6.10.12

Արդէն ժամանակը հասած է



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարը մտած է իր վճռական փուլին մէջ։ Արդէն ժամանակը հասած է, որպէսզի ժողովրդային քուէն որոշէ, թէ նախագահ Օպամա պիտի վերընտրուի՞, կա՞մ ոչ։  Թէեւ շարք մը նահանգներու մէջ արդէն սկսած է քուէարկութիւնը, ընտրութիւններու բուն ու վճռական օրը Նոյեմբեր 6ն է։
Բնականաբար, արդէն սկսած է նաեւ քառամեայ «խաղը», որ կը միտի թելադրել, թէ ամերիկահայերը ո՞ր մէկ թեկնածուին «պէտք է» քուէարկեն, ըստ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու խոստումին կամ յաճախականութեան։
Յիշենք, որ 2000ին Ճորճ Ու. Պուշ՝ համալսարանի երկու հայ դասընկերներու ուղղուած նամակի մը մէջ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունելու իր բացայայտ տրամադրութիւնը ցոյց տուած էր։ Մնացեալը ծանօթ պատմութիւն է։
Յիշենք նաեւ, որ 2008ին Պարաք Օպամա հրապարակաւ յայտնած էր, որ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» բառերը պիտի գործածէր։  Մնացեալը իբրեւ թէ «ծանօթ» պատմութիւն է։
2009-2012ին հրապարակած իր ապրիլեան իրերայաջորդ պատգամներուն մէջ, Օպամա գործածած է «Մեծ Եղեռն» բառակապակցութիւնը՝ հայերէնով, առանց թարգմանելու։ Չորս տարիներու ընթացքին, ան պախարակուած է այդ բառակապակցութեան գործածութեան համար՝ փոխան «ցեղասպանութիւն» բառին։ Ա՛յն աստիճանին, որ հայագիր մամուլը հասած է անհեթեթ կացութեան մը, ստիպուելով խորագրել՝ «Օպամա դարձեալ “ցեղասպանութիւն” եզրէն խուսափելով օգտագործեց “Մեծ Եղեռն” եզրը»։ Անհեթեթ, երբ նման խորագիր օգտագործող թերթը եւ իր բոլոր պաշտօնակիցները՝ առանց գաղափարական խտրութեան, հարիւրաւոր անգամ կ՚օգտագործեն թէ՛ «ցեղասպանութիւն» եւ թէ՛ «Մեծ Եղեռն» բառերը փոխն ի փոխ։ Եւ բոլորս ալ գիտակից ենք, թէ հայերէն իմացող ոեւէ անձ պիտի չխորհէր թերթ մը կամ յօդուածագիր մը պախարակել՝ նման գործածութեան համար։
Կ՚արժէ նշել, թէ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը նամակներ յղած է նախագահ Օպամային (Օգոստոս 15, 2012) եւ ընդդիմադիր թեկնածու Միթ Ռոմնիին (Օգոստոս 17, 2012)՝ հայկական նիւթերու շուրջ հանդիպում ունենալու ամերիկահայ համայնքին հետ։ Տեղեակ չենք, թէ այս նամակները որեւէ արձագանգի արժանացած ըլլան։
Արդ, Սեպտեմբեր 29ին, PolicyMic առցանց լրահարթակին (online news platform) մէջ (www.policymic.com) հրապարակուած է լրագրող Հայկարամ Նահապետեանի յօդուածը, ուր ան համառօտ կերպով կ՚անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին՝ ցեղասպանութեան ճանաչման հանդէպ։ Եզրափակիչ պարբերութիւններուն մէջ, Օպամայի «Մեծ Եղեռն»ի գործածութեան մասին գրելէ ետք, ան կ՚աւելցնէ.
«Օպամա ձեռնհաս խորհրդատուներ ունի. “Մեծ Եղեռն” ցեղասպանութեան հայերէն համազօրն է, ճիշդ ինչպէս եբրայերէն «Շոա» հրէական Ողջակէզին կը համապատասխանէ։ Պարաք Օպամա շատ մօտ եղած է ընելէ այն ինչ որ ԱՄՆի ուրիշ նախագահ արդէն ըրած էր շուրջ երեք տասնամեակ առաջ»։
Ակնարկելով 1981ին Շոայի յիշատակման առիթով Ռոնըլտ Ռեկընի հրապարակուած հռչակագրի մը, ուր ան նշած էր հայկական եւ գամպոճական ցեղասպանութիւնները որպէս նախընթացներ, յօդուածագիրը միեւնոյն ատեն հետաքրքրական յարակարծիքի (paradoxe) մը կը մատնուի, որ բնորոշ է այս նիւթին անդրադարձած ամերիկահայ հրապարակագիրներուն անխտիր։ Արդարեւ, եթէ «Մեծ Եղեռն» ցեղասպանութեան հայերէն համազօրն է, ուրեմն կը նշանակէ, որ Օպամա ընդունած է ցեղասպանութիւնը։ Բայց նման չընդունուիր, ուրեմն կը նշանակէ, որ «Մեծ Եղեռն» գործածող հայը ցեղասպանութի՞ւն կ՚ըսէ, իսկ գործածող օտարը՝ ո՞չ։
