29.5.13

Զուարթ տգիտութիւն

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Անցեալ Ապրիլ 27ին, Սփիւռքի նուիրուած գիտաժողով մը տեղի ունեցած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէին, եւ գործակցութեամբ համալսարանի Հայագիտական Հիմնարկին, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան եւ «Արմինիըն Ռիվիւ» հայագիտական հանդէսին։
Դատելով մամուլի լրատուութիւններէն եւ հոն խմբուած անուններու ցանկէն, առնուազն ուշագրաւ գիտաժողով մըն էր։ Մաղթելի է, որ ուսանելի եղած ըլլայ ունկնդիրներուն համար, Սփիւռքի ներկայ հանգրուանին կարգ մը իրողութիւններու անդրադարձներ կատարելու եւ քարացած մտայնութիւններ թօթափելու համար։
Սոյն յօդուածով կ՚ուզենք անդրադառնալ դառնահամ պատառիկի մը, որ արձանագրուած է լուսանցքի վրայ։ Արդարեւ, քանի մը օր ետք, մասնակից զեկուցաբեր մը կը հաղորդէր.
«Լոս Անճելըսի Սփիւռքի գիտաժողովէն “լաւագոյն” թելադրութիւնը՝ ունկնդիրներէն մէկուն կողմէ. քանի որ հայերէնի ուղղագրութիւնը դժուար է, իսկ հայերէն այբուբենը առցանց չի գործածուիր, ինչո՞ւ հայկական այբուբենը չջնջենք եւ լատինական այբուբենը չսկսինք գործածել, ինչպէս մեր դրացին ըրած է... Իսկ ան լուրջ էր...»։
Մեր նամակագիրը մէջբերումը ըրած էր “Western Armenian spelling” գրելով, իսկ ուրիշ մասնակից մը յայտնած է, թէ խօսողը պարզապէս “Armenian spelling” ըսած է։ Ըստ էութեան, երկրորդական է—թէեւ «արեւմտահայերէն ուղղագրութիւն» կոչուածը գոյութիւն չունի—, ինչպէս եւ երկրորդական կը նկատենք, որ արտայայտուողը ամերիկածին հայ մը եղած ըլլայ։ Այսօր, երբ լիբանահայ հայախօս մայրեր իրենց զաւակները օտար վարժարան կը տեղաւորեն եւ սարսափահար կ՚ընդդիմանան, երբ վերջինս կը փորձէ կազմակերպել հայերէնի դասընթացքներ, ո՛չ ոք իրաւունք ունի անմեղութեան պատմուճան հագնելու եւ առաջին քարը նետելու «ձուլուած» կամ «այլասերած» հայերու վրայ։
Բնականաբար, սովորական պատասխանը պիտի ըլլար ազգային-գաղափարախօսական ամբողջ զինանոցին վկայակոչումը՝ «դարերու դիմաց կեցող ապառաժ» Օշականի սուրբէն մինչեւ անապատին մէջ հայերէն տառերը իրենց զաւակներուն սորվեցնող առասպելական մայրերը։ Նոյնիսկ մարդ կրնար նշել, որ մեր դրացին(երը) օտար այբուբեն մը փոխարինած են ուրիշ օտար այբուբենով մը, մինչ Գալիֆորնիոյ մեր «լուրջ» մտածողը—եւ ո՞վ գիտէ՝ քանի՜ լուռ մտածողներ—մեզի կը թելադրէ, որ մեր այբուբենը փոխարինենք օտար այբուբենով մը։ Ի դէպ, ասիկա առաջին անգամը չէ, որ նման առաջարկ հրապարակ կը նետուի՝ գրաւոր կամ բանաւոր։
Սակայն, գիտակից ենք, որ նման հռետորական զեղումներ եւ յուզումնաթաթաւ վկայութիւններ կը պատկանին... անցեալ հազարամեակին, եւ ոչինչ կ՚արժեն փաստի ու տրամաբանութեան առջեւ, պայմանաւ, որ փաստ ու տրամաբանութիւն իրապէս շղթայուած ըլլան իրարու։
