9.7.11

Ամերիկահայ բանասէր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան Հալէպի մէջ

ՀԱԼԷՊ.- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Կեդրոնական Գրադարանի յանձնախումբի, Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2011ի երեկոյեան ժամը 8։00ին «Նիկոլ Աղբալեան» բարենորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ «Արեւմտահայերէնի տագնապներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրով։ Դասախօսն էր ամերիկահայ բանասէր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ այս առիթով Սրբազան Հօր հրաւէրով ժամանած էր Հալէպ։
Դասախօսութեան ներկայ էին  Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան եպս. Սարգիսեանի, Հայ Աւետարանական համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Առաջնորդի օգնական՝ Գերպ. Տ. Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ կրօնաւորներ։
Բացման խօսքով Տիար Յակոբ Տլտլեան նշեց, թէ այս տարուան Փետրուարին արեւմտահայերէնը ներառնուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՈի աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային ատլասին մէջ, վտանգուածութեան մակարդակներէն հաստատօրէն վտանգուած կարգավիճակով, շեշտելով, թէ ընդունելի ըլլայ կամ չըլլայ, ան պէտք է մտահոգէ մեզ եւ ծրագրաւորեալ աշխատանքի մղէ արեւմտահայերէնը աւելի կենսունակ լեզու դարձնելու համար։
Ապա օրդ. Նանոր Մինասեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Վահան Թէքէեանէն հայոց լեզուին նուիրուած քերթուած մը։
Օրուան բանախօս դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան շեշտեց, թէ արեւմտահայերէնի տագնապը նոր երեւոյթ չէ, ան գոյութիւն ունեցած է 1920ական թուականներէն, յետ եղեռնեան շրջանին, սփիւռքահայ տարբեր թերթեր ու գրողներ անդրադարձած են արեւմտահայերէնի նահանջին, ինչպէս օրինակ Շահան Շահնուր իր «Նահանջը առանց երգի» վէպին մէջ, ուր յիշած է. «Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն»։
Բանախօսը ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ մտահոգուելով հանդերձ, լեզուական յստակ քաղաքականոթիւն մը մշակուելու պարագային այս տագնապը կարելի է յաղթահարել։
Այնուհետեւ յայտնեց, թէ լեզուները կ՚ապրին եւ կրնան մեռնիլ, եթէ այն հանրութիւնը, որ հայերէն կը խօսի, որոշէ չխօսիլ իր լեզուով, այն ատեն է, որ լեզուն կը մեռնի։
Բանախօսին կարծիքով մեր գրաւոր լեզուն ծաղկումի մէջ է ներկայիս, աւելի քան 1915ին, որովհետեւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը նաեւ հայ մշակոյթին ուղղուած մեծ հարուած էր ու մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Մեր նախնիները մշակոյթի բեկորներ միայն ազատեցին ու մեր մշակոյթը կտոր-կտոր եղաւ, ամբողջական մշակոյթ մը չունեցանք Սփիւռքի մէջ, ասիկա չէր նշանակեր սակայն, որ մենք պիտի հրաժարէինք մեր մշակոյթէն, ընդհակառակը, պէտք է մտածենք հին ու վիրաւոր մշակոյթի փոխարինումը կատարել նոր մշակոյթով։
Շարունակելով՝ բանախօսը աւելցուց, թէ՝ «Եղեռնէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերը կ՚ապրէին իրենց անցեալով եւ կը մերժէին ներկան, որովհետեւ կ՚երազէին վերադառնալ իրենց երկիրը, իսկ իրենց յաջորդող սերունդը, որ բուն սփիւռքն էր, կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ այս նոր իրականութեան մէջ, շալկած ըլլալով վիրաւոր մշակոյթի մը բեկորները ու այդ սերունդի ներկայացուցիչները երեք ճամբաներ կ՚ընտրէին.- Առաջին խումբը կը շարունակէր օրինաւոր կերպով պահել իր ծնողներէն ստանձնածը, երկրորդը կ՚որոշէր ապստամբիլ այս կացութեան դէմ, իսկ երրորդը կը բռնէր ձուլումի ճամբան»։
