4.8.13

Թրքական ժխտողականութիւն եւ միակողմանի պատասխաններ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

ԻՒԹԱՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Յունիս 5-8ին, Թիֆլիսի մէջ գումարուած է «Կովկասը կայսերական վերջալոյսին. ազգայնականութիւն, ազգութիւն եւ ազգակերտում (1870ականներ-1920ականներգիտաժողովը, որուն գլխաւոր հովանաւորներն էին ԱՄՆի Իւթայի համալսարանի (University of Utah) թրքական ուսմանց ծրագիրը եւ Ամերիկայի Թրքական Համախմբումը (Turkish Coalition of America)։ Այլ հովանաւորներ էին Թրքական Համագործակցութեան եւ Զարգացման Գործակալութիւնը, թրքական «Հասան Գալիոնճը» համալսարանը, Թիֆլիսի Պետական համալսարանը, Ատրպէյճանի Գիտութիւններու Ակադեմիան եւ թուրք անհատ գիտնական մը՝ Մեհմէտ Արիսան։

Իւթահի համալսարանի վերոյիշեալ ծրագիրը (վարիչ՝ Մ. Հաքան Եաւուզ), վերջին տարիներուն ուսումնասիրութիւններու, գիտաժողովներու եւ հրատարակութիւններու լայն շարքի մը նախաձեռնած է։ Անոր հովանիին տակ լոյս տեսնող ու հայոց պատմութեան հետ առնչուող հրատարակութիւնները կը մատնեն ժխտողականութեան նորագոյն ուղղութիւնը՝ աւանդական խեղաթիւրումը հիմնաւորել ակադեմական շղարշով մը, որ հաստատէ «այլընտրական» կարծիքի մը գոյութեան իրաւունքը՝ «պատմութեան հայկական տարբերակ»ին դէմ յանդիման։
Ցայտուն օրինակներն են Կիւնթէր Լեւիի «Հայկական ջարդերը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. վիճարկուած ցեղասպանութիւն մը» (2005) եւ «Փորձագրութիւններ ցեղասպանութեան եւ մարդասիրական միջամտութեան մասին» (2012), ինչպէս եւ «Հայկական ապստամբութիւնը Վանի մէջ» հաւաքական հատորը (2006), որուն գլխաւոր հեղինակներէն է հանրածանօթ ժխտողական մը՝ Ճասթին Մաք Գարթի (Քենթաքի նահանգի Լուիզվիլի համալսարանի դասախօս)։
Կ. Լեւի ամերիկացի (ծնունդով՝ հրեայ գերմանացի) քաղաքական գիտութիւններու Ամհերսթի Մասաչուսեցի համալսարանի հանգստեան կոչուած դասախօս մըն է, որ հեղինակ էր կարգ մը վիճայարոյց հատորներ։ Անոր յօդուածները ժխտած են ամերիկացի բնիկներու, գնչուներու եւ հայերու ցեղասպանութեան գոյութիւնը՝ դիտաւորութեան փաստի չգոյութիւնը պատճառաբանելով (անոնք, այլոց շարքին, հաւաքուած են 2012ի գիրքին մէջ), մինչեւ 2005ի վերոյիշեալ հատորը, որուն շապիկին վրայ գրուած է. «“Հայկական ջարդերը օսմանեան Թուրքիոյ մէջպատմական հարուստ ապացոյցները կը քննէ առանց քաղաքական կանխադրոյթներու։ Հիմնուելով արխիւային փաստաթուղթերու, ինչպէս եւ ականատեսի վկայութիւններու վրայ, Կիւնթէր Լեւի կը խուսափիցեղասպանութիւն եղած է թէ ոչանպտուղ բանավէճէն եւ կը ներկայացնէ մանրամասն պատում մը՝ իսկական պատահածին մասին։ Արդիւնքը գիրք մըն է, որ պիտի բանայ նոր գլուխ մը այս վիճաբանութեան մէջ եւ կրնայ օգնել հասնելու հայերու եւ թուրքերու երկարօրէն ուշացած հաշտութեան մը»։ Յայտնի չէ, թէ ինչպէ՞ս գիրք մը, որ կը մերժէ թրքական ծրագրումի գոյութիւնը եւ, հետեւաբար, ցեղասպանութեան գոյութիւնը, «կրնայ օգնել հասնելու... հաշտութեան», բայց այդ ալ թրքական բառարանի «հաշտութիւն» բառի սահմանումի առանձնայատկութիւններէն ըլլալու է։
Ինչ կը վերաբերի Վանի հերոսամարտին վերաբերող հատորին, կը բաւէ մէջբերել հեղինակներուն հետեւեալ հաստատումը. «Հայկական Ապստամբութիւնը ամբողջական մասն էր օսմանեան Արեւելքի ժողովուրդը ճնշող մեծ աղէտին։ Վանի նահանգի հայկական ապստամբութեան ընկերացած մուսուլմաններու նախճիրը անխուսափելիօրէն առաջնորդած է նախ՝ քրտական փոխվրէժի հայերու նկատմամբ, ապա՝ [օսմանեան] Արեւելքի ժողովուրդներու  ընդհանուր եւ փոխադարձ ջարդի մը»։ Ինքնապաշտպանութեան դրուագներուն հարեւանցիօրէն ծանօթ ոեւէ հայ ընթերցող գիտէ արդէն, թէ այս երկու նախադասութիւնները ի՞նչ տեսակի վերաբերմունք կը ծածկենհայերը սկսան, քիւրտերը պատասխանեցին, ապա՝ ընդհանուր իրարանցումը շարունակուեցաւ»)։
