25.2.10

Սեւ ու ճերմակի թագաւորութիւն

Տխրահռչակ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան նախօրեակին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պետ Գալուստ Սահակեանը տեղին համարած էր արձանագրութիւններու ընդդիմադիրները կնքել շարք մը գոյնզգոյն մակդիրներով։ Ան յայտնած է, ըստ մամուլին, թէ «Սփիւռքում Սերժ Սարգսեանի դէմ բողոքողները տականքներ են, եւ մոլախոտը “մեր ազգից դեռեւս չի վերացել”»: Աւելի՛ն.
«Իր այս պնդումները Գալուստ Սահակեանը հիմնաւորել է Նժդեհի ուսմունքով, ըստ որի, հասարակութիւնը բաժանւում է 3 մասի` ցեղակրօններ, հայրենասէրներ եւ “ցեղի տականք”: Ապա Սահակեանն ասել է հետեւեալը` “նրանք, ովքեր փորձում են դաւաճանական արարք թոյլ տալ, երրորդ խմբում են”: Այնուհետեւ բառացիօրէն աւելացրել` “ցեղի տականքը հենց բողոքողներն են”, իսկ “միտինգ անողները մեր տեսակից չեն”»։
Ու թէեւ խմբակցութեան քարտուղար Էդուարդ Շարմազանովը յաջորդ օրը հերքած էր, որ այդ որակումը նկատի ունեցած ըլլայ սփիւռքահայութիւնը, քանի որ «Սփիւռքի մեր հայրենակիցները մեր քոյրերն ու եղբայրներն են», ան մեկնաբանած էր, որ խօսքը ուղղուած էր «այն բոլոր մարդկանց, ովքեր ապազգային են եւ դաւաճանութեան մէջ են մեղադրում նախագահ Սերժ Սարգսեանին», ու թելադրած՝ «Ցեղը եւ տականքը» գիրքը կարդալ («7օր», 7 Հոկտեմբեր 2009)։ Մարդ պէտք է այնքան խելացի ըլլայ, որ հարց տայ յարգարժան քաղաքական գործիչին, թէ արդեօք անցեալ Հոկտեմբերին Փարիզէն մինչեւ Նիւ Եորք եւ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Պէյրութ՝ Հայաստանի նախագահին «դաւաճան» գոռացողներու շարքին (արդարացի թէ անարդարացի կերպով՝ տարբեր հարց) սփիւռքահայեր չկայի՞ն։ Եթէ կային, ու գիտե՛նք թէ կային, զո՞վ կ՚ուզեն խաբել նման յայտարարութիւններով։
Գ. Սահակեանի լեզուական կաֆը կարելի էր սեպել կուսակցական ռազմադաշտին բնորոշ անհամար արտայայտութիւններէն մէկը, որոնցմով հարուստ է մեր պատմական փորձառութիւնը, ու անցնիլ։ Ի վերջոյ, Գարեգին Նժդեհի գաղափարները անուանապէս շեփորող կուսակցութեան ղեկավարի մը համար լիովին յարմար էր անոր բառապաշարէն քաղուած «տականք» եզրին գործածութիւնը։ Բայց արդեօք յարմա՞ր էր ներկայ համածիրին մէջ։
Շարմազանովի «թելադրանքին» չսպասելով, տարիներ առաջ նկատած էինք, որ 1935ին լոյս տեսած «Ամերիկահայութիւնը. Ցեղը եւ իր տականքը» պարսաւագրին մէջ, Նժդեհը յստակօրէն զատորոշած էր երկու հասկացութիւնները։ Կը բաւէ քաղուածք մը բերել «Երկու խօսք»էն, առանց մխրճուելու գիրքի մանրամասնութիւններուն մէջ.
