14.10.12

Անդրազգայնացումէն՝ սփիւռքացում (Բ.)

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հ. Հիմա, գալով Սփիւռքի ղեկավարներուն. ինծի համար՝ ղեկավարներ կրնան համարուիլ՝ կուսակցութեան ղեկավարները, եկեղեցւոյ պետերը կամ բարեսիրական համազգային-համագաղութային ղեկավարները, որոնք որոշ հետեւորդներ ունին։ Կամ՝ թերթի խմբագիրները, որոնք, վերջապէս, ազդեցութիւն ունին, որովհետեւ կը կարդացուին եւ անոնց միջոցով է, որ կը փոխանցուին գաղափարները եւ ուղղութիւնները, ըսենք՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերաբերեալ։ Ասոնք չե՞ն հետաքրքրուիր «Diaspora» հանդէսով։


Պ. Չէ՛։ Ո՛չ այն իմաստով որ կ'արհամարհեն, բայց պարզապէս կը հասկնան, որ այն գործունէութիւնը, որ իրենք կը վարեն, նոյն ճամբէն չի քալեր, ինչ որ մենք։ Լաւ պիտի ըլլար, եթէ իւրաքանչիւրը միւսին «պարարտանիւթ» հայթայթէր, բայց քիչ անգամ կը պատահի։ Ես անձնապէս ուրիշ երկիրներու ղեկավար եւ կամ պետական անձնակազմերու մօտ խորհրդակցական բնոյթ ունեցող ելոյթներ ունեցած եմ, բայց անոնք ինձմէ դեղագիր չէին ակնկալեր։ Կ՚ուզէին որոշ հարցերու մասին խօսիլ, զանոնք աւելի լաւ է հասկնալ։
Իսկ ղեկավարի, հետեւորդի հարցը իսկապէս որ բարդ է։ Ամերիկայի մէջ, 750 հազարէն մէկ միլիոն հայ կայ։ Անոնցմէ քանի մը հազարը՝ կուսակցութիւններուն կը հետեւին, քանի մը հազար՝ Բարեգործականին, քանի մը տասնեակ հազար ալ՝ եկեղեցիին։ Եթէ գումարես, 700 հազարէն՝ թերեւս 100 հազարը մօտէն կը հետեւի այս ղեկավարներուն։ 5-6 հարիւր հազարը՝ ո՛չ ղեկավար կը ճանչնայ, ո՛չ ալ կը հետեւի։ Չեմ գիտեր Ֆրանսայի մէջ ինչպէս է
Հ. Աւելի քիչ թերեւս։
Պ. Չեմ արհամարհեր ես մեր ազգին ղեկավարները։ Իր ամբողջ կեանքը հայրս այդ դասակարգին մէջ գործունեայ մտաւորական մը եղած է։ Մայրս Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան գլխաւոր քարտուղարը եղած է։ Բարձր կը գնահատեմ իրենց գործունէութիւնը, բայց նաեւ յստակ է, որ ազգի փոքր հատուած մը միայն  իրենց ծառայած կազմակերպութիւններուն կը հետեւէր։  Ամէն հաւաքականութիւններու մօտ այդպէս է, մանաւանդ սակայն սփիւռքներու։ Նոյնիսկ պետութեան մը ղեկավարներու պարագային, քանզի մարդոց մեծամասնութիւնը անգլուխ բաշիբոզուկներու հաւաքածոյ մըն է՝ ամէն տեղ պատմութեան մէջ, եւ անոնք որոնք ղեկավար կը կոչուին՝ ազդեցիկ փոքրամասնութեան մը ղեկավարներն են։ Բայց եթէ ազդեցիկ, քանզի կազմակերպուած եւ ինքզինքը յարգող փոքրամասնութեան մը ղեկավարն ես եւ կը շարժիս լաւ վերլուծուած, մտածուած ձեւով, ապա դեր ունիս կատարելու՝ հաւաքականութեանդ պատմութեան մէջ։  
Հ. Հայաստանի 3րդ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր Հայաստան-Սփիւռք 4 համագումարներ կայացան։ Ինչպէ՞ս կը վերլուծէք, կը գնահատէք այս յարաբերութիւնները՝ համաժողովներուն լոյսին տակ։