Այս նիւթին անդրադարձած ենք անցեալին (տե՛ս «Նոր Յառաջ», Մայիս 24, 2011) եւ կը յուսանք, որ ապագային առիթը կ՚ունենանք լայն ու սպառիչ կերպով ցոյց տալու, թէ ինչպէ՛ս մեր ամենագէտ հրապարակագիրները տասնամեակէ մը ի վեր տգիտաբար աղմկած են «Մեծ Եղեռն» բառին գործածութեան շուրջ՝ զայն տեսակ մը հայհոյանքի վերածելու աստիճանին, միաժամանակ թրքական ժխտողական քարոզչութեան նենգամիտ ծուղակին մէջ իյնալով։ Անհասկնալի պատճառներով, հայերէն իմացող եւ չիմացող ամերիկահայ գրիչներն ու մամուլը զանազան առիթներով կրկնած են այն անհիմն պնդումը, թէ «եղեռն» բառը կը նշանակէ “calamity” («աղէտ»), այդպէսով բառը պարպելով իր իրաւական իմաստէն, առանց մէկ անգամ իսկ հայերէն-անգլերէն բառարանի մը դիմելու։ Ահա թէ ինչու Նահապետեան իր յօդուածին վերջաւորութեան պնդած է՝ բոլորովին հիմնազուրկ կերպով.
«Ի վերջոյ, “Մեծ Եղեռն” անիմաստ է ամերիկացիներու մեծամասնութեան համար, եւ դատական իմաստ մը չունի»։
Մարդ կրնայ հարց տալ, թէ արդեօք «Շոա» բառը իմաստ ունի՞ամերիկացիներու մեծամասնութեան համար (Ամերիկայի մէջ տակաւին մեծաւ մասամբ “Holocaust” կը գործածեն, թէեւ “Shoah” սկսած է կիրարկուիլ որոշ ակադեմական շրջանակներու մէջ)։ Բայց մանաւանդ կարելի է հարց տալ, թէ ե՞րբ «եղեռն» բառը դատական իմաստ ունենալէ դադրած է։ Եթէ «եղեռն» = «ոճիր» իմաստը բաւարար չէ, հապա ի՞նչ է «եղեռնագործ» մը։ Իսկ «եղեռնադատ ատեա՞ն» մը (ճիշդ է՝ միայն արեւտահայերէնի մէջ)։   
Նման պնդողներու շարքին է ամերիկահայ յայտնի հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը, որ 2005-2012ին գէթ տասնեակ մը առիթներով իր յօդուածները լեցուցած է «Մեծ Եղեռն» = «Մեծ Աղէտ» հաւասարութեամբ։ Ճի՛շդ այն մէկը, որ գիշեր ու ցերեկ կը կրկնուի թուրք մամուլին ու հանրային գործիչներուն կողմէ, սկսելով 2008ի «ներողութիւն խնդրելու» առցանց ստորագրահաւաքէն։ Ու այդպէսով,  «բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ» (Շ. Շահնուր), ջուր լեցուցած է թրքական խեղաթիւրման եւ մեղմախօսութեան (euphemisme) ջաղացքին։
Սասունեան, որ 2009-2012ին Օպամայի իւրաքանչիւր ապրիլեան պատգամ պախարակողներու առաջին շարքին վրայ գտնուած է, նաեւ լեզուական դասեր տալով անոր, թէ «Մեծ Եղեռն կը նշանակէ Մեծ Աղէտ եւ ո՛չ թէ ցեղասպանութիւն» (“Huffington Post”, Ապրիլ 28, 2009), Հ. Նահապետեանին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Նախագահ Օպամա շուրջ 30 օր ունի, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը գործադրէ։ Այլապէս, ամերիկահայերը յօգուտ իրեն պիտի չքուէարկեն երկրորդ շրջանի մը համար»։
Մեր քաղաքական տկար ըմբռնողութիւնը տակաւին չէ կրցած հասկնալ, թէ մեծապատիւ յօդուածագիրը՝
1) Արդեօք որեւէ հարցախոյզ կատարա՞ծ է՝ փաստելու համար, որ ամերիկահայերը Օպամային պիտի չքուէարկեն։
2) Արդեօք կը կարծէ, որ Օպամա ու իր շրջապատը պիտի հաւատա՞ն նման «վերջնագրի» սպառնալիքին։
Ամենէն աւելին, մեզի համար անհասկնալի է այլընտրանքը։ Աւելի քան չորս տարի առաջ, նոյնինքն Սասունեանը գրած էր («Ասպարէզ», Փետրուար 8, 2008), թէ Միթ Ռոմնի՝ Մէսէչուսէցի նահանգապետի իր քառամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին (2002-2006), չորս անգամ հայկական հարցերու վերաբերեալ հռչակագիրներ հրապարակած էր, որոնցմէ առաջին երեքին մէջ յիշած էր «Հայկական Ցեղասպանութիւն» բառերը, իսկ չորրոդին մէջ՝ ոչ։ Իսկ 2008ի ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածութեան համար մղած իր ձախող ընտրապայքարին խուսափած էր հայկական հարցերու շուրջ յայտարարութիւն ընելէ։ 
Սպաներէն լեզուն նման պարագաներու ասացուածք մը ունի՝ «Ձեռքով գրուածը արմուկով ջնջել»։ Արդեօք յօդուածագիրը, մոռնալով չորս տարի առաջ իր ձեռքով գրածը,  կ՚ակնկալէ, որ հանրապետական թեկնածուն «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու հապճեպ խոստո՞ւմ մը տայ, որպէսզի ամերիկահայերը վազեն անոր ընծայելու իրենց քուէն։ 
Ճիշդ է, երեսուն տարի է, որ տարբեր բան չեն ըրած։ Բայց արդէն ժամանակը հասած չէ՞, որ դադրին միամիտ ըլլալէ։
Աւելի՛ն. արդէն ժամանակը հասած չէ՞, որ մեր քաղաքական ինքնահռչակ խօսնակները դադրին իրենք զիրենք լիազօրելէ՝ ամբողջ գաղութի մը, ամբողջ Սփիւռքի կամ ամբողջ հայութեան անունով խօսելու յաւակնութեամբ։

«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 6, 2012

No comments:

Post a Comment