15.5.11

Իմ երազներուս Սպանիան

ԱՐՄԷՆ ՕՀԱՆԵԱՆ (՚*)
Սպաներէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Եօթնամեայ երեխայ էի, երբ մանկական պատշաճեցումով «Տոն Քիշոթ Մանչացի»ն նուէր ստացայ։ Շատ ծիծաղած եմ կարդալով եւ դառնօրէն լացած՝ մահուան պատումին պատճառով։ Մինչ այդ, չէի նկատած, որ Սպանիոյ ամէն ինչ Կովկասին կը նմանի։ Իր չոր կամ լեռնային համայնապատկերները, կիզիչ արեւը, տիպարներն ու սովորութիւնները։
Աւելի ուշ, արդէն մեծցած, երբ Սպանիոյ պատմութիւնն ու գրականութիւնը կարողացայ ուսումնասիրել, այս տպաւորութիւնը աւելի շեշտուեցաւ իմ մէջ։

Ահա գտայ, որ միեւնոյն կլիման, միեւնոյն պայքարը Իսլամի հետ եւ բարբարոսներու ներխուժումները, միեւնոյն կարիքը՝ մեր Եկեղեցին ու մեր կրօնքը պաշտպանելու, նման կերպով կը ձեւաւորէ հայոց ու սպանացիներու խառնուածքը։ Եթէ միջնադարուն՝ մոնկոլական արշաւանքներու ժամանակ,  չբռնադատուեցանք Հաւատաքննութեան ի նպաստ դիմելու՝ մեր Եկեղեցւոյ թիկունք կանգնելու ընդդէմ մահմետական Մզկիթին, պատճառը այն էր, միայն ու միայն, որ մենք 8րդ դարէն մուսուլմաններու դէմ տեւական խաչակրութեան մէջ էինք։
Ահա այսպէս է, որ այս ժամանակաշրջանի ծաղկուն Հայաստանին փոխարէն, որ տասը միլիոն բնակիչ ունէր, շարունակական ջարդերը ներկայ օրերուն մեզ նուազեցուցած են երեք միլիոնի։ Այդ եղած է ու կը մնայ մեր մահացու փարումը իտէալին։ Այս միստիկ իտէալը մեր մէջ դարբնած է միաժամանակ մելամաղձոտ, ծանր ու լաւատես հոգի մը։ Եթէ կարելի է սպանական հոգին դատել ըստ Տոն Քիշոթի, կարելի է ըսել, թէ Հայաստանը Ասիոյ Տոն Քիշոթն է։ Պատերազմի ընթացքին ամէնուրեք մահմետականներէ շրջապատուած, խենթաբար նետուած ենք ընդհանուր կռիւին մէջ։ Արդիւնքը՝ երկու միլիոն հոգիի սպանութիւնը։ Բայց ի՛նչ փոյթ, ցեղը կ՚ապրի ու պիտի ապրի։ Այժմ անկախ՝ Արարատեան հանրապետութիւնն ենք։ Բայց կը կարծեմ, թէ մեր կենսունակութիւնը քաղաքականէն աւելի խոր պատճառներու կը հպատակի։ Այս վիթխարի կենսունակութիւնը մեզի կու գայ մեր հողին, մեր Եկեղեցիին ու մեր լեզուին մոլեռանդ փարումէն, զոր պատմութեան այնքան աղէտներու ընդմէջէն պահած ենք։
Այս նոյն կենսունակութիւնն ու նոյն պատճառները չե՞ն, որ թոյլատրած են Սպանիոյ՝ սպանական բնոյթով դուրս գալու իր կրած այնքան արշաւանքներէն։
