25.11.11

Խաչիկ Թէօլէօլեանի դասախօսութիւններու շարքը Երեւանի մէջ

Առաջին դասախօսութեան ընթացքին Թէօլէօլեանը ներկայացուց սփիւռք (diaspora) հասկացութեան ծագումը եւ պատմական զարգացումը, մանրամասն խօսելով նաեւ անոր գիտական շրջանառութեան մէջ մտնելու ընթացքի եւ գիտական սահմանումներու միջեւ եղած տարբերություններուն մասին, ընդգծելով այս ուղղութեան երիտասարդ, միաժամանակ նաեւ բուռն զարգացող ըլլալու հանգամանքը։ Բանախօսը ներկայացուց նաեւ «Սփիւռք» հասկացութեան՝ հայ իրականութեան մէջ հանդէս գալը՝ անոր տարածման գործին մէջ ընդգծելով Սիմոն Սիմոնեանի կողմէ 1959ին Պէյրութ հիմնադրուած «Սփիւռք» պարբերականին դերը։
Բաւական մանրամասն ներկայացուեցաւ տակաւին ընթացող այն գիտական բանավէճը, թէ ո՞ր հանրույթները կրնան սփիւռք համարուիլ եւ որոնք՝ ոչ։ Ի տարբերություն շատ այլ մասնագէտներու, Թէօլէօլեանը բաւական պահանջկոտ եւ զգուշաւոր է «սփիւռք» հասկացութիւնը օգտագործելու առումով։ Օրինակ, ըստ Թէօլէօլեանի, անհրաժեշտ է, որ առնուազն երեք սերունդ անցնի որեւէ համայնք սփիւռք համարելու համար, քանի որ այլ պարագաներու հայրենիքէն նոր հեռացած մարդոց կապը հայրենիքի հետ կը հիմնուի աւելի շատ անձնական յարաբերութիւններու վրայ։
Նմանատիպ ներածական բնոյթի տեղեկատուութեամբ հարուստ դասախօսութիւն էր նաեւ երկրորդը, նուիրուած՝ անդրազգայնութիւն երևույթին։ Կրկին ներկայացուեցան հասկացութեան ծագումը եւ զարգացումը, պատմական դրսեւորումները, գիտական կիրառութեան առանձնայատկութիւնները եւ «սփիւռք» հասկացութեան հետ ունեցած ընդհանրութիւնները։
Հաշուի առնելով դասախօսութիւններուն ներածական բնոյթը եւ հայկական ու այլ իրականութիւններու միջեւ կատարուած զուգահեռներու առատութիւնը, կը կարծեմ որ անոնք յատկապէս հետաքրքրական եւ օգտակար պիտի ըլլային այն մարդոց համար, որոնք նոր-նոր սկսած են հետաքրքրուիլ սփիւռքի հիմնահարցով, սակայն նպատակ ունին գիտական խորութիւն հաղորդել իրենց այդ հետաքրքրութեան, կարճ ասած՝ սփիւռքագէտներուն։
Ցաւօք, այս դասախօսութիւններուն մասնակցեցան խիստ սահմանափակ թիւով մարդիկ, եւ եթէ ճիշս հասկցայ, անոնց իրականացումը որեւէ կերպ կապուած չէր Սփիւռքի նախարարութեան եւ կամ ալ սփիւռքագիտութեամբ զբաղող որեւէ գիտական կամ կրթական կառոյցի հետ (դասախօսութիւններու այս շարքը կազմակերպուած էր «Դարձ առ գիրք» փառատօնի ծիրին մէջ եւ տեղի ունեցաւ Խնկօ Ապօր անուան մանկական գրադարանին մէջ)։ Եթե ասոր աւելցնենք նաեւ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններով զբաղող հայաստանեան պետական գործիչներու եւ կառոյցներու հետ աշխատելու կարճ, բայց բացասական փորձի մասին Թէօլէօլեանի ակնարկը, ապա կը թուի, թէ գործ ունինք հայկական աշխարհի չօգտագործուած հնարաւորութեան գործնական օրինակի մը հետ։ Որպէս հայ եւ որպէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններով հետաքրքրուող մէկը, շատ պիտի ուզէի հասկնալ չյաջողած համագործակցութեան պատճառները։

hdanielyan.wordpress.com (Նոյեմբեր 16, 2011)
(Արեւմտահայերէնի վերածուած)

No comments:

Post a Comment