22.8.11

Վճռական պահ հայոց պատմութեան մէջ (Բ.)

ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ 
Ի հարկէ, Հայաստանի ներկայ ղեկավարները չեմ մեղադրեր ցեղասպանութեան մեջ։ Սակայն, այս գործընթացներուն միջեւ ընդհանրութիւնը, այնուամենայնիւ, ակնբախ է։ Եթէ կրնաս ընդդիմութիւնդ անյայտացնել, կրնաս յուսալ, որ իշխանութիւնդ պիտի երկարի։ Կ՚երեւի, որ Հայաստանի վերջին շրջանի գէթ կարգ մը ղեկավարներ կը փորձեն ապահովել վարչակազմի փաստացի կամ հնարաւոր ընդդիմախօսներու «ինքնատեղահանումը» իբրեւ զանոնք վնասազերծելու ձեւ՝ մէկ առ մէկ, խումբ առ խումբ, դանդաղ, բայց հետեւողական կերպով։ Բացի ատկէ, արտագաղթածները հաւանաբար պիտի կատարեն դրամական փոխանցումներ, որոնք կը պահեն ազգաբնակչութեան կարեւոր թիւ մը. աշխատուժի արտածումը կը թուի նոյնպէս լուծում մը ըլլալ։
Եւ սակայն քանակական փոփոխութիւնը կը վերածուի որակական փոփոխութեան, եւ համապատասխան ձեւով կը փոխակերպուի նաեւ պատմութիւնը, ինչպէս նկատած է իմաստուն փիլիսոփայ մը։ Պատմութիւնը փոխակերպող ճակատագրական փոփոխութիւնը պայման չէ, որ յանկարծահաս աղէտի հետեւանք կ՚ըլլայ. շատ աւելի յաճախ ան աստիճանաբար կուտակուող ուժերու արդիւնք է, որոնք կը յանգին մէկ-երկու աղէտի եւ, որ աւելի կարեւոր է՝ հարցերու լուծման մէջ այլընտրանքներու խիստ սահմանափակման: Հոս տեղին է յիշել ուղտին մէջքը ջարդող վերջին ծղօտին մասին յայտնի պատմութիւնը: Ուրեմն, Հայաստանէն ի՞նչ կը մնայ Հայաստանի մէջ։ Ի՞նչ պիտի նշանակէ Հայաստան եւ որո՞ւն համար։
Չեմ ուզեր այս միտքը իր տրամաբանական աւարտին հասցնել այս պահուն։ Ատիկա խիստ ցաւալի հարց մըն է։ Նաեւ յոյս ունիմ, որ դեռ հոն չենք հասած։ Յոյս ունիմ, որ դեռ ժամանակ կայ մինչեւ որ Հայաստանի եւ իր քաղաքացիներուն խնդիրը անգամ մը եւս նուազեցուի եւ հասցուի գոյութենական աստիճանի, ուր միայն ողջ մնալը արժէք ունի, ուր կեանքի եւ հաւաքական գոյութեան որակը նշանակութիւն չունի, ուր մոռցուած են մշակոյթն ու գիտութիւնը, ուր, ամէն բանէ վեր, չկան քաղաքացիներուն արժանի իրական ընտրանքներ, եւ ուր արժանապատիւ կեանք ունենալու միակ ընտրանքը կա՛մ բատրակի կարգավիճակով մնալն է, կա՛մ իրերը կապելն ու հեռանալը: Մէկ խօսքով՝ կրնա՞նք պատկերացնել այնպիսի Հայաստան, որ սոսկ թեմատիկ զբօսայգի (theme park) չըլլայ Սփիւռքի զբօսաշրջիկներու համար, Տիսնիլանտի ոճի տարածք, որ կը կառավարուի որպէս ձեռնարկութիւն (corporation)։
Իմ մտահոգութիւնս որեւէ նախագահի կամ վարչակազմի ընկալումը չէ։ Իւրաքանչիւրը ունեցած է իրեն յատուկ սխալներն ու ձախողութիւնները: Ես աւելի մտահոգ եմ այն հիմնական տրամաբանութեամբ որ կ՚առաջնորդէ իւրաքանչիւր ղեկավար եւ իւրաքանչիւր վարչակազմ, եւ հեռահար հետեւանքները այնպիսի քաղաքականութիւններու, որոնք այլապէս կրնան անվնաս թուիլ:

