22.8.11

Վճռական պահ հայոց պատմութեան մէջ (Ա.)

ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ 
Ծ. Թ.- Պատմաբանի ու հրապարակախօսի միասնական հայեացքով գրուած այս յօդուածը, վստահաբար, թեր ու դէմ կարծիքներու տեղի կրնայ տալ՝ բազմազան պատճառներով, որոնք կը սկսին հեղինակին ինքնութենէն ու կը հասնին մինչեւ անոր արծարծած պատմա-քաղաքական խնդիրներուն հրատապութիւնն ու նշանակութիւնը։ Կարդալով յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնըԼրագիր», Օգոստոս 1, 2011), որոշեցինք զայն ընթերցողին ներկայացնել արեւմտահայերէն տարբերակով, նկատի ունենալով հեղինակին հրաւէրը մտաւորականութեան՝ բանավէճին իր աւանդը բերելու եւ հրապարակային խօսակցութեան մակարդակը բարձրացնելու։ Արեւմտահայերէնի վերածելու ընթացքին, սակայն, բաղդատեցինք այդ թարգմանութիւնը անգլերէն բնագրին հետՀետք Online», Օգոստոս 2, 2011) եւ նշմարեցինք ինչ-ինչ տարբերութիւններ (նաեւ՝ սխալ թարգմանութիւններ), որոնք մեզ պարտադրեցին նաեւ վերախմբագրելու ամբողջ շարադրանքը։ Արդիւնքը կը թողունք ընթերցողին հայեցողութեան՝ ոճէն մինչեւ բովանդակութիւնը։

 Ժողովուրդի պատմութեան մէջ պահեր կ՚ըլլան, երբ յոյսը պահելը լուրջ մարտահրաւէր կը դառնայ, երբ լաւատեսութիւնը կարելի է պահել միայն այն պարագային, երբ ան հաւասար է ինքնախաբէութեան, երբ անտարբերութիւնը նշանակալից պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ, եւ երբ լռութիւնը յանցանքի զգացում պէտք է ներշնչէ։
Հայաստանի ներկան այդպիսի պահ մըն է, եթէ, անշուշտ, մէկը հետաքրքրուած է Հայաստանի պետականութեամբ։
Երկու տասնամեակի պատմութիւն ունեցող անկախ պետութեան մէջ արտագաղթը հասած է ծայրայեղ վտանգաւոր չափերու. վտանգաւոր՝ Հայաստանի ազգային ապահովութեան ու պետականութեան կառուցուածքին համար, սպառնալով ազգութեան գաղափարին, որ այլ արժէք ունի, քան ընդհանուր անցեալի գիտակցումը։
Ժամանակն է հասկնալու, ինչպէս շատերը կը հասկնան Հայաստանի մէջ, որ արտագաղթի ներկայ թափը մեզ հասցուցած է պատմական համեմատութեամբ աղէտի շեմին. աղէտ, որ անհամեմատօրէն աւելի մեծ է, քան սովորաբար յիշուող դժուարին խնդիրները։
Մենք կը հպարտանանք պատմութեան մեր իմացութեամբ եւ սակայն կատարեալ տգիտութիւն կը ցուցաբերենք այդ պատմութեան նշանակութեան եւ անոր հնարաւոր դասերուն նկատմամբ, եթէ, անշուշտ, կ՚ուզենք որեւէ դաս առնել։ Մեր քաղաքական, մտաւորական, գիտական ու կրօնական դէմքերէն շատ-շատերը իրենց ելոյթները, յօդուածները, գիրքերն ու քարոզները կը հիւսեն այդ պատմութիւնը լեցնող ողբերգութիւններու յղումներով։ Նաեւ կը նշեն այդ պատմութենէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը: Եւ, սակայն, կարծես մոռացութեան կը մատնեն այն պարզ փաստը, որ Հայաստանը կը պարպուի, և որ ծանր ու դաժան այդ փաստը իր անդառնալի հետեւանքները ունի։
Յայտնի է, որ Հայաստանէն արտագաղթը առնուազն հազար տարուան պատմութիւն ունի: Մեր պատմաբանները բազմաթիւ պահեր մատնանշած են, երբ հայերը զանգուածաբար լքած են իրենց հայրենիքը։ Եւ սակայն միշտ չէ, որ պատմաբանները եւ ուրիշները գնահատած են ատոր հետեւանքնեը: Մենք գիտենք, որ Վասպուրականի Արծրունիները կառուցած են Աղթամարի եկեղեցին, բայց կարծես թէ կ՚անտեսենք, որ ատիկա ըրած են, որպէսզի տօնեն հայոց կեդրոնական իշխանութեան գնով իրենց արքայ դառնալը՝ այդպէս ստեղծելով փոքրիկ ու խիստ խոցելի պետութիւն մը եւ թուլցնելով համապարփակ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը։ Կարծես մեր հոգը չէ, որ, դառնալով Բիւզանդիոնի ընդարձակման առաջնահերթ թիրախ, իրենց «արքայական գոյութեան» վերջաւորութեան Արծրունիները իրենց թագաւորութիւնը փոխանակեցին Հայաստանէն դուրս կալուածի հետ եւ տասնեակ հազարաւոր հպատակներու հետ միասին հեռացան երկրէն։ Սա նոյն այն Աղթամարն է, որուն առիթով վերջերս մեր բոլոր կաոոյցներով՝ պետական եւ սփիւռքեան, այդքան աղմուկ բարձրացուցինք։ Երբեմն կը թուի, թէ ազգի զգացողութիւնը միայն կը պահանջէ անցեալի արուեստի գնահատումը։
