16.10.12

Հէյտար Ալիեւ՝ Մեքսիքոյի սրտին մէջ, կամ երբ «ուշ լինի»ն.... նուշ լինի չէ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Ամենէն անիրազեկ հայուն համար պարզ է (կամ պէտք է ըլլայ), որ ազերի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի շուրջը պտտող հունգարա-աատրպէյճանական հանրայայտ գայթակղութիւնը քարոզչական պատերազմի մեկուսի օրինակ մը չէ։
Գուրգէն Մարգարեանի տմարդի սպանութեան հետեւած խայտառակութենէն վաղը միայն աղօտ յիշատակն ու գերեզման մը կրնայ մնալ Երեւանի մէջ, բայց Հոկտեմբերի սկիզբը միջազգային մամուլին մէջ արդէն լայն արձագանգի արժանացող նոր խայտառակութեան իրեղէն ու կոթողական ապացոյցները արդէն իրենց ամբողջ հասակով...խոյացած են Մեքսիքօ Սիթիի կեդրոնին մէջ։
Ի շարս այլոց, Հոկտեմբեր 1ին “Huffington Post” առցանց օրաթերթը եւ Հոկտեմբեր 2ին Պի.Պի.Սի.ի անգլերէն եւ սպաներէն սպասարկութիւնները երկար ու փաստալից յօդուածներով անդրադարձած են Մեքսիքօ Սիթիի մէջ Խորհրդային Ատրպէյճանի Քա. Կէ. Պէ.ի վարիչ, ապա՝ կուսակցապետ, ապա՝ համախորհրդային Պոլիտբիւրոյի բարձրաստիճան պաշտօնատար, ապա՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տասնամեայ մենատէր Հէյտար Ալիեւի արձանի կանգնեցումի փաստին, որ այժմ զետեղուած է Մեքսիքոյի մայրաքաղաքի «Մեքսիքօ Սիթի-Ատրպէյճան Բարեկամութեան Այգի»ին մէջ։ Այս հանրային այգին մաս կը կազմէ քաղաքի «Ռեֆորմայի ծառուղի»ին ու ներկայիս Ալիեւ բազմած է, բառացիօրէն,  Մահաթմա Կանտիի, Ապրահամ Լինքոլնի եւ Մեքսիքոյի ազգային հերոսներու արձաններուն մերձաւորութեան։
Բնականաբար, «Ատրպէյճանի ազգային առաջնորդ» Ալիեւի արձանը նորութիւն չէ։ Ըստ անգլերէն Վիքիփետիայի “Heydar Aliyev’s Cult of Personality” յօդուածին (զարմանքով պէտք է արձանագրել, որ ատրպէյճանցի «հայրենասէր» մը յաջողած չըլլայ այդ յօդուածը ջնջել), Ատրպէյճանի 41 քաղաքներու կողքին նման արձաններ արդէն կային Քիեւ, Պուքրէշ, Մոլտովա (երկու), Թիֆլիս, Գահիրէ, Ռուսաստան (երեք), Թուրքիա (երեք) եւ Պելկրատ։ Մեքսիքօ Սիթին առժամաբար վերջին օղակն է այդ շղթային։
Բայց ինչպէ՞ս նման կասկածելի նախընթացներով «ազգային հերոս» մը հասած է Մեքսիքօ։
Պրոնզեայ «ստալինատիպ» (“Stalin-esque”) (“Huffington Post”ի թղթակից Մարք Սթիվընսընի բնորոշումն է) արձանը, որ ցոյց կու տայ «Ատրպէյճանի հիմնադիր հայր»ը նստած՝ իր երկրին մարմարեայ վիթխարի քարտէսի մը առջեւ, բացուած է Օգոստոս 22ին, այսինքն՝ Սաֆարովի ազատ արձակումէն շաբաթ մը առաջ։
Բայց լուրը, բացի ատրպէյճանական լրատուամիջոցներէ, կը թուի ոչ ոք հետաքրքրած ըլլալ, մինչեւ որ մեքսիքացիները իրար անցեր են։ Սթիվընսըն տեղեկագրած է, թէ Սեպտեմբերի վերջին շաբաթը, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու փոքրաթիւ խումբ մը ցոյց մը կատարած է արձանին դիմաց՝ «Մենատէրը հանեցէ՛ք» նշանախօսքով պաստառներ պարզած։ Ակնարկելով արձանին, ցուցարարներէն Տանիէլ Կերշենսոն յայտնած է, թէ «հաւանաբար այս բաներով լեցուն ամբար մը ունին տեղ մը» Ատրպէյճանի մէջ։
Գրող ու մարդկային իրաւանց պաշտպան Հոմերօ Արիճիս ըսած է, թէ «Մեքսիքօ փոխադրուած անհատի պաշտամունքի պէս բան մըն է», արձանին ոճը նկարագելով որպէս «խորհրդային ժամանակաշրջանի ընկերվարական իրապաշտութիւն»։ Ան աւելցուցած է. «Կարծես թէ Հրատէն բռնատէր մը բերած ըլլային։ Արդեօք մեռած մենատէրերու կեդրոնի՞ մը պիտի վերածուինք։ Ո՞վ է յաջորդը։ Հիթլէ՞ր։ Ստալի՞ն»։
Անցորդ մը՝ 18ամեայ երկրորդականի ուսանող Միկէլ Անխէլ Մենտոսա, ըսած է Սթիվընսընին. «Իսկապէս անտեղի է։ Ինչո՞ւ չէին կրնար արձան մը կանգնեցնել մէկու մը, որ իրապէս լաւ բան մը ըրած ըլլար»։
Մեքսիքացի պատանիին պատասխանը կարելի է գտնել սպաներէն ասացուածքի մը մէջ. «Դրամի սիրոյն, կապիկը կը պարէ»։ Կամ՝ թուրք-ատրպէյճանցիներուն քաջ յայտնի տարբերակով, «փարայի վերէն, տիւտիւկը չալար»։
Արդարեւ, Ատրպէյճանը ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու հանրային այգիներու վերանորոգման գումարը (65 միլիոն փեսօ, այսինքն՝ 5 միլիոն տոլար) հոգացած է, ինչ որ իրաւունք տուած է ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու արձաններ տեղադրելու։ Ինքնաշարժ լուացող մը՝ Խոսէ Ռոմէօ, որ պարտէզին մօտերը կ՚աշխատի, ըսած է. «Ով որ կը վճարէ, կ՚ընտրէ։ Չեմ կարծեր, որ յատկապէս լաւ գաղափար մըն է [Ալիեւի արձանը կանգնեցնել], բայց ի՞նչ կրնանք ըսել մենք՝ մեքսիքացիներս։ Պէտք է մեր լեզուն խածնենք, որովհետեւ անոնց դրամը վճարած է այս բոլորը»։ 
Ըստ Մեքսիքոյի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Իլկար Մուխթարովի, այս յատուկ հոգածութիւնը կը բխի այն հանգամանքէն, որ Մեքսիքոն առաջին երկիրներէն եղած է, որ Ատրպէյճանի անկախութիւնը ճանչցած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք։ Ան աւելցուցած է, որ Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքապետարանին ուղղակի վճարում կատարուած չէ։ Դեսպանատունը վարձած է կապալառու ընկերութիւնները, որոնք նորոգած են երկու պարտէզները՝ քաղաքի իշխանութիւններուն հետ գործակցելով։ Մեքսիքօ Սիթիի շրջանաւարտ քաղաքապետ Մարսելօ Էպրարտի (որ, ըստ լուրերու, ձախակողմեան թեկնածուն կրնայ ըլլալ 2018ի նախագահական ընտրութիւններուն) բացումին յայտնած է, թէ այգիին վերանորոգումը «երկու ժողովուրդներուն աւելի մօտենալու կամքին արտայայտութիւնն է»։
Մեքսիքացի լրագրող եւ քաղաքային հարցերու մասնագէտ Անտրէս Լաժուս այլ կարծիք ունի. «Ըստ էութեան, անոնք [Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքապետութիւնը] պատեհապաշտ եղած են, այն իմաստով, որ Ատրպէյճանէն դրամը ստացած են գիտնալով, որ քաղաքական իմաստը անթափանցելի է Մեքսիքօ Սիթիի մէջ։ Անթափանցելի պիտի չըլլար եթէ տեղադրէին Ճորճ Ու. Պուշի կամ, ըսենք, Ուկօ Չաւէսի արձան մը։ Չաւէսի արձանը չէին զետեղեր, նոյնիսկ եթէ մեծ գումար մը վճարէր։ Բայց Ատրպէյճանը հեռու է եւ շատ քիչ բան գիտենք անոր մասին»։
Անպաշտպանելին պաշտպանելու իր ճիգին մէջ, դեսպանը հասած է ծիծաղելիութեան գագաթնակէտին. «Այս արձանը նպատակ չունի ոեւէ մէկուն վարկը բարելաւելու, որովհետեւ Հէյտար Ալիեւի ընկալումը աշխարհի կողմէ ո՛չ մէկ վարկափրկումի կարիքը ունի» (այս եւ բոլոր ընդգծումները մերն են. Վ.Մ.)։ Ըստ այնմ, «Ատրպէյճանի ազգային ղեկավար» վերնագրուած երկլեզու (անգլերէն ու սպաներէն) յուշատախտակը իր եզրափակիչ պարբերութեան մէջ կը յայտնէ, թէ «Միջազգային մեծ թիւով մրցանակներու արժանացած Հէյտար Ալիեւի կեանքն ու գործունէութիւնը փայլուն օրինակ մըն է անհուն նուիրումի՝ հայրենիքին հանդէպ, եւ հաւատարմութեան՝ աշխարհի խաղաղութեան համամարդկային իտէալներուն»։
