8.7.12

Վիճակախա՞ղ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Քանի մը օր առաջ, Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարը՝ Լօրան Ֆապիւս, յայտարարած էր, որ հայկական ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հազիւ թէ վերակենդանայ։ Ֆապիւս այդ յայտարարութիւնը կատարած էր իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Ահմէտ Տաւութօղլուի հետ հանդիպումի ժամանակ։


Անմիջապէս ետք, նախագահական պալատը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահը կը նախատեսէ նման օրինագիծ ներկայացնել Ֆրանսայի խորհրդարանին։ Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ հեռաձայնով կապ հաստատած է Ֆրանսահայութեան Համակարգոր Խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հետ (Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ) եւ յայտնած, որ նման նախագիծ շատ շուտով պիտի ուղարկուի առ ի քննարկում խորհրդարանին։
Նախագահի եւ Արտաքին Գործոց նախարարին դիրքորոշումները նոյնպէս հակասական են Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութիւն անդամակցութեան հարցին վերաբերեալ։ Այսպէս, Ֆապիւս ակնարկած էր վերոյիշեալ հանդիպումին, թէ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը հանրաքուէի պիտի դրուի, մինչ Հոլանտ նախընտրական շրջանին ըսած էր. «Ատիկա տեղի պիտի չունենայ յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին»։
Այսօր, հաղորդելով վերի տեղեկութիւնները, eMedia.am կը գրէ. «Ստացւում է, որ Ֆրանսիայի նախագահի եւ Արտաքին Գործերի նախարարի դիրքորոշումները Ֆրանսիայի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հակասական են։ Սա այն դէպքում, երբ Ֆրանսիայի Սահմանադրութեան համաձայն հենց նախագահն է արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղենիշները որոշում։ Չնայած որոշ փորձագէտներ պնդում են, որ սա կարող է լինել համակարգուած երկակի խաղ՝ Թուրքիային չնեղացնելու և հայերին սիրաշահելու համար»։
Աւելորդ չէ նշել, որ Սահմանադրութեան Խորհուրդի կողմէ բեկանուած օրինագիծին պարագային, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլաս Սարքոզի եւ Արտաքին Գործոց նախարար Ալէն Ժիւփէ նոյնպէս հակասական դիրքորոշումներ ունէին։ Եւ հաւանաբար հոն խաղ չկար...։

No comments:

Post a Comment