Այս եւ զանգուածային արտագաղթի նման դէպքեր կը բացատրեն, մասամբ, թէ ինչո՛ւ կորսնցուցինք պատմական Հայաստանը:
Անոնք կապուած են մեր պատմութեան ամենէն ողբերգական ու ծանր հետեւանքներ ձգած իրադարձութեան՝ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան հետ։ Ցեղասպանութիւնն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը, զանազան չափերով, համակած են Սփիւռքի ու Հայաստանի քաղաքականութիւնն ու քաղաքական միտքը: Այդ աղէտին հետ հաշտուիլը  տասնամեակներ տեւած է, եւ սակայն չենք կրնար ըսել, թէ լիովին յաջողած ենք։ Նախ եւ առաջ պէտք է իրադարձութիւնները մենք մեզ պատմէինք, յետոյ՝ աշխարհին: Ոմանք սկսան ուսումնասիրել Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան պատճառները։ Միեւնոյն ժամանակ որոշեցինք, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն էր այն բնագաւառը, ուր պէտք է կեդրոնացնէինք մեր ուժերը։ Ակնկալած ենք, որ ուրիշ ժողովուրդներ օժանդակէին ճանաչման մեր արշաւին, քանի որ անոնք եւ մնացեալ աշխարհը դասեր պիտի քաղէին Հայոց Ցեղասպանութենէն, պատմութենէն, մե՛ր պատմութենէն։ Եւ սակայն զլացած ենք նոյնքան կարեւոր հարցում մը տալ։ Երբ որոշեցին, որ կ՚ուզեն սպաննել ժողովուրդ մը, ինչո՞ւ Օսմանեան կայսրութեան այդ շրջանի ղեկավարները կարծեցին, թէ կրնային նման չափանիշերով իրականացնել այն տեղահանութիւններն ու կոտորածները, որոնք անհրաժեշտ էին իրենց նպատակին հասնելու համար։ Ինչո՞ւ մտածեցին, թէ կրնային նման չափերով հասնիլ այն բանին, զոր այժմ Ցեղասպանութիւն կը կոչենք։ Գործնապէս անոր իրագործումը ինչո՞ւ հնարաւոր էր առհասարակ։
Պարզ ճշմարտութիւնը այն է, որ հայերը իրենց իսկ երկրին մէջ վերածուած էին փոքրամասնութեան, եւ անոնց թիւը իջած ու հասած էր այնպիսի շեմի մը, որ իրենց ձեռքերով իրենց խնդիրներուն որեւէ լուծում անկարելի դարձած էր: Հազար տարի առաջ հայերը կը կազմէին պատմական Հայաստանի բնակչութեան առնուազն 90 առ հարիւրը՝ տարբեր հաշուարկներով կազմելով մէկէն մինչեւ չորս միլիոն: 1914ին, ըստ մեր Պատրիարքարանի տուեալներուն, ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 2.200.000 հայ կար: Մինչ այդ տեղի ունեցած կոտորածներով կարելի է բացատրել բնական աճի բացակայութեան փոքր մասը միայն: Անհատներու, ընտանիքներու ու խումբերու արտագաղթը, թէեւ ծանրակշիռ պատճառներով, ինչպէս նաև դաւանափոխութիւնը, կը կազմեն մնացածին հիմնական պատճառները:
Բնակչութեան այդ հիւծումն ու նուազումը Ցեղասպանութիւնը դարձուցին Հայկական Հարցի լուծման կարելի միջոց Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութեան համար, եւ, նման քաղաքականութիւն որդեգրելէ ետք, անոնց պատճառով էր, որ կարողացան յաջողութեամբ իրագործել զայն, հակառակ մինչեւ պատերազմը ֆետայիներու կողմէ և բուն Ցեղասպանութեան ընթացքին հայկական դիմադրութեան կեդրոններէն շատերուն ցուցաբերած հերոսական պայքարին: Պատմութեան վերջնական արդիւնքը չի պայմանաւորուիր ճառերով ու գաղափարախօսութիւններով, եւ ոչ ալ նոյնիսկ հերոսութիւններով ու խիզախութեամբ։ Մեր շուրջ ծաւալող առարկայական իրականութիւնն է, ժամանակի ընթացքին կազմաւորուող իրողութիւններն են, զորս պէտք է հաշուի առնենք:
