21.11.11

Աշխարհիկ պետութեան մէջ եկեղեցին որեւէ քաղաքական դերակատարութիւն պէտք չէ ունենայ

ԱՐԹՈՒՐ ԱՒԴԱՆԹԻԼԵԱՆ

Արուեստի պատմաբան Անժելա Յարութիւնեանի հետ տեղի ունեցած այս հարցազրոյցը լոյս տեսած է www.religions.am կայքէջին մէջ։ Մեզի յայտնի չէ Ա. Յարութիւնեանէն որեւէ մասնագիտական աշխատանք ինքնութեան բնագաւառին մէջ, բայց անոր գաղափարները արժանի են ուշադրութեան։ Բնագիրը արեւմտահայերէնի վերածած ենք։

- Լրատուական միջոցներուն մէջ եւ այլուր յաճախ կը հանդիպինք հետեւեալ դրոյթին. Հայց. Առաքելական Եկեեցին կը հանդիսանայ «հայ ինքնութեան» պահապանը, եւ Եկեղեցին քննադատողը կը հարուածէ ինքնութեան։ Համաձա՞յն էք այդ պնդումին հետ։
= Նախ պիտի ուզէի հարցադրել, թէ ի՞նչ ըսել է «հայ ինքնութիւն», որուն պահապանն ալ իբր Եկեղեցին կը հանդիսանայ։ Եթէ «հայ ինքնութեան» քարոզիչներէն ոեւէ մէկուն խնդրէք սահմանել, ապա կամ պատասխանը դատարկ ճոռոմաբանութիւն է, ամպագորգոռ կարծրատիպերու հաւաքածոյ մը, կամ ալ էութենական, «արիական» ու նոր-ազգայնամոլական գաղափարաբանութեան արտայայտութիւն: Չեմ գիտեր, թէ ասոնցմէ ո՞րն է առաւել վտանգաւորը պետութեան մը համար, որ կը գոյատեւէ  պայթիւնավտանգ տարածաշրջանի մէջ, աշխարհաքաղաքականօրէն մեկուսացած է եւ նոր-գաղութարարութեան համագրին մէջ այլեւս ի վիճակի չէ պետական գերիշխանութեան յայտ անգամ ներկայացնել: Ինքնութիւնը յեղյեղուկ ու փոփոխական հասկացութիւն է, որ միշտ կը սահմանուի ու կը վերասահմանուի Ուրիշի հետ յարաբերութեան մէջ, ան երբեք չի կրնար կարծրանալ, ընդհանրանալ ու ապապատմականացուիլ: Այս պարագային ինչպէ՞ս կրնանք խօսիլ ինքնութեան պահապանի մասին: Ի հարկէ, Եկեղեցին ինքնութեան որոշակի առասպելի մը կամ այդ առասպելի հռետորութեան պահապանն է, որ պատմականօրէն անոր շնորհած է քաղաքական ու մշակութային արտօնութիւններ, որոնց շարքին նաեւ պատմական անցեալի մասին եկեղեցական պատումի մենաշնորհը պաշտօնական պատմագրութեան մէջ: Ի վերջոյ, այն պատմական աղբիւրները, որոնց վրայ հիմնուելով այսօր կը հիւսուի հայ ժողովուրդի հանրակարգուած կամ պաշտօնական պատմութիւնը, գրեթէ առանց բացառութեան եկեղեցական աղբիւրներ են: Իսկ ինչպէս գիտենք, Եկեղեցին միջնադարուն եղած է ամենամեծ աւատատէրը, այսինքն՝ ներկայի պատմութիւնը գրելու ատեն ունեցած է թէ՛ քաղաքական ու թէ՛ տնտեսական անմիջական շահեր ու շահագրգռուածութիւններ:
 Այսպէսով, ինչպէս իւչաքանչիւր պատմագրութիւն, հայ եկեղեցական պատմագրութիւնը նոյնպէս շահագրգիռ պատմագրութիւն է, որ այսօր կը ներկայացուի որպէս անվիճելի առարկայական փաստ: Սակայն առասպելի առանձնայատկութիւնն ալ ճիշդ այն է, որ վերջինս հանդէս կու գայ որպէս բնական ու համընդհանուր՝ հաւատի կարգավիճակով:
Եկեղեցիին հայ ինքնութեան պահապանի դերը վերագրելու հռետորութիւնը այսօր կը կատարէ քաղաքական ու մշակութային որոշակի պաշտօն: Ան փաստարկելիօրէն նպատակ ունի տրամասութիւնը քաղաքական դաշտէն տեղափոխել զուտ հռետորական դաշտ, ան կ՚ոչնչացնէ «քաղաքացի»ն, որ ի վիճակի է յստակ պահանջներ ձևակերպել հանրային ոլորտին մէջ ու յառաջ կը քաշէ հայու ինքնութեան ընդհանրական ու դատարկ հասկացութիւնը: Միւս կողմէն ալ, «հայու ինքնութիւն»ը կ՚ընդհանրացնէ բազմապիսի ու երբեմն հակասական հայեացքներու տարբերութիւնները եւ կը ներկայացնէ միասնական