«Պայքա՛ր կայ հայոց գաղթաշխարհում՝ օտար անապատներում փռուած մեր մենաւոր ովասիսներում։ Եւ, աւա՜ղ, այդ պայքարում, յուրախութիւն մեր ցեղի թշնամիների, մենք օտար հարուածներից աւելի՛ մեր թիկունքում զեռացող հայ տականքի հարուածներից ենք նեղւում։ Այո՛, տակա՜նք, որ իր կուրութեան մէջ շարունակում է անասնօրէն լծուած մնալ թրքօ-բոլշեւիզմի ռազմակառքին։
Պայքա՛ր կայ, որի մէջ կողմերից մէկը - ազգայնական հայութիւնը - աշխարհն ու երեւոյթները դիտում է իր ցեղի յաւիտենականի բարձունքէն. միւսը՝ իր առօրէական վաղանցիկ հաշիւների անկիւնէն։ Մէկն իր որոշ ճամբան եւ ազգային դատն ունի, միւսը՝ անուղի է, աննպատակ։ Մէկը կռւում է իր նուիրական դրօշի, միւսը՝ վարձկան եւ օտար զէնքի տակ։ Մէկը իր ցեղային լիարժէքութեան գիտակցութիւնն ունի, եւ իր ցեղին պարտադրուած անարդար ճակատագրի դառնութենէն է առնում պայքարի եւ զոհաբերութեան իր խանդը. միւսը՝ նուաստ՝ իր ընկածութեան գիտակցութիւնն ունի, եւ այդ վերջինից է ստանում վատութեան իր ուժը» (էջ 3-4)։
Արդեօք այսօր ո՞վ որուն իրաւունք տուած է սահմանելու թէ ո՞ւր է այդ երանելի «յաւիտենականի բարձունքը», իսկ ի՞նչ են «առօրէական հաշիւները»։ Պիտի ուզէինք հարցնել «ցեղ»ի աննկուն ներկայացուցիչներուն, որոնք այսօր Հայաստանի բախտը կը տնօրինեն՝ ի հեճուկս «տականք»ին, թէ արդեօք առօրեայի վսղանցուկ հաշիւով չէ՞ որ սահման կ՚ուզեն բանալ։ Ո՞ւր մնաց «ցեղի յաւիտենականի բարձունքը»՝ սահմանէն անդին եղածին մասին խորհրդածելը կամ նոյնիսկ երազելը։
Հարկաւ, չենք կրնար գիտնալ, թէ «տականք» բառը արտայայտելու ժամանակ հայրենի քաղաքական գործիչին մտքէն ի՞նչ կ՚անցնէր։ Բայց ինչպէս իւրաքանչիւր բառ ունի իր իմաստային դաշտը, «տականք» բառը քանի մը գաղափարներ կը յուշէ նժդեհեան համածիրին մէջ.
- «[Ա]նասնօրէն լծուած [օտարի] ռազմակառքին»
- Առօրէական վաղանցուկ հաշիւներ
- Անուղի եւ աննպատակ
- Վարձկան եւ օտար զէնքի տակ
- Նուաստ, ինկած՝ վատութեան ուժ կրող։
Ու մանաւանդ, նոյն յառաջաբանին մէջ յականէ յանուանէ յիշուած «հայ ուրացողի զազրատիպ դէմքը»։
Այս երկանդամ բաժանումին մէջ, կ՚արժէ նաեւ մէջբերել Նժդեհի հետեւեալ բաժանումը, զոր վերագրած է ամերիկահայութեան (ցեղը՝ Դաշնակցութիւնը, տականքը՝ ոչ-Դաշնակցութիւն), բայց որ, մերօրեայ մեկնաբանութեամբ, կարելի է վերագրել հայութեան ամբողջ. «. . . հայ հասարակութիւն դառնալու իդէալով առաջնորդուող ազգայնական հոսանք, եւ ցեղօրէն դիմազուրկ, ապազգայնացած ու տարրալուծուելու հակամէտ ցրուածութիւն» (էջ 7)։
Ցեղը՝ «ազգայնական հոսանք», եւ իր տականքը՝ «ցեղօրէն դիմազուրկ, ապազգայնացած. . . ցրուածութիւն»։
