12.4.13

Ինչպէ՞ս բացատրել

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
 
Հայաստանի 2013-ի նախագահական ընտրութիւններէն անցած է երկու շաբաթ: Թէ՛ընտրութեան նախօրեակին եւ թէ՛  յետնօրեակին, մեր միտքը կը չարչրկեն հարցադրումներ, որոնք տրամաբանական բացատրութեան կը կարօտին: Հարցադրումներ, որոնք վստահ ենք, որ կը տանջեն Հայաստանով ու հայութեամբ մտահոգ ամէն հայի միտք: Հարցադրումներ, որոնց պատասխանէն կախեալ է թէ ինչպիսի՞ իրավիճակի մէջ կ'ուզենք վարել ու առաջ տանիլ մեր կեանքը՝ պատրանքի՞, թէ՞ իրատեսութեան: Հարցադրումներ, որոնց տալիք մեր պատասխաններէն կախեալ է թէ ո՞ւր կ'երթանք որպէս ազգ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, եւ որպէս պետականութիւն, որ ազգի մը գոյերթի կարեւորագոյն գրաւականներէն մին է: Ստորեւ, ամփոփ ձեւով կու տանք մեր հարցադրումները:
-Հակառակ պաշտօնական տուեալներով փաստուած արտագաղթի ահաւոր ընթացքին, այդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ ընտրական իրաւունք ունեցողներու թուաքանակը յանկարծ ուռճացաւ աւելի քան 200,000-ով (2003-ին՝ 2,315,410 ընտրող, 2008-ին՝ 2,312,945, իսկ 2013-ին՝ 2,528,773): Ինչպէ՞ս հաւատալ, որ անցնող 10 տարիներու ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան ծնունդներու եւ ներգաղթի թիւերը շատ աւելին եղած են քան մահացողներու եւ արտագաղթողներու թիւերը:
-Ռոպերթ Քոչարեան մերժեց իր թեկնածութիւնը դնել, որպէսզի «չստացուի երկու ղարաբաղցիների մրցակցութիւն»: Այս տրամաբանութիւնը, որ Քոչարեանի «Հայաստանի միակ տղամարդը» ըլլալու մտածելակերպի մէկ այլ նմոյշն է, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալի դարձնել բոլոր անոնց, որոնք այս ընտրութիւնները կը նկատեն ամբողջ Հայաստանի քաղաքացիներունը եւ ոչ թէ տոհմական ընտրութիւն մը:
-Ինչո՞ւ համար ընտրապայքարները կը վերածուին աւելի անհատականութեանց պայքարի, փոխանակ իտէալներու, գաղափարներու եւ յստակ ու մշակուած ծրագիրներու, այլ խօսքով՝ ժողովուրդի քաղաքացիական գիտակցութեան զարգացման նպաստող գործի:
-2008-ի նախագահական ընտրապայքարին Սերժ Սարգսեանի կատարած խոստումներուն քանի՞ տոկոսը իրականացան, որ այսօր ալ հաւատանք նորանոր խոստումներու: Ընտրապայքարի միւս մասնակիցներէն ոեւէ մէկը ինչո՞ւ ժողովուրդին չներկայացուց խոստումներու այդ ցանկը, փաստելու համար անոնց սնանկութիւնը եւ զանոնք կատարողին դարձեալ հաւատալու անհեթեթութիւնը:
-2008-ին Սերժ Սարգսեանի որդեգրած «Յառաջ Հայաստան» նշանաբանի անցնող հինգ տարիներու արդիւնքը աւելի յառաջդիմութի՞ւն եղաւ թէ  ձախողութիւն Հայաստանի համար: Հետեւաբար, իրաւունք չունի՞նք մտահոգուելու 2013-ի «Ապահով Հայաստան» նշանաբանին սպասուող ճակատագրով:
-Ինչպէ՞ս բացատրել, որ Հայաստանի երկրորդ ամենէն աղքատ մարզի՝ Գեղարքունիքի ժողովուրդը, միւս մարզերուն հետ բաղդատած, քուէարկուներու աւելի մեծ տոկոսային մասնակցութիւն բերած է եւ մարզի 37 համայնքներէն 21-ին մէջ Սերժ Սարգսեան ստացած է ձայներու 90 տոկոսէն աւելին, իսկ մնացեալներուն մէջ ալ 80 տոկոսէն աւելին:
-2008-ի ընտրութեանց քուէներուն 52.8 տոկոս (862,369 ձայն) «ապահոված» Սերժ Սարգսեանի ժողովրդականութիւնը 2013-ին «աճեցաւ» 58.64 տոկոսի (բայց ձայներու թիւը մնաց գրեթէ նոյնը՝ 861,378): Ընդդիմադիր գլխաւոր թեկնածուի հաւաքած տոկոսներու աճը շատ աւելին էր: 2008-ի (Լեւոն Տէր Պետրոսեան) 21.5 տոկոսը (351,222 ձայն), 2013-ին (Րաֆֆի Յովհաննիսեան) դարձաւ 36.74 տոկոս (539, 674 ձայն): Սակայն նշանակելին այն է, որ 2008-ի 351,222 ձայնին 30 տոկոսէն աւելին ցոյցի դուրս եկան ի նշան բողոքի եւ պաշտպանելու համար իրենց քուէները, մինչ այս օրերուն բողոքի դուրս եկած ցուցարարներու թիւը 539,674 ձայնին  3 տոկոսն իսկ չէ: Ինչո՞ւ:  