Մեր թուաքանակը ինկաւ այն շեմէն վար, որմէ անդին անկարելի էր Օսմանեան պետութեան դէմ հայկական յեղափոխութիւնը, եւ, ընդհանուր առմամբ, անյոյս էր Ցեղասպանութեան դէմ բարեյաջող ինքնապաշտպանութիւնը: Փաստը այն է, որ այն հազուադէպ վայրը, ուր դիմադրութիւնը ապահովեց նշանակալի թիւով հայերու փրկութիւնը կոտորածներէ ու տեղահանութիւններէ, հոն էր, ուր հայերը հոծ մեծամասնութիւն կը կազմէին, ինչպիսին էր Վան գաւառի հիւսիսակողմը։ Բոլորս կը խոնարհինք անհատ հերոսներու խիզախութեան, ստոյգ մահուան դէմ արժանապատիւ գործած բազմաթիւ համայնքներու վճռականութեան եւ ժողովուրդի մը մահուան դիմաց։ Սակայն այս բոլորը չի հատուցեր ռազմավարական ու իրատեսական մտածողութեան բացակայութեան կամ այդ աղէտէն դասեր քաղելու մերօրեայ անհրաժեշտութեան համար:
Դար մը ետք, այժմ նման շեմի մը կը հասնինք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ուր ազգաբնակչութեան նուազող մակարդակը, սերտօրէն առնչուած հարեւաններու հետ ունեցած չլուծուած հակամարտութիւններուն, կը սպառնան տնտեսութեան ու ազգային պաշտպանութեան իրագործելիութեան:
Ասիկա կշտամբանք չէ մեր ժողովուրդի կամ անոր առանձին անդամներուն հանդէպ, որ մեկնելու ընտրանքը կը կշռադատեն՝ արժանապատիւ կեանք ունենալու որպէս միակ լուծում։ Անհատները որոշումներ կը կայացնեն իրենց ներկայի ու ապագայի վերաբերեալ՝ հիմնուելով իրենց կարիքներուն ու կարելիութիւններուն վրայ: Արժանապատիւ ապագայի այդ հնարաւորութիւնները վերջին հաշուով կը ստեղծուին անոնց կողմէ, որոնք կը ղեկավարեն ու կը կառավարեն պետութիւնը եւ կ՚որոշեն անոր քաղաքականութիւնները: Շատ ուրիշ ազգեր ենթարկուած են յարձակումներու ու կոտորածներու, սակայն նման ոճրագործութիւններու ենթարկուած ո՛չ բոլոր ժողովուրդները լքած են իրենց հայրենիքը: Ղեկավարութեան այնքան նշանակութիւն ունի հայոց, որքան որեւէ ուրիշ երկրի պատմութեան մէջ, ինչպէս Արծրունիներու պարագային էր: Ներկայիս, ժողովրդավարական գործընթացները որոշ հսկողութիւն պէտք է սահմանեն ղեկավարներու գործողութիւններուն վրայ: Սակայն, պետութեան մը մէջ, ուր քուէները համակարգային եւ զանգուածային կերպով կը կեղծուին, անհատ քաղաքացիները այդ պետութեան քաղաքականութեան մէջ սահմանափակ դեր ունին կամ բնաւ չունին:
Արտագաղթն ու անոր արագացած թափը գաղտնի գործընթաց չեն: Ի վերջոյ, Հայաստանի մէջ հազիւ թէ ընտանիք մը գտնուի, որ արտասահմանի մէջ ազգական չունենայ, իսկ Հայաստան վերադարձողներու ու Հայաստանը լքողներու վիճակագրութեսն յարաբերութիւնը չի կրնար խաբել: Ի հարկէ, մարդիկ եղած են, յատկապէս Հայաստանի մէջ, որ հրապարակաւ քննարկած են այս հարցը: Ոմանք տագնապի ազդանշան հնչեցուցած են: Այժմ արդէն կարծես կը տեսնենք, որ հարցը իբրեւ հիմնական մտահոգութիւն շատ-շատերու կողմէ կը քննարկուի հայրենիքի մէջ:
Սակայն շատերու համար, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, այդքան մեծ թիւով քաղաքացիներու կողմէ իրենց երկիրը լքելու հանգամանքը դիտուած է իբրեւ ցաւալի իրողութիւն մը եւս՝ բազում ցաւալի այն իրողութիւններուն շարքին, որ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մէջ անկախութենէն ի վեր: Խնդրին ահաւորութիւնը կարծես թէ ընկալուած չէ: Մտաւորականներն ու գիտնականները այս հարցը հարկ եղած տագնապով գրեթէ չեն հնչեցուցած: Անկասկած է, որ այլեւս չենք տեսներ աւանդական երեք՝ Դաշնակցութեան, Ռամկավար ու Հնչակեան կուսակցութիւններուն կամ սփիւռքեան այլ կազմակերպութիւններու որեւէ համատեղ յայտարարութիւն, որով մտահոգութիւն արտայայտուէր Հայաստանի