19.11.12

Նշմարներ Հալէպի առօրեայէն (Դ.)

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Թիփի բորան մութ գիշերին,
Պըտըտում էր ֆետային,
Փամփուշտները խաչկապ կապած,
Հրացաններ ուսերնին»

Մեր անձնուրաց երիտասարդութեան ձօնուած դիւցազներգութիւն մըն է, որ մեծ խանդավառութեամբ կը մեկնաբանուի խրախճանքներու ընթացքին եւ խարուկահանդէսներու կրակին շուրջ:
Քիչեր են սակայն, որ պատիւն ու բախտը ունեցած են այդ երգին դերակատարները ըլլալու:
Աւելի քան հարիւր քսան տարի առաջ Արեւմտահայաստանի մէջ հայդուկներու սխրանքներէն հմայուած` ժողովուրդին կողմէ հիւսուած են այս եւ այլ երգեր, որ սերունդներու կ՛ուսուցուին աղօթքէն ետք եւ դասերէն առաջ:
«Եկուր մեր թաղը, չորս օրերէ ի վեր ելեկտրական հոսանքը անջատուած է, եւ մութին մէջ դիտէ մեր եաւրիկները»:
Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանին դիմաց ապրող բարեկամուհիս կը հրաւիրէ զիս, աւելի ճիշդը` մահ ու կենաց ճամբայէ մը պէտք է անցնիլ հոն հասնելու համար, իր ցուցմունքներով բաւական կ՛երկարի ապահով փողոցներէ քալելով: Վերջին արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ «Զգո՛ւշ դիմացի մայթէն մեր շէնքի դուռը հասնելու համար կը վազեմ, որպէսզի դիպուկահարին գնդակը վրիպի»:
Կը վերյիշեմ այդ երգերուն հերոս տղաքը, որոնք դրօշարշաւի նման իրենց երթը փոխանցած են Արեւմտահայաստանէն մինչեւ Սարդարապատ ու Զանգեզուր, քսանականներէն մինչեւ եօթանասունականներու վրիժառու բազուկներուն, ապա Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, աւելի վերջ Արցախի հերոսական մարտերուն, այսօր ալ Նոր Գիւղի մեր ժողովուրդին եւ կառոյցներուն պաշտպանութեան առիթով:
Բարեկամուհիս կը շարունակէ յուզումնախառն ձայնով մը. «Ուշ գիշերին, երբ փոխհրաձգութեան շաչիւնները մօտենան, պատշգամ կ՛ելլեմ եւ աղօթելով կը դիտեմ, որ Աստուած պահէ ու փորձանքներէ հեռացնէ մեր երիտասարդները»:
Կը հաւատամ, որ Ամենակալը կը պահպանէ հրեշտականման այս երիտասարդները, որովհետեւ անոնց իտէալը մարդկային ամենազօրաւոր զգացումներէն ծնած է, որն է` «Ծառայել իր ժողովուրդին», այդ սպասարկութիւնը ինքնանպատակ ու անվճար է, որ արդիւնքն է սուրբ երդումի մը որպէս գործադրութիւն:
Աշնանային կլիման արդէն կը պարտադրէ դուռ ու պատուհան գոց ննջելու, այս մէկը կ՛օգնէ գիշերային ռմբակոծումներու ձայները մեղմացնելու եւ աւելի անխռով քնանալու:
Մինչ կը մտաբերեմ պահակ կեցած տղոց կերպարը, ու անոնց մայրերը, որոնք անքուն կ՛աղօթեն իրենց հոգեհատորներուն կեանքին ապահովութեան համար:
«Ախ՜, ֆետայիներ, ջա՛ն ֆետայիներ,
Ձեր մայրերը ձեզ ղուրպան,
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ
Ձեզի լինի օգնական»:
Դէպքերն ու առիթներն են, որ կը վերլուծեն երգերը:
Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ դէպքերու ընդմէջէն է որ հերոսները կը ծնին ու կ՛անմահանան այդ դէպքերու ընթացքին:
Մեծարանքները կ՛ըլլան ազգային գործիչներու, գրագէտներու, բարերարներու, անբասիր կղերականներու, գիտնականներու, կրթական մշակներու, սակայն խոշորագոյն մեծարեալները պէտք է ըլլան մերօրեայ անձնազոհ հայ երիտասարդները:
***

