10.9.11

Գերազանց զաւակ, Ալզհայմըր եւ հայերէն լեզու

ՍԵՒԱԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
 
Անգլիական «Կարտիըն» թերթը 18 Փետրուար 2011-ին գիտական կարեւոր յօդուած մը տպագրած էր երկլեզու անձերու մտային կարողութիւններուն մասին (1): Երկու տարբեր ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ գրուած այդ յօդուածը կը յանգի այն եզրակացութեան, թէ այն անձերը որոնք երկրորդ լեզու մը գիտեն եւ զայն կանոնաւորապէս կը գործածեն, կը զարգացնեն իրենց մտային կարողութիւնները եւ կը յետաձգեն սկիզբը մտային կարողութեան անկումի ընթացքին: Այդ ուսումնասիրութիւնները կը մատնանշեն, թէ երկլեզու անձինք հեռու կը պահեն ալզհայմըր հիւանդութիւնը, միջին չափով չորս տարի աւելի, քան միալեզու անձեր:
Աւելին՝ ուսումնասիրութիւնները կը յանգին նաեւ այն եզրակացութեան թէ այդ մանուկները որոնք կանոնաւորապէս երկու լեզուներ կը գործածեն աւելի յաջող կ'ըլլան գործողութիւններու առաջնահերթութիւնը համադրելու (prioritizing tasks) եւ բազմագործողութիւններու (multitasking) մէջ:
Ուսումնասիրողներէն մին՝ Թորոնթոյի Եորք համալսարանի դասախօսուհի Էլէն Պիալիսթոքը ըսած է. «Երկլեզու ըլլալը որոշ իմացական օգուտներ ունի եւ կը բարձրացնէ ուղեղին կարողութիւնը, մանաւանդ անոր ամենակարեւոր կեդրոններէն եղող՝ գործնական կառավարման համակարգը: Գիտենք թէ այս համակարգը կը նահանջէ տարիքի հետ, բայց գտանք թէ կեանքի բոլոր փուլերուն մէջ ալ ան աւելի լաւ կը գործէ երկլեզուներու մօտ»: Ան աւելցուցած է թէ երկու լեզուներ փոխնիփոխ գործածելը կը թուի խրախուսել, որ ուղեղը շինէ իմացական պահեստ:
Ուսումնասիրութիւնները ապացուցած են թէ ամենամեծ ազդեցութիւնը գտնուած է այն անձերուն մօտ որոնք ամէն օր երկու լեզու կը խօսին: Նոյնիսկ սկզբնական արդիւնքներ ցոյց կու տան թէ երկլեզու ըլլալը ոչ թէ միայն իմացական կարողութեան վրայ կ'ազդէ, այլ նոյնիսկ՝ ուղեղի չափին վրայ:
Երկրորդ ուսումնասիրութիւնը կատարողը՝ Փենսիլվենիա Սթէյթ համալսարանէն Ճիւտիթ Քրօլը ըսած է. «Աւանդական կարծիքը կ'ըսէր թէ երկլեզու ըլլալը շփոթմունք կը պատճառէ, մանաւանդ մանուկներու մօտ: Համոզմունքը այն էր թէ երկու կամ աւելի լեզուներ խօսող անձեր դժուարութիւն պիտի ունենան բոլորին մէջ: Սակայն նորագոյն եզրակացութիւնը այն է թէ երկլեզու ըլլալը լաւ եւ օգտակար է ձեզի համար»:
Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնները յօդս կը ցնդեցնեն որոշ հայ ծնողներու պատճառաբանութիւնը, թէ հայերէն լեզու սորվեցնելը եւ հայկական դպրոց ղրկելը կը ծանրաբեռնեն իրենց զաւակը, առանց գործնական ձեռքբերումներ ստանալու: Ուրեմն ո՛չ միայն հայերէն սորվիլը չի խանգարեր հայ մանուկներու եւ պատանիներու յառաջդիմումին, այլ նոյնիսկ կը նպաստէ անոնց գերազանց մտային կարողութիւններ ունենալուն եւ պահելուն:
Հայ դպրոցի գոյատեւման համար պայքարող կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն համար սոյն ուսումնասիրութիւնները քարոզչական հոյակապ զինամթերք կ'ընձեռեն: Կարելի է նախաձեռնել ուսումնասիրութիւններ, բաղդատելու համար հայկական վարժարան յաճախած եւ այլ վարժարաններ յաճախած ուսանողներու մտային կարողութիւնները:
Մեր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին մեր ճակատագիրը եղած է գոյակցիլ ուրիշ ժողովուրդներու հետ, հետեւաբար մայրենիին կողքին խօսիլ անոնց լեզուներն ալ: Բոլորս լսած ենք օտարներ՝ որոնք կ'ըսեն թէ հայ ազգը խելացի ժողովուրդ մըն է, բան մը որ թերեւս երբեմն մեզի իբր հաճոյախօսութիւն կ'ըսուի, բայց երբեմն ալ անկեղծ համոզմունքով: Արդեօ՞ք վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնները գտած են այդ համոզմունքին պատճառը:

«Ռամկավար Մամուլ» (www.ramgavar.org)
(1) http://www.guardian.co.uk/science/2011/feb/18/bilingual-alzheimers-brain-power-multitasking

No comments:

Post a Comment