29.10.12

Ժամանակն է այլեւս խօսքերէ եւ աժան քննադատութիւններէ անդին անցնելու

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 

Կ'ապրինք օրեր, երբ մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, մեր որպէս ազգ գոյատեւման հարցը լուրջ նիւթ մըն է, զոր կարելի չէ թեթեւի առնել: Ժամանակի գործօնը անշուշտ իր բնական դերը կը խաղայ - ինչ որ կը վերաբերի սփիւռքահայութեան՝ զինք պարբակող այլ հաւաքականութիւններու մէջ ձուլումի երեւոյթին:
Ազգային, կրթական եւ ընկերային մտահոգութիւններ եւ զանազան երեւոյթներ բացատրելու եւ համապատասխան լուծումներ գտնելու համար, սակայն, մենք ընդհանրապէս չունինք համապատասխան մասնագիտական բաւարար ուսումնասիրութիւններ եւ գիտական մօտեցում, իսկ մեր հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը դժբախտաբար շատ յաճախ չեն անցնիր տեսական խրատականներու եւ աժան քննադատութիւններու սահամանները:Խառն ամուսնութիւնը, օրինակի համար (որ կը սահմանուի երկու տարբեր ազգերու, մշակոյթներու կամ ցեղերու պատկանող անձերու ամուսնութեամբ), մեր ընկերամշակութային ձուլումին զարկ տուող, ժամանակի գործօնով եւ ընկերային համարկումի (social integration) չափանիշերով՝ անշուշտ շատ բնական, սակայն ազգային տեսանկիւնէն դիտուած ամենավտանգաւոր երեւոյթներէն մէկն է, որ կը հետաքրքրէ եւ միեւնոյն ժամանակ կը մտահոգէ բոլորս սակայն մենք այսօր տակաւին չունինք այս երեւոյթը, գոնէ մասնակիօրէն, սանձող լուծումներ որոնող եւ առաջարկող գիտական լուրջ մօտեցում:

Թիւերը կը խօսին
Խառն ամուսնութիւնը, սիրելի ընթերցող, ընկերային համարկումի կարեւորագոյն ցուցանիշերէն մէկն է: Ինչպէս՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային համարկումը, ընկերային համարկումն ալ բնականաբար անխուսափելի երեւոյթ մըն է սեփական հայրենիքի մը սահմաններէն դուրս ապրող բոլոր բոլոր գաղութներուն, կրօնական համայնքներուն եւ էթնիք փոքրամասնութիւններուն մօտ: Անկասկած, եւ ինչպէս վերը նշեցի, ժամանակի գործօնը իր կարեւոր դերը կը խաղայ այս հարցին մէջ, միշտ ի վնաս փոքր հաւաքականութիւններուն խմբային շահուն եւ ոչ անպայման այդ խումբին ծագումով պատկանող անձին անհատական շահուն:
Ատենին կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնս ցոյց տուած է, որ Լիբանանի հայկական եկեղեցիներուն մէջ արձանագրուած խառն ամուսնութիւնները նախապատերազմեան 1974 թուականին կազմած էին 16,86 առ հարիւրը այդ տարի ամուսնացածներու ընդհանուր թիւին, մինչ 2001 թուականին անոնք կազմած են այդ տարի ամուսնացողներու ընդհանուր թիւին 31,82 առ հարիւրը: Հոս կարեւոր է յիշել թէ այս համեմատութիւնը կը ներկայացնէ միայն այն պարագաները, ուր հայ երիտասարդը իր եկեղեցիին մէջ պսակուած է ոչ-հայ երիտասարդուհիի մը հետ եւ ան չ'ընդգրկեր հակառակ պարագան, այսինքն՝ այն հայ երիտասարդուհիները, որոնք ոչ-հայ հաստատութիւններու կամ եկեղեցիներու մէջ պսակուած են ոչ-հայ երիտասարդներու հետ:
Այս տուեալը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ, նուազ քան 30 տարուան ընթացքին, Լիբանանի հայկական եկեղեցիներուն մէջ արձանագրուած խառն ամւսնութիւններու համեմատութիւնը կրկնապատկուած է, հասնելով հոն կատարուած ամուսնութիւններու ընդհանուր թիւին մէկ երրորդի սահմաններուն...: Այս կը նշանակէ թէ այս ընթացքով, շատ աւելի նուազ քան 30 տարի յետոյ, ժամանակի գործօնի եւ համաքաղաքացիներու հետ աւելի եւս համարկումի տրամաբանական պահանջքի հետեւանքով, այդ տարուան ամուսնութեան թեկնածու լիբանանահայ երիտասարդներուն երկու երրորդը պիտի կնքէ խառն ամուսնութիւն...: Լաւատես ենթադրութեամբ մը կ'ուզեմ հաւատալ թէ սփիւռքահայ այլ գաղութներու մէջ արձանագրուած թիւերը այսօր վեր ի վարոյ նոյնն են եւ ոչ աւելի ողբերգական:

Ինչպէ՞ս հակադարձել
Այս երեւոյթին տուն տուող գլխաւոր պատճառը, ինչպէս վերը քանիցս յիշեցի, անշուշտ ժամանակի գործօնն է, զոր կարելի չէ բնաւ անտեսել, սակայն միշտ ալ կարելի է այդ բնական գործօնին դէմ պայքարիլ կամ առնուազն՝ զայն հակակշռել զանազան մտածուած եւ կազմակերպուած միջոցներով, գոնէ նուազագոյնի իջեցնելու համար տուեալ երեւոյթին ընդհանրական բնոյթը: Այս ընելու համար, սակայն, պէտք է խօսքէ եւ քննադատութենէ անդին անցնիլ, անպայմանօրէն:
Ընկերային մտերիմ յարաբերութիւնները շատ յաճախ կը սկսին դպրոցէն, ինչ որ շատ առողջ երեւոյթ մըն է: Դժբախտաբար սակայն Լիբանանահայ դպրոցը, ինք, նահանջի մէջ է, ամէն մակարդակի վրայ: Շատ մը ծնողներ կը նախընտրեն իրենց զաւակները ոչ-հայկական վարժարաններ ղրկել, ուր բնականաբար հայ պատանիներն ու պարմանուհիները պիտի մտերմանան եւ ինչու չէ, ապագային ալ ամուսնանան իրենց ոչ-հայ դասընկեր-դասընկերուհիներուն հետ: Արդեօք որեւէ տեսակի լուրջ ուսումնասիրութեան մը ձեռնարկա՞ծ են գաղութին պատասխանատուները, ճիշդ գնահատելու եւ ըստ այնմ, այս երեւոյթին յարմար լուծումներ ծրագրելու համար:
Լիբանանահայ վարժարաններուն ակադեմական եւ վարչական հարցերը քննարկելը ուրիշ առիթի մը ձգելով (որ դժբախտաբար գլխաւոր պատճառներէն են կարգ մը հայ ծնողներու հայկական վարժարաններու հանդէպ ունեցած վստահութեան կորուստին), եւ միշտ հիմնուելով մէկ այլ ուսումնասիրութեանս այն փաստին վրայ, որ ընդհանրապէս համեմատաբար աւելի ուսեալ ծնողներն են, որոնք իրենց զաւակները – դժբախտաբար - չեն վստահիր հայկական վարժարանին, հոս կ'ուզեմ խօսիլ հարցը դիտելով զուտ ընկերային տեսանկիւնէն: Հայկական դպրոցէ մը ներս կը դասաւանդէի ատենին, ուր բարձրագոյն դասարանին մէջ կային միայն 8 աշակերտներ, որոնցմէ միմիայն երկուքը մանչեր էին: Այս երեւոյթը առո՞ղջ է արդեօք գիտակից ծնողքի մը աչքին: Հայկական այլ վարժարաններ գիտեմ, ուր երբ դասընկեր-դասընկերուհիներ իրարու մօտ քալեն, նստին կամ մտերմանան, հերթապահներու եւ պատասխանատուներու կողմէ մեծ գայթակղութեան կ'ենթարկուին, մինչ ինծի համար՝ որպէս հայր, եղբայր, եւ դասախօս, չկայ աւելի գեղեցիկ երեւոյթ քան դպրոցական յարկի մը տակ պարման-պարմանուհիներու մերձերցումը, զորս ըստ ինծի, միայն պէտք է դիտել մեծահոգօրէն:
Համալսարանը դարձեալ կարեւոր կեդրոն մըն է երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ծանօթացումին, սակայն հոն մուտք գործելը ներկայիս լուրջ խնդիր մըն է շատ մը հայ աշակերտներու համար: Խորհրդային Միութեան օրերուն, շատեր անվճար ուսանեցան Հայաստան եւ վկայականներ ձեռք բերին: Այդ ուսանողները, իրենց կեանքի ամենակարեւոր հանգրուանը ապրեցան հայրենիքի մէջ, որու կեանքին եւ ժողովուրդին համարկեցան եւ ուր յաճախ նաեւ ամուսնացան ազգակիցներու հետ, կազմելով հայ ընտանիքներ: Լիբանանի մէջ գործող Հայկազեան Համալսարանը իր հայկական դիմագիծով եւ հայ ուսանողութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հանդէպ ցուցաբերած բարեացակամ նիւթական դիւրութիւններով, աննման առաքելութիւն մը կը կատարէ այս ուղղութեամբ: Սակայն, այլ եւ ամբողցացուցիչ ընտրանք մը պիտի չըլլա՞ր օրինակի համար, գաղութին պատասխանատուներուն կողմէ համադրում մը կատարել հայաստանեան համալսարանի մը հետ, նիւթական նուազագոյն պայմաններով, շարունակելու համար նախապէս գոյութիւն ունեցող օգտաշատ երեւոյթը:
Դպրոցական եւ համալսարանական ծիրերէն ներս կազմակերպուող ընկերային ձեռնարկները, տեսականօրէն հոյակապ հնարաւորութիւններ են հայ երիտասարդ- երիտասարդուհիներուն համար, որպէսզի իրարու հանդիպին եւ զիրար ճանչնան, ինչ որ կը բարձրացնէ զուտ հայկական ամուսնութիւններու կայացման հնարաւորութիւնները: Սակայն որքանո՞վ նպատակադրուած եւ ներառնուած են անոնք՝ այդ ուղղութեամբ յստակ եւ կազմակերպուած ընկերային քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ:
Անցնինք այլ կէտի մը: Կ'ապրինք երկրի մը մէջ ուր աղջիկներու ընդհանուր թիւը, բոլոր համայնքներուն ալ մօտ, մեծապէս կը գերազանցէ մանչերունը: Մրցակցութիւնը մեծ է աղջիկներու միջեւ, իրենց յարմար կեանքի ընկեր մը գտնելու: Գոյութիւն ունեցող այս մրցակցութեան մէջ, հայ աղջկան համար անպայմանօրէն հայ երիտասարդ մը գտնելը, տրամաբանականօրէն եւ արդարաբար առաջնահերթութիւն մը չէ որ պիտի կազմէ: Այլ անկիւնէ դիտած, հետաքրքրական է ինծի համար գիտնալը թէ, հայ տղաքը Լիբանան պահելու համար գործնական ի՞նչ ձեւերու ձեռնարկած են գաղութին պատասխանատուները, ինչ որ կը վերաբերի երիտասարդ մը տուեալ երկրին մէջ պահելու եւ անոր ամուսնութիւնը քաջալերելու տարրական միջոցներուն, ինչպիսին են ուսումնառութիւնը, ասպարէզ, աշխատանք եւ բնակարան ապահովելը, որոնց միջոցներուն չգոյութեանը պատճառով, գաղթելու միշտ ենթակայ է տարիքային այդ խումբը, որուն որպէս հետեւանք պիտի յաջորդէ ծանօթացումը ոչ անպայմանօրէն իրենց ազգին պատկանող աղջիկներու, եւ բնականաբար նաեւ՝ անոնց հետ միացումը ամուսնական յարկի մը տակ:
Դարձեալ ատենին կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնս յայտնաբերած է թէ զուտ հայկական շրջանակի մէջ ապրող հայ տղաքը նուազ ուսեալ են քան աղջիկները: Պատճառը՝ շատ պարզ է: Նիւթական դժուարութեանց պատճառով, ոչ բարեկեցիկ հայ ընտանիքներու (որոնց թիւը մեծամասնութիւն կը կազմէ այսօր) արու զաւակները կանուխէն ձգած են դպրոցը՝ նետուելով գործի ասպարէզ, իրենց ընտանիքներուն համար եկամուտ ապահովելու նպատակով: Արդեօք կարելի՞ է համոզել կամ ստիպել այն հայ երիտասարդուհին, որ իր արդար իրաւունքով գիտակից եւ ուսեալ ամուսին մը կ'ուզէ ունենալ, որ անպայմանօրէն հայ երիտասարդ մը ընտրէ որպէս կեանքի ընկեր: Պատասխանատուներու կողմէ միջոցարումներ պէտք չե՞ն՝ ձերբազատուելու համար համեմատաբար մեծ թիւով հայ տղոց անուս ըլլալու այս երեւոյթէն:
Համացանցին (internet) մեզի ընծայած կարելիութիւնները, արդե՞օք չ'արժեր օգտագործել, ստեղծելու համար տեղական մակարդակի միութենական եւ ոչ առեւտրական կայքէջեր, որոնց նպատակը ըլլայ իրարու ծանօթացնել լիբանանահայ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, դիւրացնելով անոնց մերձերցումը:
Հայ եկեղեցին արդեօք բնաւ մտածա՞ծ է տարին քանի մը անգամ հաւաքական պսակներու հնարաւորութիւններ ստեղծելու մասին, եւ կամ իր ժառանգած կամ սեփականութիւնը եղող կալուածներու վրայ յարմար բնակարաններու շինութեան ձեռնարկելու մասին, դիւրացնելու եւ քաջալերելու համար նիւթական դժուարութիւններ ունեցող հայ զոյգերը...:
Վերջապէս, այս յօդուածը կարելի է շատ երկարել կամ ընհանրացնել զայն այլ հորիզականներու վրայ ալ, այլ գաղութներու նոյնանման հարցերու նշումով, սակայն յարգելով էջերուն սահմանափակութիւնը եւ ընթերցողին սուղ ժամանակը, պիտի բաւարարուիմ այսքանով, գաղութին պատասխանատուներուն գիտակցութեան եւ խղճին վստահելով վերոյիշեալ կէտերը լրջութեամբ նկատի ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Հակառակ պարագային՝ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան դատաստանին յանձնելու համար անոնց կեցուածքը:

 «Ռամկավար Մամուլ» (ramgavar.org)

No comments:

Post a Comment