Երեւանի Գեղարուեստի Ակադեմիայի համակարգչային ամպիոնին, պատրաստեցին յաջորդաբար սոյն դասերիզին լազերային վերածումը խտասալիկի (CD-Rom), որու պաշտօնական ներկայացումը տեղի ունեցաւ 11 Օգոստոս 2000 թուականին, յոբելեանի ակադեմական հանդէսի ընթացքին, ներկայութեամբ գործին պատասխանատու իրադրող` Փրոֆ. Գրիգոր Վահանեանի, որ այդ առիթով յատկապէս ժամանած էր Հայաստանէն:
Սոյն խտասալիկները կարելի է ստանալ` դիմելով Պօ-Արաքս Մշակութային Միութեան (Associazione culturale Padus-Araxes – c/o Dip. Di Studi Eurasiatici – Universite Ca’ Foscari – San Polo 2035 – I – 30125 Venezia): Կան նաեւ տակաւին տրամադրելի քիչ օրինակներ տեսերիզէն` ֆրանսական SECAM հեռուստատեսային դրութեամբ: Իսկ սպառած են արդէն գերման-իտալական PAL եւ ամերիկեան NTSC դրութիւններով տեսերիզները:

Հարցում.- Վերոյիշեալ հարցումին թուային, հաշուապահական կամ նիւթական շարունակութիւնն է այս մէկ հարցումը: Տնտեսապէս, ի՞նչ վերիվայրումներու մէջ է ձեր հաստատութիւնը: Յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն եւրոպական դրամանիշի` եւրոյի արժէքի բարձրացումը, որքան՞ով ազդեց աշակերտութեան մասնակցութեան վրայ:
Պատասխան.- 1995-էն սկսեալ ունեցանք թուային նուազում մը: Թիւը շատ կարեւոր գործօն մըն է, քանի որ` ինչպէս իսկոյն յայտնի պիտի ըլլայ` անոր կապուած է նոյնիսկ դասընթացքին գոյատեւումը: Նուազումի պատճառները մէկէ աւելի էին: Հայաստանի անկախացումով դէպի Մայր Հայրենիք երթեւեկելու դիւրացումը եւ փափաքին առաւելումը անշուշտ ունեցան իրենց ազդեցութիւնը: Բայց յատկապէս` եւրոպական համալսարաններուն հետզհետէ ամերիկեան բնորդին մերձեցումը, որով նուազեցան կամ չքացան պետական նպաստները, տեղը զիջելով տնտեսագործառական տիպի մատակարարումի մը: Այս պարագան ստիպեց մեզ դասընթացքին սակերը զգալիօրէն բարձրացնել, թէպէտեւ արեւմտեան չափանիշերով անոնք կը մնան այսօր իսկ բացառապէս դիւրամատչելի: Այսպէս յառաջացաւ ուսանողներու նուազումը. միջինը` առաջին տաս տարիներու յիսունվեցէն իջաւ մինչեւ երկրորդ տասնամեակի երեսունին: Նոյնիսկ եթէ այս վերջինս անգամ նշելի թիւ մըն է, բայց բաւարար չէ որ այդ թիւով դասընթացքի եկամուտը բաւարարէ առկայ ծախսերը: Փա՜ռք Աստուծոյ, ունեցանք օրը օրին նպաստող բարերարներ, բայց ո՛չ այնպիսի թիկունք մը` որ կարենար ազատ եւ անկաշկանդ ծրագրումի ասպարէզ ընձեռել: Անցեալ տարի ԱՄՆ-էն Պր. Կարօ Արմէն, դասընթացքի պատմութեան մէջ որպէս առաջին անգամ, որոշակի գումարով մը սկսաւ նպաստել մեր կառուցային ու ծրագրաւորման աշխատանքին: Վերահաս միջազգային տնտեսական տագնապը, թէեւ կը յարուցանէ լուրջ դժուարութիւններ, յոյս ունինք սակայն որ այդ նպաստը շարունակուի ու դասընթացքը կարենայ ազատ շնչել, նայելով անվարան դէպի ապագան:

