18.1.13

Ամսական 50 «Գարուն» կը ծախուի

ԳԱՅԱՆԷ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ 

Նախորդ տարի հիմնադրման 50ամեակը նշած «Գարուն» ամսագիրը (*), որ ժամանակին ամբողջովին սպառուող հարիւր հազարանոց տպաքանակով նշանակալի դերակատարութիւն ունէր Հայաստանի ո՛չ միայն գրական-մշակութային, այլեւ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, այսօր կը տպուի 500 օրինակով, որոնցմէ լաւագոյն պարագային կը սպառի 50 օրինակ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ամսագրի վերջին 12 տարիներու խմբագիր Վարուժան Այվազեանը յայտնած է, որ «Գարուն»ը կը գոյատեւէ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յատկացուող տարեկան 2 միլիոն դրամով: Ատիկա կը բաւէ միայն տպագրական ծախսերը հոգալու. ամսագիրը այսօր նոյնիսկ խմբագրակազմ չունի:
«Գարուն»ի նախկին խմբագիր, Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը «Ազատութիւն» կայանին շեշտած է, որ ամսագիրը ժամանակին շատ մեծ դեր խաղացած է գրական ճաշակի ձեւաւորման եւ հասարակական համախմբման գործին մէջ։ Ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն, հաւանաբար, կարելիութիւն պիտի ստեղծուի միջոցներ հայթայթելու եւ կազմակերպելու ամսագրին վերազարթօնքը:

«Ազատութիւն» ռատիոկայան, Յունուար 15, 2013

(*) Այս տեղեկութիւնը սխալ է. «Գարուն» ամսագիրը հիմնուած է 1967ին, ուրեմն նշած է հիմնադրութեան 55ամեակը («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment