28.12.12

Հիմա Արտաքին Գործոց նախարարութեան շէնքը ուղղակի չի ծախուիր, այլ... աճուրդով կը ծախուի

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշած է կառավարական թիւ 2 մասնաշէնք հասցէն գտնուող 14.241,9 քառակուսի մեթր մակերեսով շէնքը (Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը), շինութիւնները եւ անոնց սպասարկման եւ օգտագործման յատկացուած հողամասի պետական բաժնեմասը աճուրդով ծախել։
Գոյքի աճուրդի մեկնարկային գինը սահմանուած է 51.200.000 ամերիկեան տոլար:
Ինչպես կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»ը, Պետական Գոյքի Կառավարման Վարչության պետ Արման Սահակեան այսօր ըսած է, թէ որեւէ իրաւաբանական կամ ֆիզիքական անձ կրնայ մասնակցիլ աճուրդին եւ Արտաքին Գործոց նախարարութեան շէնքը ձեռք բերել:
Ըստ անոր, աճուրդը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ Մարտ 2013: Ըստ աճուրդի պայմաններուն, շէնքը պէտք է դառնայ պանդոկ՝ եւրոպական չափանիշներու համապատասխան, պահպանելով պատմա-մշակութային տեսքը:
Անցեալ Հոկտեմբեր 4ին կառավարութիւնը որոշած էր շէնքը ուղղակի վաճառքի ձեւով ծախել «Տանգօ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան (կեդրոնատեղի՝ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան): Այս հարցը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած էր հանրութեան մէջ:
Սահակեան նշած է, որ կառավարութեան որոշումը պայմանաւորուած է վերջին շրջանին ձեւաւորուած հանրային պահանջով՝ իրականացնել թափանցիկ գործարք(՚*):
Անդրադառնալով «Տանգօ» ընկերութեան, աւելցուցած է, թէ ան չի հրաժարիր գնումէն։ 
«Ընկերութեան հետ կնքելու ենք նախնական պայմանագիր. եթէ աճուրդի արդիւնքում ձեւաւորուի աւելի բարձր գին, ապա կ՚՚՚օտարենք շէնքը այդ գնորդին, եթե ոչ՝ կը շարունակենք բանակցութիւնները "Տանգօ"ի հետ», - պարզաբանած է Սահակեան:
 
-----------------------------------------
(*) Կ՚եզրակացնենք, որ հանրային պահանջը անհրաժեշտ էր՝ թափանցիկ գործարք իրակացնելու համար։ Այլապէս, կառավարութիւնը պիտի չանդրադառնար, թէ գործարքները պէտք է առհասարակ թափանցիկ ըլլան (խմբ. «Հայկականք»ի)։

No comments:

Post a Comment