հայաթափման կապակցութեամբ: Գոնէ ատիկա թող ըլլար 1988ի Հոկտեմբերի ձախորդ համատեղ յայտարարութեան նման բան մը, որ ուղղուած էր «Ղարաբաղ» կոմիտէի դէմ։ Ընթերցողը թերեւս յիշէ, որ «Ղարաբաղ» կոմիտէն Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն հռչակած էր եւ դէպի Հայաստանի անկախութիւն կ՚ընթանար: Նման յայտարարութիւն առնուազն ընդհանուր մտահոգութեան առարկայ կը դարձնէր Հայաստանի հայաթափման հարցը։ Խօսքը այն համատեղ յայտարարութեան մասին է, որ Մոսկուային կը վստահէր Ղարաբաղի հարցի լուծումը եւ փաստօրէն կը պնդէր, որ իրենք Հայաստանի ապագան միայն Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ կը տեսնեն։  Գիտեմ, որ շատերը պիտի ուզէին մոռնալ այդ յայտարարութիւնն ու զայն ծնող քաղաքականութիւնը. ի վերջոյ, անցեալի առնչութեամբ մենք անյիշողութեան (amnesia) խնդիր մը ունինք։ Այդ յայտարարութեան տրամաբանութիւնը այն էր, թէ Թուրքիա պիտի ոչնչացնէր Հայաստան մնացած ազգի հատուածը, եթէ հայրենիքի այդ վերջին մասունքը անկախանար: Հայաստանը այժմ անկախ է՝ արդէն 20 տարի, եւ ժողովուրդը ոչնչացուած չէ Թուրքիոյ կողմէ:
Հայաստանի ժողովուրդի մեծ մասին չի տրուիր երկիրը մնալու եւ պատշաճ ու արժանապատիւ կեանք վարելու կարելիութիւնը, մինչդեռ արտագաղթելու կարելիութիւնը կը դառնայ կա՛մ միակ կարելի տարբերակը, կա՛մ ամենէն հրապուրիչը՝ երբեմն հրապուրիչ դարձած արտասահմանի ազգականներու եւ կամ Սիպիրը բնակեցնելու ռուսական նախաձեռնութեան շնորհիւ: Իսկ այս կարելիութիւնը մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները ի մի չի բերեր։
Ազգ-պետութիւնը կրնայ գոյատեւել պատերազմներու ու պատուհասներու, սովի, վատ կառավարման, փտախտի եւ այլ փորձութիւններու պայմաններու մէջ, կրնայ գոյատեւել նոյնիսկ ամբողջատիրական ու բռնակալական կառավարութիւններու պայմաններու մէջ: Սակայն չի կրնար գոյատեւել պետութիւնը կազմող եւ իր առկայութիւնը արդարացնող հիմնական միաւորի՝ ժողովուրդի վճռորոշ քանակի կորուստի պայմաններու մէջ:
Բռնատիրութիւններ եղած են, որոնք առարկայական որեւէ չափանիշով առնուազն մէկ հիմնախնդրի լուծում ապահոված են եւ ատով իսկ գէթ մասնակիօրէն քաւած իրենց մեղքը: Նման փորձառութեան իր բաժինը ունի Հայաստանը խորհրդային շրջանին: Ոչ-ժողովրդավար եւ յաճախ նոյնիսկ դաժան վարչակարգը պատմական Հայաստանէն մնացած երկիրը ճարտարարուեստականացուց ու արդիականացուց եւ մշակութային ու պետական ամուր ներքնակառոյց զարգացուց: Որքան ալ ի վերջոյ տնտեսապէս ու քաղաքականապէս սնանկ, այնուամենայնիւ, կարելի եղաւ վարչակարգը եւ քաղաքական ու տնտեսական համակարգերը փոխել եւ, այդ բոլորով հանդերձ՝ կենսունակ երկիր ունենալու կարելիութիւն ստեղծել: Քանի՞ մարդ կայ, որ լրջօրէն կը հաւատայ թէ հնարաւոր պիտի ըլլայ հայոց կենսունակ պետականութիւն պահել, երբ ան արդէն կորսնցուցած ըլլայ իր ազգաբնակչութեան վճռորոշ հատվածը:
Արդի ժամանակներու Հայաստանէն արտագաղթը սկսած է 1970-ականներուն, իբրեւ կողմնակի արդիւնք ԱՄՆի ճնշման տակ ԽՍՀՄի ընդունած այն որոշման, որով խորհրդային հրեաներուն թոյլ կը տրուէր արտագաղթել: Խորհրդային Միութեան տնտեսական փլուզումը, որով նախանշուեցաւ անկախութիւնը, ծայրագոյնս դաժան անդրադարձ ունեցաւ Հայաստանի վրայ՝ Ղարաբաղի պատերազմի եւ ուժանիւթի  շրջափակման հետեւանքով: Հայաստանէն արտագաղթը արագացաւ եւ շարունակուեցաւ անկախութենէն ետք 20 տարի՝ հիմնականին ընկերային ու տնտեսական պատճառներով, որուն վերջերս աւելցաւ նաեւ յուսալքութիւնը:
Անկախութենէն ետք առաջին քանի մը տարին Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամենէն ծանր տարիներն էին: Այդ շրջանին բնորոշ էին խորհրդային սնանկ տնտեսութեան փլուզումը, ճարտարարուեստի անգործածական վիճակը, ուժանիւթի ճգնաժամը, Ատրպէյճանի հետ պատերազմը, Հայաստանի հիւսիսը՝ երկրի մէկ երրորդը աւերած երկրաշարժը, Ատրպէյճանէն մօտ 300.000 փախստականներու ներհոսքն ու յաճախ անմիջական արտահոսքը եւ համակարգային փոփոխութիւններու մեծ մասին փորձնական բնոյթը, ինչպէս եւ արտագաղթը:
Առաջին այդ տարիներուն եւ ապա վերջին տասնէ ավելի տարիներուն միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ մինչեւ 1996 թուականը յաջող աւարտի հասաւ պատերազմը, լուծուեցաւ ուժանիւթի ճգնաժամը, համակարգային փոփոխութիւնները աւելի ամուր հիմքի վրայ դրուեցան, երկրաշարժէն տուժած աղէտի գօտիի վերակառուցումը դրուեցաւ աւելի կազմակերպուած, թէեւ դանդաղ հունի մէջ, եւ փախստականներու հարցը կայունացաւ։ Կայուն զարգացում սկսելու եւ անոր անխափան ընթացքը ապահովելու համար անհրաժեշտ հիմնական խնդիրներէն մնաց Հայաստանի երկու դրացիներու՝ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ հակամարտութիւններու լուծման հարցը: Այս երկու չլուծուած հակամարտութիւնները տնտեսական, ապահովական ու ռազմավարական բնոյթի կարեւորութիւն ունին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ղարաբաղի համար: Եւ անոնք նոյնպէս կրնային լուծուիլ։
Հիմնական տարբերութիւններ կային առաջին վարչակազմի, որուն ես մաս կազմած եմ, եւ անոր յաջորդած վարչակազմի մտածողութիւններուն միջեւ։ Տարբերութիւններէն մէկը այն էր, որ առաջին վարչակազմը կը փորձէր մեր դրացիներուն հետ ունեցած խնդիրները լուծել, ինչ որ անհրաժեշտ էր Հայաստանի տնտեսութեան ապագայի, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան համար։ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ, եւ անկախութիւնը նուաճուեցաւ, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացիներուն համար աւելի բարեկեցիկ եւ աւելի անվտանգ կեանք ապահովուէր։ Իր տարածքին ու քաղաքացիներուն ապահովութեան համար պատասխանատուութեան միեւնոյն առաջնահերթութիւնը տարածուեցաւ նաեւ Ղարաբաղի ու անոր ազգաբնակչութեան վրայ։ Հակառակ բոլոր հաւանականութիւններուն, ճշգրիտ հաշուարկուած ռազմավարութիւնը, Հայաստանի ժողովուրդի կամքը, Ղարաբաղի ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի մեր երիտասարդներուն եւ Սփիւռքէն մէկ քանիին անձնազոհութիւնը, ինչպես նաև Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ թոյլ տրուած մարտավարական սխալները ապահովեցին պատերազմի դրական ելքը: Ղարաբաղեան պատերազմը կամ առնուազն անոր ամենավերջին փուլը աւարտեցաւ 1994ին յաղթանակով, որ իրական էր, այլ ոչ բարոյական, որքան ալ որ վերջինս ոմանց աւելի կարեւոր թուի։
Եւ սակայն այն, ինչ հետեւեցաւ այդ վաղ տարիներուն, լաւագոյն պարագային ծայրայեղօրէն անճարակ էր, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ ողբերգական վատնում:
Դժբախտաբար, երկրորդ նախագահի իշխանութեան տարիները, իբրեւ պատմաբան ողորմած ըլլալու համար, կրնամ լաւագոյնս բնորոշել որպէս «մսխուած տասնամեակ»։ Հայաստանի մնացած մեծ հիմնախնդիրներէն ո՛չ մէկը լուծուեցաւ բախտորոշ այդ տարիներուն ընթացքին։ Կարծես ամէն բան կատարուեցաւ հաւաստիանալու համար, որ անոնք պիտի չլուծուին՝ ի հեճուկս պատասխանատու անձերու կողմէ կատարուած ճիշդ հակառակ բնոյթի յայտարարութիւններուն: Երեւանի կեդրոնի նոր շէնքերու կառուցումը եւ նոր սրճարաններու ու թանկարժէք խանութներու բացումը, որոնք սովորաբար քանի մը մարդու ձեռքերը ապօրինաբար կուտակուած վիթխարի գումարները լուալու նպատակ կը հետապնդէին, որեւէ կապ չունէին այն երեւոյթին հետ, որ ընդունուած է համարել տնտեսական զարգացում։ Այլապէս տարեկան 10 առ հարիւրի տնտեսական աճի տարիներէ ի վեր տարփողուած արհեստական պղպջակը ֆինանսական տկարութեան առաջին իսկ նշաններէն չէր ցնդեր։
