22.10.12

Նամակ Հալէպէն

Հալէպ, Հոկտեմբեր 19, 2012
Սիրելի Վ,
Շուրջ երկուքուկէս ամսուան ընդհատումէ ետք՝ վե՛րջապէս սկսաւ բանիլ մեր համացանցի գիծը։ Ամբողջ աշխարհէ կտրուած էինք, մանաւանդ որ թղթատարութիւնն ալ չէր բաներ ու թերթեր չէի ստանար։
Այսօր, գիծը բացուեցաւ (թէ որքա՞ն կը տեւէ՝ Տէրը գիտէ)։
(. . .) Յաջորդ գործս եղաւ սոյն նամակը գրել քեզի, ըսելու համար որ... դեռ կենդանի եմ։
Հալէպի մասին հիմա պիտի չխօսիմ, հաւանաբար մօտէն կը հետեւիս անցուդարձերուն։ Միայն ըսեմ, որ գաղութը շատ տուժեց, եւ դեռ չենք գիտեր թէ ի՞նչ օրեր վերապահուած են մեզի, առհասարակ։
Անձնապէս օրական միայն չորս ժամ գործի կ՚երթամ,- առաւօտեան 11.00-էն մինչեւ կ.ե. 3:00։ Յետոյ չափազանց զգուշաւորութեամբ տուն կը վերադառնամ։ Փողոցները անապահով են, փամփուշտներ կը սուրան մեր գլխուն վրայէն, հրթիռներ կ՚իյնան հոս-հոն։
(....) Առայժմ այսքան։ Դեռ կը խօսինք միասին։
Լ.

No comments:

Post a Comment