7.10.11

Բախտաւո՜ր... պանդուխտներս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Իսկապէս բախտաւորներ էինք, Սեպտեմբեր 10-11 շաբաթավերջին, Լաւալի Հայ Կեդրոնին մէջ, «Մշակոյթը՝ պանդուխտ» բնաբանով հայագիտական լսարանին մասնակցողներս։ Բախտաւոր՝ որովհետեւ տակաւին կա՛ն կազմակերպութիւններ, այս պարագային՝ Համազգայինը («Սանահին» մասնաճիւղի իր հայագիտական յանձնախումբով), որ նման նախաձեռնութիւններ կ՚առնեն. բախտաւոր, որ ինը մտաւորականներ կամ արուեստագէտներ, մէ՛կը միայն դուրսէն հրաւիրուած՝ հանգամանօրէն պիտի ներկայացնէին իրենց նիւթը, եւ տասներորդ մըն ալ՝ վարելու լսարանը, ու առիթ տային լսարանի մասնակիցներուն ոչ միայն նոր գիտելիքներով հարստանալու, այլեւ իրենց ներդրումը ունենալու՝ բիւրեղացնելու համար մշակոյթի ու պանդխտութեան առնչութիւններուն մասին իրենց ըմբռնումներն ու պատկերացումները. տակաւին բախտաւոր, որ ազնիւ ազգայիններ նիւթապէս սատար կը կանգնէին նման նախաձեռնութեան մը, որպէսզի կազմակերպիչները կարենային կատարել պարտն ու պատշաճը։

Այո, բախտաւոր էինք, որ ունէինք մեր սեփական յարկը՝ նման օր մը անցնելու համար, ունէինք մարդուժն ալ, ու պիտի վայելէինք մտաւորական հաճոյքի երկար ժամեր՝ ընտրանիի մը մաս կազմելու զգացումով բաժնուելով իրարմէ։ Ընտրանի մը, որ տակաւին բաւարար չափով կը տիրապետէ հայերէնին (ներկայացումներէն երկուքը միայն ֆրանսերէն էին) ու կրնայ հետեւիլ ու մասնակից ըլլալ այդպիսի մակարդակի լսարանի մը։ Այո, շատ մեծ չէր մեր թիւը (երկու օրերուն վրայ ոչ աւելի քան երեսուն հոգի), այո, երիտասարդներուն թիւն ալ երբեք բաւարար չէր, սակայն երեւոյթը կը մնայ ընդգծելի։
Աւարտին, պահ մըն ալ տրամադրուած էր, որ կազմակերպման մասին մեր կարծիքները փոխանցենք, ու այդ հարցը՝ երիտասարդներուն մասնակցութեան, աւելի ճիշդ բացակայութեան հարցը ամենէն աւելի մտահոգութիւն պատճառող նիւթն էր, սակայն անկախ բոլոր պատրուակներէն, որ անոնց հայերէնի պաշարը տկար է (այսինքն՝ հայկական վարժարանէն ետք այդ իրենց ունեցած բառապաշարը պահելու ու հարստացնելու ճիգ ընելու շատ առիթ չեն ունենար), որ բազմաթիւ այլ, նոյնիսկ ազգայի՛ն պարտականութիւններով ծանրաբեռնուած են, որ զիրենք այլապէս հրապուրոյ ու իրենց ուշադրութիւնը գրաւող հաճոյքներ շատ կան, եւ այլն, երիտասարդութեան ներգրաւման մեր յաջողութեան պակասը մաս կը կազմէ նոյն ինքն մեր պանդխտութեան վիճակին, մենք զմեզ պանդուխտներ համարենք կամ ոչ։
Ատկէ՝ անցքը դէպի «Սփիւռք» եւ «սփիւռքցի» յղացքները շատ դժուար չէր։ Պահ մըն ալ այդ ուղղութեամբ պիտի զարգանար մեր զրոյցը, ու ոմանք պիտի պնդէին, որ Երկիր վերադառնալու պանդուխտի այն բնական երազը այսօր սփիւռքահայու ապրումը չէ, ու չկայ հայը տուն կանչող հայրենիքը, որ այդ երազը չցնդի։ Հակառակն է իրողութիւնը, հայը իր երկիրը կը լքէ-կը հեռանայ մինչեւ այսօր, յաճախ՝ առանց վերադարձի յոյսին։ Ու նման պարագայի մշակոյթը ի՞նչ դեր կը խաղայ ազգի պահպանման տեսակէտէն – հայրենիքէն դուրս ապրող ազգին պարագային։ Ուրեմն, կը ծագի նաեւ մեր ժառանգած մշակոյթը պահելու ու նոր սերունդին փոխանցելու գերխնդիրը։ Մկդակած վերմակի (quilt) բերուած օրինակը, օտար հեղինակէ մը (Alice Walker, “Everyday Use”), շատ յատկանշական էր ու օրուան բարձրակէտը հանդիսացաւ։ Նման վերմակ մը մայր մը պիտի նուիրէր իր երկու աղջիկներէն մէկուն։ Մէկը կ՚ուզէր զայն տանիլ իր տունը ու պատէն կախել, որպէս արուեստի գեղեցիկ նմոյշ մը։ Միւսը կ՚ակնկալէր գործածել զայն, պատսպարուի՛լ անոր մէջ։ Առաջինը կ՚ուզէր վստահեցնել, որ իր քով աւելի երկար կը մնար, ու կը յաւերժացնէր ընտանեկան ժառանգութիւնը։ Մայրը պիտի նուիրէր երկրորդին, որովհետեւ վերմակը իր դերը իսկապէս պիտի կատարէր անո՛ր համար, թէկուզ հիննար ու ի վերջոյ փոխարինուէր։ Մեր ալ մշակոյթը, իր այլազան երեսներով, պատէն կախուելիք (կամ բեմէն դիտուելիք) զա՞րդ որպէս պիտի պահենք, ու ի վերջոյ բոլորովին զրկուինք անոր պարգեւելիք ջերմութենէն, թէ ոչ ամէնօրեայ «գործածութեան» ենթարկելով պիտի «հինցնենք» զայն, միշտ զայն նորոգելու, նո՛րը ու բնականաբար բոլորովին տարբերը ստեղծելու ալ գնով։
Ահա նման ոլորտներու մէջ սաւառնեցանք երկու օր։
Եզրակացութիւնը այն էր, որ ամէն զոհողութիւն յանձն պիտի առնենք՝ շարունակելու համար նման նախաձեռնութիւնները, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ միայն կազմակերպիչներն ու դասախօսները ըլլան ներկայ, ճիգը կ՚արդարանայ։
Այդ արդարացման վկաները պիտի ըլլան մեր ընթերցողները, երբ «Հորիզոն» գրականի յառաջիկայ թիւերէն մէկուն կամ մէկ քանիին մէջ կարդան ներկայացուած դասախօսութիւնները։ Անոնք անհաղորդ պիտի մնան լսարանի մթնոլորտէն ու այնտեղ ծաւալած մտքերու փոխանակութենէն, սակայն նուազագոյնը պիտի տեսնեն, թէ ի՛նչ կարեւոր ներդրում կը բերեն նման աշխատանքները մշակութային մեր գանձարանին մէջ։

