4.9.12

Պետրոս Հաճեան (1933-2012)

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2012ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պուէնոս Այրէսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է արժանթինահայ գրագէտ, ուսուցիչ, խմբագիր ու հանրային գործիչ Պետրոս Հաճեանը՝ 79 տարեկան հասակին։ Յուղարկաւորոթիւնը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 5ին եւ մարմինը ամփոփուած է Ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Ծնած էր Ճարապլուս (Սուրիա), Յունուար 24, 1933ին։ 1954ին սկսած էր իր ուսուցչական ասպարէզը Տէր-Զօրի հայկական դպրոցին մէջ։ 1960ական թուականներուն Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթի փոխ-խմբագիր եղած էր։ Եղած էր նաեւ Հալէպի «Հայկազեան» ազգային վարժարանի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան ուսուցիչ, իսկ 1968-70ին վարած է «Քարեն Եփփէ» ճեմարանի տնօրէնութիւնը։
1970ին փոխադրուած էր Պուէնոս Այրէս, ուր ստանձնելով է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթ. Հաստատութեան տնօրէնութիւնը, զոր վարած է աւելի քան 35 տարի։ 1971-1986ին վարած է «Արմենիա» երբեմնի օրաթերթի (1989էն ի վեր՝ շաբաթաթերթ) խմբագրութիւնը։ 1986էն ետք, նուիրուած է գրական աշխատանքներու։ Եղած է սփիւռքահայ մամուլի մնայուն աշխատակից, որուն շարքին՝ «Յառաջ»ին ու «Նոր Յառաջ»ին։ Ժամանակին եղած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ, ուր վարած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ։
Պ. Հաճեան հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ. «Պարզ քերականութիւն» (1987, երեք հատորով), «Հայ մտքի մշակներ» (1987 եւ 1990, երկու հատորով, միաժամանակ հայերէն եւ սպաներէն՝ Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ),  «Հրամմեցէք պարոններ» (պատմուածքներ, 1995. սպաներէն թարգմանութիւն՝ Պերճ Աճէմեան, 2004ին), «Հարիւր տարի, հարիւր պատմութիւն» (2001, սպաներէն թարգմանութիւն՝ Վ. Մատթէոսեան, 2008ին, անգլերէն թարգմանութիւն՝ Արիս Սեւակ, 2009), «Լռեցուած խօսքը. Հայկական Ցեղասպանութեան մտաւորական զոհերը» (2003, սպաներէն՝ Վ. Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ), «Կար ու չկար» (պատմուածքներ, 2003), «Կարկեմիշ» (վէպ, 2005),  «Հարաւը Սփիւռքի մէջ» (2008)։ «Հրամմեցէք պարոններ» եւ «Կարկեմիշ» 2008ին լոյս տեսած են միացեալ հատորով ու «Ճանապարհ դէպի Կարկեմիշ» վերնագրով Երեւանի մէջ։
Շուրջ վաթսուն տարիներու գրական, հրապարակագրական, հանրային եւ ուսուցչական ասպարէզներու իր գրական վաստակը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ գնահատուած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» (1984) եւ «Սահակ-Մեսրոպ» (2011) շքանշաններով, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով (2010)։
Պետրոս Հաճեանի մահով, արժանթինահայ համայնքը կը կորսնցնէ իր հայերէն հազուագիւտ գրողներէն ու բեղուն հանրային գործիչներէն մէկը, սփիւռքահայ գրականութիւնը՝ երկարամեայ մշակ մը, իսկ Սփիւռքը՝ վաստակաւոր դէմք մը։
Յարգանք անոր յիշատակին։

No comments:

Post a Comment