11.10.11

Օսմանեան արխիւները բաց չեն անգամ թուրք հետազօտողներու համար

Թէեւ թուրք հետազօտողներ (օրինակ՝ Թանէր Աքչամ) հրատարակած են ուսումնասիրութիւններ, որոնք հիմնուած են թրքական արխիւներու մատուցած տուեալներուն վրայ, եւ անոնց մէջ ի յայտ եկած են վաւերական արժէք ունեցող բազմաթիւ նիւթեր, անհերքելի է, որ այդ արխիւներուն «բաց»ի ու «գոց»ի հարցը ցոյց կու տայ փաստաթուղթերու մշակումէն ու ցուցակագրումէն աւելի անդին անցնող պետական քաղաքականութիւն մը, որուն փաստը վերջերս մատնանշուած էր Պոլսոյ Սապանճը համալսարանի դասախօս Խալիլ Պերքթայի՝ "Wikileaks"ի բացայայտումներուն մաս կազմող իր յայտարարութեան մէջ։ Այս առիթով, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ հետեւեալ անստորագիր ակնարկը, որ լոյս տեսած է "Armweeklynews.am'' կայքէջին մէջ։
Թուրքիոյ պետական արխիւին մէջ գիշեր-ցերեկ զբաղած են Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 1831ին կատարուած մարդահամարի տուեալներուն վերաբերող փաստաթուղթերու «տեսակաւորում»ով: Այդ «տեսակաւորում»ին արդիւնքով առայժմ Թուրքիոյ պետական արխիւը ծիծաղելի քանակով փաստաթուղթեր թոյլ կու տայ ուսումնասիրել, որոնք 1831ի մարդահամարին կ՚առնչուին եւ որոնց արդիւնքները ափոփուած են 1847ին: Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն օսմանեան ժամանակաշրջանի արխիւներու բաց ըլլալու մասին հէքեաթները երբ նոյնիսկ անոնց լիարժէք գոյութիւնը կասկածելի է:
Որքան կը մօտենայ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը, այնքան ջանասիրաբար կը «տեսակաւորուին» մինչեւ 1915 Օսմանեան Կայսրութիւնը ապրող հայերու թուաքանակին վերաբերող արխիւային փաստաթուղթերը: Բանն այն է, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 1831ին կատարուած մարդահամարը երկու նպատակ ունէր.  զօրակոչման տարիքի արական սեռի հպատակները հաշուառել եւ գլխահարկի ենթակայ  արական սեռի քրիստոնեայ բնակչութեան քանակը հաշուել: Այս մարդահամարի տուեալները կարեւոր են այնքանով, որ կրնան ամբողջութեամբ պատասխանել այն հարցումին, թէ որքա՞ն հայ բնակչութիւն ապրած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, որքա՞ն ցեղասպանութեան ենթարկուած է եւ ի՞նչ քանակութեամբ հայ բնակչութիւն բռնի ուժով իսլամացուած է:
Թուրքիոյ    պետական արխիւի տնօրէնութիւնը և դոկտոր Եուսուֆ Սարընայը պաշտօնապէս յայտարարած են, թէ  1831ի մարդահամարին առնչուող փաստաթուղթերը, պահպանումի  նպատակով, թուայնացման կ՚ենթարկուին եւ միայն անկէ ետք այդ փաստաթուղթերը հետազօտողներուն կը մատուցուին։ Այսինքն՝ հետազօտողները կրնան ծանօթանալ միայն այն փաստաթուղթերուն, որոնք թուայնացուած են Թուրքիոյ պետական արխիւին կողմէ։ Թուայնացումի ընթացքին ընտրողական մօտեցումի բացառումը հիմնուած է միայն թուրք պատմաբաններու «ազնուութեան» վրայ։ 
Մեր տեղեկութիւններով, այս աշխատանքները Թուրքիոյ պետական արխիւը 10 տարի շարունակ կ՚իրականացնէ եւ արդիւնքը ծիծաղելի կարելի է համարել։ Մինչեւ օրս այդ կարգի փաստաթուղթերէն ազատ ուսումնասիրութեան ենթակայ են Վան նահանգէն՝ 0 փաստաթուղթ, Ատանա՝ 14 փաստաթուղթ, Տիարպէքիր՝ 6 փաստաթուղթ, Մարաշ՝ 12 փաստաթուղթ, Պոլիս՝ 577 փաստաթուղթ, կայսրութեան հիւսիս-արեւելեան եւ սեւծովեան հայաշատ նահանգներ՝ 215 փաստաթուղթ։ Հետաքրքրական է այն փաստը, որ ցայսօր հետազօտողներու համար փակ են Վան նահանգին մէջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացած մարդահամարին տուեալները։ Իսկ Մարաշի եւ Տիգրանակերտի նահանգներուն մէջ ընդամէնը 20 փաստաթուղթի ուսումնասիրութեան արդիւնքը նոյնպէս կարելի է զերոյի հաւասարեցնել։ Ասիկա տեղի կ՚ունենայ մինչ թուրք իշխանութիւնները «լիաթոք» կ՚առաջարկեն հայ պատմաբաններուն ուսումնասիրել թրքական արխիւները եւ նոյնիսկ այդ գործընթացը անուղղակի կերպով ներառած են հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ։
Հայկական Ցեղասպանութեան  խնդրին ուսումնասիրութիւնը չի կրնար  հիմնուիլ թրքական արխիւներուն վրայ, քանի որ անոնք արխիւներ չեն, այլ արդէն վերամշակուած գեղարուեստական  եւ պատմական ստեղծագործութիւններ են:
Armweeklynews.am
        Հոկտեմբեր 2, 2011
(Արեւմտահայերէնի վերածուած) 

No comments:

Post a Comment