ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ
Հայկական Սփիւռքին վրայ արեւը մայր չի մտներ: Ան տարածուած է ամենահսկայ երկիրներէն մինչեւ անծայրածիր ովկիանոսներու մէջ կորսուած կղզիներու վրայ: Հայկական Սփիւռքը հազարամեակէ մը աւելի տեւած իր պատմութեան ընթացքին իր մշակութային, տնտեսական, քաղաքական եւ թուային մարդուժի կշիռքի կեդրոնը բազմաթիւ անգամներ փոխած է երկրէ երկիր, կամ տարածաշրջանէ տարածաշրջան: Այսպէս օրինակ՝ որոշ ժամանակ արեւելեան Եւրոպայի մէջ եղած է սփիւռքի կշիռքի կամ ուժի կեդրոնը, ուրիշ ժամանակ` Հնդկաստանի կամ Պարսկաստանի մէջ, իսկ Կիլիկիոյ մէջ հայերը անգամ կրցած են պետականութիւն հաստատել: Թէեւ երկար կարելի է վիճիլ Պոլսոյ եւ այլ օսմանական տարածքներու մէջ ապրող հայութեան սփիւռք ըլլալ կամ չըլլալու հարցին մասին, սակայն կարելի է ըսել, որ հայկական բարձրաւանդակէն դուրս եւ առանց հայկական պետականութեան ապրող հայութեան ամենաստուար զանգուածները որոշ ժամանակ նաեւ գտնուած են Պոլսոյ մէջ, որ եղած է նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեանհիմնական կեդրոններէն մէկը: 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք այդ դերը կատարած են զանազան քաղաքներ եւ երկիրներ, ինչպէս՝ Փարիզը, Հալէպը, Պէրութը, Ամերիկան եւայլն: Այնուամենայնիւ, այսօր, այս բոլորին մէջ պէտք է մատնանշել Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան դերը, որպէս դասական Հայկական Սփիւռքի հիմնական կեդրոններէն մէկը, ինչու չէ, նաեւ ամենակարեւորը: