5.1.11

Վարդան Մատթէոսեան եւ իր յարգելի վաստակը («Գրական-բանասիրական» ուսումնասիրութիւններ»ուն առիթով)

Հատոր մը հաստափոր՝ «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ»։
Մտաւորական մը բարեխիղճ ու համեստ՝ հեռաւոր Արժանթինի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ ինքզինք կատարելագործած։ Պատմութեան ու գրականութեան հանդէպ լուրջ հետաքրքրութիւն մը՝ «հրճուանքի ու տառապանքի զոյգ բաժիններու խտացումով» ձեւաւորուած։
Հայ գիրի ու գրականութեան անդաստանի մեծանուն մշակներուն հետ ստեղծագործական երկխօսութիւն ծաւալելու յանձնառու կեցուածք մը՝ Յակոբ Օշականներու եւ Կոստան Զարեաններու, Դանիէլ Վարուժաններու եւ Եղիշէ Չարենցներու, Վահան Տէրեաններու եւ Վահան Թոթովենցներու վաստակին ու կեանքի մութ ծալքերուն վրայ նորոգ լոյսեր սփռելու ներքին անզուսպ մղումէն թեւաւորուած։
Եւ, վերջապէս, մամուլի էջերուն լռութեան դատապարտուած ուսումնասիրութիւններէն դէպի գիրք կատարուած հաստատաքայլ անցում մը, որ արժանի է անվերապահ գնահատանքի եւ ոչ նուազ ուշադրութեան։
Ահաւասիկ ուրուանկարը Սփիւռքի մռայլ պայմաններուն մէջ իր նուիրեալ մտաւորականի դիմագիծը բիւրեղացուցած Վարդան Մատթէոսեանին, որ վերջին երկու տասնամեակին մնայուն ներկայութիւն եղաւ սփիւռքահայ գրական մամուլի եւ հայագիտական հանդէսներու էջերուն, եւ իր ստորագրած բանասիրական ու գրական ուսումնասիրութիւններով արժանացաւ մտաւորական շրջանակներու յարգանքին։ Մտաւորական մը տակաւին, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին (ծնած՝ Մոնթէվիտէօ, 1964-ին), ձեռք երկարեց այլաբնոյթ նիւթերու եւ հայերէն, սպաներէն ու անգլերէն լեզուներով ստորագրած իր ուսումնասիրութիւններով, յօդուածներով, գրախօսականներով, թարգմանութիւններով ու հրատարակած հատորներով փաստեց բանիւ եւ գործով, որ է՛ եւ կը մնայ արժանաւոր մէկ ներկայացուցիչը ո՛չ միայն իր սերունդին, այլեւ՝ սփիւռքահայ սակաւաթիւ մտաւորականներու խմբակին։ Եւ որպէսզի աւելի յստակ դառնայ դիմագիծը Վարդան Մատթէոսեան բանասէրին ու գրականագէտին, 660 էջերէ կազմուած իր նորագոյն հատորին՝ «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» անուն երկին վրայ թռուցիկ ակնարկ մը նետելէ առաջ, կը կարծենք, ճիշդ պիտի ըլլար ներկայացնել զինքը եւ առնուազն կատարել թուումը իր ցարդ լոյս ընծայած հատորներուն։
Պուէնոս Այրէսի (Արժանթին) Խրիմեան Կրթական Հիմնարկութենէն ու տեղւոյն համալսարանէն շրջանաւարտ Վարդան Մատթէոսեան երիտասարդ տարիքին կը նուիրուած ուսուցչական ասպարէզ եւ հայոց պատմութիւն, հայ լեզուի եւ գրականութիւն կ՚աւանդէ տեղւոյն կրթական հաստատութիւններուն ու «Տէլ Սալվատոր» համալսարանի արեւելագիտութեան ճիւղին մէջ։ 2000-ին կը հաստատուի Ամերիկա Միացեալ Նահանգներ ու կը շարունակէ իր կրթական առաքելութիւնը։ 2006-ին կ՚արժանանայ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատմական գիտութիւններու թեկնածուի կոչումին։ 1980-ին, երիտասարդ տարիքին կը ստորագրէ իր գրական առաջին նախափորձերը։ Հեղինակ է հայերէն հինգ հատորներու՝ «Կոստան Զարեանի շուրջ» (1998), «Հարաւային կողմն աշխարհի. հայերը Լատին Ամերիկայի մէջ սկիզբէն մինչեւ 1950» (2005), «Անվերջ վերադարձ. Հայաստանի ճանապարհները (1989-2004)» (2005), «Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքը եւ գործը» (Արծուի Բախչինեանի հեղինակակցութեամբ, 2007), եւ նորագոյնը՝ «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» (2009)։ Ասոնք հայերէնով լոյս տեսած գործերն են, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան նուիրուած իր սպաներէն երեք պրակները, Մարկ Նշանեանի գործակցութեամբ պատրաստած «Եղիշէ Չարենց՝ յեղափոխական բանաստեղծը» անգլերէն հատորը, սպաներէնով խմբագրած գիրքերը, բայց մա՛նաւանդ սպաներէնի թարգմանած իր 12 հատորները, որոնք օտար ընթերցողներուն ծանօթացուցած են Երուանդ Օտեանն ու Պարոյր Սեւակը, Եղիշէ Չարենցն ու հայրենի ժամանակակից բանաստեղծները, ինչպէս նաեւ՝ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը։
2009-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն՝ իբրեւ «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի 70-րդ հրատարակութիւն լոյս տեսած «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» հատորը, զոր ամենայն բարեխղճութեամբ խմբագրած է տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, կը բաղկանայ իրերայաջորդ երեք բաժիններէ՝ «Ուսումնասիրութիւններ», «Գրախօսականներ» եւ «Անդրադարձներ»։
Առաջին գլուխը, որ կը խլէ առիւծի բաժինը հատորին (368 էջ), կ՚ամփոփէ ծանօթ ու նուազ ծանօթ գրողներու (Ե. Չարենց, Վահան Տէրեան, Մատթէոս Զարիֆեան, Վազգէն Շուշանեան, Կոստան Զարեան, Յակոբ Օշական եւ այլք), գրական զանազան հարցերու եւ երեւոյթներու նուիրուած բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, որոնք հիմնուած են վաւերագրական տուեալներու վրայ եւ կը յատկանշուին իրենց ակադեմական լրջութեամբ, շօշափուած նիւթերը ըստ էութեան քննարկելու խորաթափանց մօտեցումով եւ վերլուծական նկատելի ծրագիրով։ Երկարաշունչ պրպտումներու, ճշգրիտ ու վաւերագրական տուեալներու, ստոյգ ճշդումներու եւ հետեւողական յամառ աշխատանքի արդիւնք այս ուսումնասիրութիւնները, իրենց գիտելիքներու հարուստ զինանոցով, իմացական խոր սեւեռումներով եւ ստուգաբանական տրամաբանութեամբ՝ ընթերցողին դիմաց լայն կը բանան նոր ու անծանօթ հորիզոններ։ Արժանիք մը, որ Վարդան Մատթէոսեանի երկը արժանաւորապէս կը բարձրացնէ բանասիրական-գրականագիտական բարձրագոյն մակարդակին։
Նուազ խանդավառութեամբ նոյնը կարելի է ըսել հեղինակին գրախօսականներուն եւ անդրադարձներուն առիթով։ Միշտ չէ, որ կարելի է ձայնակցիլ Վարդան Մատթէոսեանի տեսակէտներուն ու դատումներուն։ Մնաց որ, իրենց բանավիճային բնոյթով այս վերջինները դուռ կը բանան մտքերու փոխանակման եւ հակադիր տեսակէտներու, որոնք նոյնքան յարգելի կրնան ըլլալ։ Այս պարագան, բնականաբար, ծնունդ կու տայ իմացական աշխուժութեան մը, որ նոյնիսկ իր վերլուծական ու դատողական վիճելի փորձերը կ՚օժտէ իւրայատուկ թարմութեամբ։ Հաւանաբար հեղինակին նպատակներէն մէկն ալ վիճաբանական լարուած մթնոլորտ ստեղծելն է։ Վերջապէս, ո՛չ ոք կրնայ արգիլել Վարդան Մատթէոսեան գրականագէտին, որ ունենայ իր նախասիրութիւնները։ Այո՛, կարելի է չբաժնել Վարդան Մատթէոսեանի կարգ մը գնահատումները, բայց չյարգել զինք եւ իր մտաւորական ճիգը՝ երբե՛ք։
Եզրակացնենք եւ ըսենք, որ «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւնները» իր տեսակին մէջ եզակի եւ անվերապահ յարգանքի արժանի աշխատասիրութիւն մըն է։ Հատոր մը՝ որուն ընդմէջէն բարձրահասակ կը կանգնի Վարդան Մատթէոսեանի ամբողջական կերպարը՝ իբրեւ Սփիւռքի վաւերական բանասէրներէն եւ անձնադրոշմ տեսակէտ ունեցող երիտասարդ մտաւորականներէն մին։
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
«Ազդակ», 30 Հոկտեմբեր, 2010

No comments:

Post a Comment