Վստահ ենք, որ այսօրուան նժդեհականներուն եւ անոնց շուրջ դարձող արբանեակներուն ընտիր բազմութեան մէջ չեն պակսիր անոնք, որոնք այս զոյգ խմբաւորումներուն մէջ կը տեսնեն, յաջորդաբար, Հայաստանը եւ... Սփիւռքը։
Դժբախտաբար, այդ մտայնութեան տէրերուն մտամարզանքները առանց մեծ ճիգի կարելի է գտնել զանազան գիրքերու, որոշ մամուլի եւ համացանցային բազմաթիւ կայքէջերու ու կայքագրերու (blog) մէջ։ Այդ դարձուածաբանութեան սնամէջ ու անհանդուրժող բովանդակութիւնը իր մտային հաւասարակշռութիւնը պահող ընթերցողին երբեմն ուղղակի սարսուռ կը պատճառէ։
1920ական թուականներուն «համաշխարհային յեղափոխութեան» երազանքի օրօրոցային երգեր մատուցողներու դէմ ծնած ու Գ. Նժդեհի դաւանած գաղափարական հոսանքը իրմով թաղուեցաւ ու մօտ կէս դար հրապարակաւ չարծարծուեցաւ, իսկ այսօր նորէն առօք-փառօք բազմած է քիչ մը ամէն տեղ։ Պատահական չէ։ Հասկնալի են անոր արմատներն ու մեկնակէտը, անոր պատճառներն ու նպատակները։ Բայց ընդունելի՞ է, յամի Տեառն 2010, որ «ցեղ»ի, «տեսակ»ի, «տականք»ի դիմագծով ներկայանանք աշխարհին, որ սոյն եզրերը թաղած էր 1945ին՝ Բ. Աշխարհամարտի փլատակներուն ներքեւ։
Այս բառերուն գաղափարական ակունքները չիմացող մարդը պիտի կարծէր որ վերադարձած է 1933-1945ի Գերմանիան։ Երեւակայեցէք, օրինակի համար, որ մէկը այսօր անաչառօրէն կարդայ Նժդեհի յօդուածներուն անգլերէն թարգմանութիւնները, որոնք 1933-34ին լոյս տեսած են “The Hairenik Weekly”ին մէջ։ Որքան որ Նժդեհը պնդած ըլլայ, թէ իր գաղափարականը կապ չունէր նացիականութեան հետ (եւ ժամանակագրական առումով՝ ուղղակի կապ չունէր), եւ որքան որ իր նորօրեայ երկրպագուները նոյնը կրկնեն, այս եւ նման բառերէ այսօր տարբեր բուրմունք չի գար...։
Անհրաժեշտ կը դառնայ խուսափիլ նման պառակտողական մտայնութենէ, որ այսօր յարութիւն տուած է 75 տարի առաջ արտայայտուած ու իրենց ա՚՛յդ բանաձեւումով պատմութեան գիրկը անցած գաղափարներու դէզի մը, որպէսզի ան չդառնայ քաղաքական զէնք ու բացառիկութեան դրօշ, կամ բոլորիս անունով խօսելու իրաւունք չպահանջէ։
Չենք ակնարկեր բազմիցս հոլովուած եւրոպական հասարակութեան, արեւմտեան գաղափարներու հետ զուգակշիռին կամ նման ուրիշ երեւոյթներու, որոնք շատ մը մարդոց ծիծաղելի կը թուին կամ դաւադրական ինչ-ինչ ծրագիրներու յառաջապահը կը նկատուին։ Որպէս մարդկային հանրութեան մէկ մասնիկ, մենք պատրա՞ստ ենք այդպէ՛ս ապրելու՝ սեւի ու ճերմակի, մենք՝ «ցեղ», դուք՝ «տականք»ի թագաւորութեան մէջ։
Ահա ա՛յս մասին պէտք է մտածել։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«Նոր Յառաջ», 2010

No comments:

Post a Comment