Որպէս կողմնակի նշմար, կ՚արժէ աւելցնել, որ Ամերիկայի Թրքական Համախմբումը, որուն յայտարարած առաքելութիւնն է «նպաստել թուրք ամերիկեան խնդիրներու ըմբռնումին՝ հանրային դաստիարակութեան միջոցով» եւ որ Իւթայի համալսարանին մէջ կը ֆինանսաւորէ թրքական ուսմանց ծրագրի մէկ նախագիծը՝ Պալքաններու եւ Կովկասի մէջ ցեղային մաքրագործման ուսումնասիրութեան մասին, ժխտողական աշխոյժ կեդրոն մըն է։ Անոր վերջին «քաջագործութիւններ»ուն շարքին էր զրպարտութեան դատ բանալ Մինեսոթայի համալսարանին դէմ, որուն Ողջակէզի եւ Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը Համախմբումին կայքէջը «անվստահելի» որակած էր զայն որպէս ցեղասպանութեան ուումնասիրութեան աղբիւր։ Թրքական կողմին հայցը մերժուած էր ամերիկեան վերաքննիչ ատեանին կողմէ Մարտ 2011ին, այն փաստարկով, որ կայքէջին նիւթերը պաշտպանուած են «ակադեմական ազատութեան» սկզբունքով։  
ՏԱՍԸ ՀԱՅ ԱՆՈՒՆՆԵՐ
Թիֆլիսեան գիտաժողովին յայտագիրը, որ Մայիս 2ին հրապարակուած էր համացանցի մէջ, կը յիշատակէր տասնեակ մը հայերու ներկայութիւնը (կէսը՝ Հայաստանէն, միւս կէսը՝ Միացեալ Նահանգներէն), որոնց շարքին Ասպետ Քոչիկեանը կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամներէն էր (Եաւուզի ու Քոչիկեանի կողքին, յանձնախումբը կը բաղկանար երկու թուրքերէ, մէկ վրացիէ եւ մէկ ազերիէ), իսկ Ժիրայր Լիպարիտեանը՝ գլխաւոր բանախօսներէն։ Երկուքը նաեւ մէկական նիստ պիտի վարէին։  Անոնցմէ զատ, Միացեալ Նահանգներէն յիշուած էին Կարապետ Մոմճեանի եւ Ռիչըրտ Անթառամեանի, իսկ Հայաստանէն՝ Ռուբէն Մելքոնեանի, Արա Պապեանի, Անոյշ Յովհաննիսեանի, Ռուզաննա Ծատուրեանի ու Մխիթար Գաբրիէլեանի (վերջին երկուքը՝ միասին) զեկուցումները։
Երկու շաբաթ ետք, Մայիս 15ին, Ժ. Լիպարիտեան հարցազրոյց մը տուած էր «Կռունկ» ելեկտրոնային ցանցի վարիչ Ասպետ Պետրոսեանին, ուր որոշ դատողութիւններ կ՚ընէր այս գիտաժողովին իր մասնակցութեան եւ ընդհանրապէս՝ հայ գիտնականներու վերաբերմունքին մասին։
Նշելի է, որ ամերիկահայ գիտնականներ սովորաբար ներկայ են (համեմատաբար փոքր թիւերով) միջազգային գիտաժողովներու՝ MESA-էն (Միջին Արեւելեան Ուսմանց Ընկերակցութիւն) մինչեւ ASN (Ազգութիւններու Ուսումնասիրութեան Ընկերակցութիւն), ուր տասնեակներով մասնակից թուրք եւ ազերի գիտնականներ (յայտնի թէ ոչ որպէս ժխտողներ) երբեմն թէժ նիւթեր կ՚արծարծեն՝ ցեղասպանութենէն մինչեւ Ղարաբաղ, եւ երկու կողմերը պարբերաբար բանավէճեր ունեցած են։ 
Գիտաժողովի յայտագրին հրապարակումէն աւելի քան ամիս մը ետք, զուգադիպելով գիտաժողովին առաջին օրուան, քննադատական նիւթերու եռօրեայ տարափ մը սկսած է։ Բացումը կատարած է Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի խմբագիր Արա Խաչատրեանը՝ "Armenian Scholars at the Center of Genocide Denial" («Հայ գիտնականներ՝ ցեղասպանութեան ժխտումի կեդրոնը») յօդուածով, Յունիս 5ին (թուականները միշտ՝ ըստ համացանցային հրապարակման), որ նոյն օրը արտատպուած է Պոստընի "The Armenian Weekly"ի կողմէ, իսկ յաջորդ օրը հայերէնի վերածուած է «Ասպարէզ»ի մէջ՝ «Ժխտողներու բերդին մէջ» վերնագրով (*)։ Սոյն յօդուածը նաեւ անանուն (թէեւ կռահելի) հասցէի կամ հասցէներու յետնեալ հաշիւներ ներկայացուցած է՝ մեկնելով զրպարտութեան մօտեցող (առանց ապացուցումի) հետեւեալ նախադասութենէն՝ «Հայ գիտնականներէն ոմանց մասնակցութիւնը Թիֆլիսի գիտաժողովի յայտագրին անակնկալ մը չէ, քանի որ անոնք “ծախուած են” շատոնց» («Ասպարէզ», Յունիս 5), որ հայերէն տարբերակին մէջ հնչած է այսպէս. «Այս խորհրդաժողովին մասնակից հայ պատմաբաններէն ոմանք վաղուց իրենք իրենց հոգին ծախած են, եւ անոնց ներկայութիւնը մեզ չի զարմացներ» («Ասպարէզ», Յունիս 6)։
