9.6.10

Ինքնութեան կերտման զարգացումների մէջ. Հարցազրոյց Վարդան Մատթէոսեանի հետ

Նիւ Ջերսիում բնակուող Վարդան Մատթէոսեանը սփիւռքի թէ հայրենական մամուլում ամէնից յաճախ հանդիպող հեղինակներից է, նա սերտօրէն կապուած է Հայաստանի հետՙ անմիջական մասնակիցը հայ կեանքին, հայապահպանութեան խնդիրների մտահոգութիւններինՙ ազգաշահ մտաւոր գործունէութեամբ:
Ծնուել է Մոնտեվիդէոյում, ապա տեղափոխուել Բուէնոս Այրէսՙ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալով տնտեսագիտութեան ոլորտում: Մասնագիտական աշխատանքից բացի երկար տարիներ խմբագրական եւ ուսուցչական գործունէութիւն է ծաւալել, հայագիտական առարկաներ դասաւանդել Դել Սալվադոր համալսարանի արեւելագիտական ֆակուլտետում:
2000 - ից փոխադրուելով Նիւ Ջերսիՙ հայոց լեզու է դասաւանդել «Յովնանեան» վարժարանում: ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտում պաշտպանել է թեկնածուական ատենախօսութիւն` «Արգենտինահայ համայնքի պատմութիւնը սկզբնաւորումից մինչեւ 1950 թուականը» թեմայով:
Հրատարակել է հայերէն 5 հատորՙ «Կոստան Զարեանի շուրջ» (1998), «Հարաւային կողմն աշխարհի. հայերը Լատին Ամերիկայի մէջ սկիզբէն մինչեւ 1950» (2005), «Անվերջ վերադարձ. Հայաստանի ճանապարհները» (1989-2004)», «Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքը եւ գործը» (2007, համահեղինակՙ Արծուի Բախչինեան): Միաժամանակ հայագիտական բնոյթի հեղինակային եւ թարգմանական նիւթերով աշխատակցում է հայ եւ օտար մամուլինՙ հայերէն, իսպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով: Իսպաներէնով թարգմանութիւնների 12 հատորները ներկայացնում են Ե. Չարենցի, Ե. Օտեանի, Պ. Սեւակի եւ հայաստանեան ժամանակակից մի շարք բանաստեղծների ժողովածուներ: Անցած տարի Անթիլիասում լոյս տեսաւ Վարդան Մատթէոսեանի «Գրական բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» ժողովածուն:
- Պրն Մատթէոսեան, դուք ներկայացնում էք սփիւռքահայ մտաւորական այն շերտը, որը հայապահպանութեան հարցերի հանդէպ շատ աւելի զգայուն է եւ կեանքի գործ է դարձրել ազգային ինքնութեան կարեւորագոյն խնդիրը: Տիրապետում էք ամերիկահայ սփիւռքի ներկայ վիճակին, մասնաւորապէս կրթական ոլորտին: Ձեր փորձն ու դիտարկումները ի՞նչ են ասումՙ գործնականում կենսունա՞կ են արդեօք հայ դպրոցը, արեւմտահայերէնը:
- Գիտէք, ես այն անձերէն եմ (ո՛չ առաջինը, բայց կը յուսամ, որ ո՛չ ալ վերջինը), որ կը հաւատայ, թէ իր գործը ո՛չ թէ ինքնութեան պահպանումն է, այլ ինքնութեան զարգացումը: Մտայնութեան նրբերանգ մըն է, որուն դերը արհամարհելի չէ թէ՛ սփիւռքեան եւ թէ՛ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու մտայնութեան մէջ: Ինքնութեան պահպանումը («հայապահպանում»ը) անտարազելի հասկացողութիւն մըն է, հակառակ մեր գաղափարախօսներու պատրաստի դեղատոմսերուն: Նկատի չունիմ ո՛չ այն տարբերութիւնները որ արդէն կային, երբ Սփիւռքը