27.6.11

Հանդիպում՝ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԱ. հատորի լոյս ընծայման առիթով

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ հայագիտական ամպիոնի հրաւէրով Չորեքշաբթի, 22 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԱ. հատորի լոյս ընծայման առիթով:
Բացման խօսքը արտասանեց հանդէսի խմբագրութեան անդամ Արմէն Իւրնէշլեան, որ դիտել տուաւ, թէ աւանդութիւն դարձած այս հանդիպումը ոչ միայն կը ծառայէ ծանօթացնելու հանդէսը, այլեւ անիկա հայագիտութեան շուրջ կը համախմբէ մտաւորական տարրը: Ըստ անոր, 31-ամեայ պատմութիւն ու աւանդ ունեցող հանդէսը յարգանք եւ ճանաչում կը վայելէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ` միշտ հիներուն եւ վաստակաւորներուն կողքին առիթ տալով նորերուն եւ երիտասարդ գրիչներուն: Ա. Իւրնէշլեան հաստատեց, որ հպարտ անցեալ ունեցող հանդէսը հաստատ քայլերով կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ իր ուղին` միշտ երիտասարդացման եւ արդիականացման հետ քայլ պահելով: Ապա ան ներկայացուց օրուան հիւր բանախօսը` դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Միացեալ Նահանգներէն), լուսարձակի տակ առնելով անոր կատարած աշխատանքներն ու գործունէութիւնը:
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան շեշտը դրաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի կարեւորութեան եւ անոր ներկայացուցած արժէքին վրայ, ծանրանալով նորօրեայ դրութեամբ հայագիտութեան դիմաց ցցուող մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ զանոնք շրջանցելու կարեւորութեան վրայ: Անոր համաձայն, հայագիտութեամբ զբաղիլը բարդ պատասխանատուութիւն մըն է, մանաւանդ որ զայն ուսումնասիրել կը նշանակէ ուսումնասիրել հինէն եկող եւ մինչեւ օրս գիտութեան նիւթ հայթայթող ու յարատեւող շրջանի մը ու ժողովուրդի մը անցեալն ու ներկան` ապագայի տեսիլքով: Վ. Մատթէոսեան յայտնեց, որ կ՛ուզենք հետեւիլ հայագիտութեան՝ հայութեան «բան»ին, նախապայման դնելով արդի գիտութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկը` մտքի ու սրտի կապանքներէն ազատութիւնը: Ան նաեւ յայտնեց, որ պէտք է տարբեր իմացութիւններու տէր եւ պատրաստուած հայագէտներ ունենալու առնչութեամբ աշխատանք տանիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել այս մարզը:
Խօսելով «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին մասին` Վ. Մատթէոսեան դիտել տուաւ, որ անիկա միշտ պահած է իր որակը, օժտուած է ատակ խմբագրական կազմով մը, որ քրտնաջան աշխատանքով իւրաքանչիւր յօդուած վերջնական տեսքի կը բերէ` զայն անցընելով երկարատեւ զտումի եւ մշակումի բովէն: «Սկիզբէն ի վեր գնահատելի եղած է «Հայկազեան»ի հետեւողական քաղաքականութիւնը` հայագիտութիւնը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն դիտելու նախանձախնդրութիւնը», հաստատեց ան:
Իր խօսքի աւարտին ան նշեց, որ հայագէտը պէտք է ազատօրէն եւ խղճմտօրէն կարենայ հետապնդել իր գիտական հետաքրքրութիւնները եւ գնահատուի ու քննադատուի իր աշխատանքին որակին համաձայն: Գիտութեան յառաջընթացը կարծիքներու բախումէն կը ծնի եւ ոչ թէ պարտադրումէն: «"Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս"ը այդպիսի բացախօսութեան բեմ մըն է աշխարհի բոլոր հայագէտներուն համար եւ կը մաղթենք, որ անշեղօրէն պահէ այդ սկզբունքը», ըսաւ Վ. Մատթէոսեան:
Ապա խօսք առաւ հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հանդէսի հրատարակութեան համար գործած անձերուն` աշխատակիցներ, խմբագրական կազմ, հովանաւոր, գնահատելի ներդրումը` աւելցնելով, որ հատորը հայագիտութեան սրբավայրին մէջ տեղ ունենալու արժանիքը ունի: Մեկնելով 2012-ին նշուելիք հայ առաջին տպագիր գիրքին` «Ուրբաթագիրք»ին 500-ամեակէն` ան նշեց, որ հպարտութիւն է յայտնել, թէ այս տարիներուն հայութիւնը կրցաւ նորանոր գիրքերով հարստացնել հայկական գրադարանները: Հայր Անդրանիկ Կռանեան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց հրատարակուող, սակայն մոռացութեան մատնուող գիրքերու ճակատագիրին մասին, մանաւանդ որ նորանոր հրատարակութիւններու հոսք գոյութիւն ունի: Իր խօսքի վերջին բաժինով «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի վերջին հատորի խմբագրականէն մէջբերում կատարելով ան անդրադարձաւ համացանցի ընձեռած լայն կարելիութիւններուն եւ առիթներուն, որոնցմէ պէտք է լաւագոյնս օգտուի հայութիւնը:
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հատորի լոյս ընծայման համար գործած բոլոր անձերուն` նշելով, որ այս թափով կարելի է նաեւ երկու հատոր հրատարակել մէկ տարուան մէջ: Անոր համաձայն, պէտք է յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնել հայագիտութեան, նոր սերունդներու պատրաստութեան իմաստով յատկապէս: Վեր. Հայտոսթեան յայտարարեց, որ Հայկազեան համալսարանը արդէն ունեցած է իր հրատարակչատունը, ուրկէ ծնունդ պիտի առնեն նորանոր հատորներ:
«Ազդակ», Յունիս 23, 2011
«Զարթօնք», Յունիս 24, 2011 

No comments:

Post a Comment