10.3.12

Երեք թերթի պատմութիւն


ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

2009-ի ամառը, տասնամեակներու բազմարդիւն գործունէութենէ ետք, լոյս պիտի տեսնէր Փարիզի «Յառաջ» թերթին վերջին թիւը: Այդ ամառ Փարիզ գտնուելով` այցելեցի փակուելու շեմին կանգնած հրատարակչատունը: Թէեւ վերջին թիւը լոյս տեսած էր, սակայն գրասենեակները տակաւին կը գործէին, իսկ թերթը իր վերջին շունչը կու տար: «Յառաջ»-ին հաւատարիմ ընթերցողները գիտեն, որ թերթը լոյս կը տեսնէր տպագրական հին եղանակով: Այլ խօսքով, ամէն օր կապարէ ձուլածոյ տառերը բառացիօրէն ձեռքով քով քովի կը շարուէին, պատկերները (քլիշէ)` նոյնպէս:
Թերթը յաճախ արտատպումներ կը կատարէր Միջին Արեւելքի հայկական թերթերէն, ինչպէս` «Ազդակ»-էն, «Մարմարա»-էն, «Գանձասար»-էն, «Ալիք»-էն եւ այլն: «Յառաջ»-ը իւրայատուկ ձեւ մը որդեգրած էր. իւրաքանչիւր պարբերաթերթի համար կ՛օգտագործէր տուեալ թերթին խորհրդանշող կաղապարը` նոյնութեամբ պահելով թերթին զարդագիր-խորագիրը, եւ երբ արտատպում կամ յղում կատարուէր, թերթին խորհրդանշանը կը դրուէր համապատասխան սիւնակին վրայ, այսինքն «Ազդակ» խորհրդանշանը դրուած կ՛ըլլար «Ազդակ»-ի արտատպումին, «Ալիք»` «Ալիք»-ին…
Այդ օրը, երբ վերջին անգամ ըլլալով «Յառաջ»-ի «հոտը» մեր ռունգերուն մէջ` կը յառաջանայինք թերթին «ծալքերուն» մէջ, մեզի ըսուեցաւ, թէ կրնանք այդ կապարներէն մեզի հետ առնել որպէս յիշատակ: Մէկը Շահան Շահնուրի պատկերը գտաւ, միւսը իր անունին տառերը հաւաքեց, իսկ ես գտայ թերթերու խորագիրները պարփակող յատուկ տուփիկը, որուն մէջ` «Ազդակ»-ի տպագրանիշը, եւ քանի որ պիտի վերադառնայի Պէյրութ, որոշեցի հետս տանելով` «Ազդակ»-ին նուիրել, մտածեցի, որ պէտք էր իմաստաւորել այդ յայտնութիւնը: Ի վերջոյ, որքան ալ փոքր մետաղի կտոր մը ըլլար, տարիներ շարունակ «Ազդակ»-ը մարմնաւորուած էր «Յառաջ»-ի էջերուն մէջ. ինծի այնպէս կը թուէր, որ մետաղիկը կամուրջ մը եղած էր Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն միջեւ:
Փարիզ-Պէյրութ ճամբաս երկարեցաւ: Ճամբու կէսին Պոլիս պիտի մնայի շաբաթ մը: Պոլիս գտնուած օրերուս այցելեցի «Ակօս»-ի խմբագրատուն: «Յառաջ»-ի վերջին թիւէն օրինակ մը հետս առած էի «Ակօս» տանելու համար: «Յառաջ»-ի վերջին թիւին հետ «Ազդակ»-ի կապարէ յուշանուէրս ալ ձեռքիս տակով մոռցայ հոն, ուր մինչեւ հիմա կը մնայ: Թերեւս օր մը զայն յայտնաբերող մը ըլլայ ու զարմանքով հարց տայ թէ «Յառաջ»-ին «Ազդակ»-ը ի՞նչ գործ ունի «Ակօս»-ին մէջ:
Սփիւռքահայ մամուլին ներկայ իրավիճակով գոյութիւն ունին մէկ կողմէն իր դռները  փակող թերթեր, միւս կողմէն` արդէն 85 տարի իրենց խրոխտ ընթացքը շարունակող թերթեր: Կան երկլեզու թերթեր եւ կան հայ լեզուն ողջ պահելու համար դժուար պայմաններու տոկացող թերթեր:
Տխուր է «Յառաջ»-ին դադրիլը, երանելի է «Ազդակ»-ին կենսունակութիւնը, քիչ մը թախծոտ է «Ակօս»-ին ճակատագիրը:
Արդիականացումը երկսայրի սուր է: Իւրաքանչիւր արհեստագիտական նորութիւն իրեն հետ կը բերէ բարիքներ ու միեւնոյն ժամանակ` մարտահրաւէրներ: Համացանցը մաս կը կազմէ այս շրջանակին անշուշտ: Շատ կարեւոր է, որ «Ազդակ»-ի նման թերթ մը հարթած է իր առաքելութեան ճամբան` ամբողջովին ընդգրկելով արդի միջոցներ, օգտուելով համացանցի առաւելութիւններէն: «Յառաջ»-ը չկրցաւ քայլ պահել ժամանակի հետ եւ մնաց տպագրական մամուլի անցեալին մէջ: Կը յիշեմ, երբ թերթը կը փակուէր, խմբագիրները կը փնտռէին թանգարան մը, որ պիտի ընդունէր տպարանը: «Ակօս»-ը համեմատաբար նոր թերթ մըն է եւ ճակատագրական նորարարական ընթացքէ մը չէ անցած տակաւին, բայց հոն ալ կարեւոր էր վերջին շրջանին գէթ փիտիէֆ-ի դրութեամբ հայերէն էջերը ձրի տրամադրելի դարձնել սփիւռքահայ ընթերցողին:
Արհեստագիտական յառաջընթացը, սակայն, միակ մարտահրաւէրը չէ հայ մամուլին առջեւ: Հայ ընթերցողի պակասը բոլոր թերթերուն համար ճակատագրական է եւ ճիշդ այս պատճառով  «Ակօս»-ը այժմ լոյս կը տեսնէ չորս էջ հայերէն եւ քսան էջ թրքերէն, որովհետեւ հայ ընթերցողը Պոլսոյ մէջ կը կարդայ աւելի թրքերէն, քան հայերէն: Բայց այս ալ կը ծառայէ անոր, որ հայկական թերթը հասնի նաեւ թուրք ընթերցողին, եւ ընդհանուր թուրք հասարակութեան: Տարիներու ընթացքին «Ակօս» վերածուած է զուտ հայկական համայնքային թերթէ մը` ընդհանուր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանող եւ թրքական ազգայնականութեան դէմ օրկանի մը:
«Ազդակ» կը շարունակէ ի գին ամէն զոհողութեան լոյս տեսնել ամէն օր: Իր ուժերուն թարմութեան մէջ կը պահէ իր դիրքը` որպէս սփիւռքի ամէնէն շատ կարդացուած օրաթերթը: Այս հանգամանքը կը բերէ իր պարտականութիւնները` առաջատար ըլլալ Հայ դատի պաշտպանութեան եւ հայեցի դաստիարակչութեան ռազմավարութիւններուն մէջ: «Ազդակ» իր դիրքը կը պահէ որպէս հաւաստի աղբիւր ազգային բոլոր հիմնահարցերուն եւ խնդիրներուն հանդէպ. համացանցի միջոցով այլեւս «Ազդակ»-ը զուտ լիբանանահայ թերթ մը չէ, այլ` համասփիւռքեան լրատուամիջոց: Այսպէս պէտք է ըլլան թերթերը, պէտք է կարենան գերազանցել իրենք զիրենք եւ թափանցել դէպի նոր արահետներ, որպէսզի իրենց տածած գաղափարները աւելի լայն զանգուածներու կարենան հրամցնել ու արժանի ըլլան զանգուածային լրատուամիջոց կոչուելու:
Ափսո՜ս, որ «Յառաջ»-ը ալ չկայ, բայց այսօր կայ «Նոր Յառաջ»-ը, որ մասամբ մը շարունակութիւնն է «Յառաջ»-ին եւ որուն մէջ լոյս կը տեսնէ: «Ակօս»-ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, ոչ որպէս լոկ թերթ, այլ նաեւ որպէս ջահակիր` պոլսահայութեան մասնաւորապէս եւ թրքահայութեան ընդհանրապէս, իսլամ կամ քրիստոնեայ: Իսկ «Ազդակ» իր փառաւոր 85-ամեակը կը տօնէ այս տարի, փառաւոր` ո՛չ միայն տարիներու վաստակով, այլեւ` սփիւռքի իրականութեան մէջ իր բացառիկ դերով եւ դիրքով, որ նաեւ որպէս օրինակ կը ծառայէ միւս բոլոր հայ թերթերուն թէ՛ իր յարատեւութեամբ, թէ՛ տարողութեամբ, բայց մանաւանդ` իր արդիականութեամբ:
Երբ «Ազդակ»-ի գրանիշը կ՛առնէի «Յառաջ»-էն, կը հաւատայի, թէ փակուող թերթէ մը` իր երթը աննահանջ շարունակող թերթի մը պիտի փոխանցեմ այս նուիրագործուած աւանդութիւնը, որ որքան ալ չնչին ըլլայ, ինծի համար մեծ խորհուրդ մը կը պարունակէր: Երբ մետաղի այդ կտորը «Ակօս» մնաց, կարծես երեք թերթերուն միջեւ տեսակ մը կապ մը ստեղծուեցաւ մէջս եւ այսօր է, որ կը գիտակցիմ, թէ այդ երեք թերթերուն պատմութիւնը, իրականութեան մէջ, տեղ մը, սփիւռքահայ մամուլի պատմութիւնը կը խորհրդանշէ` իր ելեւէջներով, իր նոր թերթերով, իր հին թերթերով, խմբագիրներով, լրագրողներով, սրբագրողներով, յօդուածագիրներով, բարերարներով, այլեւս կայքէջերով, ֆէյսպուքի վրայ բաժնեկիցներով եւ պլոկներով, եւ ամէնէն ուրախալին` արդարօրէն վաստակուած յոբելեաններով:
«Ազդակ», Մարտ 5, 2012

No comments:

Post a Comment