24.11.10

Անցեալ ժամանակներու կարօտով

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Հայ իրականութեան հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալի բաւիղներուն մէջ կորսուիլը նման է արժանթինցի գրագէտ Խորխէ Լուիս Պորխէսի այլաբանած «Բաբելոնի գրադարան»ին մէջ ճամբայ գտնելուն։ Սակայն, ի վերջոյ ամէն կորուստ կը բերէ գիւտ մը, երբեմն՝ անձնական վերյուշ մը։ Աւելի քան քսանհինգ տարի առաջ, 1982ին, ֆրանսական “Critique socialiste” պարբերաթերթը լման թիւ մը տրամադրած էր հայութեան։ Այդ թերթը տեսնելու առիթը չունեցանք, բայց Պուէնոս Այրէսի մէջ այնուհետեւ գէթ երկու յօդուած թարգմանաբար լոյս տեսան՝ սպաներէն լեզուով։ Անոնցմէ մէկը, կը յիշենք, բացառիկ տպաւորութիւն գործած էր, մօտաւոր անցեալի իր յանդուգն ու անտիպ մանրամասնութիւններով օժտուած քննարկումին համար՝ Պետրոս Թերզեանի «Հայ Դատը՝ այսօր», որ 1984ին լոյս տեսաւ Մխիթարեան Ս. Վարդան սկաուտական խմբակցութեան “Humus” պարբերաթերթին մէջ (աւելի ուշ արտատպուեցաւ «Սարտարապատ» շաբաթաթերթին մէջ)։
«Հայկական ահաբեկչութեան» տաք տարիներն էին, ու «Նոր Յառաջ»ի ֆրանսաբնակ ընթերցողները, աւելի քան ոեւէ մէկը, այդ տարիներուն յիշողութիւնը վառ պահած ըլլալու են։ Յօդուածը ցնցիչ էր նոյնիսկ, որովհետեւ մեր սերունդին աճման տարիներն էին, Արժանթինի մէջ նոր-նոր ժողովրդավարութիւնը կը վերականգնուէր (1983), յաճախ հայկական տեղեկատուութիւնը ընտրովի ու միտումնաւոր էր, իսկ շատ մը տուեալներ կիսատ-պռատ կը հասնէին մեզի, չհաշուած, որ մօտաւոր անցեալի տուեալները ո՛չ մէկ աղբիւրի մէջ արձանագրուած էին։
Պ. Թերզեան բաւական երկարօրէն անդրադարձած էր 1960ական թուականներուն երիտասարդական զարթօնքին՝ «Ահեկան» (Պէյրութ, 1966-1970), «Ուսանող» ՚՚՚(Փարիզ), ապա՝ «Երիտասարդ Հայ» (Պէյրութ, 1969-1975), որուն հիմնադիրներէն մէկը եղած էր (ասիկա շատ աւելի ուշ իմացանք) ...։ Քանի մը տարի ետք, Պուէնոս Այրէսի մէջ գտանք «Ահեկան»ի գրեթէ լման հաւաքածոյ մը։ Բայց այդ օրերէն մօտ երեսուն տարի պէտք է անցնէր, որպէսզի Նիւ Եորքի մէջ մեր տրամադրութեան տակ ունենայինք «Երիտասարդ Հայ»ի երկու տարիներու հաւաքածոները։
Մասնակի այդ թերթատումն ու ընթերցումն իսկ բաւարար եղաւ նշմարելու, թէ ինչե՜ր, ինչե՜ր կը խօսուէին ու կը գործուէին յամի Տեառն 1970ական թուականներուն Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ...։ Օր մը կը գրուի այդ պատմութիւնը, թերեւս՝ անոր դերակատարներուն կողմէ։ Մինչ այդ, մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին մշակութաբանական նիւթեր արծարծող հանգուցեալ Վահէ Օշականի շարք մը յանդուգն յօդուածներ, ոմանք՝ բուն անունով, ոմանք՝ Վասակ Չորս կեղծանունով։ Թէ ինչպէ՞ս Վ. Օշականի յօդուածները տեղ կը գտնէին անկախ ու ամենայն հաւանականութեամբ «ծուռ աչքով» դիտուող պարբերաթերթին մէջ, ահա առեղծուած մը, որ գուցէ իրազեկ անձի մը կողմէ պարզուի։
Քանի որ այս տարի Վ. Օշականի մահուան տասնամեակն է, իսկ սփիւռքահայ մտածողութեան այս կարկառուն, յաճախ թերագնահատուած անունին ռումբի պէս պայթող յօդուածները (որոնց հաւաքումն ու հրատարակութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է) կը շարունակեն զարմանալի (զարմանալի՞) այժմէականութիւն մը պահել, որոշեցինք ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել այդ յօդուածներէն մէկը։ Գրուած՝ Մեծ Եղեռնի 58ամեակի նախօրեակին, մշակոյթի ու քաղաքականութեան այս քննարկումը կը մնայ թարմ, թերեւս որովհետեւ... ոչինչ չէ փոխուած արեւուն տակ։ Սփիւռքի ներկայ «հանդարտած» ջուրերը, որոնք երբեմն ճահճային դարձած ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողուն, կարծէք թէ այսօր կարօտը ունին նման վերլուծումներու, գոնէ ինքնագոհութեան ծովուն մէջ չմնալու համար...

«Նոր Յառաջ», 2010

No comments:

Post a Comment