29.8.12

Սուրիահայերու թեման՝ մեր մամուլի աղացին մէջ

 
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Իրեն կարեւորութիւն տուող իւրաքանչիւր լրատուամիջոց այս օրերուն կը զբաղի սուրիահայերու վիճակով, կը զբաղի այնպէսՙ ինչպէս կարող ենք զբաղիլ հայերս, այսինքն, ինչպէս Շ. Շահնուրը կ՚ըսէր. «Աստուած գիտէ թէ ինչպէս»: Անլուրջ, անհոգի, անտեղեակ: Ամէն մէկը իր սեփական տան տանիքէն: Ոմանց համար ատիկա առիթ է Սփիւռքի նախարարութիւնը հերթական անգամ քննադատելու, ուրիշներու համարՙ ողջ կառավարութիւնը «անգործութեամբ» մեղադրելու, այլոց համարՙ տեղւոյն ազգային իշխանութիւններն ու աւանդական կուսակցութիւնները քննադատելու: Ոմանք ալ, օրախնդիր այդ թեման իրենց լրատուամիջոցի էջերուն մէջ ամէն գնով արծարծ պահելու ցանկութեամբ, որեւէ ասուլիսի կամ հանդիպումի կ՚ուղարկեն անփորձ եւ անգիտակ լրագրող մը, որ կառչելով Դամասկոսէն կամ Հալէպէն նախորդ օրը կամ նախորդ ամիս Երեւան ժամանած հայրենակիցի մը օձիքէն, կը փորձէ «նիւթ» սարքել անոր ըսածներէնՙ անոնց խառնելով իր իմացածն ու չիմացածը:
Թերթերէն մէկը, երէկ իսկ, մէջբերած էր հալէպահայ մեր հայրենակիցներէն մէկուն ամենէն արտառոց միտքը: «Հայաստանի կառավարութիւնը,- ըսած է հալէպահայ մեր ազգակիցը,- պէտք է սուրիահայերու ներգաղթ կազմակերպէ ոչ միայն Հայաստան, այլ կարողութիւննեեր ունենայ աջակցելու, որպէսզի անոնք մեկնին այլ երկրներ»: Մարդը, փաստօրէն, իր հայրենի կառավարութիւնը կը շփոթէ դէպի ԱՄՆ կամ Աւստրալիա գաղթ կազմակերպող ծանօթ գործակալութիւններու հետ... Կարելի չէ՞ր խելամիտ ու խելահաս սուրիահայ մը գտնել եւ տեղեկութիւններ ու կարծիք հաղորդել ընթերցողին: Բացի ատկէ, ամէն յիմարութիւն պէ՞տք է տեղ գտնէ թերթի էջերուն մէջ:
Կայ աւելին: Մեր քիչ թէ շատ կայացած թերթերէն մէկուն խմբագիրը, երկու շաբաթ առաջ, երբ առաւել ճնշիչ դարձած էր հալէպահայութեան վիճակը, քաջութիւն ունեցած էր մեկնելու հոն՝ տեղւոյն վրայ վերահասու ըլլալու տիրող վիճակին: Խիստ գովելի արարք: Սակայն վերադարձին, ասուլիսի ժամանակ, հետեւեալ «վկայութիւն»ը ներկայացուցած էր ապշած լրագրողուհիներու երեսին. «... Որոշակի ժամերի երիտասարդ սիրիահայ տղաները կանգնում են հայկական թաղամասերի տարածքումՙ պաշտպանելու իրենց կենսական տարածքն ու ազգակիցներին: Նրանք ընդդիմադիր "ազատ բանակ"ի դէմ են պայքարում, եւ բոլորը "ասադականներ" են: Երեկոյեան տղաները բանակից զէնք են ստանում, ողջ գիշեր պաշտպանում են հայկական թաղամասերը, իսկ առաւօտեան յանձնում են այդ զէնքը»:
Եթէ դուք որեւէ բան հասկցաք գիշերը տրուող եւ առաւօտեան հաւաքուող այդ զէնքերէն, գրէք մեզի, մենք ալ հասկնանք: Մինչ այդ, ես հասկցայ մէկ բանՙ սուրիահայերու ճակատագրով իբր մտահոգ խմբագիրը փաստօրէն մատնութեամբ կը զբաղի եւ այսպէս կոչուած «Ազատ Սուրիոյ բանակ»ի զինեալներու վրէժխնդրութիւնը կը փորձէ գրգռել սուրիահայերու դէմ, հոգ չէ, թէ անոր «վկայութեան» անհիմն ըլլալը շատ հեշտ է ապացուցել:
Յայտնի է, որ մեր որոշ լրատուամիջոցնէրը «պատասխանատու մամուլ» արտայայտութիւնը քմծիծաղով կ՚ընդունին: Սակայն այս պարագային, երբ խնդիրը կապուած է մարդոց կեանքի եւ ողջ գաղութի անվտանգութեան հետ, անպատասխանատու ըլլալը անթոյլատրելի է:
«Ազգ», Օգոստոս 29, 2012
(Արեւմտահայերէնի վերածուած)

No comments:

Post a Comment