Այս յօդուածին յաջորդած են Հ. Յ. Դ. Արեւելեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործիչներէն Ճորճ Աղճայեանի նամակը («Ուիքլի», Յունիս 6, նոյն օրը արտատպուած՝ «Ասպարէզ»ի կողմէ) եւ «Ուիքլի»ի կողմէ քաղուած երկու ամերիկահայ (Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ու Մարք Մամիկոնեան) եւ երեք ամերիկացի (Ռոճըր Սմիթ, Քիթ Վաթընփօ եւ Տեպորա Տվորք) ուսումնականներու տեսակէտները, որոնք «ցեղասպանութիւնը ժխտողներու օրինականացումին դէմ կը խօսին» (Յունիս 7, նոյն օրը արտատպուած՝ «Ասպարէզ»ի կողմէՎերոյիշեալ քննադատական ելոյթներուն գլխաւոր փաստարկը մերժումն էր թէ՛ ժխտողներու հետ երկխօսութեան՝ որպէս օրինականացման աղբիւր, եւ թէ՛ նման երկխօսութեան բերելիք բարիքներուն, ինչպէս եւ թերահաւատութիւնը՝ նման գիտաժողովներու մասնակիցներուն ժխտողական դրոյթներու հակադարձելու կարողութեան նկատմամբ։
ՄԵՐԺՈՒՄ. ԹԵՐ ՈՒ ԴԷՄ
Հայագիտութիւնը եւ, ի մասնաւորի, ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը արեւմտեան աշխարհի մէջ իրենց հասունութեան վկայականը ստացած են վերջին երեք-չորս տասնամեակներուն։ Թրքական ակադեմական ժխտողականութիւնը, յատկապէս քաջալերուած եւ ֆինասաւորուած՝ մինչեւ պետական մակարդակ, ուղեկցած է այդ հասունացման միեւնոյն միջավայրին մէջ։ Ուրեմն, կը գտնուինք այն յարակարծիքին (paradoxe) առջեւ, որ, անկախաբար հայ գիտնականներու որդեգրած ամէն կեցուածքէ, ժխտողականները արդէն արժանացած են ակադեմական որոշ յարգանքի, որ զանոնք օրինականացուցած է։ Անոնք ակադեմական դիրքեր ունին, ներառնելով ամենաբարձր մակարդակի համալսարանները, եւ ոչ-ակադեմական եւ պետական մարմիններու հետ անոնց «սիրաբանութեան» զօրաւոր բացայայտումներն անգամ անբաւարար եղած են կանխելու անոնց մնայուն ու վերջնական նշանակումը (**)։
Այստեղ նկատելի է բնական զուգահեռին՝ Շոայի ժխտողականութեան հետ ի յայտ եկող տարբերութիւնը. վերջինը ամերիկեան համալսարաններուն մէջ տեղ չունի։ Հազուադէպ բացառութիւնները -- ընդհանրապէս՝ ընկերային գիտութիւններու հետ կապ չունեցող ժխտողականներ, որոնք դասախօսական պաշտօն մը ունին -- նիւթը չեն արծարծեր համալսարանական ծիրին մէջ՝ աշխատանքային բացասական հետեւանքներէ խուսափելու համար։ (Ամերիկեան Սահմանադրութեան առաջին ուղղումը (First Amendment) կը պաշտպանէ անոնց ժխտողական կարծիքները բարձրաձայնելու ազատութիւնը. ահա թէ ինչու Կէսօ օրէնքի կամ 2012ի Ֆրանսական Սահմանադրական Դատարանի մերժած օրէնքի նմանները աներեւակայելի են ԱՄՆի մէջ)։ Մինչդեռ Շոան ժխտողները աւելի քան լուսանցքային ներկայութիւն մըն են, զոր ակադեմական աշխարհը լուրջի չ՚առներ, անոնց թուրք կամ ոչ-թուրք գործընկերները դիրքաւորուած են ակադեմական միեւնոյն մայր հոսանքին մէջ, ուր հայ ակադեմականները կը գործեն։ Ժխտողականութեան բացայայտումն ու դատապարտումը, որ միշտ եւ ամէնուրեք էական է, եւ որ տասնամեակներէ ի վեր անդադրում կերպով կը հետապնդուի, դժբախտաբար ո՛չ պատմութեան համալսարանական կեղծարարներուն ձայնը պիտի խեղդէ եւ ո՛չ ալ զայն մրմունջի պիտի վերածէ մօտաւոր ապագային, գոնէ Ամերիկայի մէջ։
Հետեւաբար, տրամաբանական է մտածել, որ անկախաբար այն վէճէն, թէ հայկական մասնակցութիւնը թուրք ժխտողականներու կազմակերպած գիտաժողովներուն զանոնք կ՚օրինականացնէ թէ ոչայդ նոյն ժխտողականները արդէն օրինականացած են թէ՛ իրենց ամերիկեան գործատուներուն եւ պաշտօնակիցներուն -- որոնք ամբողջ հարցը կրնան նկատել (եթէ որեւէ ձեւով հետաքրքրուած են) «այս մէկը կ՚ըսէ, այն մէկը կ՚ըսէ»ի պատմագիտական եւ ոչ քաղաքական խնդիր մը --, եւ թէ՛ համալսարանական հրատարակչատուներու (որոնցմէ տպուիլը կամ չտպուիլը գիտնականի մը աստիճանի բարձրացման գլխաւոր չափանիշներէն մէկն է ԱՄՆի մէջ) եւ գործընկերներէ քննուած (peer-reviewed) հանդէսներու կողմէ, որոնք կրնան հրատարակել կամ գրախօսել անոնց գիրքերն ու յօդուածները։ Օրինակ՝ ամերիկացի յայտնի ժխտողական Մայքլ Կիւնթըր (Թենըսիի Թեքնիք համալսարան) գրախօսած էր Կ. Լեւիի գիրքը "International Journal of Middle East Studies"ի մէջ, միջինարեւելեան ուսմանց միեւնոյն հեղինակաւոր հանդէսը, ուր, օրինակ, Վահագն Տատրեան հրատարակած էր 1986ի իր ուսումնասիրութիւնը Թալէաթ փաշայի՝ Արամ Անտոնեանի հրատարակած հեռագիրներուն մասին։ Արդեօք «ժխտողներուն բերդին» առումին կրնա՞յ սատարել յարձակում մը թէ՛ պաշարող «բանակ»ին եւ թէ՛ ներս սպրդած «գործակալներ»ու շնորհիւ։ Իսկ Հաքան Եաւուզ կարծիք յայտնած է Կիւնթըրի 2011ին լոյս տեսած «Հայոց պատմութիւն եւ ցեղասպանութեան հարցը» գիրքին («Փալկրէյվ Մաքմիլլան» հեղինակաւոր հրատարակչատունէն)՝ հետեւեալ խօսքերով (հրատարակչատան կայքէջին մէջ).
