20.7.13

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նամակը Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդին

Յուլիս 20ին, «Նոր Յառաջ» հրատարակած է երկու օր առաջ ստացած՝ Ամենայն Հայոց Կաթղիկոս Գարեգին Բ.ի նամակը Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանին, վերջինիս հրաժարականին առիթով։ Անծանօթ հասցէէ ստացուած իմակը նաեւ կը պարունակէր Ֆրանսական Թեմական Խորհուրդի եւ Պատգամաւորական Խորհուրդի ատենապետներուն նամակը Կաթողիկոսին եւ վերջինիս պատասխանը անոնց (վերջին երկուքը հրատարակուած չեն)։
Վեհափառին լոյս տեսած նամակը կ՚ըսէ.

«ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Թիւ 1047                                                                                                                   3 Յուլիսի, 2013 թ.



ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
ՖՐԱՆՍԻԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ,
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ
Փարիզ, Ֆրանսիա


Գերաշնորհ Սրբազան,

Ստացել ենք 1 Յուլիս, 2013 թուակիր Ձեր գրութիւնը, որում ներկայացնում էք Տ. Վաչէ Քահանայի առնչութեամբ Ձեզ հետ ունեցած Մեր զրոյցի վերաբերեալ Ձեր թիւր տպաւորութիւններն ու գնահատականները, ինչպէս նաեւ՝ սոյն թուականի Նոյեմբերի 1ից Թեմակալ Առաջնորդի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի պաշտօններից, ինչպէս եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի անդամութիւնից Ձեր հրաժարականը:
Զարմանք ապրեցինք՝ ընթերցելով Ձեր գրութիւնը, ի մասնաւորի Մեր կողմից Ձեր անձը վիրաւորելու արտայայտութիւնները, նաեւ օդանաւակայանում ի ներկայութեան Ձեր նամակում նշուած անձնաւորութիւնների, ովքեր հաղորդ չեն եղել Ձեզ հետ ունեցած Մեր զրոյցին: Ափսոսում ենք, որ սոյն դէպքի սխալ տպաւորութիւնների ազդեցութեան ներքոյ Դուք թոյլ էք տալիս նոյնքան եւ աւելի սխալ եզրայանգումներ եւ ընդհանրացումներ: Այս տարիների ընթացքին Մեր կողմից Ձեզ կատարուած թելադրութիւնները միտուած են եղել, որ Դուք գտնուէք առաջնորդական Ձեր պարտականութիւնների կատարման բարձրութեան վրայ եւ Ձեր առաքելութեան մէջ որոշումների կայացման պատասխանատուութիւնը ստանձնէք ինքներդ՝ առանց Մեր անունը անհարկի առնչելու խնդիրներին եւ առանց յապաղելու խնդիրների լուծման գործում, որոնք ձգձգուելով՝ բարդութիւններ են առաջացնում թեմական կեանքում: Ցաւում ենք, որ Մեր յորդորները, պահանջները եւ ի հարկին տնօրինումները Դուք ընկալել էք իբրեւ վիրաւորանք՝ ուղղուած Ձեր անձին, ինչպէս պարագան է նաեւ Տէր Վաչէ քահանայի հետ առնչուած հարցի:
Տարօրինակ ենք համարում Մեր անձին ուղղեալ Ձեր վերագրումները եւ Մայրավանքի մթնոլորտի վերաբերեալ Ձեր դատումները: Դուք անդամ էք Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի եւ Ձեր նուիրական պարտքն է նման համոզումների պարագային դրանք հիմնաւորումներով ու փաստերով ներկայացնելու սոյն ատեանում: Հրաւիրում են Ձեզ (ցանկութեան դէպքում նաեւ Ֆրանսիայի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհրդի անդամներին) Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի գումարուող յառաջիկայ նիստին՝ բարձրաձայնելու Ձեզ յուզող դժգոհութիւններն ու խնդիրները։ Թուականի մասին Ձեզ լրացուցիչ կը տեղեկացնենք։
Աղօթում ենք առ Աստուած, որ Տէրը քաջառողջութիւն պարգեւի Ձեզ եւ պահպանի Իր Սուրբ Աջի հովանու ներքոյ:

Սիրոյ Ողջունիւ եւ օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ»

Միեւնոյն թիւին մէջ, թերթը լոյս ընծայած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յուլիս 17ի թուակիր հաղորդագրութիւնը, ուր կը յայտնուի կուսակցութեան մտահոգութիւնը այս հոլովոյթին դէմ յանդիման։ Կը մէջբերենք գլխաւոր հատուածները.
«Նորվան Արք. 45 տարուան անառարկելի վաստակ ունի ֆրանսահայ կեանքէն ներս ու կը վայելէ անխտիր բոլորին յարգանքը: Իսկ վերջին 7 տարիներուն, իբրեւ Թեմի Առաջնորդ՝ ապացուցեց իր կարողութիւնները, արժեւորեց իր հոգեւոր պաշտօնը ու մանաւանդ իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու ներդրումը ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, մի՛շտ համախմբելով բոլո՛րը, բանիւ եւ գործով հանդիսանալով միասնականութեան ջատագովը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յանուն առարկայական մօտեցման, անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին մօտէն հետեւեցաւ հրաժարման ամբողջ հոլովոյթին, մանրամասնօրէն քննարկեց բոլո՛ր ծալքերը հրաժարման տուն տուող պատճառներուն եւ ամբողջական տուեալները ունենալով՝ յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեան:
Առաջնորդ Սրբազանին հրաժարման հիմնական պատճառը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խիստ ու կարծր յարաբերութեանց ու կառավարման ոճն ու եղանակն են [sic] Ֆրանսահայոց Թեմին հետ: Անտեղի ու մենատիրական միջամտութիւններ, անյարիր՝ Ֆրանսահայոց Թեմի կանոնագրութեան տառին ու ոգիին, ինչպէս նաեւ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի տիպար վարքագծին:
Ներկայիս իրավիճակը բարդ է ու գերմտահոգիչ: Արդէն իսկ սկսած են պատրաստուիլ յառաջիկայ քայլերը, եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ մենատիրական միեւնոյն տրամադրութեամբ Թեմին պարտադրուի յաջորդ Առաջնորդը: Նման պարագայ ոչ միայն անընդունելի է ֆրանսահայ համայնքին համար, այլեւ կրնայ անցեալի տխրահռչակ բաժանումներու սպիացած վէրքերը վերաբանալ գաղութին մէջ»:
Հաղորդագրութիւնը վերջաւորութեան, կուսակցութիւնը հանդարտութեան կոչ կ՚ուղղէ, առաջադրելով, որ Նորվան Արք. վերատեսութեան ենթարկէ հրաժարականը, «միաժամանակ երկխօսութեան դիմել Վեհափառ Հայրապետին հետ, որ իր հերթին նպաստէ այս ընթացքին՝ յարգելով Ֆրանսահայոց Թեմն ու անոր հոգեւոր ղեկավարը»:

No comments:

Post a Comment