3.7.12

Օրական վեց օդանաւ

Պէյրութի փողոցներուն մէջ երբեմնի անլսելի թրքերէնը, այսօր գրեթէ ամէն քայլափոխի է, ու այլեւս հազուագիւտ միջադէպ մը չէ Թուրքիայէն ժամանածներու հանդիպիլ: Օր չ՚անցնիր որ բազմանդամ զբօսաշրջիկներու խումբեր չողողեն Համրան, Պէյրութի գլխաւոր փողոցներէն մէկը, վայելեն անոր ճաշարանները, գրախանութները եւ գիշերային կեանքը: Եթէ անոնց այցելութիւնը շաբաթավերջէ մը աւելի երկար է, կ’այցելեն նաեւ Լիբանանի այլ տեսարժան վայերը, կ’երթան Ճայիթա, Լիբանանի լեռներու վրայի գեղեցիկ քարանձաւը, կամ Պաալպէք, արեւի տաճարը, եւ այլն… Իսկ անոնք որ կ’ուզեն քիչ մխրճուիլ քաղաքին անցքերուն մէջ, կ’այցելեն Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Սապրայի եւ Շաթիլայի պաղեստինեան քամփերը: Իսկ հիւսիսային արուարձան ուղղուողները, եւ քիչ մը արկածախնդրութիւն փնտռողները չեն խուսափիր Պուրճ Համուտէն, Լիբանանի հայկական կեդրոնէն:
Պուրճ Համուտի փողոցները լեցուն են Թուրքիոյ վերաբերեալ պատերուն փակցուած թղթիկներով, յատկապէս թրքական ապրանքներուն դէմ պոյքոթի հրաւիրող կոչերով: Այս բոլորը քիչ թէ շատ կը տեսնեն այցելուները, ու այցելուներն ալ կը տեսնեն Պուրճ Համուտի բնակիչները, գործատէրերը, անցորդները եւ ազգայինները: Այցելուներուն համար անմոռանալի պահեր կը ստեղծուին հայերու հետ իրենց հանդիպումներէն, մանաւանդ երբ հանդիպին թրքախօսներու, ու այսպէս այնպէս զրոյց մը դառնայ հայ-թուրք յարաբերութիւններէն, ցեղասպանութենէն, եւայլն: Մէկը կը նետէ խօսքը՝
- «Դուք մեր հողերը առիք», միւսը կ’ըսէ՝
- «Դուք մեզի դաւաճանեցիք ռուսերուն հետ»,
Պէյրութի փողոցները ականատէս կ’ըլլան այս հանդիպումներուն: Յստակօրէն կարծիքներու միջեւ խոր վիհ մը գոյութիւն ունի, այս հանդիպումները դժուար թէ մնայուն բարեկամութիւններու վերածուին, քանի ճնշիչ կը մնան պետական եւ պաշտօնական կեցուածքները: Նկատելի է թէ որքան ալ անհատական գետնի վրայ զանազան մտածումներ ունենան մարդիկ, այսպէս հանդիպման մը պահին, պաշտօնական կեցուածքները մակերես կը բարձրանան:
Պաշտօնականը իր կարգին, սակայն յստակօրէն այցելուներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն կայ հայերուն հետ հանդիպելու, բան մը որ հաւանաբար Թուրքիոյ մէջ հայերուն հանդէպ ընդհանուր հետաքրքրութեան ալիքին ազդեցութեամբ է նաեւ, եւ Պոլիսէն օդանաւով կը հասնի Պէյրութ: Օրինակ՝ Ֆէնէրպահչէի տարազով տղայ մը, Պուրճ Համուտի մէջ թրքախօս կիպրահայ կնոջ մը հանդիպած, անկէ իմացած է որ Հայկազեան Համալսարանին մէջ Հրանդ Տինքին նուիրուած ձեռնարկ մը կայ, շալկուած, իր ուսապարկով եկած է Հայկազեան, ձեռնարկին ամբողջ ընթացքին առանց բառ մը հասկնալու նստած, ապա անմիջապէս մեկնած է օդակայան վերադառնալու Պոլիս:
Այլեւս քիչ չէ նաեւ թիւը թերթերու կամ պլոկներու մէջ հրատարակուած յօդուածները այս այցելուներուն, որոնք կը տատանին ամէնէն հանրայայտ լրագրողներու ստորագրութիւններու եւ սիրողական կայքերու եւ ֆէյսպուքի միջեւ: Ոմանք կը զգացուին, յանցաւոր կը զգան, ոմանք կը դատեն տեղի հայերը ու կը պիտակաւորեն, ուրիշներ կը դիտեն եղածը ու հոգեվերլուծական մեկնաբանութիւններ կ’ընեն իրենց տեսած երեւոյթներուն վրայ, ուրիշներ կը փորձեն բան մը հասկնալ, երկխօսութիւն մը ստեղծել կամ կապեր հաստատել տեղացիներուն հետ:
Այս անդրադարձները մէկ կողմէն, միւս կողմէն պարզ առեւտուրի համար Պուրճ Համուտ եկած այցելուները քիչ բան չեն: Ինչպէս որ բամպակը կամաց կամաց կ’ըլլայ մանած, այս հանդիպումները օրական վեց անգամ նոր թափ կը ստանան, ու Պէյրութի հայերուն օրական վեց անգամ նոր առիթ կ’ընծայուի պետական-պաշտօնականէն հեռու Թուրքիայէն ժամանողներուն իրենց ցաւը բացատրել փողոցին վրայ, խանութին մէջ, հանրակառքին աթոռին վրայ, առանց կարիքը ունենալու մեծ ժողովներուն, միջպետական եւ միջազգային կառոյցներուն: Քանի որ խօսելու պատրաստակամութիւնը, լսելու ընդունակութիւնը, արդեն բաւարար են որ այս հանդիպումները կարեւորուին:
Թերեւս, օր մըն ալ, այդ փողոցը հանդիպող մարդիկ, իրար հետ երթան սրճարան մը, կամ ճաշարան մը, եւ զրոյցը, կամ նոյնիսկ վիճաբանութիւնը, աւելի երկարեն, աւելի խորանան, եւ բարեկամանալէ ետք, աղ ու հաց կիսելէ ետք, կուշտ ու կուռ աւելի համոզիչ թուին ցաւերը:

«Ակօս», Մայիս 11, 2012

No comments:

Post a Comment