Անդրադառնալով պահանջատիրական մեր պայքարին, դոկտ. Մատթէոսեան յայտնեց, թէ 1960ական թուականներուն պահանջատիրական պայքարը օրինակ մըն էր նորոգուելու պահանջին։ Այդ թուականին է, որ կը սկսէին երեւնալ գրողներ, ստեղծագործողներ, որոնք կ՚որդեգրէին գրելու նոր ձեւեր, երբեմն բախում ունենալով հանդերձ աւանդապաշտներուն հետ։
Բանախօսը շեշտեց լեզուի մէջ նորարարութիւն մտցնելու եւ զայն ժամանակակից դարձնելու ու թարգմանական աշխատանքներով լեզուն հարստացնելու կարեւորութիւնը, նշելով որ մեր լեզուն կ՚աղքատանայ, եթէ աշխարհին պատուհան մը բանալու կարելիութիւնը չունենայ։ Ապա անդրադարձաւ գրաւոր լեզուի եւ բանաւոր լեզուի միջեւ ընդլայնող հեռաւորութեան, դիտել տալով, որ ընթերցանութեան կողքին մենք նորահաս սերունդներուն պէտք է բանաւոր կերպով փոխանցենք մեր լեզուն, օգտագործելով խօսակցական մաքուր լեզու մը եւ ոչ թէ խոհանոցային, օտար բառերով խառն լեզու, որովհետեւ մանուկները իրենց լսած բառերը կ՚իւրացնեն։
«Խնդիրը միայն դպրոցի մէջ չէ, եթէ դպրոցը քու մէջդ չէ ներարկած աշխարհը հայերէնով տեսնելու, այսինքն՝ հայերէնը գործածելու իբրեւ ամէնօրեայ աշխատանքի, մտածելու գործիք, այն ատեն է, որ խզում մը տեղի կ՚ունենայ մայրենիիդ ու գործածած լեզուիդ միջեւ։ Խօսքը առանց գիրի սակայն մեռած կը դառնայ երկար ժամանակի վրայ, մենք այդ դաշինքը պէտք է պահենք լեզուի եւ գիրի միջեւ, որպէսզի նոր սերունդներուն փոխանցենք մաքրամաքուր մեր մայրենին», աւելցուց բանախօսը։
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան համառօտ կերպով նկարագրեց Սփիւռքի պայմանները, անոր ներկայ պատկերը եւ խորհրդածութիւներ կատարեց ներկաներուն հետ, արեւմտահայերէնի պահպանման, մամուլի դերին, մեր լեզուի երկու ճիւղերուն յարաբերութեան, Սփիւռքի եւ հայրենիքի լեզուական քաղաքականութեան եւ շեշտեց, թէ Սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան մէջ անհրաժեշտ է յարգել մէկս միւսին պայմանները եւ աշխատիլ իրաւահաւասարութեան մօտեցումով, բոլոր բարդոյթները մէկ կողմ դնելով ազատ գործակցութեան համար։
Եզրափակելով՝ բանախօսը ըսաւ. «Մեր առջեւ հսկայական եւ կենսական գործ կայ, բայց պահ մը մտածեցէք, որ եթէ ժամանակին մեր թրքախօս նախնիները կարելիութիւն ունեցան հայերէն սորվեցնել իրենց ժառանգներուն, այսօր ամբողջովին անկարելի չի կրնար ըլլալ, որ արեւմտահայերէնի տագնապը մենք կարենանք յաղթահարել»։
Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Շահան եպս. Սարգիսեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց բանախօսութիւնը եւ շեշտեց անոր նիւթերու արծարծման կարեւորութիւնը մեր տագնապներու յաղթահարման համար միասնաբար խորհրդակցելու եւ գործնական միջոցներ որոնելու։
Ուրբաթ, 17 Յունիս 2011ին տեղի ունեցաւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» նորատիպ հատորին շնորհանդէսը։
Սոյն հատորը արժանացած է «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին եւ այս հրատարակութեան 70րդ հատորն է, խմբագրուած տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի կողմէ։ 660 էջերու վրայ ծաւալող փառահեղ գիրք մը, որ կու գայ հարստացնել հայ գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններու ոլորտը։ Գիրքը ձօնուած է հեղինակին տիկնոջը՝ Նանորին։
Բացման խօսքով տիկ. Զարմիկ Պօղիկեան յայտնեց, թէ այս շնորհանդէսը ոչ միայն գիրքը հանրութեան ծանօթացնելու միտող ձեռնարկ մըն է, այլեւ ուրախութեան արտայայտութիւն մը։ Այս ուրախութիւնը կ՚՚ապրինք հայերէն իւրաքանչիւր գիրքի ծնունդին հետ, աշխարհի որ ծայրն ալ հրատարակուած ըլլայ ան, որովհետեւ հայերէն իւրաքանչիւր գիրքի ծնունդ մեր ազգային արժէքները պահպանելու նոր խոստում մըն է։
Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուց տիկ. Վերժին Զապունեան հոգեպարար երաժշտոթեամբ՝ ֆլիւթի վրայ մատուցելով Խաչատուր Աւետիսեանի «Իմ անոյշ տաւիղ»ը։
Դոկտ. Վ. Մատթէոսեանի հատորի ներկայացումը կատարեց Ազգ. «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, «Համազգային»ի հայագիտական հիմնարկի դասախօսութհի տիկ. Լալա Միսկարեան-Մինասեան։ Ան իր մատուցումը կատարեց բծախնդիր սերտողութեամբ՝ մատնանշումներ ու մէջբերումներ կատարելով, շեշտելով հեղինակին ուսումնասիրական հմտութիւնը հետեւեալ տողերով.-
«Գիրքը նիւթերու ընդգրկման ծաւալով կը ներառնէ ԺԹ. դարէն մինչեւ մեր օրերը, Սփիւռքէն հայրենիք գրական բոլոր տեղաշարժերն ու հայագիտական այլազան հարցերու լայն ոլորտը։ Մենք գործ ունինք հանրագիտարանային հարստութեան հետ»։
Ներկայացնելով գիրքին բովանդակութիւնը նշեց, թէ նիւթերը բաշխուած են երեք բաժիններու վրայ՝ «Ուսումնասիրութիւններ», «Գրախօսականներ» եւ «Անդրադարձներ»։
«Ուսումնասիրութիւններ»՝ ծանօթ ու նուազ ծանօթ դէմքերու մասին, ինչպէս եւ տարբեր հարցերու նուիրուած ուսումնասիրութիւններ։
«Գրախօսականներ». զանազան գիրքերու գրախօսականներ՝ Վարուժանի կարգ մը բանաստեղծութիւններու մասին, Մարկ Նշանեանի գիրքին եւ այլոց մասին։ 
«Անդրադարձներ». ընդհանրապէս հայագիտութեան մէջ տարակարծութիւններու ու բանավէճերու առիթ հանդիսացող նիւթեր են, որոնք համազգային կարեւորութիւն ունին, ինչպէս տարիներէ ի վեր հայ կեանքը ալեկոծող։
Տիկ. Լալա հատորին մէջ տեղ գտած բանաստեղծներէն գեղեցիկ առոգանութեամբ հատուածներ ընթերցեց եւ տպաւորեց ներկաները։ Ան յատկապէս արժեւորեց այս հատորը հիացմունքի հետեւեալ արտայայտութեամբ.
«"Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ" հարուստ հատորը ոչ միայն գիտական ուսումնասիրութիւններու հաւաքածոյ է, այլ միանգամայն գրական ու աղբիւրագիտական տեղեկութիւններու շտեմարան, ուրկէ կրնայ օգտուիլ բազմաթիւ հայագիտական հարցերու կամ գրողներու մասին աղբիւրներ փնտռող երիտասարդ ուսումնասիրող մը»։
Աւարտին, տիկ. Լալա սփիւռքեան դառն պայմաններով շրջապատուած բայց հասակ նետած ու ծաղկած բանասէր Մատթէոսեանին մասին ըսաւ.
«Հիացումի ծնունդ տուող ազդակներէն մէկը այն իրողութիւնն է, որ տակաւին երիտասարդ այս նուիրեալ հայագէտը, որ արդէն իր ետին պատկառելի վաստակ ունի՝ ծնունդ է հայ Սփիւռքի։ Սփիւռքը թերագնահատելը չէ միտքս, այլ սփիւռքեան պայմանները նշելը։ Երբ այդ պայմաններու տակ կը բարձրանան գիտութեան նուիրեալներ, վեր մնալով գերնիւթականացած միջավայրէ՝ ազնիւ տեսիլք կը հետապնդեն, չես կրնար հիացում չունենալ»։
Դոկտ. Վարդան նաեւ հեղինակի իր խօսքը հնչեցուց, խօսելով հատորի կազմաւորման մասին, հետաքրքրական դրուագներով նշեց եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր, զինք սրտաբաց ընդունող բարեկամներուն, յատկապէս շեշտեց թէ գիրքի առաջին գինեձօնն է, որ տեղի կ՚ունենայ եւ այս երեւոյթը մեծ պատիւ համարեց։
Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը ու գինին ծորելով կարմիր գոյնով ողողեց էջերը, կենարար հեղուկով դրոշմելով հեղինակի վաստակին արգասիքը։
Ձեռնարկի աւարտին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց, գնահատանքի խօսք ուղղելով ձեռնարկի մասնակիցներուն եւ կազմակերպողներուն, ջերմօրէն շնորհաւորեց դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, անոր ջանասիրութիւնը, հայ մշակոյթի զարգացման ու յարատեւման ի խնդիր անոր շնորհալի ներդրումը գնահատելով, մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։
Ներկաները «Աղբալեան» հայաբոյր այս սրահին մէջ վայելեցին մտաւորական զրոյցն ու գիրքի եւ գրողի մտերմութիւնը։
ԹՂԹԱԿԻՑ
«Գանձասար», Յունիս 23, 2011







No comments:

Post a Comment