«Մայքլ Մ. Կիւնթըր կը ներկայացնէ գիտական եւ շատ ընթեռնելի ներկայացում մը [sic] թրքական եւ հայկական դիրքորոշումներուն մասին՝ Ա. Աշխարհամարտի ցեղասպանութեան հայկական պնդումներուն, եւ այս խնդրին շուրջ շարուակուող բանավէճը։ Առանց մերժելու մեծ հայկական ողբերգութիւնը, հեղինակը ցոյց կու տայ, որ թէեւ “ցեղասպանութիւն” օգտակար հասկացութիւն մը կրնայ ըլլալ, եզրոյթը չափէն աւելի գործածուած ու թիւր գործածուած է, եւ հետեւաբար՝ նսեմացուած, բազմաթիւ խումբերու կողմէ, ներառեալ հայերը, որոնք կը փորձեն իրենց ընդդիմադիրները սատանայականացնել ու համակրական գնահատանք ձեռք բերել։ Այս գիրքը յատկապէս ճիշդ ժամանակին եկա է, նկատի ունենալով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ նորագոյն “ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը” եւ Թուրքիոյ աճող կարեւորութիւնը միջազգային քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ»։
Ինչպէս կը տեսնուի, ուրեմն, ժխտողականները զիրար կը շոյեն՝ միջազգային հեղինակաւոր մտաւորական բեմերու մէջ, եւ խօսքը միայն Թուրքիոյ համալսարանները ծուարած ոչ-թուրքերու մասին չէ (Էնտրիւ Մանկօ կամ Ճերեմի Սոլթ, օրինակ), այլեւ ամերիկեան համալսարանները բոյն դրած թուրքերու մասին։ Ծանօթ է անոնց գործելակերպը. մէկուն ըսածը, գրածը կամ ըրածը վերջին հարիւր տարիներուն կը բաւէ «փաստերու» փուչիկ մը եւ պատմագիտական օրինաւոր բանավէճի մը տպաւորութիւնը ստեղծելու։ Եթէ հակաճառութիւն չըլլայ, փուչիկը կը մեծնայ եւ տեսակէտ կը դառնայ. եթէ հակաճառութիւն ըլլայ (այսինքն՝ փուչիկը ծակուի), նոր (կամ հինը կրկնող՝ “l’histoire, comme une idiote, se repète”) «փաստեր» պիտի գան փուչիկը կրկին ուռեցնելու։ Այս երկընտրանքէն ետք, նորերը կու գան. եթէ հակաճառութիւն ըլլայ, արդեօք աւելի լաւ է առանց ոեւէ մէկուն ներկայութեա՞ն (այսինքն՝ ճառի մը, գրախօսականի, յօդուածի մը կամ այլ ձեւով), թէ՞ ամէն մարդու ներկայութեան (այսինքն՝ բանավէճի մը, գիտաժողովի մը կամ այլ միջոցի մը)։ Չմոռնանք նաեւ, որ ժխտողականութեան նորագոյն շրջանը կը յատկանշուի՝ փաստական կոպիտ խեղաթիւրումին կողքին, ինչ-ինչ տեսաբանական մարզանքներու ձեռնարկումով (***)։ Ուրեմն, պէտք է պատրաստ ըլլալ երկու մակարդակներու վրայ հակաճառութեան. սակայն, արդեօք թէ՛ փաստական եւ թէ՛ տեսաբանական խեղաթիւրումներու հակաճառելու պատրաստուած բաւարար մարդիկ կա՞ն։ 
Ի ՎԵՐՋՈՅ՝ ԵՐԿՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ
Բացառութեամբ Արա Պապեանի, հայրենի միւս գիտնականները իրենց մասնակցութենէն հրաժարած էին գիտաժողովէն առաջ։ Անոնց շարքին յիշուած Տիգրան Սարուխանեանը, որուն անունը արդէն չկար հրապարակուած յայտագրին մէջ, յայտնած է, թէ «այսինքն` ի սկզբանէ նախատեսուած էր, որ քննարկումները քաղաքական կամ պրոպագանդիստական նպատակներ չեն հետապնդի, այլ զուտ գիտական քննարկումներ են լինելու, սակայն, ըստ էութեան, այս օրերին հրաւիրուած գիտաժողովը շեղուել է ի սկզբանէ դրուած նպատակից» («Արմէնփրէս», Յունիս 6)։ Միւս կողմէ, մեր տեսած թրքական եւ հայկական աղբիւրներու յօդուածները չեն յիշած ԱՄՆէն Քոչիկեանի, Լիպարիտեանի եւ Անթառամեանի ներկայութիւնը, այլ միայն՝ Ա. Պապեանի եւ Կ. Մոմճեանի մասնակցութիւնը։
Չենք գիտեր, թէ Թիֆլիսի գիտաժողովին արձանագրուած ու չմասնակցած անձերը նպատակ ունէի՞ն թրքական ժխտողականութեան հետ բանավէճի մէջ մտնել, թէ՞ պարզապէս ձգել, որ իրենց խօսածը ինքնին ցուցադրէր իր ուժը։ Գաղափար ունինք, սակայն, թէ մասնակցողները ի՞նչ ըրած են։ Թուրք սիւնակագիր Պուրաք Պէքտիլ հաղորդած է.
