24.3.13

Առցանց հրատարակութիւններու հարուստ շտեմարան մը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հիմնակազմ (ֆունդամենտալ) գրադարանը տարիներէ ի վեր համացանցային ներկայութիւն ունի (flib.sci.am)։ Անոր գրացուցակին ներկայութիւնը անփոխարինելի աղբիւր մըն է, նկատի ունենալով, որ ան կ՚ընդգրկէ նաեւ կարգ մը ուրիշ կարեւոր գրադարաններու (Ազգային Գրադարան, Երեւանի պետական համալսարան, եւ այլն) ցուցակները։ Յիշեալ կայքէջը բազմաթիւ ուրիշ առումներով նաեւ հիմնական դեր ունի հայագէտներու համար։ Այստեղ պիտի նշենք միայն երկուքը.

ա) Ակադեմիայի երկու հայագիտական պարբերականներուն՝ «Պատմա-բանասիրական հանդէս»ի եւ «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների»ի (նաեւ վերջինիս նախորդի՝ «ՀՍՍՌ ԳԱ Տեղեկագիր»ի) ամբողջական հաւաքածոյին թուայնացումը։
բ)  «Մատենաշարային եւ պարբերական հրատարակութիւններու առցանց հանգոյց»ը, որ անգլերէն թարգմանիչ Online Portal of Serial Publications http://serials.flib.sci.am/openreader/test/index.html)։ 
Հոս ընդգրկուած են հրատարակութիւններու 12 շարքեր, որոնց թուարկումը միայն արդէն ցոյց կու տայ անոնց կարեւորութիւնը, քանի որ այսպէսով տպագիր աղբիւրներու (երբեմն դժուարամատչելի կամ անգտանելի՝ մանաւանդ Հայաստանէն դուրս) ստուար քանակ մը հասու կը դառնայ բոլոր հետաքրքրուողներուն՝
«Ազգային Մատենադարան» (Վիեննայի Մխիթարեաններու հրատարակութիւն)
«Օտար աղբիւրներ Հայաստանի եւ հայերի մասին»
«Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն»
«Հնագիտական պեղումները Հայաստանում»
«Հայաստանի հնագիտական յուշարձանները»
«Դիւան հայ վիմագրութեան»
«Հայ ժողովրդական հէքեաթներ»
«Արեւելագիտական ժողովածուներ»
«Նիւթեր հայ ժողովրդի պատմութեան»
«Հայոց պատմութեան հարցեր»
«Թուրքական եւ օսմանագիտական հետազօտութիւններ»

No comments:

Post a Comment