Արդարեւ, մարդիկ երբեմն կը կարծեն, որ փաստական տուեալ մը իրենց կարծիքը տրամաբանական կը դարձնէ։ Բայց, ինչպէս գիտենք, եթէ ըսենք, որ «բոլոր մահկանացուները կը մեռնին» եւ «որոշ մահկանացուներ մարդ են», եզրակացութիւնը՝ «որոշ մարդիկ կը մեռնին», տրամաբանօրէն ճիշդ է ու փաստօրէն՝ սխալ։
Ընթերցողը թերեւս մտածէ, թէ չ՚արժեր պատասխան տալ բանաւոր կարծիքի մը, որ գուցէ պատասխանող կամ հակաճառող ունեցած ըլլայ տեղւոյն վրայ։ 1929էն, երբ Շահան Շահնուրի վէպին հերոսը «կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն» տողերը արտաբերած էր, մինչեւ Փետրուար 2010, երբ ԻՒՆԵՍՔՈն արեւմտահայերէնը կ՚ընդգրկէր «վտանգուած լեզուներ»ու շարքին, մամուլէն ու բեմերէն անդադրում խօսուած էր լեզուական անհետացումի վտանգի մասին։ Բայց վերջին երեք տարիներուն, օտարին մատնանշումը կարծէք թէ անհրաժեշտ էր, որպէսզի յանկարծ նիւթը հանրային հնչեղութիւն ստանար եւ ամէն ոք՝ իմաստունէն մինչեւ խենթը, իր ճշմարտութիւնը յայտնելու ելլէր։
Այս ժամանակներուն, երբ մարդիկ ազատօրէն իրենց խելքէն անցածը հրապարակ կը նետեն, երբեմն խենթերուն նետած քարը աւելի արժէքաւոր ճիգ մը կը համարուի, քան հարիւր իմաստուններու ջանքը՝ զայն փոսէն հանելու։ Այո՛, «երբ չի մնում ելք ու ճար / խենթերն են գտնում հնար», բայց ասիկա չի նշանակեր, որ եթէ Սարդարապատի ճակատամարտի նախօրեակին այլընտրանք չկար, քան «խենթ»երուն առաջարկածը, լեզուական հարցերու պարագային կարելի է միեւնոյն օրինակով առաջնորդուիլ։
Այն համոզումով, որ հայերէնը լատինատառ գրելու առաջարկը խենթերու նետած քարերուն շարքին կը պատկանի, զայն պիտի քննենք մաս առ մաս.
1) «Քանի որ հայերէնի ուղղագրութիւնը դժուար է...»
Հայերէնի ուղղագրութիւնը աւելի դժուար չէ, քան անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի կամ գերմաներէնի ուղղագրութիւնը։ Այլապէս, անհրաժեշտ է բացատրել, օրինակ, թէ՝
ա) Ինչո՞ւ անգլիախօս մարդիկ կրնան սորվիլ ՉՈՐՍ այլընտրանք՝ ՄԷԿ հնչիւն գրելու համար։ Օրինակ՝
cheese (պանիր), որ կը հնչուի tʃiːz (չիզ)
please (հաճոյանալ) - pliːz (փլիզ)
sleaze (անպարկեշտ) - sliːz (սլիզ)
freeze (սառեցնել) -friːz (ֆրիզ)
բ) Ինչո՞ւ հայախօս մարդիկ չեն կրնար սորվիլ ԵՐԿՈՒ այլընտրանք՝ ՄԷԿ հնչիւն գրելու համար։ Օրինակ՝
սէր - ser
սեր - ser
Ի դէպ, մարդ կրնայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ, յառաջդիմութեան ջատագով Ամերիկայի մէջ, ո՛չ ոք ցարդ մտածած է չորս տառախումբերը՝ ees, eas, eaz, eez, միացնել ու դարձնել, ըսենք, eez, իսկ «յառաջդիմական» խորհրդահայ ուղղագրութիւնը պէտք ունէր բառամէջի e-ն դարձնել ե եւ մինչեւ այսօր այդ «հանճարեղ» քայլով հպարտանալու։  
2) «...Իսկ հայերէն այբուբենը առցանց չի գործածուիր...»
Եթէ խօսքը հայերէն իմացողին մասին է (հայերէն չիմացողը չի կրնար գործածել իր չգիտցածը), պատճառը հայերէն կայքէջերու կամ տառատեսակներու պակասը չէ։ Մենք երկու հիմնական պատճառներ կը տեսնենք՝
աՄարդիկ չեն յօժարիր հայերէն մեքենագրութիւն սորվիլ.
