15.8.13

Եկեղեցական նոր տագնապի մը դէմ յանդիման

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
 
Ազգային խնդիրներով քիչ թէ շատ մտահոգ  հայ մարդ կ’ենթադրուի, թէ կարդացած պէտք է  ըլլայ  համացանցի  ճամբով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին «խոտորումներուն» մասին շրջանառութեան դրուող գրութիւնները, որոնք յաւելեալ շեշտ ու ծաւալ եւ յաճախականութիւն ստացան՝ յատկապէս ֆրանսահայոց առաջնորդին հրաժարականէն ետք,  հրաժարագրին ու անոր դրդապատճառին հրապարակումով, բացայայտումով:
Ստորագրուածները ընդհանրապէս կողմնորոշեալ յայտարարութիւններ են՝ ըստ պատշաճի մտահոգութիւն արտայայտող բանաձեւումներով: Միւսները ՝ անհասցէ ու հեղինակ(ներ)ի ինքնութիւնը անյայտ՝ «քահանաներու միութիւն», «Թորոնթոյի հաւատացեալներ» եւ այս կարգի տարտամ ստորագրութիւններով գրութիւններ,  որոնց «լրջութիւնը» կը կայանայ հետաքրքրութիւն յարուցող իրենց բովանդակութեան մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթղ.ին  մասին ըլլալուն  համար:
Մինչեւ հոս կարդացողը  թէեւ հարցականներ կ’ունենայ,  բայց կ’անցնի, չի յամենար անոնց վրայ, սպասելով ապագայ զարգացումներուն:
Սակայն հիմա, նոր իրականութիւն մը ծանրակշիռ կը դարձնէ կացութիւնը՝ խորունկ տագնապի մը նախանշաններով եւ անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Ամենայն Հայոցին դէմ նախաձեռնուած արշաւին կը միանայ նաեւ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկուն գահակալը, հայկական Երուսաղէմի նորընտիր պատրիարքը,  որ բացէ ի բաց, նոյնինքն Գարեգին Բ.ին ուղղած իր նամակով ծանր հարուած կու տայ Էջմիածնի հեղինակութեան՝  Ֆրանսահայոց առաջնորդին հրաժարականի մասին Գերագոյն Խորհուրդի  «պատկեր անդամներ»ու Յուլիս 31-ի տխրահամբաւ ժողով»ի առած որոշումը հռչակելով  «անընդունելի»  եւ  «մեծ անարդարութիւն», յառաջագունէ վճռուած՝ նոյնինքն Վեհափառին կողմէ: Տակաւին, ակնարկելով կաթողիկոսին  գործելակերպին, սաստերով ու սպառնալիքներով տնօրինումներ կատարելու վարքին, բառացի կը գրէ. «Սպառնալիքը չի պատշաճիր կրօնականին, նամանաւանդ բարձրաստիճան Ամենայն Հայոց Հայրապետին»:  Նամակի տողերէն ու տողատակէն յստակօրէն կասկածի տակ կը դրուի Գարեգին Բ.ի արժանաւորութիւնը ոչ միայն կաթողիկոսական, այլեւ նոյնիսկ  կրօնականի հանգամանքին համար: Ապա, նամակով ըսուածները կեցուածքի վերածելով կը յայտնէ, թէ Երուսաղէմը պիտի չմասնակցի Սեպտեմբերին ծրագրուած եպիսկոպոսական ժողովին: Հասկնանք . կարճ ու կտրուկ՝ պոյքոթի կ’ենթարկէ ժողովը:  (Ի դէպ, Երուսաղէմը հինէն, այդ «պատկեր» անդամներով իսկ հոգեւոր խորհուրդ  չունի, որուն մաս կազմած ըլլան աշխարհականներ):  
Ամենայն Հայոցին վերագրուող անպատշաճ վերաբերումներուն ու անարդար տնօրինումներուն համար հաւատալու փաստացի հիմքեր չունինք, ինչպէս նաեւ ըսուած- գրուածներուն չհաւատալու պատճառ ալ չունինք: Պարզապէս կը կարդանք,  կ’իրազեկուինք եւ մանաւանդ կը մտահոգուինք,  չափազա՜նց:
Առ այժմ կը  խուսափինք հայ եկեղեցականութեան   մէջ նոր  ճեղքեր տեսնելու փորձութենէն եւ կանխահաս  կը նկատենք պարզուած երեւոյթին քննարկում-վերլուծումը կատարելու համար, այսուհանդէրձ առիթ կը համարենք երեք կէտերու մէջ խտացնելու կարգ մը մտածումներ .-