Այդ տասը տարիները պէտք է գործածուէին Հայաստանի դրացիներուն հետ հակամարտութիւններու լուծման համար՝ ըստ կարելւոյն օգտուելով այն առաւելութիւններէն, զորս Հայաստանը ձեռք բերած էր եւ սակայն դժուար թէ կարողանար երկար պահել։ Ի վերջոյ, բոլորի համար, բացի անոնցմէ, որոնք որոշած են ամբողջական պատկերը չտեսնելու տալ, ակնյայտ էր, որ ժամանակի ընթացքին այդ առաւելութիւնները պիտի անհետանային։ Փոխանակ պետական գործիչներու վայել որոշումներ կայացնելու, ղեկավարները ներքաշուեցան երկդիմի վարքի մէջ, մէկ բան պնդելով եւ ամէն բան ընելով, որ ճիշդ հակառակը տեղի ունենայ։ Վարքագիծ մը, զոր սփիւռքահայ կազմակերպութիւններուն մեծ մասը ողջունեց, ներառեալ անոնք, որոնց հետաքրքրութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարն է՝  իբրեւ ազգային օրակարգի կարեւորագոյն հարց, իբրեւ հայրենասիրական գործունէութեան սրբազնագոյն ապացոյց։
Այդ տարիները տրամադրուեցան, փոխարէնը, տուեալ ղեկավարներուն վարած իշխանութեան աննախադէպ կիրարկումին՝ սեփական հարստութիւն կուտակելու եւ կամայական ուժի կիրառումը ըմբոշխնելու համար։ Մինչ այդ, անոնք Հայաստանի նորածին եւ յստակօրէն անկատար ժողովրդավարութիւնը վերածեցին համակարգի մը, որ կոչուած էր ձախողելու՝ ի նպաստ մէկ քանիին։ Անոնք նոյն այն ղեկավարներն էին, որոնք կը պնդէին, թէ կարգավիճակը կարելի էր պահել հակամարտութեան գօտիին մէջ եւ միաժամանակ տնտեսական մեծ զարգացման հասնիլ, որ Սփիւռքի դրամագլուխի ներդրումները Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մէջ կրնան համազօր ըլլալ Ատրպէյճանի նաւթի ու կազի եկամուտներուն։ Ղարաբաղէն դուրս գտնուող գրաւուած ատրպէյճանական տարածքները, այո, հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ մնացին, սակայն Հայաստանն ու Ղարաբաղը շարունակեցին արիւնաքամ ըլլալ՝ վտանգաւոր չափերով կորսնցնելով իրենց ազգաբնակչութիւնը և այդպէս իսկ վտանգելով այդ պետութիւններուն բուն հիմքերը։ Կարգավիճակը սառեցում չնշանակեց, իսկ եղած փոփոխութիւնները մեզի ի նպաստ չեղան։
Բացի ատկէ, պէտք էր հասկնալ, եւ հասկցած էինք, որ եթէ Հայաստանը կ՚ուզէ գոյութիւն ունենալ իբրեւ կենսունակ պետութիւն, եւ եթէ հայերը կ՚ուզեն գոյութիւն ունենալ եւ ապրիլ այս երկրին մէջ, պէտք է մեր դրացիներուն հետ հաշտ ապրինք, պէտք է լուծենք անոնց հետ ունեցած հակամարտութիւնները։ Իր չորս հարեւաններէն այսօր Հայաստանը ոչ-բարեկամական յարաբերութիւններ ունի մէկուն հետ, փաստացի պատերազմի մեջ է երկրորդին՝ Ատրպէյճանի հետ, չունենալով խաղաղության պայմանագիր, այդ երկուքին հետ ունեցած խնդիրներուն պատճառով թերի յարաբերութիւններու մէջ է միւս երկու դրացիներուն՝ Վրաստանի ու Իրանի հետ, եւ անառողջ յարաբերութիւններ կը պահէ Ռուսաստանի հետ։ Այս պայմաններուն պատկերացնել, թէ այսօրուան Հայաստանը կրնայ կենսունակ պետութիւն ըլլալ իր ժողովուրդին համար այնքան արտառոց է, որ միայն երևակայական աշխարհը ապրողին կրնայ հասու ըլլալ։ Այնքան ալ մեծ չէ նաեւ կարելիութիւնը, որ մօտ կամ գէթ հեռաւոր ապագային Թուրքիան ու Ատրպէյճանը իրենց իրերը կապեն ու հեռանան, եւ անոնց փոխարէն, ըսենք, Ֆինլանտիան ու Լիւքսեմպուրկը գան ու հաստատուին մեր քով։ Փաստօրէն, պէտք է անդրադառնայինք, որ մեր առջեւ ծառացած խնդիրները մե՛ր խնդիրներն են, որ մենք խնդրին մաս կը կազմենք, քանի որ մեր ուզածը հակառակ էր մեր դրացիին կարծածին հետ, որ մե՛նք պէտք է լուծէինք այդ հակասութիւնները, այլ ոչ թէ սպասէինք, որ ուրիշները ընէին, որ, մէկ խօսքով, մենք տարածաշրջանը այցելած հիւրեր չենք, այլ այստեղ ենք՝ մնալու նպատակով։ Վերջապէս, մենք հաւատացինք, որ Հայաստանի ու Ղարաբաղի կենսական շահերը պաշտպանելու զուգընթաց մնացած այս խնդիրները կրնային լուծուիլ։