Սպանիոյ ճակատագրին նմանութիւնը Հայաստանի ա՛լ աւելի բազմաչարչար բախտին հետ, մանկութենէս զիս հրապուրած է։ Գիմնազիայի պատանի աշակերտ էի, երբ բուռն կերպով կը կարդայի ինչ որ կը գտնէի Քրիստափոր Գոլոմպոսի յայտնագործութեան, Գորթէսի նուաճումներուն, սպանացի կրօնաւորներուն ամերիկեան առաքելութեան մասին։ Բայց Սպանիոյ մէջ ճամբորդութիւնս, անցնելով հին կաստիլիական քաղաքներէն՝ Պուրկոս, Աւիլա, եւ այց մը Թոլետօ ու Սեւիլլա, զիս աւելի ուսուցանած են, քան բոլոր ընթերցումներս։
Որքա՛ն երջանիկ էի տեսնելով հին Կաստիլիան իր ծանր ու ժուժկալ մաքրութեամբ՝ Պուրկոսի ու Աւիլայի մէջ։ Ամբողջական գոհունակութեան պատճառ էր, որ յաջորդ օրը նոյն կրկէսին մէջ ցլամարտ ըլլար, ինչպէս եւ «Լարայի եօթը իշխաններուն մահը»ի ներկայացում մը։
Շուրջ երեք հարիւր հոգի, ժամանակի հոյակապ տարազներ հագած, նաեւ ներկայացուցին մաւր ձիաւորներու հետ մենամարտեր։ Բայց զարդարուն օթեակներուն մէջ, կանանց շքեղութիւնը թերեւս կը գերադասէր կրկէսի շքեղութեան։ Դժբախտաբար, տգեղ թրամվայները արդէն գռեհկացուցած են Սիտի այս գեղեցիկ քաղաքը, որուն առասպելը ծանօթ է նոյնիսկ մեզի՝ Կովկասի բարբարոսներուս։
Ի՞նչ հրաշքով գիտցած են յարգել իր ոճին մաքրութեամբ աշխարհի մէջ եզակի այս քաղաքին՝ Աւիլայի աւատական կուսութիւնը։ Արդիական գռեհկութիւնը ոչինչով հպած է Կաստիլիոյ այս գոհարին ժուժկալ գագաթին։
Ինծի կը թուի, որ բոլոր պարիսպները, վանքերը, ճանապարհները, ցորենի դաշտերը՝ արեւուն ճառագայթող ուրախ ու մաքուր ոսկիով կաղապարուած էին։ Աւիլան աւելի մաքուր ոճ ունէր քան Թոլետոն, որ հեռուէն կը նմանի անապատներու կրկներեւոյթ քաղաքներուն կամ պարիկի մոգական գաւազանէն յանկարծակի ծնած քաղաքներուն, բայց ուր առասպելական քաղաքը արդէն կը սկսի խորտակուիլ՝ զբօսաշրջիկներու հանգստաւէտութեան սիրոյն։ Մատրիտէն ետք, որ անկախաբար իր բնոյթէն, բոլորովին արդիական քաղաք մըն է սակայն, մեծ հետաքրքրասիրութեամբ հասայ Սեւիլլա։ Հարկ է նշել, որ Սեւիլլան տեսած էի [Փարիզի] Օփերայի մէջ՝ Պօմառշէի «Սեւիլլայի սափրիչը»ին մէջ։  
Այսպէս էր Սեւիլլան միջնադարուն, ուր ռուս մեծ գրող Տոսթոյեւսկին «Գարամազով եղբայրներ»ուն մէջ տեղադրած էր մեծ հաւատաքննիչին մասին առասպելը, որ իր արտադրութեան ամենամիստիկ ու ամենախոր էջն է։ Հին Սեւիլլան զիս յուսախաբ ըրած չէ։ Սանթա Գրուզի թաղամասը, ուր կ՚ապրիմ, անցեալի ողջ կախարդանքը կը պահէ ինծի համար։
