11.10.12

Խաչատուր Աբովեան՝ անգլերէն

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 

Հոկտեմբեր 8ին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Յովհաննէս Զատիկեանը յայտնած է, թէ արեւելահայ գրականութեան ռահվիրայի գործերէն երկուքը՝ «Թուրքի աղջիկ»ը եւ «Նախաշաւիղ»ը, անգլերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած են։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումին, «թարգմանուած ստեղծագործութիւնները կը տարածուեն հայաստանեան դպրոցներում եւ Սփիւռքի հայկական գաղութներում»։ Հաղորդումը չի նշեր թարգմանիչներուն անունը, ոչ ալ կը պարզէ, թէ ինչո՞ւ Աբովեանի անգլերէն գործերը Հայաստանի դպրոցներուն մէջ պէտք է տարածուին։ Արդեօք հայ դպրոցականները անգլերէն պիտի սորվին... Աբովեա՞ն կարդալով։
Ներկայիս, յայտարարուած է նաեւ, թարգմանութեան ընթացքի մէջ են Աբովեանի «Հազար փէշակ» եւ «Պարապ վախտի խաղալիք» ստեղծագործութիւնները:
«Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը սեփական ջանքերի գնով տպագրեց այս գրքերը` նպատակ ունենալով նոր սերնդին աւելի ճանաչելի դարձնել հայ հանճարներին», ըսած է Զատիկեանը:
Տուն-թանգարանի տնօրենը յայտնած է նաեւ, թէ այս օրերուն լոյս տեսած է նաեւ աբովեանագիտական «Հայկական Հարց» անուանումով հանդէսը (հանդէսի անունին կապակցութիւնը Աբովեանի հձտ նոյնպէս յստակ չէ): Վերջերս, Աբովեանի երաժշտական ձեռագրեր՝ գոթական գերմաներէնով գրուած,  յայտնաբերուած են գերմանական արխիւներու մէջ։ Անոնք, ըստ Զատիկեանի, թարգմանութեան կարիք ունին։
Մեր կողմէ աւելցնենք, որ 2005ին Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի հրատարակչատունը լոյս ընծայած էր Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ի յառաջաբանը՝ Վահէ Պալատունիի անգլերէն թարգմանութեամբ։
 

No comments:

Post a Comment