բ) Մարդիկ չեն յօժարիր հայերէնի իմացութիւնը բարելաւել՝ իրենց ուղղագրական սխալներուն ցուցադրութիւնը կանխելու համար։  
Այսպէս, անոնք կը պահուըտին լատինատառ հայերէնի բազում սարքովի տարբերակներու կամ, այլապէս, իրենց ապրած երկրին կամ իրենց գիտցած երկրորդ լեզուին ետին, մանաւանդ երբ այսօր որեւէ համակարգիչ, շնորհիւ Unicode չափորոշիչին (standard), հայերէն գրելու հնարաւորութիւնը կը կրէ։ (Ի դէպ, նոյնը կը պատահի «դիւրացած» ուղղագրութեամբ գրող Հայաստանի մէջ, ուր արեւելահայերէն իմացողներ կը նախընտրեն լատինատառ հայերէն գրել կամ անգլերէն «ջարդել» իրենց հայախօս ու հայագիր սփիւռքահայ թղթակիցներուն ի պատասխան)։
3) «... Ինչո՞ւ հայկական այբուբենը չջնջենք եւ լատինական այբուբենը չսկսինք գործածել ինչպէս մեր դրացին ըրած է...»
Մեր «դրացին(երուն)  ըրած»ը կը պահանջէ կարգ մը լուսաբանութիւններ.
1) Թուրքիա (= Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք) 1920ական թուականներուն լատինական տառերը որդեգրած ու հազար տարի գործածուած արաբական տառերէն ձերբազատուած է։՝ թրքերէն լեզուին ընծայելու համար այբուբեն մը, որ աւելի յարմարէր ձայնաւորներու անոր առատութեան։ Այս խնդիրը արծարծուած էր 1860ական թուականներէն Օսմանեան կայսրութեան մէջ։
Բայց բուն պատճառները հետեւեալներն էին.
ա) Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը (իբրեւ թէ) օսմանեան ժառանգութենէն անջատել.
բ) Թուրքիան իսլամական (կրօնական) աշխարհէն անջատել եւ աշխարհական Եւրոպային մերձեցնել։
2) 1926-1939ին Ատրպէյճան արաբական այբուբենը փոխարինած է լատինական այբուբենով՝ իսլամական աշխարհէն հեռանալու եւ Թուրքիոյ մերձենալու համար, բայց Ստալին այդ մտադրութիւնը կանխած եւ կիւրեղեան այբուբենը պարտադրած է Խորհրդային Միութեան բոլոր թրքական ժողովուրդներուն՝ 1939ին։
Ատրպէյճան կիւրեղեան այբուբենը 1991ին փոխարինած է լատինականով, ու վերջինս վերստին փոփոխութեան ենթարկած է 1992ին։  Ինչո՞ւ. ռուսական աշխարհէն հեռանալու եւ Թուրքիոյ մերձենալու համար։
3) Ի բաղդատութիւն, 1922ին հայերէնի ուղղագրութիւնը «բարեփոխուած» է Հայաստանի մէջ՝ ուղղագրութեան խնդիրը լուծելու պատճառաբանութեամբ։ Հայաստանի Լուսաւորութեան (Կրթութեան) կոմիսար (1921-1922) Պօղոս Մակինցեան խոստովանած է 1924ին, թէ ան ուղղուած էր անցումային շրջան մը ստեղծելու՝ լատինատառ հայերէնի ճանապարհին, աւելցնելով, որ եթէ այդ նպատակը պիտի չիրականանար, ուղղագրութեան փոփոխութիւնը աւելորդ էր։
Հետեւաբար, բացայայտ է, որ ուղղագրութեան խնդրին լուծումը պատրուակ էր (ինչպէս եւ թրքական եւ ատրպէյճանական 1920ականներու փոփոխութիւններուն պատրուակը), իսկ քաղաքական նպատակը՝ անցեալի աւանդութենէն անջատումը եւ Սփիւռքէն հեռացումը, մինչ լատինատառ հայերէնի ծրագրուած որդեգրումը կոչուած էր նուիրագործելու անվերադարձ խզում մը։ 1940ի մասնակի փոփոխութիւնը ո՛չ անջատումը եւ ո՛չ ալ հեռացումը դարմանելու կոչուած կրնար ըլլալ, ի մասնաւորի՝ Ստալինի բռնատիրութեան օրերուն։ Անոր բնոյթը արդէն կը մատնէ նման նպատակներ ունեցած չըլլալը։
Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժառանգած է խորհրդային վարչակարգի պարտադրած ուղղագրութիւնը՝ «անգրագիտութեան» խրտուիլակը ծածանելով։ Մեր արեւելեան դրացիները, ըստ երեւոյթին, կրնան անկախանալ ու այբուբեն փոխել (յաջորդ տարին ալ՝ ներքին բարեփոխման ենթարկել) եւ իսկական անգրագիտութեան վտանգի տակ դնել իրենց ժողովուրդը, բայց մենք—որ համաշխարհային գրականութեան կոթողնե՜րը կը թարգմանէինք, երբ «անոնք» Կեդրոնական Ասիա թափառող վայրենիներ էին—չենք կրնար անկախանալ եւ  ուղղագրութիւն փոփել, ապա թէ ոչ մեր ժողովուրդը «անգրագէտ» կը դառնայ։ Անցեալի քաղաքական պարտադրանքին վերացումը կը պահանջէ(ր) նոյնպէս քաղաքական որոշում մը, որ դժբախտաբար ներկայիս իրատեսական ամէն հաշուարկէ շատ հեռու կը գտնուի։
* * *
Վերադառնալով լատինատառ հայերէնի առաջարկին, եթէ խնդրին լուծումը այնքան դիւրին ըլլար, մարդ կրնայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ հայերէնը լատինատառ չէր դարձած հինգ դարերու ընթացքին՝ Ք.Ա. 1ին դարուն եւ Ք.Ե. 4րդ դարուն միջեւ, երբ լատինականը ժամանակի ամենէն հզօր կայսրութեան հասարակաց լեզուին (lingua franca) այբուբենն էր։ Ինչո՞ւ հայերս պէտք ունեցած ենք Մեսրոպ Մաշտոցի ծնունդին սպասելու՝ մեր լեզուն գրի առնելու համար... ո՛չ լատինական տառերով
Կարճ պատասխանը այն է, որ լատինական այբուբենը բաւարար չէ հայերէնի բոլոր հնչիւնները արտայայտելու։ Պարզունակ փաստ մը կը բաւէ. հայագիտութեան մէջ գործածուող ու երեք լեզուաբաններու՝ Հայնրիխ Հիւպշմանի, Անթուան Մէյէի եւ Էմիլ Պէնվէնիստի ներդրումով ծանօթ տառադարձութիւնը (որ, ոչ-գիտնական ընթերցողին դժուարամատչելի ըլլալու պատճառով, սովորաբար կը փոխարինուի հնչիւնական տարբերակներով) լատինական այբուբենէն տարբերող տասնհինգ տառանշաններ ունի (այսինքն՝ հայերէն տառերու փաստօրէն 40 առ հարիւրը), որոնցմէ երկուքը լատինական այբուբենէն տարբեր են («ը»ի եւ «խ»ի համազօրները) եւ տասներեքը լրացուցիչ նշաններ ունին։ Հայրենի հանգուցեալ լեզուաբան Էդուարդ Աղայեան դիտել տուած է, որ Մաշտոցի ժամանակ, լատինական այբուբենը, «որ իր դարաշրջանի ամենակատարեալ այբուբենը կարելի է համարել», արդէն այդ ժամանակ խոցելի էր, քանի որ «միեւնոյն տառը տարբեր պայմաններում տարբեր էլ հնչիւններ էր արտայայտում» (1)։ Նոյն խնդիրը այսօր ալ գոյութիւն ունի, եւ որեւէ ֆրանսերէն կամ անգլերէն իմացող կրնայ դիւրութեամբ օրինակներ մտաբերել։
Երկար պատասխանը, որուն բացատրութիւնը կամ ապացուցումը զանց պիտի ընենք, հետեւեալն է.
ա) Այբուբեն մը լեզու մը գրի առնելու համակարգ մը չէ միայն, այլ՝ գրաւոր լեզու մը ստեղծելու կոչուած համակարգ մը։
բ) Մաշտոցի նպատակը հայերէն լեզուն գրանցել չէր, այլ՝ հայերէն գրաւոր լեզուն ստեղծել։
Եթէ մեր լեզուի ճիւղերէն մէկը լատինատառ այբուբենը որդեգրելու ըլլար, բնական է նախատեսել, որ ԶՈՅԳ լեզուաճիւղերը՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, իրարու անհասկնալի պիտի դառնային, սկիզբը՝ ձեւով, ապա՝ բովանդակութեամբ։ Արեւմտահայերէն խօսողները, օրինակ, պիտի չկարենային կարդալ հայատառ գրականութիւն՝ գրաբար, միջին հայերէն, արեւելահայերէն կամ... արեւմտահայերէն։
Եւ ի՞նչ պիտի մնար «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ, մէկ լեզու» մեծադղորդ նշանախօսքէն։
Զուարթ տգիտութեան տխուր ցուցադրութիւնը միայն։

«Նոր Յառաջ», Մայիս 28, 2013 

--------------------------------
(1) Էդ. Բ. Աղայեան, Մեսրոպ Մաշտոց, Երեւան, 1986, էջ 94։

No comments:

Post a Comment