9.2.13

Հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեան ոչ եւս է

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Ցաւով իմացանք, որ Հինգշաբթի, Փետրուար 7-ի առաւօտեան, երկար ժամանակ քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք, իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բանաստեղծ ու Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար Յովհաննէս Գրիգորեանը, 68 տարեկան հասակին։ Ան ամենէն յայտնի անուններէն մէկն էր 1960ական թուականներուն հրապարակ իջած «երիտասարդ բանաստեղծներ»ու սերունդին՝ Հենրիկ Էդոյեանի, Արտեմ Յարութիւնեանի, Դաւիթ Յովհաննէսի, Արմէն Մարտիրոսեանի (1943-2009) եւ Սլաւիկ Չիլոյեանի (1940-1975) հետ։
Յովհ. Գրիգորեան ծնած էր Գիւմրի, 1945ին։ Ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ (1965-1970)։ Բանաստեղծութիւններու անդրանիկ ժողովածուն տպագրուած է 1975ին՝ «Երգեր առանց երաժշտութեան» վերնագրով։ Անոր յաջորդած են «Բոլորովին ուրիշ աշուն» (1979), «Անձրեւ մի տխուր առիթով » (1982), «Դանդաղ ժամեր» (1986), «Հրեշտակներ մանկութեան երկնքից » (1992), «Երկու ջրհեղեղի արանքում» (1996), «Կէս ժամանակ» (2002), «Գիշերահաւասար » (2006): Վերջին ժողովածուն՝ «Երբեք չմեռնես -- ահա թէ ինչ կ՚ասեմ քեզ», լոյս տեսած էր 2010ին։ Հրատարակած է նաեւ «Քաջ Նազար. զրոյցներ Մաէստրոյի հետ» (2004) երգիծական գործը։Ան գրած է նաեւ մանկական բանաստեղծութիւններու գողտրիկ հատորներ. «Քո առաջին բառերը» եւ «Ամենա, ամենա Սոնան»: Թարգմանութիւններ կատարած է սպաներէնէ եւ ռուսերէնէ։
Ժամանակին «արձակունակ» որակուած Յովհ. Գրիգորեանի քերթուածները (1975ի առաջին ժողովածուին վերնագիրը արդէն կը մատնէր իր հաւատամքը, թէ կարելի էր երգեր գրել առանց երաժշտութեան) հայրենի արդի քերթողութեան ամենէն բանաստեղծական էջերէն են։ «Դանդաղ ժամեր» ժողովածուի իր դիպուկ վերլուծականին մէջ, Գրիգոր Պըլտեան իրաւացիօրէն արձանագրած է. «Յ. Գրիգորեան կը խնդրականացնէ բանաստեղծականը։ 60-ական թուականներուն, երբ անոր առաջին քերթուածները կը յայտնեն, անոնք կը տպաւոնեն, կամ կը զայրացնեն ընթերցողի այլազան կարգերը, իրենց հեգնանքի, սրամտութեան, երգիծանքի զօրաւոր շեշտերով, ընդելուզուած՝ նոյն ատեն, սովորականին, ընթացիկին ու առօրեականին հանդէպ, մեր բանաստեղծութեան համար քիչ մը անսովոր ու "մեղաւոր" համակրանքին։ Ի՜նչ անպատկառ ու յանդուգն բանաստեղծական ստահակութիւն։ Գրիգորեան կը կատարէր պարզապէս բանաստեղծականի եւ ոչ երբե՛ք բանաստեղծութեան (ինչ իր նոյնը չէ) միթոսին խնդրականացումը» (1)։
Յովհաննէս Գրիգորեանի մարդկային ու գրական էութիւնը ներծծած էր ծննդավայրի բնակիչները յատկանշող զուարթախոհութիւնն ու երգիծանքի ոգին, որոնք անպակաս էին թէ՛ անոր գործերուն եւ թէ՛ անձնական շփումին ընթացքին։ Մօտ քառորդ դարու անձնական ու ստեղծագործական աշխոյժ կապեր ունեցանք. անոր գործերէն նմոյշներ հրատարակած էինք սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Յարգանք անոր յիշատակին։

(1) Գրիգոր Պըլտեան, «Յ. Գրիգորեան ժամանակին դիմաց», Կայք, գրականութեան տարեգիրք, 1, 1989, էջ 56։ 

«Նոր Յառաջ», Փետրուար 14, 2013

No comments:

Post a Comment