Ժամանակն է, որ Հայաստանի ղեկավարները հասկնան, որ իրենց առջեւ պատմական կարեւորութեան հիմնախնդիր ծառացած է, որ կրնայ հայոց պետականութեան վերջին մարտահրաւէրը ըլլալ, եւ որ ասիկա նոյնքան լուրջ պատասխանատուութիւն է, որքան երբեւէ որեւէ հայու վրայ ծանրացածը։ Արեւմտեան Հայաստանը կորսնցուցած ենք: Ղարաբաղը իր գոյութեամբ կախուած է Հայաստանէն, հակառակ շատերու այն պնդումներուն, թէ Ղարաբաղը աւելի անհրաժեշտ է Հայաստանի, քան Հայաստանը՝ Ղարաբաղի: Հայաստանը կը հասնի կամ արդէն իսկ հասած է ճակատագրական կէտի մը։ Կը հասկնամ, որ դիւրին չէ ճիշդ որոշումը կայացնել, երբ վարչակարգը չափազանց մեծ կախուածութեան մէջ է տարբեր խումբերու փոխկապակցուած շահերէն։ Իսկ այդ խումբերէն շատերուն համար, ինչպէս կը պատահի նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ, հասարակութեան աւելի մեծ շահերը եւ պետութեան հեռահար կարիքները նշանակութիւն չունին։ Ժամանակն է, որ Հայաստանի ներկայ նախագահը որոշէ, թէ ինքը արդեօք գերհարուստ տոհմի՞ (clan), թէ՞ հպարտ ժողովուրդի մը ղեկավարն է. ժողովուրդ, որ նաեւ իմաստուն է եւ իր պատմութիւնը աւելի լաւ կը հասկնայ, քան ղեկավարին նեցուկ կանգնող որոշ գաղափարախօսներ, սակաւապետեր (oligarchs) եւ որոշ խելացի, սակայն անողնայար պաշտօնեաներ որոնց նաեւ իմաստութիւն կը պակսի։ Ժամանակն է, որ Հայաստանի վարչակարգի ղեկավարները հասկնան, որ այժմ կործանման եզրին գտնուող այն բոլորին հիմնական պատասխանատուութիւնը իրենց ուսերուն վրայ է։
Ժամանակն է, որ այս ղեկավարները հասկնան, որ վերջին տասնամեակի ընկերային ու տնտեսական քաղաքականութիւնները ձախողած են, որ ուժի ու դրամագլուխի աճող մենաշնորհը հասցուցած է փակուղիի, եւ որ այն վճռական ու դժուարին որոշումները, որոնք պէտք է կայացուին, որպէսզի Հայաստանը նոր ուղիի վրայ դրուի, չեն կրնան տրուիլ՝ առանց բաց ու արդար ընտրական գործընթացներու միջոցով օրինական իշխանութիւններու ընտրութիւնը կարելի դարձնելու։ Այլեւս դժուար է պատկերացնել, թէ մեր առջեւ ծառացած խնդիրը կարելի է լուծել առանց ազատօրէն ընտրուած իշխանութիւններու, որոնք կրնան ընդունիլ անհրաժեշտ դժուարին որոշումները եւ, անոնցմով հանդերձ, վայելել ժողովուրդի օժանդակութիւնը։ Ժամանակն է կրկին յոյս տալու այն մարդոց, որոնք Հայաստան կը մնան եւ կը նախընտրեն մնալ։
Հայաստանը ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին երկիրն է, որուն առջեւ նման խնդիրներ ծառացած են, ներառեալ՝ արտագաղթի խնդիրը։ Սակայն, տարբերութիւնը այն է, որ մինչ ուրիշները կրնան իրենց թոյլ տալ ուշացնել լուծումները եւ տեւական կորուստներ կրել, Հայաստանն ու հայերը ի վիճակի չեն անոնց նման շռայլութիւն թոյլ տալու։
Ժամանակն է, որ Սփիւռքըկազմակերպութեան ղեկավարներն ու մնացածներս -- վերագնահատենք մեր ռազմավարութիւնը այն հարցին, թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս ընել Հայաստանի մէջ։ Գիտեմ, որ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ նուիրուած են Հայաստանի ու Ղարաբաղի կեանքի պայմաններու բարելաւման գործին եւ որ անոնց ճիգերը, ի վերջոյ, պէտք է յաջողին տարբերութիւն մը ստեղծել եւ արտագաղթի հոսանքը շեղել։ Եւ սակայն, Սփիւռքի ողջ օգնութիւնը ի զօրու եղած չէ հակադրուելու այն քաղաքականութեան ու գործընթացներուն, որոնք քաղաքացիները կը խրախուսեն լքելու երկիրը։
Ժամանակն է, որ սփիւռքահայերէն անոնք, որոնց Հայաստանի իշխանութիւնները նախագահէն մինչև նախարարներ ու դատաւորներ ականջ կը դնեն, պաշտպանեն յարգուած արժանապատուութեամբ քաղաքացիներով Հայաստանը պահելու դատը՝ այլ նիւթի մը յատկացուած եզրը գործածելու համար:
Ժամանակն է յատկապէս, որ անոնք, որոնք Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամենէն առաջնահերթ հարցի վերածած են Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ, որոշեն, թէ արդեօք այս պահուն աւելի կարեւոր է, որ ԱՄՆ-ի կամ որեւէ այլ երկրի նախագահ գործածէ «ցեղասպանութիւն» ե՞զրը, թէ՞ որ Հայաստանի գիւղ մը բաւարար ենթակառուցուածք ձեռք բերէ, որպէսզի գիւղացիները կարողանան կանգուն տնտեսութիւն ստեղծել, ինչ որ անոնց համար իրենց սեփական երկրին մէջ մնալը աւելի տանելի կը դարձնէ, քան Սիպիր արտագաղթելը։
Խնդիրը այս աստիճան պարզ է։
Հաւանաբար, պատմաբանի գործը չէ հետեւեալ հարցումը հնչեցնելը, սակայն թոյլատրելի է մտահոգ հայուն։ Եթէ կարելի ըլլար Ցեղասպանութեան որեւէ զոհի հարցում ուղղել, թէ իր նահատակութեան դիմաց ի՞նչը աւելի տեւական ու գոհացնող տուրք կ՚ըլլայ՝ պետութեան մը կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը, թէ՞ պատմական Հայաստանի մնացորդներուն վրայ գիւղի մը կեանքը, ի՞նչ կ՚ըլլար անոր պատասխանը։ Ի վերջոյ, զոհը գիտէ, թէ ինչ պատահած է իրեն, իր ընտանիքին, ինչպէս իր գիւղը կամ քաղաքը, իր ժողովուրդը ստիպուած են հեռանալ, եւ անոր առաջնահերթ խնդիրը այս փաստերու հաստատումը չ՚ըլլար: Կասկած չունիմ, որ ան պիտի նախընտրէ, որ մենք կեդրոնանանք անկախ Հայաստանի մէջ մահուան շեմին յայտնուած գիւղին կենսական օժանդակութեան ապահովման վրայ, որպէսզի ան կրկին ծաղկի:
Ի՞նչ պատճառով է, որ չենք ուզեր գիտակցիլ, որ 1860-ականներէն մինչեւ 1914 Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափման հիմնական գործօններէն մէկը եղած է այդ տարածաշրջանի ընկերա-տնտեսական պայմաններուն ահռելի վատթարացումը։ Լաւ կ՚ըլլայ, որ մեր աւանդական կուսակցութիւնները ուսումնասիրեն իրենց իսկ ծննդեան պայմանները։ Թէ՛ Հայաստանի մէջ՝ խորհրդային ու անկախ, և թէ՛ Սփիւռքի մէջ պատմաբանները այդ աշխատանքը ըրած են։
