14.7.12

Գրիգոր Զօհրապի տան շուրջ


ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Մտքիս քարտէզին վրայ կը փորձեմ գծագրել այն ճամբաները, որոնցմով գրասենեակէն տուն կը վերադառնար Գրիգոր Զօհրապ։ Շուրջ հարիւր տարիներու անցեալ մը Պոլսոյ նման հսկայ քաղաքի մը պարագային կրնայ աներեւակայելի փոփոխութիւններու ենթարկած ըլլալ փողոցներուն դիրքերը, ոչնչացուցած՝ պողոտաները, յառաջացուցած՝ երթեւեկելի նոր ուղիներ եւ վերջապէս հիմնովին շրջած հեռուի ու մօտի մասին քաղաքաբնակներու գաղափարները։
Գր. Զօհրապի մասին պատմուած յուշերը ինծի կը թելադրեն Ղալաթիայէն Թիւնէլով բարձրանալ Բերա, կտրել մայր պողոտան (Բերայի շիտակը, ինչպէս պիտի ըսէին հիները), ուր պիտի կարենայի ողջունել բազմաթիւ բարեկամներ, նստիլ սրճարան մը, շաղակրատել օրուան անցուդարձին մասին, բաւական մը իրիկնանալէն վերջ ալ Թաքսիմի հրապարակէն իջնել Այասփաշա։ Տուն։
Գր. Զօհրապին վերաբերող յուշեր կարդացողը կամ անոր կենցաղասէր բնաւորութեան մասին զարմանալիօրէն դեռ շարունակուող բամբասանքներ լսող մը դիւրաւ պիտի կարենայ մատնացոյց ընել այն շէնքը, ուր գտնուած է մեր գրողին բնակարանը։
Արեւելքի ամենէն արեւմուտքին գտնուող այս քաղաքին եւրոպական շունչ մը հաղորդող շէնքերէն մէկն է Զօհրապինը։ Տպաւորիչ բարձրաքանդակներով, սպիտակ մարմարեայ ճակատին ամրացուած պատշգամի սեւ ճաղերով կը դիտէ պողոտան։ Միւս ճակատն ալ (որ չ՚երեւիր) կը սեւեռէ Մարմարա ծովը. հեռուէն՝ մշուշի քօղին տակ կþերեւին Իշխանաց կղզիները, ճիշդ դիմացն է Սկիւտարը, ուրկէ սկիզբ կ՚առնէ Վոսփորը։ Քիչ մը դէպի աջ տեսանելի է Այա Սոֆիայի տաճարը, Թոփգաբուի պալատը։
Գր. Զօհրապի կենսագրութիւնն ու ստեղծագործութիւնը բաւ էր խրճիթն իսկ փոխակերպելու փառակերտ պալատի մը։ Ուստի այս տան շքեղութիւնն ալ կարող չէ գրողէն հեռացնելու մեր ուշադրութիւնն ու նսեմացնելու անոր կերպարը, որմով նուիրական վայրի մը կը վերածուի Այասփաշայի զառիվերին գտնուող շէնքը։
Ընտանեկան երջանկութեան բազմակի պահեր ապրուած են այստեղ, ուր այցելած են ընկերներ, գրչակիցներ ու հարազատներ, սարքուած ճոխ սեղաններու շուրջ եղած են հաւաքներ, վէճեր, ուրախութեան ճիչեր, երգուած են երգեր…
Այս չորս պատէն ներս անպակաս էին նաեւ դժբախտութեան ժամերը, օրերը, հետզհետէ երկարող տարիները՝ սկսեալ 1915-էն, երբ Գր. Զօհրապ իր բոյնէն կը հեռանար վերջին անգամ, կը հեռացուէ՛ր բռնութեամբ՝ բնակարանին ալ վստահութիւն չներշնչող պատերուն պաշտպանութեան յանձնելով իրենները։
Ճերմակը կը սեւնար, տունը կ՚օտարանար, ծովուն կապոյտը կը մոխրանար…
Ու Զօհրապ ընտանիքը կը լքէ Այասփաշայի տունը, կ՚անցնի արտասահման՝ անգամ մը եւս չվերադառնալու համար Պոլիս։
Այս լքումը պարտադրուած հեռացում մըն էր։
Շէնք կը մտնեմ ու վերելակը շրջանցելով սանդուխներով կը բարձրանամ չորրորդ յարկ։ «Զօհրապի նման», կը մտածեմ, ակամայ։ Աջին ու ձախին կան երկու յարկաբաժիններ, որոնցմէ առաջինին բնակիչները չեն արտօներ որ ներս մտնեմ։ Երկրորդը, աջինը, գրասենեակ մըն է։ Կ՚արտօնեն։ Ծովահայեաց պատուհանները փակուած են։ Կը թելադրեն բարձրանալ տանիք, ուրկէ կարելի է դիտել տեսարանը։ Բնականաբար չեն գիտեր հարիւր տարի առաջ այս տան մէջ բնակած անձին ով ըլլալը, սակայն կրնամ հետաքրքրութեան կայծ մը գոնէ վառել իրենց մէջ։ Տեսարանը լուսանկարելէ ու զայն հիացիկ դիտելէ վերջ հրաժեշտ կ՚առնեմ իմ բարեհաճ ուղեկիցէն։
Զօհրապի սահմաններուն մէջ շրջիլ փորձելը պարտադիր դարձուց կարճ նաւապտոյտ մը՝ դէպի Հալքի կղզի (այսօր՝ Հէյպէլի)։
«Հալքին յունաբնակ գիւղ մըն է»…
«Արմենիսա», գրի առնուած 1889-ին, կը սկսի այս նախադասութեամբ։ Պատմութիւնը ամբողջութեամբ կ՚անցնի Հալքի կղզիի մէջ։ Կարճ դրուագ մը միայն կը պատկանի Մեծ կղզիին, ուր Մառի -Արմենիսան- կ՚երթար աղօթելու հայ-հռոմէականաց մատրան մէջ։
Հալքի, Մեծ կղզի, Այասփաշա եւ ուրիշ ալ վայրեր՝ քաղաքներ, կղզիներ, փողոցներ… Ամէնքն ալ դուրս աշխարհագրական սահմաններով պարփակուն անձուկ մեր աշխարհէն, սակայն՝ յաղթականապէս բազմած բոլորիս յիշողութեան ծալքերուն վրայ։
Հալքիէն կը դիտեմ Մեծ կղզին եւ միտքիս մէկ անկիւնն ալ ունիմ Այասփաշայի տունը։ Վայրեր, որոնք այսօր Զօհրապով կը գոյանան, կ՚իմաստաւորուին, կը նուիրականանան։ Անոնց միջեւ կապ մը, յարաբերակցութիւն մը գծելը դժուար է սակայն, հակառակ փոխադրական զարգացած կարելիութիւններու։ Յարակարծօրէն այդ արդիականացումն է որ տեղ չի թողուր գէթ երեւակայութեամբ վերակազմելու մեզմէ դար մը առաջ ապրուած կենսակերպը, քաշելու գիծեր ապրուած վայրերու միջեւ, վերակազմելու երթալ-գալերու անվերջ երթեւեկութիւնը։ Ու անոնց կեդրոնը դնելու Զօհրապը, որպէս կորիզ։ Այն բաները, որոնք իրմով իմաստ կը ստանային ժամանակին, իրմով ալ կորսուած են այսօր՝ թողլով պարզ յիշատակ մը միայն, որ մոռացումի չմատնելու կեղծ ջանքով մը միայն կը յայտնուի այսօր թուղթին վրայ։

«Ժամանակ» (Պոլիս), Յուլիս 10, 2012

No comments:

Post a Comment