Ալիեւ, բնականաբար, վարկափրկումի կարիքը չունի, քանի որ անոր վարքը արդէն պատմութեան անցած է։ Գրեթէ տասնամեակ մը առաջ արձանագրուած «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մահախօսականին հետեւեալ տողերը աւելի քան պերճախօս են. «Անոր մենատիրական կառավարութիւնը հակասական միտումներով բնորոշուած էր։ Մինչ ան անկասկած որոշ կայունութիւն պարգեւած է Ատրպէյճանին, քաղաքական կեանքը խառնափնթոր եղած է, պարոն Ալիեւի դէմ գործուած բռնաշրջումներու եւ ոճրափորձերու յաճախակի զեկոյցներով եւ ընդդիմադիրներու կողմէ նոյնքան յաճախակի գանգատներով՝ ընտրական խախտումներու, մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումներու եւ ձայնախեղդ մամուլի մասին» (“The New York Times”, Դեկտեմբեր 13, 2003)։
Աւելցնենք, որ դեսպանը չէ խուսափած ուրիշ ծիծաղաշարժ խօսքերէ։ Պի. Պի. Սի.ի սպաներէն բաժնին տուած գրաւոր հարցազրոյցին, յայտնած է, թէ Ալիեւի ու Հիթլէրի «կեղտոտ համեմատութիւնը» . . . «հայկական Սփիւռքին կողմէ հովանաւորուած» էր։ Բնականաբար, մեքսիքացիները նման համեմատութեան չէին կրնար յանգիլ ինքնուրոյն կերպով...։
Պի. Պի. Սի.ի անգլերէն բաժնի թղթակից Ուիլ Կրանթ կը տեղեկագրէ, թէ արձանէն հեռանալու պահուն,  լրագրական աշխատանքը վերջացնելէ ետք, «արտառոց հանդիպում մը» ունեցած է։ Այգիին աշխատաւորներէն մէկը մօտեցած է անոր ու հարցուցած, թէ ո՞ր լրատուական միջոցը կը ներկայացնէր։ Աւելցուցած է, թէ ատրպէյճամական դեսպանատունը անպայման կ՚ուզէ անոր հետ խօսիլ.
«Քանի մը վայրկեանէն, ան հեռաձայնած էր դեսպանատուն եւ կ՚օգնէր դասաւորելու դեսպանին հետ մեր տեսակցութիւնը։
Ստալինատիպ վերահսկողութի՞ւն, կա՞մ անվնաս օժանդակութիւն մտահոգ անցորդէ մը, որ շահագրգռուած է Ատրպէյճանով։
Երբ դեսպան Մուխթարովին հարցուցինք, ան մեզ վստահեցուց, որ վերջինն էր։
Պաքուի կառավարութեան քննադատներ կրնան այդ պահը – եւ հանգուցեալ նախագահին նուիրուած արձանը – քիչ մը տարբեր աչքով դիտել»։
Արդ, ինչպէս վերը ըսինք, մէկ պարտէզով չի վերջանար հարցը։ Քաղաքապետ Էպրարտ բացումը կատարած է նաեւ մերձակայ երկրորդ այգիին՝ «Թլաքսքոաքէի հրապարակը» (Plaza de Tlaxcoaque), յայտնելով, որ «Թլաքսքոաքէի հրապարակը հիմա ուրիշ բան է (...) հիմա պատուաւոր տեղ մըն է (...) նուիրուած է խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդոց իրաւունքներուն, այն ինչին, որ կը հաւատանք»։
Կարելի է կասկածիլ մեքսիքացի քաղաքապետին ուղղամտութեան կամ նոյնիսկ անոր խաղաղասիրական ու ժողովրդավարական սկզբունքներուն վրայ, երբ կ՚անդրադառնանք, որ այդ հրապարակին վրայ այժմ բարձրացող արձանը կը ներկայացնէ ձեռքերը բարձրացած կին մը՝ սգալու դիրքին մէջ, եւ կը պատկերացնէ Խոջալուի «ջարդը»։ Բնականաբար, Ատրպէյճանի դեսպանատունը պէտք եղած աղմուկը բարձրացուցած է՝ «ճշմարտութիւնը» սփռելու համար։ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ նոյնիսկ հաւաստած է, որ յիշեալ հրապարակը վերամկրտուած է «Խոջալի հրապարակ» (“Mexico City’s Square Named Khojaly”, «Թրէնտ» գործակալութիւն, Օգոստոս 23, 2012)։