Լուսնի լոյսով օծուած առաստաղէն չեմ դադրիր դիտելէ այս սպիտակ քաղաքը, հին ոսկեզօծ տանիքներով, այս լուռ տնակները որոնք զիրար կը հրմշտկեն՝ դէպի իրենց հովիւը դիմող նախիրներու նման, մայր տաճարը, որ առանձինն կը պահէ իր միստիկ ծանրութիւնը այս լուսնային բանաստեղծութեան մէջ։
Արաբիայէն ի՞նչ կը մնայ բուն անտալուզեան այս քաղաքին մէջ։ Մաւրերէն քանի մը մնացորդ եւ նուրբ Ճիրալտան, որ ջահի նման կը փայլի՝ արեւուն թէ լուսնին տակ, մայր տաճարին սեւ զանգուածին դիմաց։
Բայց ինչո՞ւ պէտք է Արաբիան եւ ո՛չ թէ նոյնինքն Անտալուզիան որոնել Սեւիլլայի մէջ։ Անտալուզիոյ հանճարին ուժը, ըստ իր անհատականութեան, գլած-անցած է արաբական մնացորդները, ո՛չ միայն ճարտարապետութեան, այլ նաեւ ժողովրդային երգերուն եւ պարին մէջ։
Ափսոս որ արաբական ազդեցութիւնը ճաղերու ետին, տնակներու մէջ փակած է այդ երգերուն, կիթառի այդ պարերուն կախարդանքը, ամբողջ կանացիական շնորհքը։
Ջերմ ու մոլեռանդ մեր երկիրներուն մէջ, ուր մուսուլման ժողովուրդները քրիստոնեայ ժողովուրդներուն հետ շփման մէջ են, պարկեշտ կիներուն բարեսրտօրէն թոյլ կու տան դուրս ելլել՝ քօղերու տակ ըլլալու պայմանով։
Սեւիլլայի մէջ, երիտասարդ կնոջ մը փխրուն ու վիպական դիմագիծը ընդնշմարելու համար, ժամերով թափառեցայ Սանթա Գրուզի գռիհներէն։ Կանգ կ՚առնեմ, հետաքրքրուած, գեղեցիկ բակի մը ճաղերուն առջեւ, եւ չարագործի նման շուքին մէջ կը մնամ, սեւիլլացի կնոջ մը խուսափուն շնորհքը նշմարելու՝ փոքրիկ բակերու կամարներուն տակ։
Սպանացի նկարիչը աւելի դիւրաւ կը գտնէր Պարսկաստանի մուսուլմաններուն մտերիմ պահ մը նկարելու կերպը, քան հայ բանաստեղծուհին՝ սեւիլլացի կիներուն յոյլ կեանքին մէկ տեսարանը նշմարելու եւ նկարագրելու։
Կը ցաւիմ, որ պարիկ չեմ՝ իմ գաւազանով բոլոր բակերուն ճաղերը կոտրելու եւ փաստելու, թէ հոն այնքան բանաստեղծական, այնքան վիպական, այնքան ծանր են, որքան նոյնինքն Սեւիլլան, գեղեցիկ Սեւիլլան լուսնակ գիշերին։
Բարեբախտաբար, բանաստեղծները փաստերու պէտք չունին իրենց տեսիլները ստեղծելու՝ աւելի գեղեցիկ, քան ամենագեղեցիկ իրականութիւնները։
Ահա կը մեկնիմ Սեւիլլայէն։ Բայց թէեւ չեմ տեսած երիտասարդ ու գեղեցիկ սեւիլլացի կիները, բնիկ Հայաստանի սրտին՝ Արարատին վրայ պիտի երգեմ շնորհքն ու խորհուրդը անոնց, որոնք շուքն անգամ չեմ տեսած... Սեւիլլայի մէջ։
ԱՐՄԷՆ ՕՀԱՆԵԱՆ*

Սեւիլլա, Հոկտեմբեր 1922
* Նշանաւոր հայ գրագիտուհի

"Ateneo de Honduras", Ապրիլ 1923

("Ateneo de Honduras", Ապրիլ 1923)
«Ազգ-Մշակոյթ» (2009)

No comments:

Post a Comment