27.5.11

Հին բաներ, որոնք նոր պիտի սորվինք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սպասումներ կան, որոնք բարեբախտաբար ամէն տարի կարճ կը տեւեն։ Անոնցմէ մէկն է ամերիկեան նախագահի մը հերթական յայտարարութիւնը Ապրիլ 24ի առիթով։ Ահա նախագահ Պարաք Օպամայի Ապրիլ 23 թուակիր ուղերձին գլխաւոր մասը.

«Հանդիսաւորապէս կը յիշենք 96 տարի առաջ տեղի ունեցած ահաւոր դէպքերը, որոնք 20րդ դարու ամենէն քստմնելի գազանութիւններէն մէկուն յանգեցան։ 1915ին, 1,5 միլիոն հայեր ջարդուեցան կամ մահուան առաջնորդուեցան Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն։ Ես հետեւողականօրէն պարզած եմ տեսակէտս 1915ի դէպքերուն վերաբերեալ, եւ այդ պատմութեան մասին տեսակէտս փոխուած չէ։ Մեր բոլորին շահերէն կը բխի փաստերու լիարժէք, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչումը։
Վիճարկուած պատմութիւնը կը սասանեցնէ ներկան եւ կ՚արատաւորէ մեռեալներուն յիշատակը, իսկ անցեալի հետ հաշուի նստիլը խաղաղ ու համախորհուրդ ապագայի մը ամուր հիմքը կը դնէ։ Պատմութիւնը մեզի կ՚աւանդէ, որ մեր ազգերը աւելի ուժեղ են եւ մեր դատը՝ աւելի արդար, երբ պատշաճօրէն կը ճանչնանք ցաւոտ անցեալը եւ կ՚աշխատինք փոխադարձ ըմբռնումի կամուրջներ վերաշինել՝ աւելի լաւ վաղուան ի խնդիր։ Միացեալ Նահանգները լաւ կը ճանչնայ այս դասը մեր սեփական պատմութեան մութ գլուխներէն։ Կը զօրակցիմ Հայաստանի ու Թուրքիոյ անհատներու կատարած քայլերուն՝ իրենց հասարակաց պատմութիւնը ճանչնալու երկխօսութեան մը սատարելու։ Երբ կ՚ոգեկոչենք Մեծ Եղեռնը եւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք զոհերու յիշատակին, նորէն յանձնառու կ՚ըլլանք ապահովելու, որ նման աղէտալի դէպքեր երբեք չկրկնուին։ Ասիկա ժամանակակից դատ մըն է, զոր հազարաւոր ամերիկահայեր իւրացուցած են»։