Պ. Շատերու նման՝ ես ալ որոշ խանդավառութեամբ մը մասնակցեցայ երկու հատին։ Առաջինին օրակարգին մէկ կարեւոր մասը գրուեցաւ սփիւռքահայ 9 մտաւորական-ակադեմականներու կողմէ, որոնց կազմակերպողը ես էի, եւ ասիկա եղաւ Արտաքին Գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի առաջարկով։ Արդիւ՞նք։ Շատ փոքր։ Եթէ ստիպուիմ գնահատել, պիտի ըսեմ, որ թիւ մէկ՝ Սփիւռքը այնքան միասնականութիւն եւ կազմակերպութիւն չունի, որպէսզի կարենայ ըսել, որ «մենք ներկայ եղանք իբրեւ համարկուած ուժ ներկայացնող Սփիւռք մը»։ Հայաստանի պետութիւնն ալ այնքան ձեռներէցութիւն չունի եւ վստահութիւն չի ներշնչեր, որ կարենայ ըսել՝ «մենք, իբրեւ միանպատակ պետութիւն, կ'աշխատինք Սփիւռքին հետ»։ Ճիշդ է, Սփիւռքի նախարարութիւն կայ հիմա, բայց ան չի կրնար իրագործել այն, որուն արգելք կ՚ըլլայ Հայկական պետութեան որակը, անոր ներշնչած անվստահութիւնը։
Այս հարցին ամենէն արդար արժեւորումը Պետրոս Թերզեանինն էՀայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ - «Ն.Յ.»), զոր ան կատարեց երբ այնքան լաւ խօսեցաւ՝ կարճ եւ ազդու, կարծեմ՝ երրորդ համագումարին։ Ներկայ էի, ունկնդրեցի, թուականը չեմ յիշեր, բայց իր տպաւորիչ խօսքը կը յիշեմ։ Թերզեան ըսաւ. «Տարիներ աշխատեցանք, մինչեւ որ Ֆրանսահայերուն 14,5 տոկոսը դրամական նուիրատւութիւն ըրաւ "Հայաստան" հիմնադրամին։ Եթէ կ'ակնկալէք, որ այդ տոկոսը աճի, ապա Հայաստան պէտք է ունենայ պետութիւն մը որ ամէն մակարդակի վրայ աւելի վստահութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչէ Սփիւռքին»։ Որքան ատեն որ այդ պետութիւնը չկայ դեռ, Սփիւռքը պիտի չկարողանայ լիովին իրականացնել իր կարողականութիւնը, potential-ը։ Հայութեա՛ն կարողականութիւնը։
Հ. Իսկ այս համաժողովներէն դուրս՝ իրական շփումները դիտարկելով, ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել։
Պ. Յաճախ երբ հարց կու տամ, թէ ո՞ր շփումները արդիւնաւէտ եղած են, նոյն լուծումը կ՚առաջարկուի սրտցաւ ու ծառայել ուզող, բան մը ընել ուզող եւ փորձառութիւն ունեցող սփիւռքահայերու կողմէ. «Գտէ՛ք պզտիկ կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚օգնեն հայաստանեան փոքր, տեղական բնոյթ ունեցող կազմակերպութիւններու՝ որբանոցի մը, տպարանի մը, ջրատարի պէտք ունեցող գիւղի մը, եւլն. անո՛նց օգնեցէ՛ք։ Եւ անշուշտ՝ շարունակեցէք օգնել  անձերու, ազգականներու»։ Կը հաւատան, որ այս տեսակ օգնութիւն աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, քան պետական հաստատութիւններուն կամ անոնց միջոցաւ փոխանցուած, տրուած օժանդակութիւնը։ Բայց եթէ այդպէս է, եւ յաճախ է՛, ցաւալի է։ Անշուշտ ըսել չեմ ուզեր թէ այս գիւղին ջրատար հայթայթել, այդ որբանոցին հագուստեղէն, այդ դպրոցին համակարգիչ, մանր կամ սխալ գործունէութիւն է։ Երբեք։ Նմանապէս, երանի՜ աւելի շատ չմիջնորդուած գործակցութիւն տեղի ունենար վստահելի սփիւռքեան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու (NGO) եւ հայաստանեան նմաններու միջեւ, սակայն հոն ալ վստահութեան նոյն խնդիրը, հարցը կայ։ Հայաստանեան NGO-ներու որակը շատ անհաւասար է, մէկ մեծ մասը, ցաւօք, անձի մը փառասիրութեան կը ծառայեն. մանրամասն պէտք է ուսումնասիրել, վստահօրեն գիտնալու համար իսկապէս գործ կ'ընե՞ն, թէ անձի մը շահերուն կը ծառայեն։ Դժուար է։ Եւ յետոյ էն կարեւորն այն է որ կան ծրագիրներ որոնք անպայման պէտք է իրագործուին, ինչպէս օրինակ Երեւան-Ստեփանակերտ ճամբու եւ Արցախի հիւսիս-հարաւ ճամբու շինութիւնները, անոնք կը պահանջեն «Հայաստան» Հիմնադրամի չափանիշով կազմակերպչական գործունէութիւն։ Անձնական եւ փոքր կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւնները շատ կարեւոր կը նկատեմ, բայց ի վերջոյ թէ՛ մեծ կազմակերպութիւններ ու իրենց նախաձեռնութիւնները, թէ՛ ալ վստահելի պետութիւն, անփոխարինելի են։  Համազգային ծրագիրներ համասփիւռքեան գործունէութիւն պիտի պարտադրեն ի վերջոյ, որքան ալ արժէքաւոր ըլլան, կրկնեմ, աւելի փոքր մակարդակի անձնական եւ մանր կազմակերպչական նախաձեռնութիւններ։

Հ. Անդրազգային համայնք մը կամ գաղութ մը ինչպէ՞ս կը կազմուի եւ կը գոյատեւէ։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պոլսահայութիւնը անդրազգայի՞ն էր, կամ նորջուղայեցիները անդրազգային համայնք էր։
Պ. Պատասխանել կը սկսիմ ըսելով որ Սփիւռք բառն ու գաղափարը ստեղծուած են արդէն յոյներու եւ հրեաներու կողմէ՝ Աղեքսանդրիոյ մէջ, Ք.Ա. 275ին. diaspora բառը հոնկէ կու գայ։ Յունարէն բառ մըն է, որ կը գործածուի՝ հրեաները նկարագրելու համար։ Այնպէս որ, «սփիւռք»ը 2300 տարեկան բառ է։ «Անդրազգային» բառը կը հնարուի 1967ին եւ ընդհանուր գործածութիւն կը ստանայ միայն 1991էն ի վեր՝ ճիշդ նոյն տարին, որ այս պարբերականը ("Diaspora") սկսաւ հրատարակուիլ։ Արդէն անոր ենթախորագրային անունն է «Journal of Transnational Studies», այսինքն անդրազգային ուսումնասիրութիւններու պարբերաթերթ։
Արեւմտահայութիւնը Սփիւռք է։ Ռուսաստանի հայութիւնը՝ անդրազգային է, բայց դեռ սփիւռք չէ։ Երբ մարդիկ նոր կը ցրուին հայրենիքէն, ցրօնք են, մեկնած հայրենիքէն՝ որովհետեւ անտանելի է կեանքը իրենց համար հայրենիքին մէջ, բայց ժամանակակից գիտական հասկացողութեամբ դեռ իսկական հասուն սփիւռք չեն, թէեւ սփռուած են ի սփիւռս աշխարհի։ Երկու, թերեւս երեք անդրազգային սերունդ կրնան  կապ մը պահել իրենց  հայրենիք մնացած ընտանիքին հետ, մօտաւոր ու հեռաւոր ազգականներուն հետ։  Զանոնք  անդրազգային կը կոչենք, քանի որ ազգ-պետութիւններու սահմաններէն անդին կ'ապրին, բայց զիրենք  դեռ հայրենիքին  սերտ կապող, օղակ հանդիսացող ազդակներ կան, ի զօրու ենանձնական փորձառութեամբ ճանաչումի զգացական ազդակներ։  Երբ այդ ընտանեկան ու անձնական փորձառութեան կապերը ժամանակի անցնելու պատճառաւ քայքայուին, երբ գաղթող սերունդը եւ անոր  յաջորդողներու սերունդն ալ մահացած են, եթէ երրորդ եւ անոր յաջորդող սերունդներուն մօտ  տակաւին իբրեւ հաւաքականութիւն գոյատեւելու փափաքը կայ, եւ նոր կամ նորոգուող  ինքնութիւն մը ստեղծուած է, կառոյցներ կը ստեղծուին՝ զայն պահելու համար, այն ատեն է որ իսկական սփիւռքը գոյացած է։
Այսինքն՝ «անդրազգային»ը անցումի գաղթականական հանգրուան մըն է՝ ցրւումէն մինչեւ սփիւռք։ Օրինակի համար՝ Ռուսաստանի մէջ այսօր 900 հազար հայ կայ, որ վերջին տարիներուն հեռացած է Հայաստանէն։ Անոնք տակաւին սփիւռք չեն, նոր ցրօնք մըն են որ կրնայ սփիւռքի վերածուիլ կամ ոչ։ Իսկական սփիւռքը՝ անձնական կապերու խզում-աւարտէն ետք յարատեւող, պահպանուող՝ կազմակերպուած հաւաքականութիւնն է։ Անդրազգայինի պարագային՝ հակառակ որ պետութեան սահմաններ կը բաժնեն քեզ քու հարազատներէն, ինչպէս քսան տարի առաջ Գիւմրիէն Քրասնոտար գաղթած հայու պարագային, դեռ գոյութիւն ունի «անդրազգային ընկերային դաշտ» մը (transnational social field), որուն ծիրէն ներս կը մտածեն տարբեր երկիրներու մէջ բնակող անձնաւորութիւններ։
