26.12.12

Սուրիահայերը միջո՞ց են Թուրքիոյ համար

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ

Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Նոյեմբեր 26-ին հանդէս եկած էր սուրիահայերուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու առաջարկով: Այս նախաձեռնութեան առիթով տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կարծես կ՚ուրուագծուի ճանապարհային քարտէս մը, որ կ՚ուղենշէ, թէ Թուրքիա յառաջիկայ քանի մը տարիներուն իր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ հաստատէ հայութեան հետ:
Թրքահայերէ բաղկացած բարեգործներու խումբը` Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, հանդիպած է Թուրքիոյ պետական պաշտօնեաներու հետ: Վերջինները վստահեցուցած են հայկական պատուիրակութեան, թէ հայ համայնքին հանգանակած օգնութիւնը Կարմիր Մահիկի միջոցով պիտի ուղարկուի Սուրիոյ հայերուն:
Եկէք անդրադառնանք վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական` բուն սուրիական հակամարտութենէն դուրս խնդիրներուն, մասնաւորապէս` հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն: Սուրիահայերուն օգնութիւն տրամադրելու վերոյիշեալ տեղեկութեան մէջ կ’արտացոլուի, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս կրնան ազդել Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան այլ ուղղութիւններու վրայ:
Նախ եւ առաջ, Թուրքիոյ հայերը եւ Եւրոպայի հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւնները Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան օգնութեան ձեռք մեկնելու հարցով քիչ մը ուշացած են: Դժբախտաբար, այս հարցով ամենավերջին «արթնցող»ը Սփիւռքը եղաւ:
Հնարաւոր է, որ աշխարհի չորս կողմը սփռուած հայութիւնը սուրիահայերուն օգնութեան ձեռք մեկնելու գործին մէջ Հայաստանէն ալ ուշացած է:
Կ’ըսեմ` հնարաւոր է, որովհետեւ տնտեսական տկար հնարաւորութիւններ եւ տարածք ունեցող Հայաստանը, համաձայնելով օդանաւերը Էրզրումի մէջ իջեցնելուն, օգնութիւն ուղարկած է:
Յանուն մարդասիրական օգնութեան, Դաշնակցութիւնը՝ մէկ կողմ ձգած քաղաքական նպատակայարմարութիւնը, ինչպէս նաեւ նշանակութիւն չտալով այն հանգամանքին, որ Թուրքիան օդանաւի բեռը պիտի ստուգէ՝ օգնութիւնը ուղարկած է Սուրիա:
Սակայն, սուրիահայերուն օգնելու նպատակով նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Թուրքիոյ հայ համայնքի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումները լրատուամիջոցներէն, մասնաւորապէս` հասարակական կարծիքէն գաղտնի պահելը, եւ յարմար պահուն միայն Պոլսոյ պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածելը այդ մասին, կը վկայէ, որ գործ ունինք շատ զգայուն հարցերու հետ:
Թուրք լրագրող Մուրատ Սապունճի՝ T24-ի մէջ գրած յօդուածի մէջ, գուցէ առանց հասկնալու, վերոյիշեալ զգայուն հարցերը գաղտնազերծած է:
Հանդիպման վայրը կարեւոր է` նախագահական նստավայր: Առաջին հանդիպումը նախագահի խորհրդական Ահմեթ Սեվերի հետ էր, երկրորդը` յաջորդ օրը, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ: Վերջինս ուշադրութեամբ կը լսէ հիւրերու ըսածները, գրառումներ կը կատարէ, արտաքին գործերու նախարարութեան հետ կապ կը հաստատէ: Կիւլ կ’ըսէ. «Խօսքը մարդկային կեանքի մասին է, եւ ես կ’ընեմ հնարաւոր ամէն բան: Ասիկա քաղաքական շահարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ»։
Մուրատ Սապունճիի այս յօդուածին լայնօրէն չտարածուիլը թրքական մամուլի մէջ գուցէ այն պատճառով էր, որ Թուրքիոյ ներքաղաքական օրակարգը յագեցած էր: Սակայն յաջորդ օրն իսկ, Սապունճին հեռատեսիլէն  կրկնած է այն բոլորը, զոր արդէն գրած էր յօդուածին մէջ: Սապունճիի յօդուածէն տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ Թուրքիոյ նախագահը, յատուկ վերաբերում դրսեւորելով, պատրաստ է հալէպահայերուն միւս փախստականներէն աւելի շատ օգնութիւն տրամադրելու:
Ընդհանրապէս Թուրքիա Սուրիայէն եկած բոլոր փախստականներուն այդ օգնութիւնը ցոյց կու տայ: Երկիրը կը տրամադրէ բաւական գումար, մէկ տարուան բնակութեան իրաւունք, նաեւ` աշխատանք փնտռողներուն կը տրամադրէ աշխատանքի երկարաժամկէտ իրաւունք:
Հետեւաբար` այստեղ խօսքը սուրիահայերուն տրուող առաւելութիւններու մասին չէ:
Սապունճիի հետեւեալ արտայայտութիւնը, ըստ էութեան, կ’ամփոփէ ամէն ինչ. «Հալէպահայերը չեն ցանկար, որ իրենց` Թուրքիա գալը ճանապարհ բանայ քաղաքական շահարկումներու»:
Ինծի կը թուի, սակայն, որ այս քայլը քաղաքական շահարկման առիթ պիտի դառնայ:
Մէկ կողմէ` վարչապետի եւ Կիւլի միջեւ աշխարհահայեացքային տարբերութեան մասին լուրերը յաճախ տեղ կը գտնեն մամուլի մէջ, իսկ միւս կողմէ` պէտք չէ մոռնալ, որ կը մօտենան ընտրութիւնները, եւ, բնականաբար, 2015-ը: Ամէն առիթով թրքական մամուլը կը գրէ, թէ հայերը այժմ արդէն 2015-ի համար կը հաւաքեն 80 մլն տոլար, եւ օրակարգի կը բերեն այն հարցը, թէ ինչ պէտք է ձեռնարկէ Թուրքիան:
Կիւլի այս քայլերը աւելի կ’ընդլայնեն Արտաքին Գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` Սփիւռքի սահմանումը: Տաւութօղլու կ’ըսէ. «Թուրքիոյ համար միայն թուրքերը չեն կազմեր թրքական Սփիւռքը, այլ բոլոր անոնք, որոնք այս տարածքներէն գաղթած են»:
Տաւութօղլու կ’ընդգծէ, որ յառաջիկայ տարիներուն կապեր պիտի հաստատեն Անատոլուէն գաղթած բոլոր ժողովուրդներուն` հայերու, հրէաներու, յոյներու, ինչպէս նաեւ Լատինական Ամերիկայի մէջ բնակող ծագումով թուրքերու, եւ Արժանթինի մէջ բնակող արաբներու հետ:
Նշենք, որ սուրիահայերն ալ կը կազմեն Սփիւռքի մէկ մասը, իսկ սուրիահայերուն օգնելու ազդանշանը կը տրուի նախագահական նստավայրի մէջ:
Պէտք է ըսեմ, որ երբեմն ասիկա դաւադրական տեսութիւն կը թուի ինծի։ Յամենայնդէպս, այնքան փորձառութիւն ունիմ հասկնալու, որ այսպիսի դաւադրութիւններ շատ յաճախ կը պատահին այս երկրին մէջ:
Նախ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրողները ամբողջովին Սփիւռք դարձան, յետոյ ընտրութեան իրաւունք ստացան, իսկ այնուհետեւ «մարդասիրական օգնութեան» անուան տակ «ծպտեալ» քաղաքականութիւն սկսան իրականացնել: Այսօր Սուրիոյ տրամադրուող օգնութեան մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իրականացուցած գործողութիւնները 2015-ի Թուրքիոյ` հայկական սփիւռքի նկատմամբ ծրագրած քաղաքականութեան նախաքայլն են:
Չմոռնանք, որ վարչակարգերը կը չէզոքացնեն ընդդիմախօսները եւ անոնց գործած չարիքներէն տուժածները՝ ներգրաւելով իրենց շարքերը: 2011-ի հարաւարեւելեան Թուրքիոյ Ռոպոնճիի շրջանին մէջ տեղի ունեցած կոտորածէն տուժածներուն պաշտօններ տրուեցան պետական հաստատութիւններու մէջ: Ահա այսպիսին է կայսերական Թուրքիոյ համակարգը:
Նոյն կերպ, թրքական պետութիւնը, որ յանցաւոր է հայկական սփիւռքին առջեւ, մեծ ճշմարտութիւնը խոստովանելու փոխարէն` կը շրջանցէ զայն: Ակնյայտ է, որ կանգնած ենք դէմ յանդիման այն նոյն պետական ընկալման, որ չի փոխեր իր դիրքորոշումը:
Կրկին յիշենք Արտաքին Գործոց նախարար Տաւութօղլուի խօսքը. «մենք կը զգանք հայերուն ցաւը: Գոյութիւն չունի հայերուն հետ 1915ին "ոչինչ չէ պատահած" յայտարարութիւն ընող Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար: Ես այդ իրադարձութիւնները Ցեղասպանութիւն չեմ կրնար անուանել, սակայն անիկա մարդու սեփական ընտրութիւնն է»:
Լաւ, եթէ անկեղծ են այս քաղաքական գործիչները, ապա ինչո՞ւ օգնութիւնը Անգարայի մէջ գործող Կարմիր Խաչի կամ Կարմիր Մահիկի միջազգային կազմակերպութիւններուն միջոցով չ’ուղարկուիր:
Ինչո՞ւ Անի քաղաքը դեռ Անը [յուշ] կ’անուանուի:
Ինչո՞ւ Աղթամարը դեռ Աքտամար [սպիտակ երակ] է:
Ինչո՞ւ «Էրկենեքոն» պողոտան Հրանտ Տինքի անունով չէ:
Ինչո՞ւ մեր ցաւը խորհրդանշող որեւէ յուշարձան չկայ Թուրքիոյ մէջ:
Ինչո՞ւ ճանապարհներ կը կառուցուին Անատոլուէն պեղուած հողերու վրայ, ուրկէ հայկական գերեզմանաքարեր կ’ելլեն:
Յոյս ունենանք, որ Թուրքիոյ հայերը այս գործընթացին 2015-ի ճանապարհին իբրեւ աստիճան չեն օգտագործուիր: Երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է սկսիլ անկեղծ եւ ճիշդ խօսքով, ոչ թէ գաղտնի քաղաքական նկատառումներով:

"Radikal", Դեկտեմբեր 13, 2012

No comments:

Post a Comment