հայութեան պատումը: Նոյն նպատակը կը հետապնդեն թէ՛ համահայկական խաղերը, թէ՛ պետական հովանավորութեամբ տեղի ունեցող մշակութային, գիտական ու այլ միջոցառումները: Այսպէսով, պետութիւնն ալ իր հերթին միասնական ու ընդհանրական հայու առասպելը գործածելով, կը փորձէ գրաւել Սփիւռքի տնտեսական ներուժը (այս քաղաքականութեան ամենաբուռն տարիները քոչարեանական տարիներն էին), միւս կողմէն ալ՝ երկրէն սպառնալի չափերու հասնող արտագաղթի պայմաններուն մէջ կը փորձէ լուծել ժողովրդագրական խնդիր:
-Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը երկրի կեանքին մէջ: Արդեօք ան պէտք է առանձնայատկութիւններ ունենա՞յ զարգացող երկիրներու պարագային:
 = Եկեղեցին պետք է ըլլայ պարզապէս հաւատքի այլ տուն մը՝ ի թիւս այլ տուներու: Ես կտրականապէս դէմ եմ պաշտօնական կրօնքին ու Եկեղեցւոյ մենաշնորհային ու տարբերութիւնները բացառող արտօնութիւններուն: Աշխարհիկ պետութեան մեջ Եկեղեցին որեւէ քաղաքական դերակատարում պէտք չէ ունենայ, ու պետութեան համար ալ «հայ»ու կամ «չհայ»ու, առաքելականի ու ոչ առաքելականի դասակարգումները պէտք է բացառուին: Պետութեան համար կայ հասարակութիւն եւ կան քաղաքացիներ, անկախ անոնց դասակարգէն, սեռական, ազգային ու կրօնական պատկանելիութենէն, մինչ «հայու ինքնութիւն»ը բացառող ստորոգութիւն է: Շատ հասարակ հարցում՝ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի պետութիւնը այն քաղաքացիներուն հետ, որոնք «հայու ինքնութեան» պաշտօնական ձևակերպման չեն համապատասխաներ՝ զրկէ՞ քաղաքացիութենէ, աքսորէ՞, թէ՞ ուղարկէ «բարեփոխիչ» գաղութ, ուր եկեղեցականները այլախոհը կը վերածեն իսկական հայու:
Եկեղեցին որպէս հաւատքի մէկ այլ կառոյց՝ ի թիւս այլ կառոյցներու, պէտք է զբաղի իր հաւատացեալներու հոգեւոր բարեկեցութեամբ, եթէ վերջիններս զարնեն Եկեղեցւոյ դուռը:
- Դուք երկար ժամանակ ապրած էք Եգիպտոս: Ղպտի եւ Հայ Եկեղեցիները կը համարուին քոյր եկեղեցիներ: Այդ կապը, ըստ ձեզի, ինչպէ՞ս կ՚արտայայտուի:
 = Ղպտական ու հայկական եկեղեցիները կը համարուին քոյր եկեղեցիներ սոսկ դաւանաբանութեան առումով, քանի որ երկուքն ալ, Ե. դարու Քաղկեդոնի տիեզերաժողովէն ի վեր, յարած են միաբնակութեան: Ես առանձնապէս ծանօթ չեմ հայ ու ղպտական եկեղեցիներու փոխշփման պատմութեան, սակայն չեմ կարծեր, որ այսօր երկու եկեղեցիներուն միջեւ առանձնապէս կապեր ու շփումներ կան: Եգիպտոսի հայ համայնքն ալ դաւանանքի առումով երկատուած է, մէկ մասը առաքելական են, միւսը՝ կաթոլիկներ: Երկրին քրիստոնէական փոքրամասնութեան մէկ հատուածը կազմելու առումով անոնք տեղ մը իրենց կը զուգադրեն քրիստոնէական այլ համայնքներու հետ, որոնցմէ ամենամեծը ղպտական համայնքն է: Սակայն կարծես առանց այդ ալ անկայուն համայնքը այսօր ա՛լ աւելի կը մասնատուի: Եգիպտոսի մէջ բանակի ու Ներքին Գործերու նախարարութեան՝ ղպտերու նկատմամբ վերջերս գործադրած բռնութիւններուն որպէս արդիւնք ղպտական համայնքը օրէցօր կը քաղաքականանայ։ Գուցէ շուտով նոյնիսկ կարողանանք խօսիլ քաղաքական քրիստոնէութեան մասին: Մինչդեռ հայկական համայնքը, ի վերջոյ հիմնականին կազմելով երկրի տնտեսական բարձրախաւի մէկ մասը, սակայն չունենալով քաղաքականութեան մասնակցելու հնարաւորութիւն, աւելի ու աւելի կ՚ապաքաղաքականանայ:

No comments:

Post a Comment