Մնացեալը՝ յաւուր պատշաճի. վերապրող ամերիկահայութեան նպաստը երկրին եւ ԱՄՆի յարգանքն ու բարեկամութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ երկու անգամ եւս հայերէն Մեծ Եղեռն բառի օգտագործումով։
Արդէն հրապարակի վրայ է դատապարտումի եւ այպանումի սովորական դարձած խմբերգը. ինչո՞ւ Օպամա դրժած է 2008ի իր խոստումը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու «ցեղասպանութիւն» բառի արտաբերումով։ Արեւուն տակ նորութիւն չկայ, ըսած է հռոմէացի փիլիսոփան։
Կասկած չունինք, որ «ցեղասպանութիւն» բառը օրինական կալուածի ճիշդ բառն է՝ պետականօրէն կատարուած ոճիրը բնորոշելու համար։ Կասկած չունինք նաեւ, որ Մեծ Եղեռն եւ Աղէտ հայերէն բառերը նոյնպէս կը նշեն պետականօրէն կատարուած ոճիրը (վերջինը՝ աւելի լա՛յն ընդգրկումով, քան պարզապէս 1915ը եւ յաջորդ տարիները)։ Ճի՛շդ ինչպէս shoah («ողջակէզ») եբրայերէն կը նշէ հրէական ցեղասպանութիւնը եւ nakba («աղէտ») արաբերէն կը նշէ 1948ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին յաջորդած պաղեստինեան տեղահանումը։ Կասկած չունինք նաեւ, որ երբ հանգուցեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը «յայտնաբերեց» այս բառին մոգական ուժը 2001ին աղօթելու ժամանակ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ, ամերիկացիներ ու թուրքեր Մեծ Եղեռն բառակապակցութենէն սկսան բառացիօրէն կախուիլ՝ որպէս «ցեղասպանութիւն» բառէն խուսափելու մեղմախօսութիւն (euphemism)։ Յայտնապէս, անյայտ հայ տեղեկաբեր մը սխալ բացատրութիւն տուած է անոնց, քանի որ թէ՛ ամերիկացիները եւ թէ՛ թուրքերը կը շարունակեն յամառօրէն “great calamity” թարգմանել զայն, ինչ որ, ինչպէս հայերէնի կամ երկլեզու որեւէ բառարան բացող մը գիտէ, տգիտութեան գլուխ գործոց մըն է։ Իսկ մեր «երգչախումբ»էն ինչ-ինչ անդամներ, նոյնիսկ հեղինակաւոր խմբավարներ, կը ձայնակցին տգիտութեան տարածումին։
Օպամայի շնորհիւ, կարելի է ըսել, հայերէն լեզուն անգիտացող կամ սորվելու ջանք չթափող ամերիկահայերը Մեծ Եղեռն բառակապակցութեան տեղեակ դարձած են։ Ու ի հեճուկս իրենց ցոյց տուած իրարանցումին --անգիտութեան մէկ մասը— այդ «յայտնագործութեան» ու 2009էն ի վեր ամերիկեան նախագահին իրերայաջորդ գործածութեան դիմաց, որեւէ հայախօս անձ գիտէ, որ բառակապակցութիւնը գոյութիւն ունի եւ հետեւողականօրէն կը գործածուի հա՛յ բանախօսներու ու հա՛յ մամուլին կողմէ որպէս հոմանիշ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» բառակապակցութեան։
Արդեօք ժամանակը չէ՞ եկած սուտ խենթ չձեւանալու։
Այո՛, բացարձակ հոմանիշեր չկան, բայց այսօր մենք կ՚ըսենք Մեծ Եղեռն = Մեծ Ոճիր = Աղէտ = Հայկական Ցեղասպանութիւն = Հայասպանութիւն։ ԱՄՆի նախագահը գիտէ՞, որ կը գործածէ մեր գործածած բառը։ Հաւանաբար հայերէնի տեղեակ անձ մը ըսած ըլլալու է, ըլլա՛յ անոր, կամ ըլլա՛յ ԱՄՆի Արտաքին Գործոց նախարարութեան՝ Ապրիլ 24ի ուղերձները յուշող/սեւագրող դպիրին։ Մենք գիտե՞նք, որ ան կը գործածէ մեր գործածած բառը։ Այո՜, գիտենք, բացի եթէ հայերէն չենք գիտեր կամ չենք կարդար, որ չափով մը նոյն բանն է...։
Հայերէն լաւ չիմացող մեր ազգակիցներուն պիտի թելադրէինք, որ ճիգ մը թափեն եւ հայ մամուլը աչքէ անցընեն ու հաշուեն, թէ քանի՞ անգամ որեւէ օրաթերթի մէջ գործածուած են Մեծ Եղեռն կամ Եղեռն բառերը որպէս հոմանիշ, նոյնիսկ այն յօդուածին մէջ, ուր արդէն ցեղասպանութիւն բառը գործածուած է։ Պիտի թելադրէինք նաեւ, որ ստուգեն, եթէ Holocaust կամ Shoah բառերը ինքնին որեւէ օրինաւոր արժէք ունին, քանի որ, ըստ մեր վերջին ընթերցումին, ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Համաձայնագրութիւնը չի յիշեր զանոնք (հակառակ որ ստորագրուած է հրէական ցեղասպանութենէն ետք)։ Սակայն, ԱՄՆի եւ Եւրոպայի մէջ ամենահեղինակաւոր ոչ-հրեաները անոնցմէ մէկը կամ միւսը կը գործածեն (արդեօք քանի՞ անգամ կը կարդաք “Jewish genocide” կամ “génocide des Juifs”) եւ ո՛չ ոք կը բողոքէ։