Վերի պատկերը կը կրկնուի մեր թաղը, ուր ամէն օր ականատեսն եմ իրենց հանգիստը եւ տան տաքուկ անկողինը մոռցած այդ տղոց:
Սուլէյմանիէ Վիլլաներու շրջանը, լրիւ քրիստոնէաբնակ եւ հայաշատ, վերջին երեսուն տարիներուն կառուցուած թաղամաս մըն է, որուն մէջտեղի փողոցէն վրայ կը կանգնի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը, որ այս օրերուն իր առաքելութեան խորիմաստ վկան է, ոչ միայն հայ զանգուածին, այլ նաեւ թաղին մէջ ապրող այլ համայնքներուն:
Մօտաւորապէս երկու ամիսներ առաջ, երբ հրասանդի ռումբ մը ինկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմացի շէնքին տանիքը եւ պայթումէն բռնկեցաւ հոն գտնուած վառելանիւթի մթերքը, մինչ ուշ գիշերին հրդեհը կը զօրանար եւ հրշէջները ուշացան, «Ա. Մանուկեան» ժողովրդային տան պահակ տղաքը հրշէջ կազմածներ շալկած` հասան եւ շուտով մարեցին կրակը:
Նման առիթներով տեղացիները կը սքանչանան մեր տղոց արիութեան:
Հակառակ որ Սալիպէի շրջանը անապահով եւ բախումներու սահման է, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան սրբազանը չէ լքած իր բնակարանը, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մերձակայ Ազգային առաջնորդարանի շէնքին մէջ, սակայն իր գրասենեակը ժամանակաւորապէս փոխադրած է Վիլլաներու շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուած թաղականութեան դահլիճը, եկեղեցւոյ ներքնամասի սրահը ու յարակից բաժինները կը ծառայեն նպաստներու բաժանման ու դասաւորման աշխատանքին եւ տագնապէն ծնունդ առած յանձնախումբերու գործունէութեան որպէս կեդրոն:
Ս. Աստուածածինը ներկայիս միակ եկեղեցին է, ուր Ս. Պսակի խորհուրդներ եւ թաղմանական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան, այս եռուն եւ տիւ ու գիշեր տագնապի կեդրոններէն մէկը դասուած եկեղեցիին անմիջական հսկողութիւնը եւ պաշտպանութիւնը վստահուած է թաղի անձնազոհ երիտասարդներուն:
Ականուած ինքնաշարժներու եւ օտարամուտ կասկածելի տարրերու վտանգէն պաշտպանելու համար մեր տղաքը իրենց ինքնաշարժները շարժական անցարգելի վերածելով` փակած են եկեղեցւոյ փողոցը հասցնող քովնտի ճամբաները, անոնք աչալուրջ կը հսկեն թաղին մէջ որեւէ երեւոյթի:
Թաղեցիները գիտակցելով կացութեան, գոհ ըլլալով ապահով վիճակէն` մեծ գովեստով  կը խօսին այդ երիտասարդներուն մասին: Անհեռատես եւ շփացած անհատներու ալ կը հանդիպինք երբեմն, որոնք այս ծառայութիւնը գնահատելու եւ իրենց ապահովութեան հսկող անհատներուն շնորհակալութիւն յայտնելու փոխան` դժգոհութեամբ կ՛արտայայտուին իրենց ինքնաշարժները տունէն: Քիչ մը հեռու պահելու վիճակէն, կը պատահի նաեւ, որ կոպիտ արտայայտութիւններ ալ ունենան կամ ճարպիկութեամբ մը մուտք գործելու փորձեր ընեն:
Հոս է, որ մեր տղաքը կը սքանչացնեն մեզի իրենց կեցուածքներով ու վարքով` այդ ընթացքները փոխադարձելով կիրթ պատասխաններով, բացատրելով կացութիւնը եւ խնդրելով հասկնալ վիճակը, պահ մը կը կարծենք, թէ պատերազմական մթնոլորտի մէջ չենք գտնուիր, այլ` ուսուցիչի մը քով կեցած, որ աշակերտը կը դաստիարակէ:
Կ՛եզրակացնենք, թէ մեր ժողովուրդէն ոմանք կրթութեան պէտք ունին` այս փոքր տեսարաններու վկայութեամբ:
Մեր երիտասարդները մեր թաղի պարծանքն են ամէն օր:
Պատմական զուգահեռ հանգրուաններու դէմ յանդիման կը գտնուինք իննսուն տարիներու տարբերութեամբ:
1922 Կ. Պոլիս – 2012 Հալէպ: Դերակատարները` խուճապի մատնուած հայեր, միջոցը` հայկական անցագիր, ուղղութիւնը` արտասահման:
Սփիւռքահայերու` յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Երրորդ Աշխարհի հայկական գաղթօճախներու հայութեան երազն էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը:
Այդ տեսիլքը իրականութիւն դարձաւ հայրենի իշխանութեան պատմական որոշումին շնորհիւ, սփիւռքահայութեան քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին:
Ներկայիս սուրիահայութիւնը հեւքի մը մէջ է Հայաստանի քաղաքացի դառնալու թղթածրարը ամբողջացնելու աշխատանքով, ոմանք հայրենասիրական զգացումներէ մղուած, սակայն մեծ մասամբ` գրպանին մէջ անցագիր մը ունենալու, որ զինք աւելի արագ արտասահման կրնայ հասցնել:
Զարմանալին… Հայկական արմատ ունեցող տեղացի քրիստոնեաներուն պարագան է, որոնք ոչ միայն հեռու են հայ իրականութենէն, այլ մօտիկ անցեալին մեզ «բեկոր հայեր» կ՛անուանէին:
Անոնք այսօր ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն հայկական ծագումի փաստաթուղթ մը ունենալու` Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագիր ստանալու համար:
Վերադառնալով Կ. Պոլիս: Հոն Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիւպատոսարանը գործեց մինչեւ 1922 դեկտեմբեր, ապա փակուեցաւ անգլիական իշխանութեանց հրահանգով, երբ 1922-ի սեպտեմբերին Մուսթաֆա Քեմալ ջախջախեց եւ ծովը թափեց հելլէն բանակը:
Զմիւռնիոյ աղէտը իր անդրադարձը ունեցաւ Կ. Պոլսոյ հայութեան կեանքին վրայ: Ժողովուրդը խուճապի մատնուեցաւ եւ նոր ջարդերու ու տեղահանութեանց սարսափը ապրեցաւ:
Ամէն մարդ կ՛ուզէր ժամ առաջ հեռանալ Կ. Պոլիսէն: Շոգենաւեր, լեփ-լեցուն, փախստականներ կը փոխադրէին:
Միջոցը միեւնոյն էր` Հ. Հանրապետութեան անցագիր:
Մեծ հայրս` Մատթէոս Էպլիղաթեան, որուն անունը կրելու պատիւը ունիմ, 1920 Սեպտեմբեր 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկումի նախօրեակին, կը նշանակուի Կ. Պոլսոյ ընդհ. հիւպատոսի պաշտօնին, դժբախտաբար իր հիմնական պարտականութիւնը կ՛ըլլայ հայկական անցագիր շնորհել Կ. Պոլսոյ եւ մերձակայ շրջաններու հայութեան, որոնք կը փափաքէին անցնիլ արտասահման:
Այդ անցագիրներէն հարիւրաւոր օրինակներ կը գտնուին անհատներու մօտ կամ պահ դրուած են թանգարաններու մէջ, ստացողներու շարքին էին Գէորգ Կառավարենց, Արամ Հայկազ, Նշան Պէշիկթաշլեան, Ճորճ Մարտիկեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Գահիրէի «Յուսաբեր» օրաթերթի աշխատակիցներէն Կայծ Կոկանեան Մատթէոս Էպլիղաթեանի (1881-1960) մահուան առիթով իր մահագրականին մէջ հետեւեալը կը պատմէ.
«Ես ալ այդ խուճապահարներուն մէջ էի: Առաւօտ մը ներկայացայ իրեն` անցագիր մը ուզելու համար:
- Դո՞ւն ալ,- ըսաւ յուզումով:
Անցագիրս յանձնած պահուն աւելցուց.
- Կը կարծէի, որ այս անցագրերը պիտի բաժնէի միայն Հայաստան մեկնողներուն:
Եւ աչքերը խոնաւցան:
Վստահ եմ, որ ընկեր Մատթէոս Էպլիղաթեան մեռաւ այդ ցաւը սրտին»*:
Պատմութիւնը կը յիշէ նաեւ, թէ բռնագրաւեալ Հայաստանի արեւմտեան նահանգներէն բազմաթիւ հայեր այդ ժամանակ անցան Հայաստան, եւ իրենց ներդրումը ունեցան հայրենիքի կերտումին:
Պարագան նոյնը չէ այսօր, սուրիական հայրենիքի շինութեան եւ բարգաւաճումին նպաստած հայորդիներ, երբ Հայաստան կը մեկնին, այլամերժ եւ անհաճոյ վերաբերմունքի կը հանդիպին:
Մաղթենք, որ հայկական անցագրերը ծառայեն Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան բազմացման եւ հայրենիքի ծաղկումին, որպէսզի չցաւին այդ անցագրերը շնորհողներուն սիրտերը:

՚՚՚՚՚* Մէջբերումը քաղուած է «Կեանք մը ազգիս կեանքին մէջ» հատորէն, Մատթէոս Մ. Էպլիղաթեան, Անթիլիաս, 1987:

«Ազդակ», Նոյեմբեր 10, 2012

No comments:

Post a Comment