«Հայ գիտնականները զօրաւոր կերպով պաշտպանեցին այն դրոյթը, թէ ինչո՞ւ 1915-1920ի դէպքերը ցեղասպանութիւն են։ Գիտնական մը նոյնիսկ հող պահանջեց անկէ, որ այսօրուան Թուրքիան է կամ, իրեն համար, արեւմտեան Հայաստան։ Ուրիշ մը առարկեց, թէ աւելի դիւրին պիտի ըլլար ներկայ սահմանը փոխել, եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչցուած ըլլար։ 
Բայց անոնք պարկեշտ բանավէճի մէջ էին համաձայնող կամ չհամաձայնող թուրք գիտնականներու, նոյնիսկ՝ թուրք դիւանագէտներու հետ։ Անոնք, ովքեր հսկայ, անտեսանելի բաժանարար գիծին երկու կողմերն էին, կը թուի, թէ փոխադարձ հասկացողութեան հասարակաց մտային քարտէս մը կը քանդակէին։ Իսկ հատուցումը շուտով վրայ հասաւ. հայ գիտնականները մեղադրուեցան» (Hurriyet Daily News, Յունիս 19)։
Յաջորդ օրը, Ermenihaber.am-ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, (Պէքտիլի յիշած գիտնականը, որ «նոյնիսկ հող պահանջեց»), Արա Պապեան յայտարարած է. «Գիտաժողովը նուիրուած չէր Հայոց ցեղասպանութեանը, ոչ էլ հայերին ընդհանրապէս: Հետեւաբար 71 զեկոյցից միայն մէկ զեկոյցն էր վերաբերում Հայոց ցեղասպանութեանը: Գիտաժողովն ընդհանուր թուրքագիտական-կովկասագիտական էր: Զեկոյցների մէջ, ինչպես բոլոր գիտաժողովների ժամանակ, կային ինչպէս բարձրարժէք, այնպես էլ ցածրարժէք ելոյթներ»։ Ըստ յայտագրին, 15 այլ զեկոյցներու խորագիրները կ՚արծարծէին հայկական զանազան հարցեր՝ 1890ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը, մէկ մասը՝ հաւանաբար քննադատական /ժխտական / հակահայ տեսանկիւնէ։ Թուրք, ատրպէյճանցի կամ արեւմուտքցի գիտնականներ նման նիւթերով եւ, մերթ, նման տեսանկիւնէ գրուած զեկոյցներ կը ներկայացնեն որեւէ արհեստավարժ կազմակերպութեան գիտաժողովի կամ համագումարի ընթացքին։ Ի դէպ, ցեղասպանութեան վերաբերող զեկոյցը ներկայացուած էր Մայքլ Կիւնթըրի կողմէ։
Պապեան աւելցուցած է. «Ես փաստաթղթերի եւ քարտէսների ցուցադրութեամբ հիմնաւորեցի, որ ԱՄՆ նախագահ Վուդրօ Վիլսոնի Իրավարար Վճիռն առ այսօր ուժի մէջ է, հետեւաբար չնայած Թուրքիան բռնազաւթուած է պահում Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի զգալի մասը, այդուհանդերձ տուեալ տարածքը de jure ՀՀ տարածք է։ Պէտք է ասել, որ թէեւ որոշ փորձեր եղան հակադրուելու կամ հերքելու իմ տեսակէտը, սակայն դրանք արդիւնաւէտ չէին, քանի որ դժուար է հերքել մի բան, ինչն ամրագրուած է միջազգային իրաւունքի մէջ։ Թերեւս թուրքերն ակնկալում էին, որ ես պիտի հերթական անգամ մուրամ ճանաչում, այնինչ ես խօսեցի մեր իրաւունքների, արդար ու համարժէք հատուցումների մասին»։
Ըստ թրքական Strategic Outlook գիտահետազօտական կեդրոնի վերլուծաբան Մեհմէտ Ֆաթիհ Էօզթարսուի, բանավէճերը շատ արդիւնաւէտ էին բոլորին համար. «Ի վերջոյ, գիտաժողովը հարթակ մը տրամադրեց զանազան դերակատարներու, որոնք նոյն տարածաշրջանն ու իրերակապ հարցեր կը կիսեն, որպէսզի հանդիպին մէջտեղը՝ լուծման իրենց սեփական թելադրանքներով։ Կարապետ Գ. Մոմճեանի եւ Արա Պապեանի -- երկուքն ալ փոխզիջումի պատրաստ ("both open to compromise")-- նման մտաւորականներու մասնակցութիւնը՝ այս ժողովը իտէալական դարձնելու օգնեց։ Հայկական խնդրի եւ զայն շրջապատող փաստարկներու մասին քննարկումները տեղի ունեցան խիստ ժողովրդավար մթնոլորտի մէջ։ Թէ՛ ունկնդրութիւն եւ թէ՛ քննադատութիւն եղած է։ Մասնակիցներու լայն ծաւալը -- ներառնելով, անշուշտ, թուրքեր, վրացիներ, հայեր եւ ազերիներ -- ընդգրկեց ոմանք, որոնք "ցեղասպանութիւն" բառը գործածեցին, եւ ոմանք, որոնք նախընտրեցին չգործածել, բայց գլխաւոր կէտը այն էր, որ բոլոր կողմերը փոխադարձ յարգանքով լսեցին զիրար» (Today's Zaman, Յունիս 19)։