Տարեսկիզբէն ի վեր, ամերիկահայ ինքնահռչակ մեկնաբաններ կամ «ներկայացուցիչներ» հետեւողականօրէն արձանագրած են իրենց դատապարտութիւնը պասքէթպոլի «Լոս Անճելըս Լէյքըրզ» խումբի աստղերէն Քոպի Պրայանթին, որ «Թրքիշ Էրլայնզի» հետ շահաբեր պայմանագիր կնքած է՝ հակառակ Տարֆուրի ցեղասպանութեան հանդէպ բռնած դատապարտումի դիրքին (չենք գիտեր ինչո՛ւ ամէն անգամ որ մէկը Թուրքիոյ հետ որեւէ գործարք կը կնքէ, պէտք է պապէն աւելի պապական ըլլանք)։ Նաեւ արտայայտած են իրենց քաջալերանքը հեռատեսիլի համբաւաւոր «աստղիկ» Քիմ Քարտաշեանին հանդէպ, որ բարկացեր է եղեր, երբ իր նկարը “Cosmopolitan” ամսագրի թրքական տարբերակի Ապրիլի թիւին կողքին վրայ տպուեր է (բայց քանի մը ժամ ետք արդէն հանդարտեր ու լուսանկարուելու նո՛ր պայմանագիր կնքեր է ամսագրին հետ, ինչ որ մեր մեկնաբանները անտեսեր են անշուշտ)։ Այսինքն՝ մենք մեր ուզածին պէս կրնանք լուրերը հասկնալ ու մեկնաբանել, ինչպէս ամէն մարդ կ՚ընէ։
Արդ, եթէ լուր մը կրնանք շահագործել աղմուկ ընելու նպատակով (դրական կամ ժխտական), ինչո՞ւ այդ գործին մեր «մասնագէտները» չեն կրնար նոյնը ընել Օպամայի յայտարարութեան հետ։ Ինչո՞ւ չմեկնաբանել «1,5 միլիոն հայեր» (ո՛չ թէ թրքական 300.000) «ջարդուեցան կամ մահուան առաջնորդուեցան» (ինքնակա՞մ ջարդուեցան կամ մահուան գացին) «Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն» (Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ պետութեան անունը ի՞նչ է) ու չշահագործել մեզի ի նպաստ։
«Վիճարկուած պատմութիւնը կը սասանեցնէ ներկան եւ կ՚արատաւորէ մեռեալներուն յիշատակը, իսկ անցեալի հետ հաշուի նստիլը խաղաղ ու համախորհուրդ ապագայի մը ամուր հիմքը կը դնէ։ Պատմութիւնը մեզի կ՚աւանդէ, որ մեր ազգերը աւելի ուժեղ են եւ մեր դատը՝ աւելի արդար, երբ պատշաճօրէն կը ճանչնանք ցաւոտ անցեալը եւ կ՚աշխատինք փոխադարձ ըմբռնումի կամուրջներ վերաշինել՝ աւելի լաւ վաղուան ի խնդիր»։ Այս պարբերութիւնն իսկ, զոր մեր ամենագէտ պարոնները նոյնպէս պախարակած են, կրնայ գործածուիլ մեզի ի նպաստ։ Արդարեւ, ո՞վ կը վիճարկէ պատմութիւնը, չի հաշտուիր իր անցեալին հետ եւ չի ճանչնար ցաւալի անցեալը։ Արդեօք որո՞ւն ակնարկած է ամերիկացի նախագահը։
Ահա հասեր ենք այն կէտին, երբ աստիճանաբար հասարակաց գետին կը գտնենք թուրք հրապարակագիրներու հետ. մինչ անոնք կը քննադատեն Օպաման՝ անոր տողերուն ընդմէջէն կարդալով, մենք կը քննադատենք, որովհետեւ կը մերժենք կարդալ տողերու ընդմէջէն։
Հեգնական է, բայց մարդ կը տարուի մտածելու, որ մեր նշանախօսքը դարձած է «ցեղասպանութիւն կամ մահ»։
ԱՄՆի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը վերահսկէ գոնէ 1947էն՝ նախագահ Թրումէնի նշանաւոր «վարդապետութեան» յայտարարութենէն ի վեր։ Այն ատեն, երբ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը գլխիվայր շրջուի կամ Թրումէնի վարդապետութիւնը մէկ կողմ դրուի, կրնաք ակնկալել, որ բան մը պիտի փոխուի։ Իսկ վերահսկողը, բնականաբար, այսօր անոր գլուխը գտնուող ժամանակաւոր անձը չէ, այլ իրենց կեանքին ասպարէզը դարձուցած ստորադաս պաշտօնատար(ներ)ը։
Եթէ որեւէ ընթերցող միամտօրէն կը կարծէ, որ Օպամա կամ իր յաջորդներէն ոեւէ մէկը «ցեղասպանութիւն» բառը պիտի գործածէ եւ անկէ բան մը դուրս պիտի գայ, թող բարեհաճի կարդալ հետեւեալ պարբերութիւնը եւ ամերիկեան պատմութենէն դաս մը քաղել.
«[Գոնկրէսի] երկու պալատները, համատեղ որոշումով, միաձայնութեամբ զօրավիգ կանգնեցան Պաղեստինի մէջ հրեաներու համար հայրենիքի մը գաղափարին, իսկ Սեպտեմբեր 21, 1922ին, նախագահ Հարտինկը իր ստորագրութիւնը աւելցուց։ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը վաւերաթուղթը իւրովի խանգարիչ նկատեց, եւ միայն վերջին վայրկեանին որոշեց Հարտինկի վաւերացումին զանցումը չխնդրել՝ պարզապէս այլ նիւթի կապուած Գոնկրէսի հետ յարաբերութիւններէն մեկնելով։ Բայց ճիշդ ինչպէս ասպարէզապաշտները (careerist) մերժած էին Ուիլսընի հրապարակային զօրակցութիւնը ճանչնալ, անոնք նոյն ձեւով ձեռնարկեցին 1922ի որոշումը անտեսելու» (Melvin I. Urofsky, American Zionism from Herzl to the Holocaust, Garden City (NY): Anchor/Doubleday, 1975, p. 310).
Երեսուն տարի առաջ, 1981ին, նախագահ Ռոնըլտ Ռեկըն «ցեղասպանութիւն» բառը գործածած էր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։ Ո՛չ Թուրքիոյ հիմքերը սասանեցան, ո՛չ ալ ամերիկեան քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ։ Փոփոխութիւն պահանջելէ առաջ, սկսինք փոխել մենք մեզ։

«Նոր Յառաջ», 24 Մայիս 2011





No comments:

Post a Comment