Հոս յարուցուած հարցերը կը վերաբերին ո՛չ միայն այն առաջնահերթութիւններուն ու անհրաժեշտութիւններուն, զորս, իմաստուն ըլլալու պարագային, պէտք է վերանայինք, այլ նաեւ մեր առկայ առաջնահերթութիւններուն միջեւ եղած յարաբերակցութեան, մեր դրացիներուն հետ հակամարտութիւնները լուծելու մեր կարողութեան եւ, վերջապէս, Ցեղասպանութիւնը թրքական պետութեան իսկ ճանչնալ տալու քաղաքականութեան։ Այս հարցերը հազուադէպ կը յարուցենք, մեր վարած  քաղաքականութեան դժուարութեամբ քննադատաբար կը մօտենանք. անոնց կը վերաբերինք իբրեւ ի վերուստ տրուած փաստի:
Ասիկա կոչ մըն է՝ ուղղուած Հայաստանի ղեկավարներուն եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն ու կուսակցութիւններուն, որ վերանային իրենց առաջնահերթութիւններն ու ռազմավարութիւնը՝ նկատի ունենալով Հայաստանի ու Ղարաբաղի պարպումի տեսանելի վտանգին վերը կատարուած վերլուծումը: Ասիկա նաեւ իմ գործընկերներուն՝ մտաւորականութեան ու գիտաշխատողներուն ուղղուած հրաւէր է, որ իրենց աւանդը բերեն այս բանավէճին եւ բարձրացնեն հրապարակային խօսակցութեան մակարդակը։
Պատմաբանները յաճախ կը պնդեն, որ իրենք հասած են գիտութեան բարձր մակարդակի, քանի որ գործ ունին երկարաժամանակեայ հասարակական զարգացման բնոյթի ու հետեւանքներու ըմբռնման արուեստին հետ։ Քաղաքական գործիչները կը պնդեն, որ անոնք կը ղեկավարեն հասարակական այդ զարգացումը:
Գոյութիւն ունի՞ հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսումնասիրող մը կամ քաղաքական ղեկավար  մը, որ հայոց պետականութեան գոյութեան համար որեւէ այլ հարց աւելի կարեւոր կը համարէ, քան Հայաստանի ու Ղարաբաղի հայաթափման հարցը։ Եւ հնարաւո՞ր է արդեօք այդ հարցը տարանջատել Հայաստանի արտաքին ու ներքին գործերու կառավարումէն։
Մենք անտեսած ենք հարեւաններու հետ մեր հարցերը լուծելու եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մաս կազմելու առիթներ. զարգացումներ, որոնք Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային յառաջընթացը կրնային խարսխել տարածաշրջանի աւելի լայն եռուզեռին եւ այդ պետութիւններուն անկախութեան մակարդակը բարձրացնել։ Յարգանքի արժանի որեւէ տնտեսագէտ գոյութիւն ունի՞ արդեօք, որ կը կարծէ, թէ մեկուսացած ու շրջափակուած Հայաստանը կրնայ կայուն զարգացում ապահովել ու խթանել Հայաստանի մէջ զարգացող եռանդն ու տաղանդը: Հակառակ պայմաններուն ու հակառակ ուղեղներու ու տաղանդի արտահոսքին, Հայաստանը ի վիճակի է իր ժողովուրդին առիթը տալու անվտանգ ու պատշաճ կեանքով ապրելու, ապահովելու իրենց զաւակներուն կրթութիւնն ու առողջութիւնը, արուեստ, մշակոյթ ու գիտութիւն կերտելու եւ տարեց քաղաքացիներուն արժանապատիւ կեանք ընձեռելու։