Դատելով Պէքտիլի հաղորդումէն, Էօզթարսուի «փոխզիջումի պատրաստ» արտայայտութիւնը պէտք չէ բառացիօրէն ընկալել։ Պապեան միեւնոյն հարցազրոյցին արձանագրած է. «Հայկական կողմի համար արտայայտուելու որեւէ խոչընդոտ չի եղել։ Աւելին, իմ ելոյթից յետոյ ծաւալուել են տեւական եւ բուռն քննարկումներ: Քննարկումներին մասնակցել են ոչ միայն գիտնականներ, այլեւ Թիֆլիսում թուրքական դեսպանատան եւ Թուրքիայի Արտգործնախարարութեան դիւանագէտներ՝  Հետազօտական եւ Վերլուծական Գլխավոր Վարչութեան պետի տեղակալի մակարդակով»։ Բնականաբար, այնպէս ինչպէս իր վարդապետութեան կուրօրէն հաւատացող գաղափարախօսը կը մերժէ ընդունիլ հակառակ կողմին տեսակէտը, նոյնիսկ եթէ ջախջախիչ ըլլան փաստերը, ենթադրելի է, որ ժխտողականը թիզ մը պիտի չզիջի իր դիրքերէն՝ նոյնիսկ եթէ լոյսը տեսնէ Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Բայց հաւանաբար մասնակցութեան կողմնակից կամ մասնակցած անձերուն տեսակէտները նման մարդոց ուղղուած չէին։ Փոխանակ զանոնք հրատարակելու՝ ընթերցող լսարանի մը համար, նախընտրած են հրապարակել՝ ունկնդիր լսարանի մը համար։ Կը թուի, թէ հարցը երբեմն, ըստ պայմաններու, կը կարօտի բազմակողմանի ռազմավարութեան։ 

ԹՐՔԱԿԱՆ ՋԱՂԱՑՔԻՆ ԼԵՑՈՒԱԾ ՋՈՒՐ
Թուրք յիշեալ յօդուածագիրները, ինչպէս սպասելի էր, նաեւ շահագործած են ամերիկահայ թերթերու քննադատութենէն՝ թրքակն ջաղացքին ջուր տանելու համար։ Պէքտիլի յօդուածին վերնագիրը, «Մտաւորական սպառնալիք (bullying)», եւ «դաւաճանութեան» վերաբերող տողը արդէն ատոր կ՚ակնարկէին, մինչ Էօզթարսու փաստերու աղաւաղման շատ աւելի ցայտուն օրինակ մը տուած է. «"Արմինիըն Ուիքլի", որ հայ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է Թուրքիոյ խաղաղարար փորձերուն դէմ շարժելու, յաջողած է բարձր մակարդակի ճնշում բանեցնել գիտաժողովին մասնակցիլ ծրագրող հայերու վրայ՝ հրատարակելով յայտագրուած խօսողներուն անունները, ինչ որ կանխած է անոնց Թիֆլիս երթալը»։ Զանց կ՚ընենք անդրադառնալ Ամերիկայի Թրքական Համախոհութեան մամլոյ հաղորդագրութեան, որ տեղադրուած է անոր կայքէջին մէջ, ժխտողական խեղաթիւրման այդ բացառիկ նմոյշով թերթին սուղ սիւնակները չգրաւելու համար։
Յիշեալ պնդումը կը հերքուի այն տարրական փաստով, որ նոյնինքն Հաքան Եաւուզը հրապարակած էր գիտաժողովին յայտագիրը Մայիս 2ին՝ պատմագիտական H-Net կայքէջին մէջ (h-net.msu.edu), ու հետեւաբար այդ յայտագիրը հրապարակային լուր էր գիտաժողովէն աւելի քան ամիս մը առաջ։ Ամերիկահայ թերթերուն առաջին արձագանգը լոյս տեսած է 33 օր ետք, արդէն քիչ մը ուշ՝ Էօզթարսուի երեւակայած մակարդակի ճնշում բանեցնելու. Արա Խաչատրեանի յօդուածը լոյս տեսած է Յունիս 5ին՝ գիտաժողովի առաջին օրը, առանց ցանկը ներառնելու, որուն «Ուիքլի»ն կցած է Եաւուզի հրապարակած յայտագրին հետ համակարգչային կապ (link) մը։
Այսինքն՝ անգամ մը եւս թուրք յօդուածագրութեան խեղաթիւրումի ընկալեալ սովորութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Ըստ Էօզթարսուի, իբրեւ թէ սփիւռքեան թերթերու մէջ հրատարակուած երեք նիւթ բաւարար «յառաջընթացի ճանապարհը փակելու, նոյնիսկ ծանր ճնշում բանեցնելով այս յայտագիրներուն մասնակցիլ ուզող հայերու վրայ» եւ կանխելու, որ մտաւորականները «միանան փոխզիջումի եւ լուծման որոնումի ընդհանուր գործընթացին»։ Ան կ՚ուզէ ընթերցողին հաւատացնել, որ չմասնակցող անձերը իրենց օդանաւի կամ շոգեկառքի տոմսակները ետ տուած են, որովհետեւ թերթ մը հրապարակային տիրոյթի մէջ գտնուող տեղեկութիւն մը տուած է նոյն այն օրը, երբ անոնք պէտք է ճամբայ ելած ըլլային կամ հասած՝ Թիֆլիս։
Էօզթարսուները կրնան միամտօրէն ենթադրել, որ յիշեալ եռօրեայ նիւթերը հեռուէ-հեռու իսկ համեմատելի են, օրինակի համար, թրքական պաշտօնական եւ լրագրական շաբաթներով համազարկին, երբ Հրանդ Տինք Սապիհա Կէօքչէնի հայկական արմատները բացայայտած էր, որ անոր սպանութեան ճանապարհը հարթող ազդակներէն մէկը եղած է։ Երկու երեւոյթները համեմատելի չեն, եւ հոս պէտք չունինք բացատրելու, թէ ինչո՞ւ։ Էօզթարսու խօսած է «անկոտրելի հպարգելներու» (tabou) մասին, որոնք «դամոկլեան սուրի նման կը շարունակեն կախուիլ հայոց գլուխներուն վրայ»։ Թրքական աչքերուն մէջ խրած հսկայական գերաններուն դիմաց, պարկեշտ վերլուծող մը պիտի ամչնար յիշատակելէ հայկական շիւղին գոյութիւնն իսկ։ Բայց խեղաթիւրողը՝ կոպիտ թէ նուրբ տեսակէն ըլլայ, կարծէք Սիամանթօ կարդացած ըլլար. «Կանգ մի՛ առներ, սրաթռիչ երիվար./ Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»։
Ի դէպ, կ՚արժէ մէջբերել Արա Պապեանի վերոյիշեալ հարցազրոյցէն հետեւեալը՝ ճնշումներու պնդումներուն մասին. «Նախ ասեմ, որ ես որեւէ մէկի կողմից չեմ ենթարկուել ճնշումների՝ մասնակցելու կամ չմասնակցելու առումով: Ես ազատ մարդ եմ եւ ինքս եմ որոշում` ինչ անել, կամ չանել: Ես գտնում էի եւ գտնում եմ, որ ԱՄՆ Իւթայի համալսարանի կողմից կազմակերպուած գիտաժողովը լավ առիթ է գրեթէ հարիւր գիտնականի առջեւ բարձրաձայնելու մեր հողային իրաւունքները, ինչը եւ արեցի»։

ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՈՒ ԿԷՍ ԸՍՈՒԱԾ ԲԱՆԵՐ
Էօզթարսու վերոյիշեալ բացասական քննադատութիւնները մեկնաբանած է որպէս «այս խնդրին մէջ Թուրքիան առանց խօսակիցներու ձգելու ջանքեր»։ Նման վերլուծում լրիւ չափազանցուած է, քանի որ «Թուրքիան», որպէս այդպիսին, երկխօսութիւն կը խաղայ միայն։ Որոշ թուրք ակադեմականներ հետաքրքրուած են եւ մտած՝ գիտական երկխօսութեան մէջ, թէեւ, որպէս կանոն, թրքական գիտութեան կեդրոնական հոսանքին մաս չեն կազմեր։ Կեդրոնական հոսանքը կը ներկայացնէ ժխտողական գրականութիւնը, որ հպարտօրէն ցուցադրուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան կայքէջին «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բանավէճը 1915ի դէպքերուն մասին» ("Controversy Between Turkey and Armenia about the Events of 1915") բաժինով։ Հոն է, օրինակ, «Հիթլէր եւ Հայկական Հարցը» (Անգարա, 1989) պարսաւագիրը՝ ակադեմական ժխտողականութեան նահապետներէն ու Անգարայի համալսարանի թոշակառու դասախօս Թիւրքայա Աթաէօվի 1980ականներուն հեղինակած գիտական «ժառանգութեան»  մասնիկներէն մէկը։ Այս բաժինը հաւանաբար Արտաքին Գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի պաշտօնավարութեան ամբողջ ընթացքին հոն եղած է, նոյն Տաւութօղլուի, որ «յառաջդիմական» յայտարարարութիւններ ըրած՝ հայոց ցաւը «հասկնալու» եւ հայերը որպէս «թրքական սփիւռք» ընդունելու մասին։
Միւս կողմէ, ըստ երեւոյթին, մոռցուած բաներու շարքին անցած է, որ Թրքական Պատմական Ընկերութիւնը 1990ին Անգարայի մէջ կազմակերպած էր թրքական պատմութեան ԺԱ. համագումարը եւ մասնակցելու հրաւիրած՝ շարք մը հայ պատմաբաններ։ (Չպատասխանող, մերժող եւ ընդունած, բայց չմասնակցած հրաւիրեալներու ցանկը կարելի է գտնել թրքական որոշ ժխտողական կայքէջերու մէջ)։ Միայն Լեւոն Մարաշլեանը, որ այն ատեն Կլենտէյլի համայնքային գոլէճի օգնական դասախօս էր, հրաւէրը ընդունած եւ ճամբորդած էր Անգարա, ուր զեկուցած էր «Տնտեսական ազդեցութիւնները ԱՄՆի Թուրքիոյ եւ հայերու նկատմամբ քաղաքականութեան վրայ, 1919-1923» նիւթով։ Զեկուցումին անգլերէն բնագիրը հրատարակուած է 1994ին՝ համագումարի զեկուցումներու ժողովածուին մէջ, իսկ թրքերէն թարգմանութիւնը՝ առանձին գիրքով, Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատան կողմէ, 2001ին։ Մարաշլեանի զեկուցումը եւ աշխոյժ բանավէճերը բազմաթիւ թուրք եւ ոչ-թուրք գիտնականներու հետ, ներառեալ ժխտողներ ու կեղծարարներ որոնք Թիֆլիսի գիտաժողովին մասնակիցներու ցանկին մէջ էին 23 տարի ետք, մանրամասնօրէն տեղեկագրուած էին ամերիկահայ հինգ անգլիատառ թերթերու մէջ, ներառեալ «Ասպարէզ»ն ու «Արմինիըն Ուիքլի»ն (****), եւ հայերէն թարգմանութեամբ՝ «Յառաջ»ի մէջ։ Անգարայի համագումարին կազմակերպիչներուն եւ Թիֆլիսի գիտաժողովի կազմակերպիչներուն ժխտողական վարկանիշը տարբեր չի թուիր ըլլալ, եթէ զանց ընենք, որ 1990ին Անգարա երթալը թերեւս աւելի խնդրական նկատուէր, քան այսօր Թիֆլիս երթալը։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար ճշդել, թէ այն թերթերը, որոնք քննադատաբար անդրադարձած են Թիֆլիսի գիտաժողովին, արդեօք նոյն քննադատական մօտեցումը ցուցաբերա՞ծ են 23 տարի առաջ՝ Մարաշլեանի մասնակցութեան առիթով։ Արդեօք օրինականացումի խնդիր չկա՞ր այն ատեն։ Իսկ եթէ կար, արդեօք կարելի՞ էր կանխել, որ 23 տարի ետք նոյն կոտրած տաշտակին առջեւ գտնուէինք։
Անվերջանալի հարցումներու եւ երկընտրանքներու ներկայութիւնը կը փաստէ մէկ բան. միակողմանի պատասխանները բաւարար չեն։
 
----------------------------------
(*) Յօդուածը արտատպուեցաւ «Ազդակ»ի կողմէ Յունիս 19ին, ուսանելի «մանրուք»ի մը յաւելումով։ Խաչատրեանի անգլերէն տողը՝ «իր չորրորդ գիտաժողովը գումարեց Չորեքշաբթի օր», հայերէն թարգմանութեան մէջ դարձած է «անցեալ Չորեքշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ» («չորրորդ»ը անհետացած է)։ «Անցեալ» բառին չարաբաստիկ ու սխալ յաւելումը (հայերէն յօդուածը տպուած էր գիտաժողովի սկզբնաւորութեան յաջորդ օրը, ուրեմն պէտք էր պարզապէս գրել... «երէկ») շփոթի մատնած է «Ազդակ»ը, որ «անցեալ Չորեքշաբթի»ի քով փակագիծի մէջ աւելցուցած է... «(Մայիս 29)»։
(**) Օրինակ՝ ամերիկացի ժխտողական ծանօթ պատմաբան Հիթ Լօուրի 1993-2013ին Փրինսթընի համալսարանի օսմանեան եւ արդի թրքական ուսմանց դասախօսն էր (թոշակի անցած է Յունիսին), հակառակ անոր, որ 1995ին լոյս տեսած յօդուած մը կը բացայայտէր անոր կապը՝ ԱՄՆի թրքական դեսպանատան ժխտողական գործունէութեան հետ։ 1974-1986ին Փրինսթընի միջինարեւելեան ուսմանց դասախօսն էր 1990ական թուականներու ուրիշ ծանօթ ժխտողական մը՝ Պերնար Լուիս։
(***) Վերի մէջբերումէն զատ, Հաքան Եաւուզ կարեւոր յօդուած մը ունի, որ «գիտականօրէն» կ՚ուրուագծէ թուրք ժխտողականութեան նորագոյն ընթացածիրը՝ «ցեղասպանութիւն»ը իրաւական եզր մըն է, որ պատմագիտութեան հետ կապ չունի (M. Hakan Yavuz, “Contours of Scholarship on Armenian-Turkish Relations”, Middle East Critique, 20:3, 2011, p. 231-251)։ «Միտլ Իսթ Քրիթիք» կը հրատարակուի բրիտանական հեղինակաւոր «Ռաութլէճ» հրատարակչատան կողմէ։ Յօդուածը կարելի է ձեռք բերել համացանցէն։
(****) Տես gcc.glendale.edu/marashlian/Webs/lectureinAnkara1990.htm.

«Նոր Յառաջ», Յուլիս 30, Օգոստոս 1 եւ Օգոստոս 3, 2013

No comments:

Post a Comment