Հարցում.- Այս ստեղծուած իրավիճակին արդիւնք, կարելի՞ է թուային պատկեր մը ներկայացնել թէ ժամանող աշակերտները, տարիներու ընթացքին ո՞ր շրջաններէն ժամանած են եւ ի՞նչ է ներկայի եւ ապագայի պատկերը:
Պատասխան.- Ուսանողներու կամ մասնակցողներու թիւին մասին արդէն հիմնական տեղեկութիւն մը տուի: Այդ թիւին մեծագոյն տոկոսը – շուրջ չորս հինգերորդը – կազմած են հայեր եւ կիսովի հայազգիներ, մերթ` նաեւ հեռաւոր ծագումով: Սոյն հայ ուսանողութիւնը, թէեւ` ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն կու գար, այնու ամենայնիւ կ՚ընդգրկէր Սփիւռքի գրեթէ ամբողջ տարածքը` Գանատայէն Արժանթին, Պրազիլ, Ուրուկուայ, Իրլանտա, Անգլիա, Սպանիա, Իտալիա, Զուիցերիա, Աւստրիա, Գերմանիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Նորվեկիա, Շուէտ, Լեհաստան, Հունգարիա, Ռումանիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Թուրքիա, Ռուսաստան, Վրաստան, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Հոնկ Քոնկ: Ունինք նաեւ մասնակցողներ Հայաստանէն, որոնց թիւը նոյնիսկ աճ կ’արձանագրէ մեծ գոհունակութեան առիթ հանդիսանալով, որոնց մասին սակայն, այլ համագրի մէջ, կ’ուզեմ խօսիլ:

Հարցում.- Քանի մը մակարդակներու բաժնուած են դասարանները` սկսնակ, միջակ եւ բարձր մակարդակներու: Հեզասահ ձեւով կ՛ընթանա՞յ այս դասարաններու բաժանումը:
Պատասխան.- Առաջին տարին ունեցեր էինք արդէն հինգ մակարդակ, բացարձակ սկսնակներէ սկսեալ: Յաջորդաբար, առաջին ու երրորդ մակարդակները, թիւի բազմացման իբր հետեւանք` երկու ենթախումբերու բաժնուեցան: Երբ թիւը սկսաւ նուազիլ, մղուած յատկապէս` նաեւ տնտեսական մտահոգութիւններէ, նամանաւանդ դասընթացքին ապագան իսկ չվտանգելու մտասեւեռումով, չորս-հինգ տարի ջանացինք գոհանալ երեք մակարդակով: Ներկայիս կը գործեն չորս մակարդակ, որոնց բարձրագոյնը կրնայ լաւագոյնս ծառայել մինչեւ իսկ ուսուցիչներ վերապատրաստելու ծրագրին: Ունի մասնագիտական բնոյթ: Հոն կ’աւանդուին` մենագրական միաւորներու ձեւով` լեզուի պատմութիւն, քերականական նրբութիւններ, գրաբար, պատմութիւն, ժամանակակից գրականութիւն` յատկապէս արեւմտահայ, հայ արուեստի, երաժշտութեան, թատրոնի եւ շարժանկարի պատմութիւն: Բարձրագոյն մակարդակի այս մասնագիտական բնոյթն է ահաւասիկ` որ կը բացատրէ Հայաստանէն գալ ցանկացողներու շարժառիթները եւ գոհունակ վերադարձը Հայրենիք: Յոյս ունիմ` որ յառաջիկայ տարիներուն եւս կ՛աւելնայ անոնց թիւը: Ըսեմ նաեւ, որ Հայաստանէն եկող մեր երկու հերթական ուսուցիչները կը կիրարկեն եւ կ’ուսուցանեն անվերապահօրէն դասական ուղղագրութեամբ:
Այստեղ կ’ուզէի մէջբերել, անգամ մը եւս շեշտելու համար հարցին կարեւորութիւնը, ինչ որ վերջերս կը գրէի ազգային ծանօթ թերթի մը մէջ սոյն նիւթին առնչութեամբ. «Այս կէտը դժբախտաբար վրիպած է մեր հոգաբարձուներու եւ տնօրէններու ջախջախիչ մեծամասնութեան ուշադրութենէն: Մանաւանդ թէ կը բանի հիմնական թիւրիմացութիւն մը: Ամէն տարի մօտ քառասուն ուսուցիչներ կը ղրկուին Երեւան, վերապատրաստութեան նպատակով: Կասկած չկայ` թէ անոնք կը ստանան հոն պիտանի գիտելիքներ հայ մշակոյթի, ուսուցողական մեթոտաբանութեան եւ հոգեբանութեան մասին, բացի այն կարեւորագոյն հանգամանքէն` որ կ’ընտելանան հայրենի հողին, օդին ու ջուրին: Ուստի անվիճելի է նման դասաշրջանի մը օգուտն ու անհրաժեշտութիւնը: Սակայն նոյն յստակութեամբ հարկ է գիտակցիլ նաեւ` որ ինչ կը վերաբերի զուտ լեզուական մարզին, յատկապէս արեւմտահայերէնի կիրարկման եւ խորացման, ներառեալ մեր դասական ուղղագրութիւնը, մարզեր` ուր նաեւ ուսուցիչներու նորահաս սերունդին մէջ յաճախ կը զգացուին անբաւարարութիւններ, պարզ է որ Երեւան կայքը մեծ մասամբ ապարդիւն կը մնայ: Վենետիկի բարձրագոյն մակարդակը կրնայ շատ դիպուկօրէն, ստանձնել` զուգահեռաբար` արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան անհրաժեշտ, հրատապ, անյետաձգելի գործը: Անշու՛շտ, եթէ արեւմտահայութիւնը չ’ուզեր` իր իսկ ձեռքերով յուղարկաւորը ըլլալ իր լեզուին ու պատմական մշակոյթին»:
Այս տողերուս առթիւ թերթին խմբագրութիւնը իր կողմէ աւելցուցեր էր դիտողութիւն մը, յիշելով թէ վերջին տարիներուս քանի մը նուիրեալներու ջանքերուն շնորհիւ արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան բծախնդիր ուշադրութեամբ դասընթացքներ կան: Այս պարագան թէ՛ պարզ է թէ՛ ծանօթ է կամ, գոնէ, պէ՛տք է ըլլայ հարցին իրազեկ ոեւէ անձի: Խնդրոյ առարկայ գործունէութիւնը Պր. Սուրէն Դանիէլեանի վարած Հիմնարկին կը պատկանի: Բայց նոյնքան պարզ պէ՛տք է ըլլան նաեւ, գոնէ առ այսօր, հետեւեալ պարագաները: Նախ` մեր խօսքը պետական կառոյցներուն կը վերաբերի, որոնք առ այժմ գերակշիռ դեռ ունին թէ՛ առ առհասարակ եւ թէ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան գործին առնչութեամբ, որոնց մօտ` սակայն` դասական ուղղագրութեան մասին խօսիլն անգամ յանդգնութիւն կը նկատուի: Այդ հարցը, կանխարգիլելու համար անախորժ տեսարաններ` որոնց յաճախ շատերս ականատես եղած ենք, մինչեւ իսկ թապու յայտարարուած է գիտաժողովներու ընթացքին: Գիտենք նաեւ թէ որպիսի դժուարութիւններ յարուցուած են ու կը յարուցուին Ս. Դանիէլեանի Հիմնարկին նկատմամբ: Այսքանը պարզապէս` յուշելու համար որ մեր ազգային իրավիճակի ցաւոտ ու վէրքոտ կէտերը տեսնել ու նկատառութեան յանձնելը` կը կարծեմ թէ պէտք է ազգասիրական գործ, աւելի ճիշդ` ազգային պարտականութիւն նկատել: Իսկ անոնց առջեւ աչք փակելը ո՛չ միայն ազգասիրութիւն կամ հայրենասիրութիւն չէ, այլ` վերջին հաշուով` նոյնիսկ վնասակար կեցուածք է, բացի այն պարագայէն` որ նման կեցուածքներով մենք ալ կը վերածուինք թապուապաշտ ընկերութեան մը, իր բոլոր անտեղի, ամլացուցիչ, վնասաբեր հետեւանքներով:

Հարցում.- Ընդհանրապէս հետեւողութեան ընթացքը ինչպէ՞ս է: Այսինքն՝ սկսնակ դասարան այցելողը, յաջորդ տարին կը փափաքի՞ ժամանել եւ հետեւիլ յաջորդ հանգրուանի դասընթացքներուն:
Պատասխան.- Ինչպէս ըսի արդէն, շատ շատեր դասընթացքին մասնակցած են մէկէ աւելի անգամներ, մինչեւ եօթն անգամ կամ աւելի: Ըսեմ որ զերոյէն սկսող մը, պայմանաւ որ տարւոյն ընթացքին իր սերտողութիւնը շարունակէ, լեզուն բաւական հանգիստ բանալու համար` վերադառնալու է գոնէ երկու անգամ եւս, աւելի լաւ` եթէ երեք անգամ: Նման յայտնի պարագաներ շատ ունեցած ենք: Նշեմ քանի մը անուն միայն, աւելցնելով որ դասընթացքէն անցած են շատ երեւելի անուններ: Կարելի է անվարան ըսել` թէ երիտասարդ սերունդի ընթացիկ հայերէն խօսող օտար հայագէտներէն գլխաւորները աշակերտած են սոյն դասընթացքին: Ահա՛ քանի մը անուն. Վալենթինա Քալցոլարի (ամպիոնավար Հայ լեզուի եւ գրականութեան, Ժընեւ, եւ նախագահ Հայագիտական Ուսմանց Միջազգային Ընկերակցութեան), Թէօ Ֆան Լինթ (ամպիոնավար Հայ լեզուի եւ գրականութեան, Օքսֆորտ, եւ քարտուղար Հայագիտական Ուսմանց Միջազգային Ընկերակցութեան), Ճուսթօ Թրայինա (ամպիոնավար Հռոմէական Պատմութեան, Ռուան): Իսկ հայերէն յիշենք` պատահաբար նորէն քանի մը անուն միայն. Արա Գազանճեան (բանաստեղծ, ուսուցիչ), Յակոբ Կիւլլիւճեան (UCLA-յի հայկական ամպիոնի դասախօս), Վարդան Մատթէոսեան (գրականագէտ, բանասէր, ուսուցիչ), Րաֆֆի Աճէմեան (հրապարակագիր), Ռէյչըլ Կօշկարեան (օսմանագէտ, թրքագէտ), Արմաւենի Միրօղլու (վաստակաւոր տնօրէնուհի, պատմաբան), ստիպուելով լռել յակամայս` լոկ տեղւոյն սղութեան պատճառաւ` ուրիշ շատ շատերու մասին, անհամար անուններ` առաւել կամ նուազ ծանօթ, որոնք կը մուծեն իրենց լուման հայագիտութեան, հայ մշակոյթի եւ առ հասարակ հայ ժողովուրդի ծառայութեան այլեւայլ ասպարէզներուն մէջ:

Հարցում.- Յաւելեալ նորութիւններ-փոփոխութիւններ պիտի մտցուի՞ն այս ծրագրին մէջ, թէ կը մտադրուի զայն անփոփոխ պահել:
Պատասխան.- Չեմ կարծեր թէ այս աշխարհի վրայ անփոփոխ բան մը ըլլայ, եթէ կայ` կասկած կ’արթննայ թէ արդէն դիակնացած ըլլայ: Երբ իրականութեան հանդէպ ուշադիր հայեացք կայ, անկարելի է որ փոփոխութիւններ չըլլան, որոնցմէ մէկ քանիին` նոյնինքն դասընթացքի ծիրին մէջ` ակնարկեցի արդէն: Ինչ կը վերաբերի աւելի ծրագրային նորութիւններու, պիտի ըսէի` թէ ինչ որ այս վերջին տարիներուս յատկապէս մտածումի առարկայ եղած է ինծի, դասընթացքի ներգրաւումն է, անշուշտ պայմանները բաւարարող մասնակիցներուն համար, եւրոպական մաստըրային ծրագրի մը մէջ: Այս ուղղութեամբ ունինք փոխադարձ շփումներ այլ համալսարաններու գործընկերներու հետ: Դիւրին չէ հարցը, նախ սա պատճառով` որ եւրոպական նոր համալսարանական համակարգը, հիմնուած Պոլոնիայի պայմանագրութեան վրայ, դեռ որոնումի հանգրուան մը կը բոլորէ եւ չէ գտած հաւանօրէն իր վերջնական դիմագիծը:
Ուրիշ ծրագիր մը, պիտի ըսէի նոյնիսկ աւելի անմիջական, Վենետիկի Համալսարանին հետ նոր պայմանագրութեան մը ստորագրութիւնն է: Դասընթացքը կազմակերպող մարմինը Պօ-Արաքս մշակութային ընկերակցութիւնն է, որ իր անունը կ’առնէ Հայաստանի եւ Իտալիոյ խորհրդանիշ երկու գետերէն (Po/Պօ, ըստ դասական հնչադարձութեան): Ցարդ դասընթացքի կազմակերպութեան երաշխաւորումը կապուած էր Համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնին վարիչի իմ հանգամանքիս: Սակայն, հեռանկարային կերպով, նկատի առած ոեւէ դասախօսի հանգստեան կոչումի պարագան, արդէն հարկաւոր է որ երկու հաստատութիւններուն միջեւ կապը աւելի յստակօրէն հաստատակարգային բնոյթ ստանայ, քան թէ անձնական կարգավիճակի մը կապուած` թէկուզ դասախօսական մակարդակով: Այս ուղղութեամբ պահանջուած միջոցառումները` կը յուսամ որ ներկայ ուսումնական տարուան ընթացքին կը սկսին առնուիլ արդէն:



Հարցում.- Ի՞նչ յիշատակելի փորձառութիւններ ձեռք ձգած էք: Յատուկ դէպք մը, պատահար մը կամ իրադարձութիւն մը ունի՞ք, որուն մասին տեղին է անդրադառնալը:
Պատասխան.- Ամէն տարին ունի իր յիշատակելի փորձառութիւնները, նաեւ իրենց տարօրինակութիւնները, մերթ նոյնիսկ անհեթեթութիւնները: Բայց, ասոնց կողքին, անհամեմատօրէն կը գերակշռեն հաճելի, անմոռանալի պահերը, որոնք մեր դասընթացքը կը յատկանշեն եւ կը ստեղծեն` մասնակցողներու ջախջախիչ մեծամասնութեան վկայութեամբ` իր հայկականութեամբը, մարդկայնութեամբը, ջերմութեամբն ու մտերմիկութեամբը իւրովի, ուրոյն, անկրկնելի, գրեթէ անբաղդատելի միջավայր մը: Կ’ըսեմ` «ջախջախիչ մեծամասնութիւն», քանի որ երբեք չեմ յաւակնած` թէ կարելի ըլլայ ամէնքը բաւարարել. ընդհակառակն` համոզուած եմ` թէ ո՛վ որ միտքը կը դնէ, թէ կրնայ ամէնքը գոհացնել, յաճախ գործին վերջաւորութեան կը հասնի քիչերը միայն բաւարարելով, կամ մերթ` եւ ո՛չ մէկը:

Հարցում.- Ընդհանրապէս ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք:
Պատասխան.- Դասընթացքը կը շարունակէ իր ուղին բազում դժուարութիւններով, որոնց գլխաւորը, ինչպէս հասկնալի է վերեւ ըսուածներէն, չգոյութիւնն է զայն երաշխաւորող տնտեսական կայուն, մնայուն յենարանի, հիմնադրամի մը, որով այդ գոյատեւումը օրը օրին տարուող պայքար մըն է, ապագայի նկատմամբ գրեթէ թղթախաղի մը անստուգութեամբ: Բնականաբար, կատարուած գործին նկատմամբ հաւատքն ու համոզումը, եւ ապագայի նկատմամբ յոյսն է` որ շարունակելու կամք եւ ոյժ կը ներշնչեն:
Հարցում.- Աւարտի, եզրակացութեան խօսք…հուսկ բա՞նք:
Պատասխան.- Այս տողերու աւարտին առաջին բաղձանքս ու մաղթանքս է` որ սկսուած գործը կարենայ շարունակուիլ: Պարզօրէն ըսուած, այն հանգրուանին` ուր այսօր կը գտնուինք, այս մաղթանքը կը նշանակէ` կարենալ դուրս գալ առօրեայի մտահոգութեան կապուած կառոյցներէ եւ վերածել դասընթացքը հաստատակարգային կառոյցի մը: Այս ալ անհրաժեշտօրէն կը պահանջէ իր կարգին` Հիմնարկի մը հաստատումը, որ ընձեռէ նման գործի մը տեւականութեան նիւթական նուազագոյն երաշխիքները: Բան մը` որ յանձնուած է, անշուշտ, Նախախնամութեան, բայց նաեւ` Նախախնամութեան ձեռքը գործնականօրէն յայտնաբերող` ազգային հասկացողութեան, գիտակցութեան, բարերարական կամքին եւ, հուսկ, բառերու, գնահատանքներու, դրուատիքներու տարափէն անդին, գործնական կամեցողութեան: Բացարձակապէս խնդրոյ առարկայ չէ այստեղ բառերու, գնահատանքներու, դրուատիքներու անկեղծութիւնը, այլ պարզապէս բաւարար չէ: Թէեւ ունինք հաւաքականօրէն շատ գնահատելի կողմեր, բայց մերթ կը պակսի ամենակարեւորը` խօսքէն գործի անցնիլը: Անհրաժեշտ է որակական ոստումը, որ` մեր պարագային` դժբախտաբար դեռ չէ եկած:
Այս մաղթանքին կը զուգորդի սրտագին, անկեղծ շնորհակալութիւն մը բոլոր անոնց` անհատ թէ Հաստատութիւն, հայ թէ ոչ, որոնք ցարդ որեւէ կերպով – նիւթապէս, բարոյապէս, ուսուցողաբար-մտաւորապէս կամ կազմակերպչօրէն – նպաստած են յիշեալ ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն իրագործման ու յառաջացման: Շնորհակալութեան շատ մասնաւոր եւ համեմատաբար մեծագոյն բաժինը կը վիճակի Իտալիոյ համալսարանական հեղինակութիւններուն եւ կառոյցներուն, որոնք մինչեւ օրս, հակառակ շնչող տնտեսապէս ընդհանուր ճնշիչ մթնոլորտին, կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ` տուեալ հնարաւորութիւններուն չափով` տրամադրելով Համալսարանին կառոյցները, եթէ ոչ անհատոյց, սակայն ոչ շուկայական պայմաններով: Շնորհակալութիւն նաեւ մեր բոլոր եկեղեցական եւ ազգային-քաղաքական Հեղինակութիւններուն, որոնք յայտնեցին անցեալ քսանչորս տարիներու ընթացքին, յատկապէս` հնգամեայ կշռոյթներով նշուած տարեդարձներու առթիւ, իրենց գնահատանքի խօսքը եւ քաջալերական ողջոյնը: Շնորհակալութեան մասնաւոր խօսք մը թող արտօնուի նաեւ Դասընթացքի ուսուցանող անխոնջ ու վեհանձն անձնակազմին, Հ.Բ.Ը. Միութեան Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամին, Միլանի Օննիկ Մանուկեան եւ Ստեփան Սրապեան Հիմնարկներուն, Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնին եւ Կեդրոնի Նախագահ Տիար Յակոբ Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ բոլոր անհատ բարերարներուն, յատկապէս` Տիար Կարօ Արմէնի, Տէր եւ Տիկին Վալթեր եւ Լօրել Գարապեաններուն, մեր անանուն Այբբենասէր բարեկամին եւ դեռ շատ շատերու, որոնց նուիրեալ, անսակարկ քաջալերանքին, գործակցութեան, նպաստին շատ բան կը պարտին անցեալ քսանչորս տարիները:


No comments:

Post a Comment