24.4.11

Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը արդեօք showի՞ վերածուած է



Հայաստանը ճիշդ ռազմավարութիւն ընտրած չէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հարցին մէջ: Այսօր, Ապրիլ 24-ին, News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին այդպէս յայտարարած է լիբանահայ բանաստեղծ ու հրապարակագիր Սագօ Արեանը։ «Մենք պէտք չէ մեր ցաւը լանք, հերիք է, աշխարհի խնդիրն է ցեղասպանութեան մասին խօսիլ կամ չխօսիլ, մեր խնդիրները ուրիշ են: Երբ Ապրիլ 24-ն անընդհատ կը չարաշահենք, մենք մեր իտեալներէն կը հեռանանք։ Մեզմէ շատերը նաեւ յոգներ են ցեղասպանութեան ոգեկոչումը զուտ ցուցադրական արարքի վերածելէ»,-ըսաւ հրապարակագիրը: Իր ըսելով, երբ մենք մոմ կը վառենք Եղեռնի զոհերու յիշատակին, պէտք է նաեւ յիշենք, որ այդ զոհերուն յիշատակը շօու դարձնելը վիրաւորական է ու համազօր՝ մեղքի:
Ս. Արեանի կարծիքով, այսօր մենք բաւական բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք. մէկ կողմէ` Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը, իսկ միւս կողմէ ձուլուելու վտանգը կը սպառնան մեզ։
Բանաստեղծին խօսքով, այսօր բոլորը մեծ-մեծ ճառեր պիտի ըսեն, սպառնալիքներ պիտի տեղացնեն Թուրքիոյ գլխուն, բայց վաղը ամէն ինչ պիտի մոռնանք ու շարունակենք մեր կեանքը: «Մենք յստակ ու մանաւանդ իրատեսական ծրագիր չունինք, ատոր համար դարձած ենք մեր սերմէն զզուող հանրութիւն. մենք այս մասին պէտք է խօսինք բարձրաձայն. ու պէտք է մտածենք աւելի շատ մեր ընելիքներուն մասին, քան թէ յոխորտանք մեր անցեալով կամ աշխարհէն կաթիլ մը ողորմութիւն ու գութ մուրանք: Ի հարկե, եթէ մենք մեզ ազգ կը համարենք»,- ըսաւ ան:
Սագօ Արեանը կը կարծէ, որ մեզ այսօր հարկավոր է ճշմարիտ գործ, այլապես մենք կ՚անցնինք պատմութեան գիրկը, ու մեր յիշատակը փոշի կը դառնայ:

No comments:

Post a Comment