5.11.11

Դեգերող մասունքներու մասին. Չարենց, Պ. Սեւակ, Պետրոս Դուրեան

Նոյեմբեր 3-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողների Միութեան (ՀԳՄ) նախագահութեան ընդլայնուած նիստը, որուն օրակարգին մէջ, այլ հարցերու շարքին, ներառնոած էին մամուլին մէջ բազմիցս չարչրկուած շարք մը խնդիրներ:


 Նախ քննարկուեցաւ Եղիշէ Չարենցի «նորայայտ» գերեզմանի խնդիրը, որ, ըստ շարք մը հրապարակումներու, վերջերս պղծուած է ու ծածկուած՝ շինարարական աղբով: Իր ելոյթին մէջ չարենցագէտ, բանասիրության դոկտոր Դավիթ Գասպարեանը պարզաբանեց, որ որեւէ իրեղէն ապացոյց չկայ, որ նշուած վայրին մէջ թաղուած է Չարենցը: Հանճարեղ բանաստեղծին թոռըՙ Արմէն Չարենցը, յայտնեց իրենց գերդաստանի հաւաքական կարծիքը. այն հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ աւանդուած է հանճարի կողմէ եւ որուն տէրը համայն հայութիւնն է, կը պահանջէ ի զուր Չարենցին գերեզման չփնտռել, որովհետեւ ան անթեղուած է հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ եւ այդպէսով ալ անմահ է: Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Լիլիթ Յակոբեանը նոյնպէս հիմնաւոր փաստերով ժխտեց բանաստեղծի գերեզմանին մերօրեայ առասպելը: Հակադարձ կարծիք յայտնեց բանաստեղծ Արեւշատ Ավագեանը, ներկայացնելով փաստարկներ, թէ անցեալ դարու 80-ական թուականներուն հանդիպած է ականատեսներու, որոնք իրեն ցոյց տուած են, թէ ո՞ւր թաղուած է Չարենցը: Արձակագիր, կինոգէտ Դաւիթ Մուրադեանը աւելի կտրուկ արտայայտուեցաւ՝ վարկածներ կան, ապացոյցներ չկան, եւ աւելորդ սրբատեղի անիմաստ է ստեղծել:
ՀԳՄ-ի նախագահ Լեւոն Անանեանը յորդորեց, որ նորայայտ գերեզմանի ջատագովները ո՛չ թէ անհարկի աղմուկ բարձրացնեն, այլ դիմեն Հայաստանի կառավարութեան եւ տեղազննման համապատասխան աշխատանքներէն ու դատաբժշկական հետազօտութիւններէն ետք յանգին ստոյգ եզրակացութեան:
Այնուհետեւ քննարկուեցաւ Պարոյր Սեւակի սրտի խնդիրը, որ նոյնպէս տարիներէ ի վեր կը շահագործուի: Հարազատները դէմ են Աշոտ Թադեւոսեանի այն պնդումներուն, թէ ինքը բանաստեղծի դիահերձման ժամանակ կարողացած է ծածուկ վերցնել անոր սիրտը, սրբօրէն պահած է իր մօտ եւ ապա յանձնած՝ Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան: Նիստին ընթացքին հանդէս եկաւ Պ. Սեւակի իրաւայաջորդներէն Գայանէ Դանիէլեանը (Պ. Սեւակի որդիիՙ Արմէն Ղազարեանի կինը): Ան նշեց, թէ Սեւակի սիրտը դիահերձած ենՙ զայն բաժնելով քանի մը մասի, իսկ Թադեւոսեանի պահպանած Սեւակի կարծեցեալ սիրտը անխաթար վիճակի մէջ է, եւ թէ կան բազմաթիւ անհերքելի փաստարկներ, որոնց շարքին՝ դիահերձող բժիշկներուն վկայութիւնները, որ յիշեալ մասունքը Սեւակի հետ որեւէ կապ չունի: Նախագահութիւնը որոշեց, որ թանգարանը պէտք է Ա. Թադեւոսեանին ի տնօրինութիւն վերադարձնէ այն, ինչ որ ժամանակին անկէ ստացած է։
Միւս խնդիրը կ՚առնչուէր Ե. Չարենցի անոան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ 40 տարի շարունակ պահուող (փրոֆեսոր Ա. Ճաղարեանի վերականգնումէն ետք) Պետրոս Դուրեանի գանկի ճակատագրին: ՀԳՄ-ի նախագահ Լեւոն Անանեանը այս խնդիրը նոյնպէս հրատապ համարեց եւ հասարակութիւնը յուզող: Բանախօսները առաջարկեցին դասականին մասունքը հողին յանձնել Կոմիտասի անուան զբօսայգիի հայոց մեծերու Պանթէոնին մէջ: Թատերագիր Կարինէ Խոդիկեանի կարծիքով, Պանթէոնին մէջ պէտք է կառուցել առանձին յուշապատ եւ Պ. Դուրեանի գանկը հոն զետեղել, հիմնաւորելով, որ պատը հետագային կրնայ ազգային այլ մասունքներ եւս ներփակել իր մէջ: Այս առաջարկը արժանացաւ նախագահութեան անդամներու մեծ մասին հաւանութեան:
«ԱԶԳ», Նոյեմբեր 5, 2011

No comments:

Post a Comment