26.9.12

Պետրոս Հաճեան՝ Միջին Սփիւռքի արձակագիր

ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ

Մարդիկ կը մահանան ամեն օր։ Անհետացողները իրենց ետին կը թողուն տխուր զգացումներ, ափսոսանք եւ անակնկալի եկած շրջապատ։ Անձեր ալ կան, որոնց մահը կը զանցէ ընտանեկան ու բարեկամական անմիջական շրջանակը եւ կը վերածուի հաւաքական կորուստի, նոյնիսկ անծանօթներու համար, պարզ այն պատճառով, որ անոնք բան մը տուած են իրենց հաւաքականութեան, մշակոյթին եւ, ինչու չէ, մարդկութեան, եւ որ հաւանաբար պիտի յիշուի եւ ընկալուի իրենց մահէն տարիներ ետք ալ։

Պետրոս Հաճեանը (ծն. 1933) այդպիսիներէն է։ Մտաւորական, արձակագիր, կուսակցական եւ ազգային գործիչ, հրապարակագիր՝ մահացաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբերի չորսին, Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Երկարամեայ իր գործունէութիւնն ու արտադրութիւնը մեծ ազդեցութիւն թողած են Սփիւռքի անտեսուած այլ հայաշատ մէկ անկիւնին՝ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան վրայ։
Հաճեան մաս կը կազմէ «երկրորդ» սփիւռքի մտաւորականութեան, այսինքն անոնց որոնք Եղեռնէն ետք կազմաւորուած հայրենամերձ գաղութներու մէջ հասակ առնելէ ետք հանգրուանեցին Արեւմուտք։ Ծնած է Ճարապլուս, Սուրիոյ սահմանին վրայ, կարծես փշաթելերու ետին դիտելով միւս կողմը մնացած հայրենի հողերը։
Ան իր ազգային եւ կուսակցական (Հ.Յ.Դ.) գործունէութիւնը կը սկսի արդէն կանուխ հասակէն, գրաւելով ղեկավար դիրքեր։ Կուսակցական իր «կրակի մկրտութիւնը» պիտի ստանայ վաթսունականներուն, սուրիական գաղտնի սպասարկութեան նկուղներուն եւ տանջարաններուն մէջ, երբ դաշնակցական շարքայիններ սոսկալի չարչարանքներու կ՚ենթարկուին՝ կրունկներով ծեծերէն մինչեւ ֆալախաներու սեղանները։ Պիտի մնայ հաւատաւոր (քիչ մը շատ չարչրկուած բառ մը՝ ասիկա) նոյնիսկ կուսակցական շարքերէն դուրս մնալէն ետք, մինչեւ վերջ. երբ կը պնդէի թէ պէտք է որ այս տիպի փորձառութիւններու մասին իր յուշերը գրէր, կը պատասխանէր՝ «չէ՜, չ՚ըլլար. երդո՛ւմ տուած եմ»։
Ուսուցիչ եւ տնօրէն կ՚ըլլայ Տէր Զօրէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա տարբեր հաստատութիւններու, որոնցմէ կարեւորագոյնները՝ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանն ու Պուէնոս Այրէսի Առաջնորդարանի կից Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կրթական հաստատութիւնը։ Հետաքրքրական է այս փորձառութենէն մեկնելով իր պատրաստած մէկէ աւելի ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծութիւններու տարողութիւնը. հարիւրաւոր աշակերտներու եւ անոնց ծնողներուն հետ կատարուած հարցախոյզներ, ընկերաբանի մը նախանձը շարժելիք հարցումներու բազմազանութեամբ, ծաւալով եւ ընդգրկած խորութեամբ։ Հայախօսութեան, հայերէնի ուսուցման եւ ընկալման, հայ թէ այլատիպ ինքնութեան ու այլ հարցերու մասին այս աշխատութիւնները դժբախտաբար մասամբ միայն հրատարակուած են (վերջինը 2004ին պատրաստուած է), եւ անշուշտ ինչպէս սպասելի էր, նկատի չեն առնուած կրթական պատասխանատուներու կողմէ։
Հակառակ որ պատանեկութենէն սկսած է ունենալ ոեւէ սկսնակ մտաւորականի անխուսափելի բանաստեղծական նկրտումները, Հաճեան որպէս գեղարուեստական գրող մէջտեղ կու գայ շատ ուշ, երբ արդէն 62 տարեկան է։ Մինչ այդ, ան ընտիր հայերէնով բազմահարիւր էջեր լեցուցած է որպէս խմբագիր եւ հրապարակագիր, Հալէպի «Արեւելք» եւ Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» օրաթերթերուն մէջ, այս վերջինին խմբագրութիւնը վարելով 1971-էն 1986։ Այսօր նախանձով պէտք է դիտել այն երանելի օրերը, երբ հայ մամուլը ունէր իսկական կենսունակութիւն, այսինքն կուսակցական բանավէճեր, հերթական գրգռութիւն եւ պատասխան, այսինքն կռիւ եւ ուրեմն կեանք, ուր չէր պակսէր Հաճեան հրապարակագրի խոհեմ, սակայն յամառ եւ դիպուկ ձայնը։
Խմբագրական աշխատանքէ հեռանալը ձեւով մը բախտաւորութիւն կ՚ըլլայ հայ գիրքերու աշխարհին համար։ Դասագիրքերու շարքէ մը եւ ոսկեդարեան ու միջնադարեան հայ մտքի մշակներու մասին հանրամատչելի երկու հատոր հրատարակելէ ետք է միայն, որ 1995ին լոյս կը տեսնէ պատմուածքներու իր առաջին ժողովածուն՝ Հրամմեցէք, պարոններ ։
Վերջին ընդամէնը երկու տասնամեակներու ընթացքին, ուրեմն, մէջտեղ կու գան տասնմէկ հատորներ, ինչպէս նաեւ սպաներէն եւ անգլերէն թարգմանութեամբ վեց գիրք։ Ասոնց մէջ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները սահմանափակուած են պատմուածքներու եւ պատումներու երեք հաւաքածոներու, որոնցմէ վերջինը ենթախորագրուած է «վէպ» (կայ նաեւ պատմուածքներու անտիպ ժողովածու մը՝ Գօտի, 2004ին լոյս տեսած սպաներէն թարգմանութեամբ)։ Յատկապէս երկուքը սակայն՝ Հրամմեցէք, պարոններ եւ Կարկեմիշ (2003) բաւարար են Պետրոս Հաճեանը դասելու Սփիւռքի լաւագոյն արձակագիրներու շարքին։
Թէեւ իր ստեղծագործութեան մեծ մասը կը վերաբերի Ճարապլուսի եւ Տէր Զօրի հայ համայնքի կեանքին —յագեցած յատկապէս Ներգաղթի պատումներով—, ու գրուած է հեռաւոր Պուէնոս Այրէսէն, այնուհանդերձ այդ գործերը պէտք չէ շփոթել «կարօտի» կոչուած գրականութեան հետ։ Ափսոսանքն ու յետադարձ նայուածքը չեն այնտեղ տիրապետողները, այլ գրականացումը տուեալ վայրի մը՝ անոր բազմաթիւ կերպարներուն, կենցաղի սովորական ու զարտուղի կերպերուն, աննշան հերոսներուն, սէրերուն եւ ատելութիւններուն։ «Կարօտի գրականութեան» անցեալ անկատար ժամանակի փոխարէն (այսպէս կ՚ապրէինք...) հոն կը տրուի վայրի մը որպէս կայան ու որպէս տեւողութիւն գեղարուեստականացումը, ընկերութեան եւ անհատներու տագնապներուն, փոքր ու մեծ երջանկութիւններուն, մտահոգութիւններուն գեղասահ լեզուով բերումը արուեստին, զերծ քաղաքական կամ բարոյական քարոզչութենէ, թողլով որ ընթերցողը ըլլայ եզրակացութիւններ հանողը՝ բացառաբար արուեստի իր ընկալումէն։
Հաճեան ամենէն բիւրեղացած ներկայացուցիչներէն է անցումային այն սերունդին, որ սնաւ նախաեղեռնեան հերոսներու վկայաբանութեամբ, ու զայն աւանդավէպի ու միթոսի վերածած, փորձեց աքսորի մէջ վերստեղծել անոնց լաւագոյն սխրանքներուն արժանի մշակոյթ, լեզուական հող, աւանդութիւն ե՛ւ աւանդավէպ, քաղաքական, կրթական թէ գրական գործունէութեամբ։ Հաւատաց խորապէս ատոր՝ նախաեղեռնի իտէալականացուած տեսիլք մը փորձելով (եւ յաջողելով) տարատնկել Սփիւռքի մէջ։ Բայց որ նաեւ անդրադարձաւ այդ բոլորանուէր աշխատանքի անցումային բնոյթին, որովհետեւ ի տարբերութիւն սփիւռքահայ գրողներու առաջին սերունդին (Փարիզի տղաք եւ այլք), ապրեցաւ տեսնելու համար ոչ միայն Սփիւռքի խոր այլափոխութիւնն ու տեղափոխութիւնը, այլեւ աշխարհի պատմութեան մէջ չտեսնուած արհեստագիտական զարգացումներու առթած փոփոխութիւնները, որոնք անվերադարձ կերպով պիտի սկսէին այլաշրջել մարդկութեան ու հետեւաբար սփիւռքահայութեան առնչակցութիւնները իրենց ծնունդ տուած ազգային ու մշակութային հաւաքականութիւններուն հետ, պատճառելով աշխարհագրական վայրի սահանք ու կազմալուծում, բացում դէպի այլը եւ դիմում դէպի այլուր։
Այդ շրջարկին մէջ պէտք է զետեղել Հաճեան գրողի տեղը «միջին» շրջանի Սփիւռքին մէջ՝ վերանուաճումը լեզուին, բայց միեւնոյն ժամանակ այդ նուաճման հաւանաբար կարճատեւ ու վաղանցիկ բնոյթին գիտակցութեան առկայութիւնը։ Ու որքան նուազէին իր շուրջ գտնուող ընթերցողները վերջին մէկուկէս տասնամեակի ընթացքին, կարծէք աւելի կատաղի փարում մը գրելուն։
Հաճեանի անհետացումով կը կորսնցնեմ մտաւոր ծնողներէս մին, մինչ արեւմտահայերէնն ու հայերէնը՝ թէեւ սակաւ ծանօթ, սակայն բացառիկ կերպով գեղեցիկ ու հասուն գրիչ մը։ Իսկ Հարաւային Ամերիկայի մէջ հայերէնը կը մնայ տխուր, որբ եւ մոլորուն։ 

«Ասպարէզ», Սեպտեմբեր 25, 2012


No comments:

Post a Comment