19.12.12

Հայաստանը՝ «խորհրդային արդիապաշտութեան» եզակի խորհրդանիշ

Անցեալ Նոյեմբերին Վիեննայի Ճարտարապետական Կեդրոնին մէջ բացուած է «Խորհրդային արդիապաշտութիւն 1955-1991. Անյայտ պատմութիւններ» ցուցահանդէսը` նուիրուած խորհրդային ճարտարապետութեան մէջ արդիապաշտ միտումներու արտայայտութեան:
Ցուցահանդէսին յաջորդած է Վիեննայի 19-րդ ճարտարապետական համաժողովը` նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Համաժողովին Հայաստանի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցած է արուեստի քննադատ-համադրող Ռուբէն Արեւշատեանը, որ հետազօտական աշխատանքները սկսած է 2004 թուականին:

Դեկտեմբեր 6ին Երեւանի Ճարտարապետներու Միութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին,  Ռուբէն Արեւշատեանը ըսած է, թէ ճարտարապետական համաժողովին Հայաստանը ներկայացած է որպէս խորհրդային արդիապաշտութեան եզակի խորհրդանիշ։

Հայաստանի պատուիրակութիւնը ունեցած է ամենամեծ տաղաւարներէն մէկը եւ ներկայացուած է 30 ճարտարապետական կոթողներ ` Կասկադի եւ Ծիծեռնակաբերդի համալիրներ, Մարզա-համերգային համալիր, «Առագաստ» սրճարան, «Մոսկուա» կինոթատրոնի ամառնային դահլիճ, «Սունդուկեան» թատրոն, «Ռոսիա» կինոթատրոն, «Հրազդան» մարզադաշտ, Լենինականի դրամատիկական թատրոն, Սարդարապատի ազգագրութեան թանգարան եւ այլն:
«Ցուցահանդէսի արդիւնքում հրատարակուեց "Սովետական մոդեռնիզմ" կատալոգը, որի շապիկին ճարտարապետ Գէորգ Քոչարի նախագծով խորհրդային տարիներին կառուցուած Հայաստանի Գրողների Միութեան Սեւանի հանգստեան տունն է, որը մեր երկրում դեռեւս ընդգրկուած չէ պատմական յուշարձանների ցուցակում»,- ըսած է Ռուբէն Արեւշատեանը:
Համաժողովի աւարտին ընդունած է բանաձեւ մը, որ ուղղուած  է առաջին հերթին նախկին խորհրդային պետութիւններու իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան համապատասխան կառոյցներուն, ԻՒՆԵՍՔՈյին եւ ICOMOSին` խորհրդային  արդիապաշտութեան նմոյշները պահպանելու, առանց ձեւափոխութիւններու վերականգնելու եւ պատմական յուշարձաններու շարքին ընդգրկելու նպատակով:
«Խորհրդային Միութեան փլուզմանը յաջորդեց սովետական ժառանգութեան թերարժեւորումը, ինչը յանգեցրեց  մշակութային մեծ աղէտի: Առաջին հերթին դա բացասաբար անդրադարձաւ ճարտարապետական կոթողների վրայ: Այդ տարիներին կառուցուած շէնքերը ինտենսիւ կերպով սկսեցին կորցնել իրենց կերպարանքը: Բազմաթիւ շինութիւններ պարզապէս ոչնչացուեցին: Դրա լաւագոյն օրինակը Երիտասարդութեան պալատն էր, որն անգութ կերպով քանդուեց: Այն ոչ միայն Խորհրդային Հայաստանի եզակի ճարտարապետական խորհրդանիշ էր, այլ նաեւ Խորհրդային Միութեան մոդեռնիստական ճարտարապետութեան բացառիկ արտացոլում» - յայտնած է Ռուբէն Արեւշատեանը:
«Մեդիամաքս», Դեկտեմբեր 6, 2012

No comments:

Post a Comment