գոյութիւն առաւ, եւ ոչ ալ անոնք, որոնք ստեղծուեցանՙ ժամանակի բնական հոսքով: Պատանեկութեան Մեծ եղեռնի արհաւիրքը դիմագրաւած, Միջին Արեւելքի ճամբով Ուրուկուայ հաստատուած ու իմ ծնունդէս առաջ մահացած մեծ հօրս ինքնութիւնը անկարելի է համեմատել իր թոռան ինքնութեան հետ, որ երկրորդ սերունդի Սփիւռքի ծնունդ էՙ Հարաւային Ամերիկա ծնած ու հայեցի դաստիարակութիւնը ստացած, 25 տարեկանին Հայաստանը իր ընտանիքէն առաջինը տեսած ու տասնամեակէ մը ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած մէկն է: Ժամանակի հոսքը, կեանքի պայմանները, ընդհանուր դաստիարակութիւնը, միջավայրը եւ այլն կը պայմանաւորեն ինքնութեան կերտումը, որ մշտական զարգացումի մէջ է: Եթէ մանկական կամ պատանեկան ինքնութիւնը յարափոփոխ է, նոյնը պիտի պատահի չափահասութեան: Ի վերջոյՙ քարանձաւի բնակիչ չենք, այլ ընկերային (սոցիալական) էակներ: Անհատական մակարդակի վրայ փոփոխութիւնը բնական է, հաւաքականի փոփոխութիւնըՙ նոյնպէս: Ասիկա նոյնիսկ կապ չունի սփիւռքահայ ըլլալուն հետ: Սակայն, անտարակոյս, մեզի եկած աւանդութիւնը կարելի է մտածել ժամանակի թաւալումին զուգընթաց ու անկէ օգտուիլՙ ինքնութեան նոր շերտեր կառուցելու համար:
Ահա այս մեկնակէտով, կը կարծեմ, պէտք է ընկալել այդ «կարեւորագոյն խնդիրը», ինչպէս կ*ըսէք: Հայը պէտք է հայ ապրի՛ Սփիւռքի մէջՙ յարգելով այն տարբերութիւնը, որ բնականաբար գոյութիւն ունի աշխարհացրիւ համայնքներուն միջեւ: Սուրիոյ ու Արժանթինի, Ամերիկայի ու Ֆրանսայի հայը ունին հայկականութեան եզրեր, որոնք զիրենք կը միացնեն ու կը բաժնեն միաժամանակ, զորս անհրաժեշտ է հաշուի առնելՙ ըստ այնմ ռազմավարութիւն ճշդելու համար, այս պարագայինՙ կրթական:
- Այո, հարկաւ, սփիւռքի ճանաչողութիւնը դիւրին չէ եւ Ձեր նշած քաղաքակրթական-մշակութային բազմազանութիւնների, տարբերութիւնների առումով նաեւ, մի բան, որ օրինաչափ երեւոյթ պէտք է դիտել, կարծում եմ:
- Չորրորդ սերունդի ամերիկահայըՙ մեծաւ մասամբ հայերէն գրել ու կարդալ չգիտցող, երբեմն թրքախառն երաժշտութեամբ սնած եւ այլեւայլ «օտար» ու «անհարազատ» տարրերով օժտուած, ինչպէ՞ս կարելի է համեմատել, ըսենք, իր տարեկից պէյրութահայուն հետՙ ամենաթունդ հայկականութեամբ ու «հարազատութեամբ» ծնած ու մեծցած: Որքան ատեն, որ հասարակաց պատմութեան ու մշակութային տարրերու (կարկինի ամենալայն շարժումով ընկալուած) գիտակցութիւնը գոյութիւն ունի, այդ համեմատութիւնը կը ստեղծուի: Անոր վրայ պէտք է կառուցել կրթական համակարգ մը, որ երեւութապէս «ծայրայեղ» երկու իրավիճակներու համադրումը կատարէ: Այլապէսՙ կը նշանակէ որ միայն ի՛մ կամ ձե՛ր կամայական սահմանումով հայ գոյութիւն ունի, եւ ով որ այդ պատկերացումին մէջ չի մտներ, հայ չէ՛:
Սփիւռքի մէջ տիրող տարբերութիւններուն ու անոնց անգիտացումին (աւելի ճիշդՙ անտեսումին) պատճառով, հայ դպրոցը կը գործէ իր կենսունակութեան միջին կամ միջինէն վար կարելիութիւններով: 1990ին, Արժանթին այցելող գալիֆորնիահայ կրթական վաստակաւոր պատասխանատուի մը հարցուցեր էի, թէ կը մտածուէ՞ր արդեօք այն մասին, թէ հայերէնի ուսուցումը ոչ հեռու ապագային պէտք էր սկսիլ ընկալել ու ըստ այնմ ծրագրել «հայերէնը որպէս օտար լեզու» (Armenian as a foreign language) հասկացողութեամբ: Պատասխանը, անշուշտ, ժխտական էր: Քսան տարի ետք, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի դպրոցները կը յաճախեն երրորդ կամ չորրորդ սերունդի ամերիկահայեր, երբեմնՙ տան մէջ հայերէնի բացարձակ չգոյութեամբ, երբեմնՙ խառն ամուսնութիւններու զաւակներ, եւ այլն, եւ այլն, ու նման պարագաներու պիտի շարունակենք մտածել, թէ հայերէնը իրենց «մայրենի» լեզո՞ւն է: Պիտի շարունակենք ծուռ աչքով նայի՞լ այն երեխային պատանիին կամ չափահասին), որ պարագաներու բերումով, կամայ թէ ակամայ, «խոհանոցային», կիսկատար հայերէն գիտէ կամ զայն մոռցեր է, կամ միայն խօսիլ գիտէ, բայց գրել¬կարդալՙ ոչ, եւ զայն նկատել «օտար»: Կա՞մ պիտի ընդունինք, որ հայերէնը ի՛մ մայրենի լեզուս է եւ իրը չէ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ես գերակայութեան զգացումներ պիտի տածեմ: Կը նշանակէ, որ պիտի աշխատիմ զայն համարկել (ինտեգրացնել) հայախօս հաւաքականութեան մէջՙ հայերէնի հանդէպ շինիչ ու դրական կեցուածք մը ստեղծելով, եւ ո՛չ թէ զայն անկէ դուրս շպրտելՙ անբարեյոյս, ինքնատեաց, ուծացած կամ պարզապէս ոչ¬հայ ըլլալու պիտակումներով:
Ի վերջոյ, ինչպէս բազում այլ ժողովուրդներու պարագային (ու ասիկաՙ աշխարհայնացումի դարաշրջանէն շատ առաջ), «օտարը» մեր մէջն էՙ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները: Ան կ*ապրի աւելի կամ պակաս ներդաշնակութեամբՙ բառերու աշխարհէն մինչեւ կերակուրներու ոլորտը: Հետեւաբար, իբրեւ թէ «օտարացած» հայը նաեւ մե՛ր մասը պէտք է նկատել, որքան ատեն որ ան ինքզինք հայ կը նկատէ: Այս հաստատումին մէջ կ*ընդգրկեմ ո՛չ միայն Սփիւռքի ոչ¬հայախօս տարրը, այլ բոլոր աւելի «տարաշխարհիկ» երեւոյթներըՙ 18րդ դարէն ոչ¬հայախօս ու կաթողիկէ դաւանանքը ընդունած լեհահայերու մերօրեայ շառաւիղներէն մինչեւ Սուրիոյ քրտախօս կամ արաբախօս, Մեծ եղեռնի վերապրողներուն ծոռները հայկական անունով կնքող 25.000 հոգինոց մահմետական «Հայոց Սփիւռքի ցեղախումբ»ին անդամները:
Արեւմտահայերէնը կենսունակ է որքան ատեն որ մենք, որպէս անհատ ու հաւաքականութիւն, մեր մտքերէն հեռու պահենք ճակատագրապաշտ այն ըմբռնումը, թէՙ ինչ որ ընենք ուժերու վատնում է, արեւմտահայերէնը դատապարտուած է մեռնելու: Ըստ վերջին մէկ¬երկու տասնամեակներուն զարգացած այս մտածելակերպին, կարելի է խղճի մտօք դպրոց ու թերթ փակել, ուսուցիչ կամ խմբագիր չպատրաստել, եւ մեր միջոցները խնայել ու հայրենիքին դիմելՙ պահանջելու պէս, որ մեր արհամարհած ու մահուան դատապարտած լեզուն գայ եւ մեզի սորվեցնէ: Ինչո՞ւ Հայաստանի անհամար ու ամէնօրեայ շատ աւելի ծանր ու հրատապ հարցերուն վրայ Սփիւռքը պէտք