Կային մարդիկ, որոնք կը կարծէին, թէ հնարաւոր էր Հայաստանի մէջ կայուն զարգացում հաստատել ու ապահովել, որովհետեւ կը հաւատային, որ Հայաստանը եզակի էր, որ ան կրնար յաղթահարել շրջափակումներն ու մեկուսացումը, այն յոյսով, որ Սփիւռքը տնտեսական զարգացման հարկ եղած միջոցները կը ներդնէր։ Անոնք կը պնդէին, որ Սփիւռքը բաւարարելու համար ընդամէնը հարկաւոր էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրէր Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը, որ յատուկ կարեւորութիւն ունի Սփիւռքի համար։ Եւ պատահեցաւ այնպէս, որ 1998ին առաջին նախագահը ստիպուած եղաւ հրաժարական տալու։ Եկան նոր նախագահ ու նոր վարչակազմ։ Անոնք 10 տարի ունէին իրենց վարկածը փորձարկելու համար։ Իսկ այժմ մենք երկրորդ նախագահին կողմէ տեղաւորուած երրորդ նախագահի պաշտօնավարութեան երրորդ տարին ենք։ Պարզ չէ՞ միթէ, որ հեռանկարային իմաստով շատ աւելի վատ վիճակի մէջ ենք այսօր, քան վերջին քսան տարուան ընթացքին երբեւիցէ։
Եթէ երրորդ նախագահը այլ վերլուծում ունի, մենք զայն չենք տեսած, թէեւ ան որոշ անսովոր քայլեր կատարած է։ Սակայն այսօր ոչ թէ որոշ քայլեր անհրաժեշտ են, այլ ամբողջ ռազմավարութիւն մը, որ կ՚ընդունի Հայաստանի պետականութեան եւ Ղարաբաղի առջեւ ծառացած հիմնախնդրի ծաւալն ու խորութիւնը։ Եւ հարկաւոր է գործել անոր համապատասխան՝ ի շահ անոր ղեկավարած պետութեան, ի շահ այն ժողովուրդին, զոր կը ցանկայ առաջնորդել։ Անկախ իր անձնական շահէն, Հայաստանի ու Ղարաբաղի համար ահաւոր պիտի ըլլայ, եթէ երրորդ նախագահը պատմութեան մէջ մտնէ իբրեւ այն ղեկավարը, որ աւարտին հասցուց անպատասխանատու քաղաքականութեան շղթան, զոր իր նախորդը սկսած էր: Երրորդ նախագահը կրնայ դառնալ այն ղեկավարը, որ ճիշդ ժամանակին ուղղեց իր նախորդին քաղաքականութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ ուղղումին համար պահանջուի այն համակարգին կազմաքանդումը, որուն ինքը մաս կազմած է, եւ իր պաշտօնով ատոր գինը վճարէ։
Գիտեմ, որ Սփիւռքի մէջ մարդիկ կան, որոնք իրենց յոյսը կտրած են Հայաստանէն իբրեւ պետութիւն եւ ետ վերադարձած՝ դէպի սփիւռքահայու ինքնութեան այն սահմանումը, որուն պահպանումին համար հայոց պետութեան պէտք չկայ։ Ասոր համատարած դառնալու կարելիութիւնը կրնայ անխուսափելի ըլլալ՝ նկատի առնելով սփիւռքացման մեր երկար պատմութիւնը։ Եթէ որոշ հայեր գոհ են որեւէ այլ երկրի սոսկ էթնիկ համայնք ըլլալէ, կարելի է հասկնալ։ Բայց ատիկա ուրիշ պատմութիւն է. նման ինքնասահմանում կառուցուած կ՚ըլլայ Եկեղեցւոյ, մշակութային որոշ հաստատութիւններու, երեւակայուած ընդհանուր անցեալի -- զոր դիւրութեամբ կարելի է յարմարցնել իւրաքանչիւր երկրի էթնիկ համայնքի տեղական կարիքներուն --  եւ հրաշալի խոհանոցի շուրջ։
Ատիկա էթնիկ համայնքներու պատմութիւնն է, ո՛չ թէ ժողովուրդի կամ պետութեան։ Եթէ ազգային ինքնասահմանումով կարելի ըլլար տեւականօրէն պահել ինքնութիւնը, հայկական Սփիւռքը իր թուաքանակով հիմա հարիւր անգամ աւելի կ՚ըլլար, քան ինչ որ է այսօր։ Թերեւս ժողովուրդն ու պետութիւնը նշանակութիւն չունին ոմանց համար. ատիկա նոյնպէս անհատներու կողմէ կատարուած ընտրանքներու հանրագումար է։ Կարելի է հասկնալ, որ Հայաստանի ամայացումը իբրեւ մեծագոյն խնդիր տեսնելու գիտակից կամ անգիտակից դժկամութիւնը ոմանց կողմէ կապուած ըլլայ սփիւռքացման գործընթացին. Սփիռքը իր սահմանումով իսկ այն մարդոց կամ անոնց սերունդներուն բազմութիւնն է, որոնք ժամանակին հեռացած են իրենց հայրենիքէն եւ կը գտնուին իրենց իբրեւ հայ ինքնասահմանման անցման վիճակի մէջ, որոնք ըստ ամենայնի պաստրաստ չեն ետ վերադառնալու: Կարելի է հասկնալ, սակայն նման վարք արդարացած չէ, եթէ մարդ ներգրաւուած է իր ժողովուրդի ու պետութեան մակարդակի հարցերու քննարկման մէջ։
Ո՞վ կրնայ մոռնալ, թէ առնուազն երկու դար շարունակ որքա՛ն ուժեղ էին մեր «համայնքային» կառոյցները Պոլսոյ մէջ, ապա Հալէպի ու Պէյրութի մէջ, եւ չմոռնանք Փարիզն ու Պոստընը, իսկ հիմա՝ Լոս Անճելըսը։ Դեռ չեմ խօսիր միջնադարեան Արեւելեան Եւրոպայի ու հարաւային Ռուսաստանի գաղութներուն մասին, ուր նոյնիսկ մեր ուրոյն սահմանադրութիւնը ունէինք որոշ քաղաքներու մէջ։
Անոնց համար, որոնք Հայաստանի պետութիւնը իրենց հայկական ինքնութեան կարեւոր գործօն կամ խարիսխ կը համարեն՝ էթնիկ տարածքէն անդին, կասկած պէտք չէ ըլլայ հայոց պետականութեան այս վերջին մնացորդի հայաթափման խնդրի հրատապութեան վերաբերեալ։
Ի վերջոյ, երբ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը գրուի ապագային, մենք բոլորս պատասխանատու պիտի ըլլանք այն բոլորին համար, զոր ըսինք, երբ կարելի էր բան չըսել, և զոր չըսինք, երբ հարկաւոր էր ըսել. եւ զոր ըրինք, երբ կարելի էր բան չընել, և զոր չըրինք, երբ հարկաւոր էր ընել։
Այդ ժամանակ, համայնքային հաստատութիւններու ջատագովներու, սփիւռքեան հաստատութիւններու աշուղներու եւ արդարացում որոնելու պարտաւորուած պատմաբաններու ապագայ խումբը կրնայ գլխիվար շրջել ու խեղաթիւրել փաստերն ու թիւերը, ճառել ու հակաճառել։ Արդիւնքը նոյնը պիտի ըլլայ, նոյնքան դաժան, որքան Ցեղասպանութեան արդիւնքը։ Ապագային մնացած միակ գործը պիտի ըլլայ, ուրեմն, նոր թուական նշանակել վերջին, գալիք ողբերգութեան համար։ Թուական մը, որ տարուէ-տարի պիտի նշուի, որպէսզի ապա խաղացուի մեղադրելու խաղը. ո՞վ կորսնցուց Հայաստանի վերջին մնացորդը: Սակայն, նման տարելիցներ արդիւնքը չեն փոխեր: Արդիւնքը կախում ունի, թէ այսօր ի՞նչ կը ներդնենք իրավիճակին մէջ:
Մնացածը, այնուհետեւ, անկարեւոր կը դառնայ։
Էնն Արպըր, Միշիկըն, Յուլիս 31, 2011


No comments:

Post a Comment