1.4.13

Շառլ Ազնաւուրի խնդրայարոյց յայտարարութիւններն ու հակազդեցութիւններ

Աշխարհառչակ երգիչ, նաեւ Զուիցերիոյ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուր, Մարտ 20-ին զուիցերական RTS ձայն հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին (հեռասփռուած Մարտ 24ին) յայտարարած է, թէ իր հոգը չէ, թէ 1915ին Թուրքիոյ մէջ պատահած դէպքերը ցեղասպանութիւն որակուեր են, թէ ոչ։
Անոր այս խօս­քե­րուն հա­կազ­դած է «Զուիցե­րիա-Հա­յաս­տան» խորհրդա­րանա­կան խումբը՝ Մարտ 25 թուակիր հա­ղոր­դագրու­թեամբ մը։
Հոն կը նշուի, թէ վե­րոն­շեալ հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին Ազ­նա­ւու­րի խօս­քե­րը «ան­խո­հեմ եւ դժբախտ» էին բազ­մա­թիւ պատ­ճառնե­րով։
Նախ, դի­տել կը տրուի, թէ Ազ­նա­ւու­րի հա­մար ան­կա­րեւոր «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»ը այն ոճիրն է, որուն զո­հը դար­ձած ժո­ղովուրդնե­րու իրա­ւունքնե­րուն պաշտպա­նու­թեան միշտ առաջ­նորդ եղած է Զուիցե­րիան։ Կ՚աւել­ցուի, թէ իր այդ խօս­քե­րէն եր­կու օր ետք՝ Մարտ 22ին, հա­յաստա­նեան պա­տուի­րակու­թիւնը ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին բա­նաձեւ կը ներ­կա­յաց­նէր ՄԱԿ-ի մէջ։
Կը նշուի նաեւ այլ պա­րագայ մը։ Ֆրի­պուրկի շար­ժա­րուես­տի փա­ռատօ­նի ծի­րէն ներս, Մարտ 21ին կազ­մա­կեր­պուած՝ Հայ­կա­կան Սփիւռքին նուիրուած վի­ճար­կումին մաս­նա­կից­նե­րէն եղած է նաեւ ինք՝ Շ. Ազ­նա­ւուր։ Այդ վի­ճար­կումին յառաջաբանը եղած է բա­ւական ձա­խող, ուր ըսուած է, թէ թերեւս դէպ­քե­րու մա­սին նկար­նե­րու բա­ցակա­յու­թեան պատճառով է, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ումի, ան­հերքե­լիու­թեան գործը կը դժուարանայ, եւլն.։ Ըստ երե­ւոյ­թին, Շ. Ազ­նա­ւուր ոչ մէկ բո­ղոք ար­տա­յայ­տած է այդ մա­սին, ինչ որ նաեւ նշեալ հա­ղոր­դագրու­թեան հե­ղինակ­նե­րուն քննա­դատու­թեան պատ­ճառ դար­ձած է։ Կ՚ըսուի, թէ այ­լեւս ոչ մէկ ձեւով հարկ կայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը հաս­տա­տելու, քա­նի որ անոր առն­չուող գի­տական բո­լոր փաս­տա­թուղթե­րը ան­հերքե­լի են։ Եւ այդ պայ­մաննե­րուն մէջ առ­նուազն բնա­կան պի­տի ըլ­լար, որ Շ. Ազ­նա­ւուր հա­կազ­դէր։
Հարց կը տրուի՝ «Հա­յերը ար­ժա­նի՞ են այսքան անար­գանքի»։ Ապա կ՚ըսուի, թէ ան­հասկնա­լի է հա­յաս­տա­նեան կա­ռավա­րու­թեան կե­ցուած­քը, որ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզի մէջ՝ երեք ճա­կատի վրայ երկրին ներ­կա­յացուցչու­թիւնը կը վստա­հի նման անձնա­ւորու­թեան մը, որ, ըստ երե­ւոյ­թին, չէ ըմբռնած իր ժո­ղովուրդին բնաջնջման պատ­ճառ դար­ձած այս ոճի­րին ճա­նաչ­ման կա­րեւո­րու­թիւնը։
Ի վեր­ջոյ, կ՚ըսուի, թէ Շ. Ազ­նա­ւու­ր իր այս կե­ցուած­քով կը հա­սարա­կաց­նէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը, կը պար­պէ զայն իր ծան­րակշիռ իմաս­տէն՝ այդպէ­սով դիւ­րացնե­լով Թուրքիոյ գոր­ծը՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակի նա­խօրեակին։

«Նոր Յառաջ», Մարտ 28, 2013 


No comments:

Post a Comment