է անպայման բարդէ այն մէկ հատիկ հարցը, որուն լուծումը առաջին հերթին ի՛ր ձեռքն է: Ի՛ր ձեռքն է, որովհետեւ այդ լեզուաճիւղին անմիջական հոգատարն ու գործածողն է (կամ պէ՛տք է ըլլայ) եւ պարզապէս ինքնիրեն ժխտելու (այսինքնՙ Սփիւռքի ներկայ ու ապագայ գոյութիւնը ժխտելու) երկարամեայ քաղաքականութեան հետեւանքն է այս բոլորը: Լեզուաբանութեան օրէնքներուն ծանօթ եմ. լեզուներըՙ մարդկային հասարակութեան արտացոլքը ըլլալով, նաեւ ունին կեանքի ու մահուան կանոններ: Բայց, ինչպէս որ կրնաս 30 տարեկանին մեռնիլ եթէ ապառողջ ու անփոյթ կեանք մը վարես, նաեւ կրնաս երկարակեաց ըլլալ, եթէ խնամքով վերաբերիս քու մարմնական առողջութեան: Իսկ ո՞ւր է մեր խնամքըՙ մեծ¬մեծ խօսքերէն անդին:
- Այսինքնՙ կանխակալ կարծիքները վտանգաւոր են եւ կարող են ինքնաոչնչացման տանել: Ահազանգ, ի հարկէ, հնչեցնել պէտք է, երբ դրա միտումներն աւելի քան տեսանելի են: Լեզուական աղաւաղումների, նահանջի վտանգն ակնյայտօրեն սպառնում է նաեւ արեւելահայերէնին:
Ցաւօք, խօսքերը գործից շատ առատ են. պատասխանատւության եւ հետեւողականութեան մեծ պակաս կայ: Իսկ բաւարա՞ր են հայկական դպրոցներում կիրառուող դասագրքերի, գործող մանկավարժների պատրաստուածութեան, ուսումնական ծրագրերի մակարդակները:
- Աւելի քան քսանամեակէ մը ի վեր Սփիւռքի մէջ դաստիարակչական նիւթերու (դասագիրքեր, լսատեսողական օժանդակներ, եւ այլն) յաջող ու արդիական նմոյշներ արտադրուած են, որոնք դերակատար եղած են կրթական աշխատանքներու մէջ: Ասոնց մշտական պահանջը կայ, բնականաբար, ու եթէ չենք կրնար բաղդատուիլ ամերիկեան կամ ֆրանսական դաստիարակչական նիւթերու հսկայական շուկային հետ, առնուազն կրնանք ըստ մեր ուժերուն ու մեր ածուին տարողութեան պէտք եղած ճիգը կեդրոնացնելՙ դրամական միջոցներու հայթայթումով: Ահա՛ հոս է նաեւ Սփիւռքի տկարութեան, հաստատութիւններու մտածողութեան բազմաթիւ խոցելի կէտերէն մէկը. միլիոնաւոր տոլարներ հաւաքել կամ միանուագ նուիրատուութիւն կատարել այս կամ այն քարեղէն շինութիւնը իրագործելու համարՙ եկեղեցիներէն մինչեւ ակումբները, եւ այլն: Բայց երբ կարգը կու գայ համապատասխան գումարներ տրամադրելու ո՛չ նիւթեղէն «շինարարութեան», որ յաճախ կրնայ նուազ ծախսալից ըլլալ նոյնիսկ, այն ատեն ո՛չ դրամ կայ, ո՛չ ալ զայն հայթայթելու տրամադրութիւն: Այսպէս է, որ շատ դիւրին է գանգատիլ ամէն ինչի մասին եւ, օրինակ, բազմամեայ դպրոց փակելՙ ուսումնական ընթացքի պատրուակով: Կարելի է գանգատիլ կարող ուսուցիչներու սակաւութենէն, երբ համահաւասար աշխատավարձ չենք վճարեր ու զարգանալու հեռանկարներ չենք ներկայացներ: Կարելի է խօսիլ դասագիրքերու ժամանակավրէպ, հինցած կամ անհետաքրքրական բնոյթին մասին, երբ չենք հովանաւորեր այն մասնագէտը, որ կրնայ պատրաստել պահանջուած դասագիրքը:
Բոլոր ակնարկուած պակասները կան, բնականաբար: Սակայն, պէտք չէ թերագնահատել Սփիւռքի դպրոցական գործը, որ իր ճիշդ ու թերի կողմերով, անհատական կամ հաւաքական զոհաբերութեան հիմքերուն վրայ դրուած է մինչեւ հիմա ու սերունդներ հասցուցած է կարելի միջոցներով: Պէտք է, կը կարծեմ, 21րդ դարու համապատասխան հիմքերու վրայ դնել զայն. այլեւս զոհաբերութեան ոգիով ու պահանջներով չենք կրնար առաջնորդուիլ, այլ ծրագրուած արհեստավարժ աշխատանքով: Սփիւռքի հայեցի դիմագիծը առաւելագոյնս պահպանած ու զարգացուցած է դպրոցը: Ես ծնած ու մեծցած եմ աշխարհի այն շրջանըՙ Հարաւային Ամերիկան, որուն հանդէպ 1920ական թուականներէն ի վեր արձակուած է Սփիւռքի գերեզմանը ըլլալու մահավճիռը, եւ ուր սակայն աւելի քան 80 տարիէ ի վեր հայկական դպրոց կայ: Կասկած չունիմ, որ դպրոցը եւ, շեշտեմ, ամէնօրեա՛յ դպրոցը այդ դիմագիծին յարատեւութեան կրնայ ապահովել յառաջիկային: Միօրեայ դպրոցները, թող ներուի կրկնութիւնը, միօրեայ թիթեռներ են, անոնցմով միայն կարելի է նուազագոյն ճաշակ մը մատուցանել, թէեւ անոնց ալ պէտք է զարկ տալ: Ամէնօրեայ դպրոցն է (նախակրթարանը կամ, նախընտրաբար, միջնակարգըՙ հայաստանեան հասկացողութեամբ), իր բոլոր բնական սահմանափակումներով, որ կրնայ այդ դերը աւելի լիարժէք կերպով կատարել:
- Անդրադառնանք Ձեր գրական նախասիրութիւններին: Կոստան Զարեանի գրական ժառանգութեան սակաւաքանակ ուսումնասիրողներից էք: Ի՞նչ աշխատանքներ էք կատարել, կա՞ն դրանց մէջ գրականագիտական նորութիւններ:
- Յայտնի պատճառներով, Կոստան Զարեանի կեանքին ու գրականութեան ուսումնասիրութիւնը սահմանափակ եղած է խորհրդահայ ժամանակաշրջանին ու տարբեր, բայց նոյնքան ծանրակշիռ պատճառներով, Սփիւռքի մէջ: Անոր հանդէպ հետաքրքրութիւնս սկսած է 1980ական թուականներու վերջերուն: Տասնամեայ ուսումնասիրութիւններուս (շուրջ 30 յօդուածներ եւ հրապարակումներ) առաջին հանգրուանը ամփոփուեցաւ 1998ին Անթիլիաս լոյս տեսած «Կոստան Զարեանի շուրջ» ստուար հատորին մէջ: Գլխաւորաբար կենսագրական շրջագիծ մը ստեղծելու կոչուած գիրք մըն էր, նուազ չափովՙ վերլուծական, ուրկէ բխած է խորագրին «շուրջ»ի գաղափարը: Այդ գիրքը Զարեանի կեանքին ու գործին նուիրուած սփիւռքեան միակ գործն էր (զուգադիպութեամբ, նոյն տարին լոյս տեսաւ հայաստանեան առաջին գործըՙ Արծրուն Աւագեանի հատորը): Ըստ իս, անոր հիմնական նորութիւնը շարք մը կենսագրական առասպելներու եւ թիւրիմացութիւններու ճշգրտումն էր, մատենագիտական ծաւալուն հիմքի մը վրայ, նաեւՙ Զարեանի ու օտար մտաւորականներու փոխյարաբերութեան ընդարձակ պարզաբանումը: Ինչպէս ըսի, այս բոլորը հանգրուանային բնոյթ ունէին, գիրքին հրատարակութենէն ի վեր նոր յօդուածներ, քննական գրախօսականներ ու նամակներու հրապարակումներ կատարած եմ, ուր կարգ մը նորայայտ տուեալներ ներկայացուած են, ուրիշներ ճշգրտուած են, եւ այլն: Նոր գրութիւնները վերամշակեալ տեսքով ընդգրկուած են անցեալ տարի դարձեալ Անթիլիաս լոյս տեսած «Գրական¬բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» աւելի քան 600 էջնոց հատորին մէջ, որ կ՚ամփոփէ քսանամեակ մը՝ մամուլին մէջ լոյս տեսած ու այդ բնագաւառներուն առնչուած յօդուածները, գրախօսականները եւ խոհագրութիւնները:
