Հայրենի բազմաթիւ լրատուամիջոցներ Ուրբաթ, Օգոստոս 24ի առաւօտէն կ՚ահազանգէին, թէ Սուրիոյ «Յեղափոխութեան Գերագույն Խորհուրդ» կոչուած կառոյցը սպառնալից յայտարարութիւններ ուղղած էր հայ համայնքին` Պաշար ալ Ասատի իշխանութիւնը
պաշտպանելու համար:
Արդէն Բերիոյ թեմի Առաջնորդարանի խօսնակը՝ Ժիրայր Ռէիսեան, հարցականի տակ դրած էր նման լուրերու վաւերականութիւնը։
Իրականին մէջ, կը հաղորդէ «ՍիվիլՆէթ»ը, Սուրիոյ յեղափոխականները սպառնացած են միայն կառավարամէտ հայ
զինեալներու: Ընդդիմադիրներու խորհուրդը ոչ թե սպառնացած է ամբողջ հայ
համայնքին, այլ զգուշացուցած է «սուրիահայ համայնքի որոշ անդամներ չաջակցիլ
կառավարական ուժերու»: Ապատեղեկատուութիւնը ուղղակի շարք մը լրատուամիջոցներու սխալ թարգմանութեան արդիւնք էր, իսկ տրուած պատասխանը`
չեղած սպառնալիքի հերքում:
Ժամանակը պիտի փաստէ, թէ այս բոլորը իրօ՞ք միայն սխալ թարգմանութիւն էր կամ սարքուած յայտարարութիւն...։
No comments:
Post a Comment