Կ՚արժէ յիշեցնել, թէ Ատրպէյճանի դեսպանատունը Յունուար 2007ին հաստատուած է Մեքսիքոյի մէջ, իսկ 2011ին մեքսիքա-ատրպէյճանական բարեկամութեան խումբ մըն ալ ստեղծուած է՝ Մեքսիքոյի Խորհրդարանի անդամներով։ Թուրքիոյ դեսպանին եւ Իրանի ու Իրաքի հաւատարմատարներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցած բացման ձեռնարկին, Խորհրդարանի Արտաքին Գործոց յանձնախումբի քարտուղարը՝ երեսփոխան Լէոնարտօ Կիլլէն Մետինա, յայտնած է տեղեկատուութիւնը, «ընդգծած է այդ երկրին [Ատրպէյճանի] պայքարը իր քաղաքացիներուն իրաւունքներուն համար, զոր օրինակելի որակած է։ Ան ըսած է, թէ յիշատակարան մըն է աշխարհին՝ մարդկային իրաւունքներու ոչ-բռնաբարման մասին» (http://informate.com.mx/tribuna-parlamentaria/quedo-instalado-el-grupo-de-amistad-mexico-azerbaijan.html)։
Ատրպէյճան՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան օրինա՞կ։
Մարդ կրնայ կարեւորութիւն չտալ այս բոլորին, ինչպէս եւ այն իրողութեան, որ մեքսիքական նշանաւոր ծովեզերեայ քաղաքին՝ Աքափուլքոյի մէջ, 2011ին պարսիկ բանաստեղծ Նիզամիի -- զոր ատրպէյճանցիները կ՚իւրացնեն՝ Գանձակ (Գեանջա) ծնած ըլլալուն համար – յուշարձանի մը հիմնաքարը զետեղուած ըլլայ։
Բայց Խոջալուի «ջարդ»ի արձանին, այսինքն՝ խեղաթիւրման շօշափելի խորհրդանիշի մը հաստատումը Մեքսիքոյի մայրաքաղաքի սրտին մէջ, տեղիք պէտք է տայ մտահոգութեան։
Ընթերցողը թերեւս հարցնէ՝ ի՞նչ կ՚ընէ Հայաստանի կառավարութիւնը։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի հաղորդագրութեան, անցեալ Սեպտեմբեր 28ին Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցած է մեքսիքացի իր պաշտօնակիցին՝ Փաթրիսիա Էսփինոսայի հետ։ Ան անդրադարձած է Հայաստանի ու միջազգային հանրութեան թափած ջանքերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու համար։ Ան յայտնած է նաեւ, թէ Հայաստան մտադիր է 2013ին դեսապանատուն բանալ Մեքսիքոյի մէջ։ 
Ճիշդ է, Մեքսիքոյի մէջ հայկական աննշան ներկայութիւն մը կայ, որ դժբախտաբար որեւէ կառոյց չունի։ Եթէ ունենար նոյնիսկ, դժուար է երեւակայել, որ 500-1000 հոգինոց գաղութ մը շատ լսելի կարենար ըլլար 113 միլիոն բնակչութեամբ՝  Լատինական Ամերիկայի սպանախօս ամենամեծ երկրին մէջ։ Միայն ինչ-ինչ անհատական ձայներ կը բարձրանան երբեմն, ինչպէս օրինակ՝ վաստակաւոր կենսաբան Խոսէ Սարուխանը (զաւակը՝ Արթուրօ Սարուխան, Մեքսիքոյի դեսպանն է ԱՄՆի մէջ), որ յօդուածներ գրած է մամուլին մէջ՝ հակադարձելով ատրպէյճանամէտ քարոզչութեան։ Բայց կը մնայ առեղծուածային, թէ ինչո՞ւ հայկական շահերը պաշտօնապէս կը թուին որբ մնացած ըլլալ՝ ատրպէյճանական ուղղակի ներկայութեան դիմաց։
Լաւ է ուշ, քան երբեք, կ՚ըսուի նման պարագաներու։ Բայց այս պարագային՝ երբ «ուշ լինի», դժուար է, որ նուշ լինի։
 
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 16, 2012

No comments:

Post a Comment