Առաջին. Մեր գիտութեամբ, առաջին անգամն է, որ եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողով պիտի գումարուի, գէթ Անթիլիաս-Էջմիածին վարչական բնոյթի  տարակարծութիւններու  ստեղծումէն  այս կողմ: Փափաքելի պիտի ըլլար, որ անիկա  յաջողութեամբ պսակուէր եւ մնայուն, կառուցային հանգամանք ալ ստանար, որպէս զի ընթացք առնէր հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը եւ լուսարձակի տակ դրուէր որակեալ ու առաքինի եկեղեցականներ պատրաստելու առաջնային խնդիրը, որուն անհրաժեշտութիւնը այնքան կը շեշտուի ամէն պատեհ առիթի: Դժբախտաբար սակայն, յառաջագունէ, բացումէն 50 օրեր առաջ  արդէն իսկ վիժած կարելի է համարել ժողովը՝ խափանուած ըլլալով Երուսաղէմի պատրիարքութենէն :
Մեր կարծիքով, նպատակայարմար պիտի ըլլար, որ պատրիարքը հակառակ ուղղութիւնը որդեգրէր: Հետամտէր անոր յաջողութեան եւ ֆրանսահայոց առաջնորդը իր հետն ունենալով գործօն մասնակցութիւն բերէր ժողովին: Հոն, յատենի ժողովոյ, իր իսկ հրապարակած եղելութիւններուն ճշդութիւնը բարձրաձայնելով  սրբագրութեան պահանջք ներկայացնէր, ինչ որ ինքնին պիտի կազմէր եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ձգտող նախանշանը, առաջին ձայնը, նոյնիսկ եթէ փոքրաթիւ համախոհներ միայն պիտի գտնէր եւ պահանջքը  պիտի հանդիպէր «գարշապար լիզողներու»  խուլ ականջներուն ...
Երկրորդ.  Թնդանօթ մը նետուած է եկեղեցւոյ ծոցին մէջ: Տագնապը կրնայ հետզհետէ  խորանալ՝  անկանխատեսելի հետեւանքներով, եթէ շուտով անոր առաջքը չառնուի: Մեր համոզումով, ճիգ պէտք չէ խնայուի, որպէս զի անիկա  մնայ եւ  իր լուծումը գտնէ եկեղեցական շրջանակի մէջ:  Վճռականօրէն խափանուի  մէկ կամ միւս կողմին զօրակցող ճամբարներու ստեղծման որեւէ փորձ, արգիլելով անոր  ներազգային խնդրի վերածուելու նուազագոյն հաւանականութիւնը:
Առիթով մը Արամ Ա. Կաթողիկոս կ’ըսէր, թէ  Էջմիածինը իբրեւ հոգեւոր կեդրոնի, բնականօրէն խոր արմատներով ամրօրէն խարսխուած է հայ մարդու հոգիին մէջ, քանի որ դարերու երկայնքին,  հիմնադիր սուրբէն՝ Լուսաւորիչէն սկսեալ սրտառուչ աւանդութիւններ ու պատմութիւններ եւ շարան-շարան մեծութիւններ կապուած են իր անունին: Իսկ Անթիլիասը դարէ  մը պակաս իր գոյութեամբ տեղ գտած է հոգիներու մէջ՝ շնորհիւ իր ծառայութեան... :
Զգո՜յշ. որքան ալ բարձրաստիճան, վեղարաւորի մը կամ վեղարաւորներու պատճառով չխախտի հայ հոգիներու մէջ արմատացած հաւատքի խարիսխը: Իսկ Անթիլիասին համար  ահա նորովի ծառայութիւն, որպէս զի միջնորդական նախաձեռնութիւններով փարատէ-չքացնէ տագնապը:
Երրորդ. Յայտնօրէն հայ կեանքը թեւակոխած է նոր փուլ, ուր ոչ մէկ կառոյց ու հանգամանք կը խնայուի, գէթ անոնց վարքագիծն ու շարժուձեւերը, գործունէութիւնն ու գործելակերպը, ընտրանքներն ու չընտրանքները սեւեռումի տակ առնելու, քննադատութեան ենթարկելու եւ դատապարտանքի խօսքեր հանրութեան հասցնելու տեսակէտէն: Կը թուի թէ հայ մարդոց մօտ չքացած են կարգ մը զգայութիւններ, կամ՝  դրական ընկալումով, ինչպէս որ պիտի ըսէր բարեկամ մը, թէ մտայնութեանց մէջ տապալած են ալ թապուները...:
Երեւոյթը առողջացման նշա՞ն է արդեօք թէ ոչ: Ո՞ւր պիտի յանգեցնէ հայ իրականութիւնը: Կարեւոր չէ նախատեսելը: Կարեւորը գիտակցիլն է, որ մեր կեանքը մտած է ընթացքի մը մէջ , զոր դժուար թէ կարելի ըլլայ շրջել կամ կասեցնել բոցաշունչ  յորդորներու տկար զէնքով :
Ներկայիս, վերընթերցումի համար մեր ձեռքին է Յակոբ Օշականի «Մոռցուած բաներ» արձակը: Ազդեցութեան տակն ենք մեծ գրագէտին սա  մտածումին. «Ու լաւ իմացէք. Գիրքեր չեն բաւական՝ սպառելու ամբողջ շարանը այն զգայութիւններուն , որոնք յանձնուած են  մէկ հատիկ սրբավայրի իսկ շրջանակի, բիւրաւոր սիրտերէ, դարերու ճամբով, ու քարի , գոյնի, մագաղաթի ձեւերով»:
Մոռցա՞ծ ենք այդ զգայութիւնները թէ նախանձախնդիր ենք անոնց պահպանումին:
Հարցումը կ’ուղղուի երկու կողմերուն ալ . - Ամենայն Հայոցին եւ միւսներուն ... :
 
«Ազատ օր», Օգոստոս 12, 2013

No comments:

Post a Comment