Հասուն Սփիւռքը այդպէս չէ։ Եթէ անձ մը, ըսենք ես, իբրեւ սփիւռքահայ, Հայաստանի մասին կը մտածեմ, ոչ թէ անոր համար է, որ ազգականներ ունիմ հոն (ունի՛մ), այլ որովհետեւ ծնողքիս կողմէ եւ հաւաքականութեանս կողմէ թրծուած եմ, որոշ հասկացողութիւն ունիմ, թէ ինչ կը նշանակէ սփիւռքահայ ըլլալ, ըլլալ անձ մը որ միայն անձնական կապ  չունենալով հանդերձ՝ զօրաւոր զգացական ու նաեւ հաւաքական կապ ունի հայրենիքին հետ։ Անդրազգայնութիւնը այդ փոխանցումի շրջանն է, երբ որ ցրօնքը տակաւին կը մտածէ իր ազգականներու, իր ընտանիքի մասին, որոնք կը մնան հայրենիքի մէջ։ Անդրազգայնութեան խամրելէն ետք, ազգի հասկացողութեան, ազգային մշակոյթի, զգացումի եւ մտածողութեան միջոցաւ ստեղծուող կապերն ու նորոգուող ինքնութիւններն են որ կը ստեղծեն ու կը պահեն յաւէտ վերանորոգուելու հրամայականին տակ գործող սփիւռքները։
Պոլսոյ հարցին բոլորովին տարբեր ձեւով պէտք է պատասխանել։ Ըլլա՛յ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, ըլլա՛յ այսօր, պոլսահայը կ՛ապրի իր նախնիներու հայրենիքէն դուրս, եւ ուրեմն այն ամենէն նախնական սահմանումով սփիւռք է։ Բայց ան Օսմանեան կայսրութեան կամ թրքական հանրապետութեան հպատակ է, եւ եթէ իրեն արտօնուէր Թուրքիոյ թուրք քաղաքացիի մը նման Վան կամ Մուշ հաստատուիլ, ապա սփիւռքահայ պիտի չսեպուէր։ Ուրեմն որոշ օրէնքի մը կիրարկումն է որ զինք «կը սփիւռքացնէ», սահմանափակ առումով։ Գիտականօրէն, inter-ի եւ intra-յի, interstate-ի եւ intrastate-ի տարբերութիւնն է։ Երբ պետութեան մը սահմաններէն դուրս կ՚ապրի սփիւռք մը, interstate կամ միջպետական սփիւռք է, իսկ երբ կ՚ապրի այն կայսրութեան սահմաններուն մէջ որ իր հայրենի հողին կը տիրապետէ, բայց ինք այդ հողէն դուրս կը բնակի, ինչպէս տարօնցին կամ վասպուրականցին որոնք Պոլիս կը բնակէին, կամ սիւնեցին ու շիրակեցին որոնք Թիֆլիս ու Մոսկուա կը բնակէին, ապա intrastate, ներպետական սփիւռք է։
Բայց գիտական մանրամասնութիւնները որոշ իրաւական եւ կամ էութենական հարցերու պիտակներ փակցնելով այդ հարցերը չեն լուծեր անպայման, միայն մտաւոր կարգ-կանոն մը կը ստեղծեն, յստակացում մը, ինչպէս այս պարագային։ Բուն հարցը տարբեր է։ Պոլսոյ մէջ փուռ մը Հայեր ապրած են Բիւզանդական կայսրութեան օրերէն ի վեր, անոնց թիւը աճած է 1461էն ի վեր, իսկ 1715էն ետք, շատ աւելի արագ։ Որոշ ընտանիքներու նախնեաց «հայրենիք»ը Ակն ու Սեբաստիա էր, սակայն երկու հարիւր տարիէ ի վեր  իրենց տունը կրնայ Պոլիսը եղած ըլլալ։ Ի՞նչ են տարբերութիւնները տուն եւ հայրենիք յղացքներուն միջեւ։ Ասոնք բարդ հարցեր են որոնց իմաստներուն շուրջ գիտական համաձայնութիւն չկայ։  
(Շար. 2 եւ վերջ)
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 4, 6, 9 եւ 11, 2012 

No comments:

Post a Comment