Անշուշտ, Հայաստանի մէջ կատարուող գործերուն հրապարակումները իրենց անվիճելի դերը ունին Զարեանի հանդէպ հետաքրքրութեան զարգացման մէջ, որ ըստ իս պէտք է տակաւին բաւական երկար ճանապարհ կտրէՙ թէ՛ զուտ գրապատմական եւ թէ՛ վերլուծական մակարդակներու վրայ: Շահեկան, ամէն քայլափոխին նորութիւններով լի հետազօտական դաշտ մըն է, որուն պեղումը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պատճառած է ու կը պատճառէ ինծիՙ հարցումներ առաջադրելու եւ կարելի պատասխաններ որոնելու ուղղութեամբ:
- Եւ հայագիտութեան մասինՙ խնդրեմ: Անցած տարի ծաւալուած հայագիտական վիճայարոյց խնդիրների, ի մասնաւորի ԱՄՆ-ում 2 տասնամեակ առաջ լոյս տեսած հայոց պատմութեանՙ աղաւաղումներով լի երկհատորեակի շուրջ տեղի եւ արտերկրի մասնագէտների տարաձայնութիւնների վերաբերեալ ի՞նչ տեսակէտներ ունէք:
- Ներկայ ժամանակաշրջանին, յարաճուն հետաքրքրութիւն կայ հայագիտական հարցերու նկատմամբ: Նախ պէտք է ըսել, թէ «հայագիտութիւն» հասկացութիւնը տարբեր ընկալումներ ունի Հայաստանի թէ արտասահմանի մէջ: Եթէ Հայաստանի մէջ հիմնովին նկատի ունի հայերէնի եւ հայ մշակոյթի ու պատմութեան հետ կապուած այլեւայլ երեւոյթներըՙ անցեալի թէ ներկայի, բնականաբար արտասահմանի մէջ նաեւ կÿընդգրկէ արդի Հայաստանի հետ կապուած քաղաքա¬տնտեսական ու ընկերա¬մշակութային երեւոյթները: Միւս կողմէ, եւրոպական ու ամերիկեան աւանդական կեդրոններէն զատ, այդ հետաքրքրութիւնը սկսած է դրսեւորուիլ ամենէն անսպասելի տեղերըՙ Ճափոնէն մինչեւ Սպանիա եւ Շուէտէն մինչեւ Մոնղոլիա: Ասիկա ուրախալի երեւոյթ մըն է նաեւՙ անկախաբար այն իրողութենէն, որ հաւանաբար ոչ ոք միաժամանակ հասու է, օրինակ, ճափոներէն, սպաներէն, շուէտերէն եւ մոնղոլերէն լեզուներուն, որ իմանանք ի՞նչ կ՚անցնի¬կը դառնայ այդ կողմերը: Ըմբռնումի թէ վայրի ու լեզուի այս տարբերութիւնը բնականաբար կը յառաջացնէ նաեւ մեկնաբանութեան տարբերութիւններ: Ահա այս ծիրին մէջ պէտք է տեղադրել անցեալ տարուան ձեր ակնարկած քանի մը վիճայարոյց խնդիրները: Իմ համեստ կարծիքով, եթէ մէկ կողմէ անոնք կը բխէին կամայ թէ ակամայ թիւրիմացութիւններու եւ խեղաթիւրումներու շղթայէ մը, միւս կողմէ իրենց ոգիով ու ընթացքով ոչինչով սատարեցին այդ տարբերութիւններու եթէ ո՛չ վերացումին, գոնէ իրարհասկացողութեան:
Խօսքը քիչ մը մասնաւորելով, հարցը ամերիկահայ ու ամերիկացի շարք մը գիտնականներու կեցուածքներուն մեկնաբանութեան շուրջ կը դառնայ: Բնականաբար, բոլորս սխալական ենք եւ մեր գիտական կալուածներուն փաստական թէ վերլուծական վրէպներ կրնանք թոյլ տալ: Մեկնութեան ու ըմբռնումի տարբերութիւններ ալ կրնան ըլլալ, քանի որ միահեծան գաղափարախօսութեան տակ չենք ապրիր:
Ամերիկայի մէջ, հայագիտութիւնը ունի իր առանձին խնդիրները: Մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք մակերեսային տեսակէտներու, հայագիտական գիտելիքներու պակասի, հայերէն լեզուի իմացութեան պակասի կամ անգիտութեան, հայրենի գիտութեան հին թէ նոր նուաճումներուն տեղեակ ըլլալու անփութութեան, գիտական եւ ժողովրդային ընկալումներու չափազանց մեծ հեռաւորութեան, եւ այլն: Գիտական պատշաճութեան սահմաններուն մէջ, քննադատական մատնանշումները օգտակար են, անշուշտ: Բայց երբ անոնք կը վերածուին անձնական ցեխարձակումներու յորձանքի մը, որուն ետին նկատելի է դաւադրական տեսութիւններու անփաստ շարանի մը ներկայութիւնը, կը դադրին իրենց կարծեցեալ նպատակին ծառայելէ:
Այդ ամուլ վիճարկումները, որոնք աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ալիք առ ալիք զարգացած են, դժբախտաբար ժխտական այլ երեսակ մը ունին: Երեւութապէս հայագիտութեան ի պաշտպանութիւն կատարուած ըլլալով, գործնապէս աւելի վնաս կը պատճառեն քան օգուտ: Անոնք անվստահութիւն կը սերմանեն արտասահմանի հայագէտներուն նկատմամբ եւ օտարում կը ստեղծեն վերջիններուն մէջՙ Հայաստանի հայագէտներուն նկատմամբ: Ուստի, արուեստական ճեղք կը բացուի երկու կողմերուն միջեւ, փոխանակ բնական տարբերութիւններու կամրջումին ի նպաստ գործելու:
Թոյլ տուէք յստակացնել, որ տեսակէտներս կը մեկնին կացութեան առարկայական վերլուծումէն: Ամերիկայի մէջ ապրելով հանդերձ, որեւէ ամերիկեան հաստատութեան հետ աշխատանքային աղերս չունիմ, ոչ ալ կողմնակցական կամ շահախնդրական նկատառումներ: Ինծի համար չկայ «այստեղի» եւ «այնտեղի» հայագիտութիւն, կայ միայն ընդհանուր շահերու գիտակցութիւն, գիտական ուղղութեամբ համագործակցելու մշտական պատրաստակամութիւն եւ բոլորիս գանձարանին մէջ լումայ մը մուծելու կամեցողութիւն:
- Հայաստան-Սփիւռք ներկայ յարաբերութիւններին, ընթացքին վերաբերող որեւէ նկատառում, առաջարկ ունէ՞ք:
- Սփիւռքն ու Հայաստանը իմ ամէնօրեայ մտորումներուս առարկայ են թէ՛ որպէս հայ, թէ՛ որպէս հայագէտ: Բազմաթիւ առաջարկներ կարելի է ընել երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին, բայց պիտի գոհանամ մէկ¬երկու բաղձանքներով: Կը մաղթեմ, որ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Սփիւռքը ձգտին հաւասարէ հաւասար յարաբերութիւններ հաստատել, առանց ստորակայութեան կամ մեծամտութեան բարդոյթներու: Միաժամանակ, որ լրջօրէն աշխատին զիրար աւելի լաւ ճանչնալՙ փաստերու եւ առարկայական վերլուծումի լեզուով, ո՛չ թէ գաղափարախօսական կանխադրոյթներու պարտադրանքով: Եթէ յաջողին այս առաջադրանքին մէջ, ճամբան բաց պիտի ըլլայ, որպէսզի առողջ ու ընդհանրական շահերուն ծառայող նպատակասլաց գործակցութիւն մը հաստատուի: Ձեւականութիւններու դարը անցած է այլեւս, ինչպէս նաեւՙ թութակաբար նշանախօսքեր կրկնելու ժամանակը: 21րդ դարու սկզբնաւորութեան, կարելի չէ աշխատիլ 19րդ դարու մտածելակերպով...:
ՄԵԼԱՆԻԱ ԲԱԴԱԼԵԱՆ
«Ազգ - Մշակոյթ», 22 Մայիս 2010

No comments:

Post a Comment