3.11.11

Հայերէն իմացողները վտանգուած են Հայաստանի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Վերնագիրը կրնայ ցնցիչ ըլլալ, բայց «Առաջին լրատուական»ի (www.1.am) արեւելահայերէնի բառացի վերածումն է։ Եւ, դատելով բովանդակութենէն, հիմնաւորման բաժին չի պակսիր։
Սեպտեմբեր 15ի լուրը կը յայտնէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ-ոստիկանապետ Արթուր Օսիկեանը Ազգ. Ժողովին ներկայացուցած է նախագիծ մը՝ «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու համար։
Ըստ նախագիծին, կը նախատեսուի քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը պարզեցնել։ Այս «պարզեցումը» կ՚ենթադրէ, եթէ օրէնքը ընդունուի, որ հայերէնն ու Սահմանադրութիւնը գիտնալը պարտադիր պիտի չըլլայ քաղաքացի դառնալ ուզողին համար։ Տիար Օսիկեան նախօրօք յայտնած էր, ըստ լրատուութեան, որ «լինում են հայրենասէր հայեր, ովքեր հայերէնի իմացութեան հարցում դժուարանում ենեւ նման մարդկանց քաղաքացիութիւն չտալը մեղմ ասած սխալ է»:
Մենք ալ կը ճանչնանք այդպիսի հայրենասէր հայեր Սփիւռքի տարածքին։ Լեզուն ֆեթիշի վերածողներէն չենք, որ անձի մը հայկականութիւնը միայն ու միայն այդ գործօնով չափենք, եթէ նման վերացական բան չափելու կարելիութիւնը գոյութիւն ունի։ Տեսած ենք նաեւ հայախօս ու հայկական դպրոց աւարտած ղեկավա՜ր դէմքեր, որոնք առանց խղճի խայթի հայկական դպրոց փակած են՝ «հայ զգալու համար հայերէն խօսիլը պայման չէ» տեսակի յոյժ վիճելի --ըսելու համար նուազագոյնը-- բարբաջանքներով։
Այն մարդը, որ երկրի մը քաղաքացի պիտի դառնայ, պարտաւոր չէ՞ այդ երկրին հաղորդակցութեան պաշտօնական միջոցը (լեզունեւ գերագոյն օրէնքը (Սահմանադրութիւնըքիչ թէ շատ ճանչնալու։ Վերոյիշեալ «հայրենասէր հայեր»ը մտային խանգարո՞ւմ ունին, որ չեն կրնար տարրական հայերէն սորվիլ՝ եթէ Հայաստանի քաղաքացի ուզեն դառնալ։
Քանի որ Օսիկեաններու տեսակն ու սերունդը ամէն ինչ Ամերիկայի կանգունով կը թուի չափել, կ՚արժէ անոնց յիշեցնել Ամերիկայի նուազագոյն պահանջները։ Ով որ ՚ուզէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դառնալ պէտք է կարողանայ կարդալ, գրել եւ խօսիլ նախնական ամէնօրեայ անգլերէն։ Աւելի՛ն. պէտք է նախնական ծանօթութիւն ունենայ ամերիկեան պատմութեան, կառավարութեան ձեւի եւ Սահմանադրութեան։ Առ այդ, պէտք է անգլերէնի եւ քաղաքացիական կրթութեան քննութիւն անցընէ։
Այս բաները կրնայ պահանջել աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր պետութիւնը՝ հոն քաղաքացիութեան դիմող հայաստանցիէն, իսկ Հայաստանը չի՞ կրնար պահանջել՝ հոն քաղաքացիութեան դիմող ամերիկացիէն (հայ թէ ոչ)։ Արդեօք այս մարզին մէ՞ջ ալ դատապարտուած ենք եզակիութեան մրցանիշ հաստատելու։ Կա՞մ ինքզինքը պարտադրելու պետութեան անկարողութիւնը հասած է այն աստիճանին, որ այլեւս անոր գոյութիւնը ձեւական է։ Ինչպէս կ՚ըսէ «Սարդարապատ» նախաձեռնութեան անդամ Լալա Մնէեանը, «ինձ թւում է, որ պետութիւնը ոչ թէ պէտք է օրէնքի մէջ փոփոխութիւն կատարի` յարմարուելով քաղաքացիներին, այլ պէտք է համապատասխան մեխանիզմներ մշակի, այնպես անի, որ հայերէն չիմացող քաղաքացիները սովորեն հայերէնը կարճ ժամկէտում: Այդ փոփոխութեան հնարաւոր կատարումը անընդունելի եմ համարում: Այսինքն` իրենք իրենց անգործունէութեան պատճառով ստիպուած են լինում յարմարուել»։ 
Մեզի կրնան առարկել, թէ պարոն փոխ-ոստիկանապետին առաջարկը զարմանալի ոչինչ ունի։ Չէ՞ որ անբովանդակ նման ծեքծեքումներով անցեալ տարի ճանապարհ բացուած էր օտարալեզու դպրոցներու ծլարձակումին։
Մնէեան աւելցուցած է, թէ  «առանց այն էլ նրանք, ովքեր հայերէնն ու Սահմանադրութիւնը գիտեն, նրանց հայ լինելու պարագան է վտանգուած, առաւել եւս կը վտանգուի հայերէն ու Սահմանադրութիւնը չիմացողներինը»: Ասիկա կրնայ թերեւս յայտնութենական յայտարարութիւն մը սեպուիլ, բայց ճշմարտութեան բաժինը չի պակսիր անկէ։ Հայերէնի վիճակը հայրենիքի մէջ եւս շատ փայլուն չ՚երեւիր, որուն մասին հիմնաւոր ահազանգեր կը կարդանք հայրենի մամուլին մէջ իսկ։ Այս ընթացքով, ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ «նախագիծը». փոխել լեզուի մասին օրէնքին առաջին յօդուա՞ծըՀայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է, որը սպասարկում է հանրապետութեան կեանքի բոլոր ոլորտները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է»):
Ի վերջոյ, այսօր հայերէն չիմացող նորընծայ քաղաքացիները վաղը կրնան պատճառաբանել, թէ պետական լեզուին ծանօթ չեն, թէ «հանրապետութեան կեանքի բոլոր ոլորտները» իրենց հասու չեն՝ «հայերէնի իմացութեան հարցում» իրենց դժուարանալուն համար, թէ գրական հայերէն չեն գիտեր...։
Անհեթեթ մարգարէացումնե՞ր։ Թերեւս։ Բայց անհեթեթութեան բաւարար գլուխ-գործոցներ չե՞նք տեսած վերջին քսանամեակին։
«Նոր Յառաջ», Նոյեմբեր 1, 2011

No comments:

Post a Comment