11.2.12

Պետրոս Դուրեանի մասունքը ամփոփուեցաւ Երեւանի Պանթէոնին մէջ

ՄԱՐԻԷՏԱ ՄԱԿԱՐԵԱՆ
 
Երէկ [Փետրուար 2], Կոմիտասի անուան այգիին մէջ մեր մեծերու Պանթէոնը մարդաշատ էր: Առիթը Պետրոս Դուրեանի մասունքներու սափորը յուշապատի մէջ ամփոփելու արարողութիւնն էր: «Ազգ»ը Յունուար 25ի համարին մէջ «Պետրոս Դուրեանի մասունքները կ՚ամփոփուեն Պանթէոնում» վերտառութեամբ յօդուածով մանրամասնօրէն ներկայացուցած է, թէ ինչպէս Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը ծնած 21ամեայ բանաստեղծը 1872ին կը թաղուի նոյն Սկիւտարի գերեզմանոցը, ու յետոյ անոր գանկի ոսկորները կը յանձնուին Երեւանի Չարենցի անուան Գրականության ու Արուեստի Թանգարանին ի պահ:

Ահա անցած է 40 տարի եւ թանգարանի տնօրէնութեան (տնօրէն Կարօ Վարդանեան) նախաձեռնութեամբ եւ Մշակոյթի նախարարի յանձնարարականով կը ստեղծուի յատուկ յանձնաժողով, որուն որոշումով ալ Պանթէոնի պատին երէկ ամփոփուեցաւ Պետրոս Դուրեանի մասունքներով աճիւնասափորը: Հանդիսութիւնը բացուեցաւ հոգեւոր դասուն կողմէ հոգեհանգստեան արարողութեամբ: Մինչ այդ, Սկիւտարի հայկական գերեզմանոցէն բերուած հողը օրհնուեցաւ Տէր Շահէ քահանայի ձեռամբ: Բանաստեղծին գրական ժառանգութեան մասին խօսեցին Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը եւ Կարօ Վարդանեանը: Պետրոս Դուրեանը մահիճին մէջ թէեւ ըսած էր «Ալ ժամանակ չունիմ...», սակայն իր ընդամէնը 20 տարուան կարճատեւ կեանքին ընթացքին ձգեց արժէքաւոր գրական ստեղծագործութիւններՙ բանաստեղծութիւններ, թատրերգութիւններ, հրապարակախօսական էջեր, թարգմանութիւններ, որոնք կը հարստացնեն մեր գրաւոր ժառանգութիւնը:
Պոլսահայերի անունով «Մարմարա» թերթի խմբագիր Մաքրուհի Յակոբեանը ուղարկած էր Սկիւտարի հայկական գերեզմանոցէն հող եւ չափածոյ ձօն մը Պ. Դուրեանի յիշատակին: Հանդիսութեան ներկայ էին Ազգային Ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, փոխ-նախարար Արթուր Պօղոսեանը, Ազգ. Ժողովի Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի, Մարզանքի եւ Երիտասարդութեան Հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Դաւթեանը, պատգամաւորներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, դպրոցականներ: Կարօ Վարդանեանը նշեց. «Դուրեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը հանրահռչակելու խնդրում շատ գործ է արուել: Նրա գործերը ամենաշատ հրատարակուած եւ վերահրատարակուած են, նաեւ ամենաշատ ուսումնասիրուածներից»:
Ի հարկէ, դեռ կը շարունակուի Դուրեան գրողին սերունդներուն ճանաչելի դարձնելու գործը: Ատոր վառ ապացոյցն է Ազգային Ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի հովանիին տակ Մշակոյթի եւ Տարածքային Կառավարման նախարարութիւններուն աջակցութեամբ տեղի ունեցած «Հանրապետական ասմունքի մանկա-պատանեկան փառատօնը», որ նուիրուած էր նաեւ Պետրոս Դուրեանի յոբելեանին: Այդ փառատօնի դափնեկիրներըՙ Սիամանթոյի դպրոցի սան Անահիտ Յակոբեանը եւ 162-րդ դպրոցէն Գէորգ Բալոյեանը, փառատօնի դատակազմի անդամներ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտներ Սամուէլ Բաղինեանն ու Բորիս Պէպանեանը հնչեցուցին Դուրյանի ստեղծագործություններէն պատառիկներ:
Պետրոս Դուրեանի աճիւնասափորը եւ հողը Պանթէոնի նոր սրբավայր պատի մէջ դնելու պատիւը տրուեցաւ Ազգ. Ժողովի նախագահին եւ Մշակոյթի նախարարին: Այսպէսով, չորս տասնամեակ յետոյ Պետրոս Դուրեանի մասունքները միացան Պանթէոնին մէջ իրենց վերջին հանգրուանը գտած մեր մեծերու շիրիմներուն ու բացուեցաւ սրբավայր-ուխտատեղի մը եւս:
«Ազգ», Փետրուար 3, 2012
(Արեւմտահայերէնի վերածուած)

No comments:

Post a Comment