* Ահա այդ օրուան դասախօսներն ու յայտագրին մասնակիցները, իրենց հերթով.
- Րաֆֆի Աճէմեան (լսարանի ընդհանուր վարիչ ու համադրող)
- Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան-Յովհաննէսեան (պատմական հակիրճ ակնարկ մը հայ գաղթականութեան մասին)
- Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Նիւ Ճըրզիէն (պանդուխտն ու պանդխտութիւնը՝ գրականութեան մէջ)
- Յասմիկ Ինճէճիկեան (պանդուխտի երգերը)
- Դոկտ. Մարի-Պլանշ Ֆուրգատ (պանդուխտ առարկաներու դերը մշակութային ինքնութեան պահպանման մէջ)
- Վիգէն Թիւֆէնքճեան (ներածութիւն թատրոնի բաժիններուն)
- Նանսի Իսա-Թորոսեան (բեմադրութիւն Richard Kalinoski-ի Beast on the Moon թատերախաղի առաջին արարէն տեսարանի մը, խաղարկութեամբ Լելակ Ոսկեանի ու Գաբրիէլ Սոմունճեանի)
- Մհեր Գարագաշեան (պանդուխտը՝ մեր թատերախաղերուն մէջ)
- Ալիս Տէր Մելքոնեան-Պուտաքեան (պանդուխտ ճարտարապետներ, նկարիչներ, քանդակագործներ)
- Դոկտ. Նելլի Օխիկեան (պանդուխտի կերպարը շարժանկարի արուեստին մէջ)
«Հորիզոն»
Սեպտեմբեր 29, 2011



No comments:

Post a Comment