-Հակառակ ժողովրդային լայն խաւերու ընդունման թէ 1996-էն ի վեր նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են կեղծիքներով, ինչո՞ւ համար օտար պետութիւններ եւ դէտեր հետեւողականօրէն ընդունելի գտած են արդիւնքները: Մե՞նք ենք մեր ճակատագրի տէրը, թէ՞ օտարները: Որքա՞ն ատեն ժողովուրդը գերին պիտի մնայ իրենց հատուածական շահերուն համար օտարին ծառայող սակաւապետներուն:  
-Որքա՞ն ատեն ժողովուրդը պիտի հանդուրժէ լսել խրատականներ այնպիսի ղեկավարներէ, որոնք ոչ միայն չեն անսար իրենց իսկ խրատներուն, այլ հակառակը կը գործեն: Օրինակ՝ Սերժ Սարգսեանի նախընտրական շրջանի յայտարարութիւններէն մին՝ «երբ մի խումբ մարդիկ՝ փոքրամասնութիւնը, փորձում է իր կամքը պարտադրել մեծամասնութեանը... Այսպիսի ճանապարհը ոչ մի տեղ տանող ճանապարհ է... Ես չեմ հասկանում, թէ էդ մարդիկ ե՞րբ են հասկանալու, որ էս երկիրը ուղղակի մեղք է էս մասնատումների ձեռքին: Հո՞ մեր ժողովուրդը կրակը չի ընկել մի քանի մարդկանց ամբիցիաների (փառասիրութեան) ձեռքը»: Սերժ Սարգսեաններու եւ իր նմաններուն բերնէն ելած այսպիսի յայտարարութիւնները պարզապէս ժողովուրդի գիտակցութիւնը կը վիրաւորեն:    
-Երբ կայ համատարած մտահոգութիւն, որ ազգովին անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը կը բոլորենք, որպէս անհատներ թէ կազմակերպութիւններ, մենք պարտաւոր ենք մեր ներդրումը բերել այս վիճակի բարելաւման: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս բացատրել կարգ մը գլխաւոր կազմակերպութեանց, ինչպէս Բարգաւաճ Հայաստանի եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի բացակայութիւնը նախագահական ընտրապայքարէն:
-Հայաստանը միայն իր քաղաքացիներուն չի պատկանիր, այլ համայն հայութեան: Մանաւանդ երբ մեր ժողովուրդի երկու-երրորդը սփռուած է աշխարհի տարածքին: Սփիւռքի անտարբերութիւնը եւ կամ մեղսակցութիւնը իշխող սակաւապետութեան հետ ինչպէ՞ս բացատրել:
Բայց բացատրութեան չի կարօտիր այն իրականութիւնը, որ ժողովուրդի մօտ կա՛յ համատարած անվստահութեան մթնոլորտ հանդէպ իր իշխանաւորներուն: Կա՛յ դժգոհութեան մեծ ալիք: Կա՛յ Հայաստանի պետութեան հիմքերը խախտող արտագաղթ: Կա՛յ պայթիւնավտանգ իրավիճակ: Փաստը՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի երեւոյթն է եւ իր հաւաքած աւելի քան կէս միլիոն ընդդիմադիր ձայները, որոնք անպայման միայն յօգուտ իր անձին չտրուեցան, այլ նաեւ ընդդէմ Սերժ Սարգսեանին: Փաստը՝ ազգային գերադաս շահերու հետամուտ առաջնորդի մը երեւման բաղձանքն է, անոր հետեւելու պատրաստ ժողովուրդին մէջ:  Փաստը՝ Գիւմրիի եւ Վանաձորի ժողովուրդի քուէներն են, որոնք այլեւս յուսալքուած «աղէտի գօտին» վերացնելու սին խոստումներէն, որոնք այլեւս յոգնած անցած երկու տասնամեակներուն իրենց կրած դժուարութիւններէն ու խեղճ ապրելակերպէն, որոնք այլեւս բաւ համարելով իրենց հրամցուող պատրանքները, իրենց մէջ ուժ գտան չհանդուրժել սուտին եւ շեշտակի նայելով իրականութեան, զգաստանալ եւ արտայայտել իրենց ընդվզումը:
Դեռ որքա՜ն ժամանակ պիտի վատնենք ազգովին, որքա՜ն երկար պիտի տեւէ այս խեղճութիւնը, մինչեւ որ գիւմրեցիներու եւ վանաձորցիներու ընդվզումը դառնայ համատարած հայութեան ընդվզումը՝ ձերբազատուելու սուտէն, կեղծիքէն ու պատրանքէն եւ  սկիզբը դնելու արժանապատիւ կեանք մը վարելու պայմանները ապահովող Հայաստան երկրի կառուցման գործընթացին:
 
«Նոր Կեանք», Մարտ 14, 2013

No comments:

Post a Comment