Ոմանք կը կարծէին, թէ տեղւոյն վրայ կարգավիճակի պահպանումը մեծագոյն նուաճումն էր, զոր Հայաստանի պետութիւնը կրնար ձեռք բերել իր եւ Ղարաբաղի համար: Այդպէս մտածողներէն էին Հայաստանի երկրորդ նախագահն ու իր խնկարկուները։ Երկրորդ նախագահը, որ ոմանց համար պաշտամունքի առարկայ էր՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման պատմականօրէն կարեւոր հարցը պետական քաղաքականութեան մակարդակի բարձրացնելու պատճառով, կը խորշէր թէ՛ պատմութենէն եւ թէ՛ կարելի ամէն դասէ, զոր համեստաբար կրնար ներկայացնել այդ պատմութիւնը։ Անոր համար Ցեղասպանութեան հարցը ընդամէնը զէնք էր, զոր կարելի էր ճարպիկօրէն գործածել՝ Թուրքիան նուաստացնելու նպատակով, որպէսզի վերջինս այլեւս ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման հարցին յառաջընթացը նախապայման չդարձնէր երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անոր մտքին մեջ կարեւոր էր նաեւ այնքանով, որքանով անոր բարձրացումը պետական քաղաքականութեան մակարդակի կ՚ապահովէր Հայաստանի մէջ Սփիւռքի ներդրումներու երկրաչափական յառաջատուութեամբ (geometric progression) աճը։
Երկրորդ նախագահի կողմնակիցներէն շատերուն համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը ընդամենը առաջին քայլն էր դէպի հատուցում, հակառակ անոր, որ նոյնինքն երկրորդ նախագահը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով, հերքած էր նման յաւակնութիւններ։ Գիտեմ, որ շատերը պիտի փափաքէին ընդլայնել Հայաստանն ու Ղարաբաղը եւ աւելի շատ տարածքներ ընդգրկել անոնց մէջ։ Երջանիկ պիտի ըլլայի ողջունելու նման մտքերը, եթէ արժանահաւատ որեւէ ռազմավարութիւն դրուէր այդ նպատակին հիմքին։ Երբ շատ երիտասարդ էի, ես ալ նման նպատակներ կը հետապնդէի ու զանոնք արդարացի կը համարէի։ Երբ քիչ մը աւելի հասունցայ, ի պատասխան իմ այն հարցումներուն, թէ ինչպէս պէտք է հասնինք այդ նպատակներուն, ինծի պատասխանեցին, թէ գաղտնիքներ կան, որոնց միայն ղեկավարները կը տիրապետեն, իսկ մենք պէտք է ընդամէնը վստահինք ու հետեւինք անոնց։ Ժամանակը անցաւ, եւ պարզ դարձաւ, որ ոչ ոք կախարդական այդ բանաձեւը ունէր:
Ինչպես պարզուեցաւ, խորհրդային կամ ոչ-խորհրդային Ռուսաստանի վրայ յոյս դնելն էր այդ չգոյ ռազմավարութեան ոչ-կախարդական մասը։ Ռուսաստանը թէ՛ դրական և թէ՛ բացասական դեր ունեցած է մեր պատմութեան մէջ, ներառեալ մեր պետականութեան կազմաւորման, այդ պետականութեան տարածքի ու բնակիչներու քանակի առնչութեամբ։ Սխալ պիտի ըլլար անոնցմէ որեւէ մէկը թերագնահատել։
Սակայն, ի վերջոյ կարելի չէ մոռնալ, որ Ռուսաստանը կը գործէ ի՛ր, ոչ թէ մեր շահերէն մեկնելով, եւ մենք պէտք է ընդունինք այդ փաստը եւ գործենք անոր համապատասխան։ Ռուսաստանը չ՚ընդունիր եւ պիտի չընդունի խորհրդային ժամանակաշրջանի սահմաններով Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս ատրպէյճանական տարածքներու վերահսկողութիւնը հայկական ուժերու կողմէ։ Թէեւ Հայաստանի տարածքը այս պահուն կարծես թէ ապահով կը թուի, Ռուսաստանի տեսակէտէն Ղարաբաղը կը մնայ որպէս բանակցելի միաւոր. ի վերջոյ, Մոսկուան Պաքուի հետ սակարկելիք անհամեմատ աւելի շատ հարցեր ունի, քան Երեւանի հետ: Իրական քաղաքականութիւնը չի կրնար բաղձանքներու կամ կամայական մտածողութեան վրայ հիմնուիլ։ Քաղաքական կուսակցութիւններու իրական դիրքորոշումները պէտք է յենին հարցերու լուծման համար առաջադրուած ռազմավարութիւններու վրայ, այլ ոչ թէ զանոնք հռչակելու ու «պահանջելու» վրայ։ Մարդ կրնայ իրեն լաւ զգալ առաւելագոյնը պահանջելով. ո՞վ չ՚ուզեր լաւ զգալ։ Սակայն ե՞րբ լաւ զգալը դարձաւ ժողովուրդի ու պետութեան ապագայի վերաբերեալ իմաստուն որոշումներու ու քաղաքականութեան հիմնաւոր չափանիշ։ Արդեօք պատմութեան մէ՞ջ կը մտնենք, թէ՞ գինետան։
Այս «լաւ զգալու» խնդիրները -- աւելի շատ հող կ՚ուզենք, ամէն բան կ՚ուզենք, մենք յաղթած ենք եւ ուրեմն կրնանք ուզել մեր ուզածը -- արդէն բաւական ժամանակ է, որ կը մթագնեն իրական հարցերը։ Անոնք մեզ հասցուցած են այս պահուն, երբ փոփոխութիւնը կատարուած է՝ հակառակ կարգավիճակը պահելու մեր ցանկութեան -- «Բան մի՛ վերադարձուցէք» --, եւ այդ փոփոխութիւնը կատարուած է մեր ողջ համակարգի բուն հիմքին մէջ՝ այն մարդիկը, որոնք պէտք է բնակեցնէին պետութիւնը եւ արդարացնէին պետութեան գոյութիւնը։
Այդ ղեկավարները Հայաստանի պետականութեան վերջին մնացորդներուն իրենց հասցուցած վնասին համար պատասխան պէտք է տան պատմութեան առջեւ։
Արտագաղթի առնչութեամբ, առաջին եւ յաջորդ վարչակազմին միջեւ առնուազն մէկ ցայտուն տարբերութիւն կայ. արտագաղթը մեզի համար հիմնախնդիր էր, զոր պէտք էր լուծել, մինչդեռ յաջորդներուն համար ան կարծես ինչ-ինչ հարցի կամ հարցերու լուծում է:
Ոչ այլ ոք, քան Հայաստանի վարչապետը վերջերս յայտարարութիւն մը ըրաւ, որուն իմաստը այն էր, թէ արտագաղթը դրական գործընթաց է, քանի որ ան կը պակսեցնէ դժգոհ քաղաքացիներու շարքերը, որոնք «յեղափոխութեան» կարելի մասնակիցներ կրնան դառնալ: Որոշ ձեւով, զարմանալու չէ անոր ըսածին տրամաբանութեան եւ ամենակարեւորը՝ պարզամտութեան կամ, ինչպէս ոմանք կը բնութագրեն՝ պետական մարդու դրսեւորած շնականութեան (cynicism) վրայ։ Ի վերջոյ, ասիկա կ՚ընդգծէ աւելի քան տասնամեակ մը գուրգուրանքի արժանացած քաղաքական այն մշակոյթը, որ կը հանդուրժէ նման անհեթեթութիւն՝ չըսելու համար «ազգային դաւաճանութիւն», ինչպէս նաեւ կը դրսեւորէ անյուսալիօրէն տհաս վարչակազմի մը բնոյթը, որ կառուցուած է խաղաղ ցուցարարներու դիակներուն վրայ, զինեալ ուժերու ստորաբաժանումի մը կողմէ սպաննուած՝ երկրորդ նախագահի կանխաւ գիտութեամբ, եթէ ոչ հրամանով։
Առանց նոյնիսկ հասնելու Երկրորդ Աշխարհամարտի հեռուները՝ նշելու համար բազմաթիւ վարչակարգերու կատարած վայրագութիւնները իրենց իսկ քաղաքացիներու նկատմամբ (որոնցմէ կարելի է յիշատակել միայն մէկ քանին՝ հրեաներն ու գնչուները Եւրոպայի մէջ, չեչէնները եւ այլք ԽՍՀՄ-ի մէջ), անկարելի է չյիշել կէս միլիոն ինտոնեզիացիներու սպանութիւնը, որոնք «համայնավարական համակրանք»ի պատճառով սպառնալիք համարուեցան այդ երկրի զինուորականութեան կողմէ, կամ երկու միլիոն գամպոճիացիներուն, որոնք սպաննուեցան իրենց սեփական Կարմիր Խմերներու կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ անոնց ընկերային դիրքը՝ իբրեւ քաղաքաբնակներ, հակադիր էր կառավարութեան գաղափարախօսութեան։
Իսկ ինչո՞ւ այս համագիրին մէջ չխօսիլ մէկ միլիոնէն աւելի հայերուն մասին, որոնք սպաննուեցան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ՝ այն պատճառով, որ որպէս անմիջական կամ հետագայ սպառնալիք կ՚ընկալուէին վարչակարգի եւ Թուրքիոյ ապագայի վերաբերեալ այդ երկրի ղեկավարներուն ունեցած պատկերացման համար։

No comments:

Post a Comment